ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ – «Ազդակ»-ի 5-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով. «Պատմագրութիւն (Հայոց Եւ Այլոց). Գիտութի՞ւն, Ինքնութի՞ւն, Մեթոտաբանութիւն» – Բ.
06 ՅՈՒԼԻՍ 2020 – ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԷՐ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայոց Պատմութիւնը Պէտք Է Վերանայուի՝ Սրբագրելով Օտարին Կողմէ Կատարուած Բոլոր Խեղաթիւրումները
Սանճեան անդրադարձաւ թրքական եւ ազերիներու կողմէ պատմութեան խեղաթիւրումներուն, որոնց պէտք է աւելցնել նաեւ, վերոնշեալ խորհրդայինը եւ նոյնքան կարեւոր՝ հրէական կամ սեմական ծագումով «պատմաբանները», որոնք յատկապէս նախաքրիստոնէական նաեւ, ընդհանուր պատմութիւնը առանց ապացոյցի կը յարմարեցնեն հին կտակարանի դրուագներուն, որուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, 1948-ին Պաղեստինի մէջ ստեղծուած Իսրայէլ պետութեան օրինականութիւնը, որ անոնք կը հիմնեն Հին Կտակարանի դրուագներուն վրայ:
Օրինակ՝ պատմիչ Մովսէս Խորենացին (410-490) իր կարգին, համաձայն չէ Ծննդոց գլուխ 22-ի 23-որդ համարին մէջ տեղ գտած հայոց ծագումին մասին գրութեան, ուր ըստ Աբրահամի, իբր թէ իր եղբօր՝ Նոքովրի եւ Մեղքա մորմէն ծնան «Հուսը եւ անոր եղբայրը Բոզը ու Արամի հայրը Կ(Ք)ամուէլը»: Արամին անունը պէտք էր անպայման ձեւով մը յիշատակէին, «քանզի Հայկեան Արամը Հին Արեւելքի մէջ մեծ ճանաչում եւ հռչակ ունեցող պատմական անձ էր, եւ Աստուածաշունչով ամրագրուած է անոր աստուածաշնչեան կերպարը, սակայն սխալ կերպով Արամ նահապետը «սեմականացուած է» կ՛ըսէ Խորենացին:
Խորենացին կը բողոքէ նաեւ, որ Նոյի երեք որդիներէն «Յաբեթի ճիւղագրութեան պարագային, անոր սերունդները բոլորովին կը բացակային» (Աստուածաշունչին մէջ*) (8): Հայերը սերած են Յաբեթի սերունդէն՝ Թորգոմէն, որ Հայկ նահապետին հայրն էր: Փաստօրէն, նոյն Աստուածաշունչին մէջ Եզեկիել մարգարէն Հայաստանը «Թորգոմայ երկիր» կը կոչէ:
Երկրորդ կարեւո՛ր պատմական խեղաթիւրումը օրինակի համար, կը վերաբերի ձիաւոր ու մարտակառքերով հզօր Հիքսոսներուն, որոնք հիւսիսէն՝ արեւմտեան Ասիայէն գալով յարձակեցան Եգիպտոսի վրայ, ուր շուրջ 212 (ՔԱ 1782-1570) տարի տիրապետեցին հիւսիսային Եգիպտոսին եւ իրենց տրուած անունը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Օտար լեռնային երկիրներու իշխողներ» եւ հաւանաբար, անոնք միաձոյլ ազգ մը չէին: Մասնագէտներու կարեւոր մասը կը հաւատայ, որ անոնք Հուրրի՝ (հայերու) հնդեւրոպական ծագում ունէին: (Նաեւ «Հիքսոսը» կրնայ «Հայք»-ը տառարձումով «Հիք»-ի վերածուած ըլլալ, քանի որ եգիպտացիք «Յ» տառը եւ հնչիւնը չունէին, իսկ «սոս» վերջածանցը յունարէնի մէջ անուններուն կ՛աւելցնեն –ՅՉ*): Անոնցմէ է անգլիացի պատմագէտ Մարթին Պերնալ (1937-2013), Քորնել համալսարանի փրոֆէսօր, հեղինակ 7 գիրքերու, որոնցմէ «Պլէք Աթինա. հնագիտական եւ արխիւային ապացոյցը» 736 էջ գիրքին մէջ, էջ 40, կը գրէ.
«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ, կարգ մը ուսումնասիրողներ կը մերժեն հիքսոսներուն հուրրիական ծագումը (որ կապ ունի հակա-սեմականութեան հետ: Անոնք, հիքսոսները սեմական էին կ՛ըսեն, որպէսզի իրենց հակասեմական պիտակ չտրուի… քանի որ հրեաները հին կտակարանը կ՛առնեն իբրեւ պատմական աղբիւր եւ կը փորձեն հին Եգիպտական եղելութիւնները այդպէս յարմարեցնել…Պերնալ գիրքի աւարտին, վերջին խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Ես «հակասեմական» պիտակուած պատմաբաններէ մէջբերումներ կատարած եմ, սակայն անոնք ցեղային հարցերու հետ որեւէ կապ չունին…(ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞Ք «ՀԱԿԱՍԵՄԱԿԱՆ» ՊԻՏԱԿԸ ՈՐՔԱ՜Ն ԿԸ ՍԱՐՍԱՓԵՑՆԷ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՍՏԵԼՈՒ ԿԸ ՄՂԷ…: Կ՛արժէ նշել, որ սովետական շրջանին ալ սեմական «պատմաբաններուն» թիւը քիչ չէ եղած – ՅՉ*): Հիմա, որ կը փաստուի, թէ հուրրիներուն տարածումը սկսաւ ՔԱ 18-րդ դարուն, կը խորհիմ, որ անոնք կը սխալին եւ ապացոյցը կը մատնանշէ հիքսոսներուն հուրրիական ըլլալը եւ հաւանաբար նոյնիսկ անոնց մէջ կար հնդկաիրանեան տարրը: Աւելին՝ հաւանաբար այս մէկը կապ ունի մարտակառքերուն հետ» (10), տես՝ նաեւ (11), (12), (13):
Հրեայ կրօնաւոր՝ ռաբբի, «պատմաբան» Ժագ Պերլինըրպլաու (Jacques Berlinerblau, 1966-ի ծնունդ) փրոֆէսօր Հրէական քաղաքակրթութեան, Ճորճթաուն համալսարանին մէջ, 1999-ին՝ «Հերետիկութիւն Համալսարանին մէջ» (Heresy in the University) խորագիրով գիրք մը հրատարակեց, ուղղակի Մարթին Պերնալի վերոնշեալ «Պլէք Աթինա» գիրքին դէմ ուղղուած: Վերնագիրը կը փաստէ հեղինակին ոչ գիտական մօտեցումը՝ մոլուցքը, քանի որ հերետիկոս որակումով հակասեմական պիտակ կու տայ Պերնալին, բան մը, որ ան արդէն նախատեսած էր, յայտնելով, որ ինք հակասեմական չէ եւ պատմական բազմաթիւ փաստերու վրայ հիմնած իր ուսումնասիրութիւնները:
Այս նիւթով, նոյնիսկ պատանի մը կարելի չէ խաբել, ինչո՞ւ.- Հին կտակարանը կ՛ըսէ, թէ իսրայէլացիները 40 տարի Եգիպտոս աքսորուելէ ետք, Մովսէսի առաջնորդութեամբ երկիր վերադարձան, անոնք ո՛չ ձի ունէին, ո՛չ ալ մարտակառք, եւ անոնք չյարձակեցան Եգիպտոսի վրայ, այլ իբրեւ Եհովայի կողմէ պատիժ՝ հետիոտն այնտեղ աքսորուեցան, ապա պատիժը լրացնելէ ետք հետիոտն վերադարձան, Կարմիր ծովը «երկուքի կիսելով»: Միշտ զարմացած եմ, որ ի՞նչ պէտք կար Կարմիր ծովը երկուքի կիսելու՝ ճամբայ բանալու համար, երբ տակաւին Սուէզի ջրանցքը փորուած չէր եւ ցամաքի ճամբով կրնային վերադառնալ… Ուրեմն սեմականները անտրամաբանական կերպով ամէն ճիգ կը թափեն, թէ՝ ձեւով մը իրենք էին Հիքսոսները եւ մանաւա՛նդ ո՛չ թէ հայերը, այլ՝ լաւագոյն պարագային անյայտ ժողովուրդ մը… Բայց չէ՞ որ իրենք Եգիպտոսի անմիջական դրացիներն էին, ինչո՞ւ եգիպտացիք Հիքսոս պիտի կոչէին զանոնք՝ իրենց յայտնի դրացին…
Հետաքրքրական էր օրինակ Սանճեանի նշումը, թէ՝ մինչ Մեծն Տիգրանի (Տիգրան Բ. Աշխարհակալ, ՔԱ 140-55*) մասին Եւրոպայի մէջ օփերաներ (32 օփերա, 24-ն իր անունով, ութն՝ այլ անունով*) գրուած են (13), մեծ մասամբ իտալացի հեղինակներու կողմէ, այսպէս օրինակ՝ (1.Tomaso Albinoni (Tigrane rè d’Armenia,1697), 2. Antonio Bononcini (Tigrane, re d’Armenia, 1710), 3. Pietro Bernardoni (Tigrane, re d’Armenia, 1710), 4. Alessandro Scarlatti (Tigrane, 1715), 5. Francesco Gasparini (Tigrane re d’Armenia, 1719, with Antonio Vivaldi, Francesco Conti and Giuseppe Orlandini), 6. Antonio Vivaldi (Tigrane, 1724), 7. Geminiano Giacomelli (Tigrane, 1733), 8. Giuseppe Paganelli (Tigrane, 1733), 9. Santo Lapis (Tigrane, 1739), 10. Giuseppe Arena (Tigrane, 1741), 11. Daniel Dal Barba (Tigrane, 1744), 12. Antonio Palella (Tigrane, 1745), 13. Giovanni Lampugnani, (Tigrane, 1747), 14. Giuseppe Carcano (Tigrane, 1750), 15. Ignazio Celoniati (Tigrane ,1757), 16. Niccolò Piccinni (Tigrane, 1761), 17. Antonio Tozzi (Tigrane, 1762), 18. Giuseppe Colla (Tigrane, 1767), 19. Pietro Alessandro Guglielmi (Tigrane, 1767), 20. Vincenzo Righini (Tigrane, 1795)) – , սակայն, մեր հայոց պատմութեան մէջ, ան կայսրութեան համապատասխան կարեւորութեան չէ արժանացած եւ լայնածաւալ տեղեկութիւն չունինք իր մասին:
Այստեղ պէտք է նշել սակայն, որ դժբախտաբար նախաքրիստոնէական Հայոց պատմագրութեան եւ այլ արձանագրութիւններուն մեծամասնութիւնը անհեռատես որոշումով մը, իբրեւ հեթանոսական գրականութիւն՝ ափսոս, որ հրկիզուեցան ու ոչնչացուեցան:
Իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ աշխարհի պատմութեան մէջ նաեւ եզակի այլ թագաւոր մը՝ Արշակունեաց թագաւորութեան հիմնադիր Մեծ Հայքի թագաւոր Տրդատ Ա.-ը (ՔԵ 28-88), որուն մասին նաեւ մեր պատմիչները ըստ արժանուոյն չեն անդրադարձած:
Ներոն կայսրին ժամանակ՝ Ք.Ե. 62-ին, Հռանդեայի (Եռանդ, Արածանիի հովիտ) ճակատամարտին՝ Տրդատ Ա.-ի ղեկավարութեամբ հայկական բանակը ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ հռոմէական հզօր կայսրութեան բանակը, որուն հրամանատարն էր զօրավար Լուկիոս Պետոս (Lucius Paetus, 20-72): Կ՛արժէ նշել, որ հռոմայեցիներուն համար նուաստացուցիչ հաշտութիւն կնքուած էր, որովհետեւ Պետոսը ամբողջ բանակով անձնատուր եղաւ՝ հայերուն յանձնելով ցարդ գրաւած ամրութիւնները, զէնքն ու պարէնը եւ պէտք էր անմիջապէս հեռանար Հայաստանէն եւ Պետոսին պարտուած բանակը խոնարհած անցաւ Տրդատի երեք նիզակէ կազմուած կամար-լուծին տակէն:
Հռոմի Ներոն կայսրը Հռոմ հրաւիրեց Տրդատը, անձամբ թագադրելու զայն, իբրեւ դաշնակից: Տրդատ երկրորդ յաղթանակ մը եւս տարաւ՝ երբ 3000 այրուձիով արշաւանքի մը համազօր, Հռոմէական կայսրութեան տարածքներով հասնելով մայրաքաղաք Հռոմ, սեփական ուժին ապաւինելով եւ դաւադրութիւններու առաջքը առնելով:
Տրդատ Ա. 65 թուականին իր ընտանիքով, շքախումբով, բազմութեամբ եւ ծառաներով ու 3000 հայոց եւ պարսից սպառազէն ձիաւորներով ուղղուեցաւ դէպի Հռոմ՝ ցամաքի ճամբով… որ կը տեւէ 9 ամիս: Իրականութեան մէջ այս զինուոր ձիաւորներուն թիւին պէտք է աւելցնել նուազագոյնը շուրջ 200 (ոմանք` 500) ձիաւորներ` պալատականներուն շքախումբը, ծառաները եւ ձիաքարշ գումակները, կառքերը` մարդոց եւ ձիերուն սնունդ-մթերքը, վրաններ ու այլ անհրաժեշտ գոյքեր եւ նուէրներ տեղափոխելու: Ուրեմն ուղեւորները առնուազն շուրջ 3200 հոգի էին, իսկ ձիերուն թիւը` շուրջ 3500, նկատի առնելով հաւանական շուրջ 100 ձիեր 50 ձիաքարշ կառքերու համար եւ 200 բեռնակիր ձիեր:
Այս շքախումբ-բանակը, ինչպէս նշուեցաւ, մայրաքաղաք Արտաշատէն այդ օրերու ցամաքի ծանօթ ճամբաներով ուղղուեցաւ դէպի արեւմուտք` Հռոմ, նախընտրաբար` քաղաքէ քաղաք, գիւղէ գիւղ, որպէսզի ջուր, սնունդ եւ այլ կարիքներ ապահովէին: Մինչեւ Իտալիոյ հիւսիսային սահմանը, այժմու «Կուկըլ» քարտէսով, 270 օրերու ընթացքին անոնք նուազագոյնը շուրջ 3000 քմ ճամբայ քալեցին` օրական շուրջ 11-էն 15 քմ յառաջանալով: Եթէ նկատի առնենք, որ իւրաքանչիւր ձիու երկայնքը 2,5 մեթր է, եւ եթէ նոյնքան հեռաւորութիւն պահեցին իրարու միջեւ, ետեւ-ետեւի, եւ ոչ լայն ուղիներէ երկու շարքով յառաջացան` ուղեւորներուն կարաւանին ընդհանուր երկայնքը շուրջ 8 քմ-ի կը հասնէր:
Այս պատմական եւ բոլո՛ր չափանիշերով եզակի ու հսկայակա՛ն ձեռնարկը չուագիտական, բանակավարութեան, բարդ գործողութիւններու, տեղաշարժի ու սարքաւորման մանրամասն ծրագրում, կազմակերպում եւ իրականացում կ՛ենթադրէր, որ Տրդատ թագաւոր իր զօրավարներով կրցաւ յաջողութեամբ կատարել: Արդեօք Ներոն երբ Տրդատը Հռոմ հրաւիրեց թագադրելու, միտքէն անցա՞ւ, որ ան շուրջ 3200 անդամ բանակով եւ 9 ամիս տեւողութեամբ, ցամաքի ճամբով պիտի ժամանէր… Հաւանաբար` ոչ:
Աւելի հետաքրքրական նկարագրութիւնները տեսնել այստեղ՝(14), (15): Օրինակ՝ Տրդատ կը մերժէ առանց իր սուրին ներկայանալ կայսրին առջեւ, ինչ որ օրէնք էր, եւ իբրեւ փոխընտրանք սուրը գամով կ՛ամրացուի պատեանին մէջ: Երկրորդ, իրեն ի պատիւ կրկէսային հանդիսութեան մը ընթացքին, մեծ աղեղ մը կ՛ուզէ եւ Ներոնի կողքին նստած բեմէն, մէկ նետով կրկէսին մէջ գտնուող երկու ցուլ կը սատկեցնէ, նետը մէկ ցուլին մէջէն անցնելէ ետք կը խրի երկրորդին մէջ: Նաեւ, իւրաքանչիւրը շուրջ 900 քկ կշռող չորս պղինձէ ձիու արձաններ նուէր կը բերէ Ներոնին, որ կը տեղադրուի Հռոմի յաղթական կամարի մը վրայ, եւ այլն:
Խորհրդային ժամանակաշրջանի «պատմաբաններու» մտածողութիւնը եւ պարտուողական բարդոյթը կը շարունակուի ցայսօր, Տրդատ Ա.-ի յաղթանակը նսեմացնելով: Երեւանի Պետական Համալսարանի 2012-ին տպուած պատմութեան գիրքի մը մասին արդարացիօրէն կը բողոքէ՝ համալսարանական, ապահովական, դատական եւ պետական, զանազան պաշտօններ վարած՝ բնագէտ Վալերի Պօղոսեան (1944-ի ծնունդ) (17), որ «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ չորս յօդուածներով կ՛անդրադառնայ Հայոց Պատմութեան ընդհանրապէս եւ անկէ դասեր քաղելու կարեւորութեան, մասնաւորապէս Տրդատ Ա. թագաւորին զինուորական հզօրութեան եւ նոյնքան հզօր դիւանագիտութեան վերաբերող:
Կը յանձնարարեմ կարդալ այս 4 յօդուածները եւ դիտել զրոյցը (16), որոնք այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունին: Ազգային դաստիարակութեան եւ քաղաքական վերլուծումի եւ Արցախի յաղթանակը լիիրաւ խաղաղութեան վերածելու ուղղութիւն տուող: Այս մասին յաջորդիւ:
26 յունիս 2020
Շար. 2
* Լուսաբանութիւնները իմս
(9) «Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները Զ.», «Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ, 28 Սեպտեմբեր 2019:
(10) «Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները Ը.», «Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ, 25 Հոկտեմբեր 2019:
(11) Black Athena: The archaeological and documentary evidence, Martin Bernal, 1987, Rutgers university press,New Jersey, 736 pages.
(12) http://www.aztagdaily.com/archives/466803
(13) http://www.aztagdaily.com/archives/473538
(12) http://www.aztagdaily.com/archives/475615
(13) https://www.panarmenian.net/eng/details/212678/
(14) http://www.aztagdaily.com/archives/449348
(15) http://www.aztagdaily.com/archives/450664
(16) https://www.youtube.com/watch?v=VP0Ec_0pv9E
(17) https://hy.wikipedia.org/wiki/Վալերի_Պողոսյան
aztagdaily.com/archives/476522