ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ․․․Որպէսզի ոչ մէկ Լենին կամ Ստալին կարենան այդպէս՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ ըստ կամս ոտնակոխելու կամ կործանելու անարգ գործարքին դիմել

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ․․․Որպէսզի ոչ մէկ Լենին կամ Ստալին կարենան այդպէս՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ ըստ կամս ոտնակոխելու կամ կործանելու անարգ գործարքին դիմել

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ․․․Որպէսզի ոչ մէկ Լենին կամ Ստալին կարենան այդպէս՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ ըստ կամս ոտնակոխելու կամ կործանելու անարգ գործարքին դիմել

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

․․․Որպէսզի ոչ մէկ Լենին կամ Ստալին
կարենան այդպէս՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ
ըստ կամս ոտնակոխելու կամ կործանելու
անարգ գործարքին դիմել։

07 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան այսօրուան ԵՐԹն ու վաղուան ՀԵՌԱՆԿԱՐը աշխարհաքաղաքական ամէն կարգի խութերու, ականներու եւ սայթաքումներու ՎՏԱՆԳԻՆ դէմ պաշտպանելու ՈՒՂԻՆ ընտրած եւ ԱՀԱԶԱՆԳ հնչեցնող հայ քաղաքական մտքի ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄէն տարբեր որեւէ ՕՐԻԱՆՏԱՑԻԱ մերժող ԱԶԱՏԱՏԵՆՉ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ Յուլիս 7ի այս օրը կը վերյիշէ ու կը դատապարտէ 97 տարի առաջ, Լենինի եւ Ստալինի գլխաւորութեամբ, հայրենի ԱՐՑԱԽը հայ ժողովուրդէն խլելու եւ ՄԵՐ ՀՈՂԷՆ ՈՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷՆ ԱՆՕՏԱՐԵԼԻ ՄԱՍ Ատրպէյճանին «նուէր» տալու ԿՐԵՄԼԵԱՆ կայսերապետական ՍԱԴՐԱՆՔը։

Բարի լոյս՝ այս առիթով հայոց սերունդներուն նաեւ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ու ԱՀԱՒՈՐ ՉԱՐԻՔի դէմ՝ Հայաստանի ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՄՔՆ ՈՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐը ԱՅԼԱՓՈԽԵԼՈՒ վտանգին դէմ ահազանգող մեր անկաշառ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք լուսարձակի տակ կ՚առնեն «ԿԱՐՄԻՐ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆ»ի արուեստական ստեղծման օրինակով մեծապետական մեքենայութիւնները։
Հանրագիտական հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուած են ստորեւ Հայաստանը ՀԱՅԱԹԱՓ ընելու, այլեւ՝ ՕՏԱՐԱՑՆԵԼՈՒ սադայէլական այդ գործարքին մասին, գործարք՝ որ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՐՑԱԽԷՆ միայն բեկոր մը թողուց ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, իսկ ՆԱԽԻՋԵՒԱՆէն այդ ալ զլացուեցաւ․․․

Բարի լոյս՝ ԴԷՊԻ ԳԱԼԻՔը իր հայեացքը սեւեռած ՄԵՐ ՈՒՂԻԻՆ, որ անցեալի դաժան դասերէն ՈՉ ՄԻԱՅՆ Չ՚ԸՆԿՃՈՒԻՐ, այլ նորովի կ՚ուխտէ՝ սեփական ուժերը համախմբելով եւ կռանելով, հայ ժողովուրդի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺը ՁԵՐԲԱԶԱՏԵԼ արտաքին թէ ներքին բոլոր ԿԱՊԱՆՔՆԵՐԷ եւ ՋԼԱՏՈՒՄՆԵՐԷ, որպէսզի ոչ մէկ Լենին կամ Ստալին կարենան այդպէս՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ ըստ կամս ոտնակոխելու կամ կործանելու անարգ գործարքին դիմել։

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ․․․Որպէսզի ոչ մէկ Լենին կամ Ստալին կարենան այդպէս՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ ըստ կամս ոտնակոխելու կամ կործանելու անարգ գործարքին դիմել

*
* *

Կարմիր Քիւրտիստան (Քրտական գաւառ, ռուս.՝ Курдистанский уезд, քրդ.՝ KՓpдьстана Сор, ադրբ.՝ Qizil Kֆrdistan) – վարչական միաւոր՝ Ատրպէյճանական Խ․Ս․Հ․ի կազմին մէջ, որ գոյութիւն ունեցած է 1923 թուականի Յուլիս 7էն մինչեւ 1929 թուականները:

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

Պարսկաստանի Սէֆեաններու Տոհմը ներկայացնող Շահերը, ցանկանալով թուլացնել Խամսայի հայկական հինգ Մելիքութիւններու ուժեղ դաշինքը, 18րդ դարուն քրտական շարք մը ցեղեր տեղափոխեցին եւ բնակեցուցին Խամսայի Մելիքներու հիմնական տարածքին ու Զանգեզուրի միջեւ (այժմու Արցախի Հանրապետութեան Քարվաճառի շրջան եւ Քաշաթաղի շրջանի հիւսիսային հատուած):

Ռուս գիտնական Ե. Պչելինան, 1924 թուականին գիտական հետազօտութիւններ կատարելու նպատակով այցելելով Քրտական Գաւառ, յայտարարած էր, որ մինչեւ միջին դարեր եւ աւելի ուշ՝ այդ շրջանը ունեցած է հայ բնակչութիւն: Ըստ անոր՝ այդ մասին կը վկայեն իր կողմէ յայտնաբերուած պատմական յուշարձանները:

Շրջանէն հայ ազգաբնակչութեան հեռացման մասին կարելի էր հանդիպիլ այդ տեղերը բնակութիւն հաստատած քիւրտերու ժողովրդական հեքիաթներուն եւ ժամանակագրութեանց մէջ, ուր կը խօսուէր քիւրտերու եկուոր ըլլալուն մասին:

Շրջանին «Քիւրտիստան» անուանումը առաջին անգամ տրուած է 1921 թուին:

ՔՐՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱՌԻՆ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ

1923ի Յուլիս 7ին, Արցախի պատմական տարածքին մէկ հատուածին վրայ ստեղծուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը (Լ․Ղ․Ի․Մ․), որուն զուգահեռ՝ Յուլիս 16ին, արուեստականօրէն կազմաւորուեցաւ Կարմիր Քիւրտիստանը: Վերջինիս ստեղծման նպատակն էր Խորհրդային Հայաստանի եւ Լ․Ղ․Ի․Մ․ի միջեւ ցամաքային կապի ջնջումը, ինչպես նաեւ՝ այդ տարածքը Լ․Ղ․Ի․Մ․ի մէջ չընդգրկելը:

1929 թուականին Կարմիր Քիւրտիստանը վերցուեցաւ քարտէսէ, եւ տարածքն ուղղակիօրէն մտցուեցաւ Ատրպէյճանական Խ․Ս․Հ․ի կազմին մէջ:

Կարմիր Քիւրտիստանի փոխարէն, 1930ի Մայիս 25էն մինչեւ Օգոստոս 8ը, առաջացուած է Քրտական Շրջան` Լաչին վարչական կեդրոնով:

1937ին տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանական եւ Հայկական Խ․Ս․Հ․ներէն քիւրտերի արտաքսումը դէպի Միջին Ասիա եւ Ղազախստան: 1944ին դէպի նշուած վայրերը արտաքսուեցան նաեւ Վրացական Խ․Ս․Հ․ի մէջ բնակող քիւրտերը, ինչպէս նաեւ թուրք-մեսխեթներն ու համշէնահայերը:

Շրջանի վարչատարածքային լուծարումէն յետոյ՝ անիկա մնացած է Ատրպէյճանական Խ․Ս․Հ․ի կազմին մէջ:

1993 թուականին, Արցախեան Պատերազմի ժամանակ, հայկական զինուած ուժերը, Քարվաճառի ազատագրման ռազմագործողութեան ծիրէն ներս, տարածաշրջանէն դուրս մղելով ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, իրենց վերահսկողութիւնը հաստատեցին այդտեղ:

Ներկայիս Կարմիր Քիւրտիստանի տարածքը, որ հայկական պատմական Արցախի մէկ հատուածը կը զբաղեցնէր, կը հանդիսանայ Արցախի Հանրապետութեան տարածք՝ ընդգրկելով Քարվաճառի շրջանն ու Քաշաթաղի շրջանի հիւսիսային հատուածը:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄ

Քիւրտիստանի գաւառը վարչատարածքային առումով բաժնուած եղած է 6 վարչական միաւորներու: Գաւառի վարչական կեդրոնը եղած է Լաչին քաղաքը, որ մինչեւ 1923 թուականը ունեցած է գիւղի կարգավիճակ:

Կարմիր Քիւրտիստանի գրեթէ բոլոր պետական հաստատութիւնները տեղակայուած էին շրջանէն դուրս՝ Շուշի քաղաքին մէջ։

ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ

Համաձայն վիճակագրական տուեալներու՝ 1926 թուականին Քիւրտիստանի գաւառին մէջ բնակած է 51.426 մարդ, որոնց 72,3%ը (37.182) եղած են քիւրտեր, 26,7%ը (13.745)՝ թուրքեր (ատրպէյճանցիներ), 0,7%ը (373)՝ հայեր։

Աղբիւր՝ wikipedia, «Կարմիր Քուրդիստան», յղում՝ //hy.wikipedia.org/

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ․․․Որպէսզի ոչ մէկ Լենին կամ Ստալին կարենան այդպէս՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ ըստ կամս ոտնակոխելու կամ կործանելու անարգ գործարքին դիմել

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail