ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Եուսուֆ Քարշ (Յովսէփ Քարշ, 1908-2002) Աշխարհահռչակ դէմքերու նկարագիրը վերծանող մեծարուեստ հայ լուսանկարիչը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Եուսուֆ Քարշ (Յովսէփ Քարշ, 1908-2002).
Աշխարհահռչակ դէմքերու նկարագիրը վերծանող մեծարուեստ հայ լուսանկարիչը
13 ՅՈՒԼԻՍ 2020
Ն. Պէրպէրեան
Յուլիս 13ի այս օրը, 18 տարի առաջ, վախճանեցաւ աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտ լուսանկարիչ մը, որ կեանքն ու մարդիկը խորապէ՛ս դիտելու, մանաւանդ՝ մեծ ու անզուգական անհատականութեանց նկարագրին եւ յուզաշխարհին խորագոյն ճշմարտութեան պահերը որսալու եւ այդ ամէնը, մեքենական իր ոսպնեակով, իբրեւ գեղարուեստական բարձրորակ ստեղծագործութիւններ յաւերժութեան յանձնելու արտակարգ տաղանդը ունէր։
Լուսանկարչական արուեստը այդ աստիճան կատարելութեան հասցուցած մեծ տաղանդն է աւազանի անունով Յովսէփ Քարշ, որ աշխարհին ներկայացաւ Եուսուֆ Քարշ այցետոմսով՝ յուշելու համար բոլորին, յատկապէս թուրքերուն, թէ ինչպիսի՛ հասուն, ոսկեայ հասկեր եւ խոստմնալից՝ նորաբողբոջ ծիլեր օսմանցի ԹՈՒՐՔԵՐը ոտնակոխեցին, փճացուցին ու խամրեցուցին իրենց ազգայնամոլութեամբ, մանաւա՛նդ հակահայ մոլուցքով, որուն աղաղակող վկայութիւնը հանդիսացաւ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած հայ ժողովուրդի Մեծ Եղեռնը՝ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։
14 տարեկան պատանի էր Քարշ 1922ին, երբ քեմալականներու եւ ֆրանսացիներու մեղսակցութեամբ, Կիլիկիոյ հայութիւնը երկրորդ անգամ ու վերջնականապէս դատապարտուեցաւ իր հայրենի հողերէն տեղահան ըլլալու դաժան ճակատագրին։
Հետագային, անդրադառնալով այդ աղէտին, իր յուշերուն մէջ Քարշ գրեց.- «Ես տեսայ, թէ ինչպէ՛ս կոտորեցին հարազատներս: Քոյրս սովամահ եղաւ գիւղէ գիւղ տարագրուելով»:
Բայց տաղանդաւոր պատանին վերապրեցաւ ցեղասպանութենէն, որպէսզի ողջ աշխարհին վկայէ հայ ժողովուրդի հանճարին՝ ստեղծագործական ու մարդասիրական հոգեմտաւոր մեծ ժառանգութեան մասին։
Եւ Եուսուֆ Քարշ անմահացաւ իբրեւ լուսանկարչական արուեստի դիմանկարներ կերտող մեծ վարպետը։
*
* *
Քսաներորդ դարը իրենց անձով ու գործով շնչաւորած եւ յաւերժ խորհրդանշող մեծանուն անմահներէն շատեր, սերունդներու յիշողութեան մէջ, կը պատկերանան յատկապէս Քարշի լուսանկարներով։
Աշխարհահռչակ այդ դէմքերու նկարագրային տիրական գիծերը եւ ներաշխարհի խորագոյն ճշմարտութիւնները ոչ ոք կրցաւ լուսանկարել այնքան հարազատօրէն եւ այնքան պերճախօս արտայայտութեամբ, որքան հայ վարպետը՝ Եուսուֆ Քարշ ի՛նք, որ իր այդ տաղանդին համար ալ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ իբրեւ դիմապատկերի լուսանկարչութեան անկրկնելի վարպետը։
Դիտեցէք իր լուսանկարները, ոչ միայն գլուխ-գործոցը՝ Ուինսթըն Չրչիլը, այլեւ՝ Ըրնեսթ Հեմինկուէյն ու Համֆրի Պոկարթը, Ալպերթ Այնշթայնն ու Պեռնարտ Շոն… Եւ ինչպէս շատերը մեզմէ առաջ, նոյնպէս եւ բոլորս՝ մեր կարգին պիտի խոստովանինք, որ տարբեր դէմքի արտայայտութեամբ չենք կրնար պատկերացնել այդ անմահները։ Չենք կրնար ըսել, թէ այդ լուսանկարները կը նմանին Չրչիլի կամ Այնշթայնի, Հեմինկուէյի կամ Պեռնարտ Շոյի. այլ՝ հիացմունքով կը հաստատենք, որ իւրաքանչիւրն այդ մեծերէն ճանչցած ենք ճիշդ այնպէ՛ս, ինչպէս որ Քարշի լուսանկարներով անոնք կը ներկայանան դիտողին։
Այո՛, ի վերուստ՝ դիտելու եւ տեսնելու, այլեւ խորանալու եւ վերծանելու տաղանդով օժտուած էր 23 Դեկտեմբեր 1908ին Մերտինի մէջ ծնած Յովսէփ Քարշը, որ իր կարգին, մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն, ցմրուր ճաշակեց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան ահաւոր ու դառն բաժակը… Կորսնցուց հարազատներ, կրեց տարագիր կարաւաններու անլուր ողբերգութիւնները եւ, մազապուրծ փրկուելով, հասաւ Սուրիա։
1924ին, ծնողքը զինք ղրկեց Քանատա, Քեպէքի Շերպրուք քաղաքը, լուսանկարիչ հօրեղբօրը՝ Ժորժ Նագգաշի մօտ, որ ամբողջական հոգածութեան արժանացուց պատանի իր հարազատը։
Յովսէփի լուսանկարչական բնատուր շնորհքն ու արուեստագէտի թթխմորը նկատելով՝ հօրեղբայրը 1928ին քսանամեայ Քարշը ուղարկեց Պոսթըն, դիմապատկերի ծանօթ լուսանկարիչ Ճոն Կարոյի մօտ։
Քարշ ե՛ւ աշխատեցաւ Ճոն Կարոյի աշխատանոցին մէջ, ե՛ւ հետեւեցաւ գեղարուեստից, յատկապէս նկարչական արուեստի ուսման։
Չորս տարի ետք վերադարձաւ Քանատա, լուսանկաչական իր սեփական արուեստանոցը բացաւ Օնթարիոյ Օթթաուա քաղաքին մէջ, որպէսզի մօտ ըլլայ կառավարական շրջանակներուն։
Քանատական հանրածանօթ դէմքերու իր լուսանկարները շատ արագ ուշադրութիւն գրաւեցին եւ Եուսուֆ Քարշ ստորագրութիւնը հռչակի տիրացաւ։
Հայ լուսանկարիչին յաջողութիւնները օգնեցին, որպէսզի Քանատայի օրուան վարչապետը՝ Մըքենզի Քինկ իր հովանաւորութեան տակ առնէ երիտասարդ արուեստագէտը եւ Քանատա այցելող օտար անուանի հիւրերուն պատուէ Քարշի լուսանկարներով։
Այդ ճամբով եւ այդ առումով՝ Քարշի ճառագայթումին աստեղային պահը հանդիսացաւ 30 Դեկտեմբեր 1941ը, երբ պաշտօնական այցով Քանատա գտնուող Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չրչիլ, Օթթաուայի մէջ, քանատական խորհրդարանին առջեւ իր ունեցած ելոյթէն ետք, ակամայ հաւանութիւն տուաւ Քարշի կողմէ լուսանկարուելու վարչապետ Քինկի խորհուրդին։
*
* *
Կենսագիրները կը վկայեն, որ «Չրչիլին նախապէս չէին զգուշացուցած այդ մասին եւ թէեւ առաջին հակազդեցութեամբ նման առաջարկ մը այնքան ալ սրտամօտ չէր Չրչիլին, այսուհանդերձ՝ ան չմերժեց լուսանկարուելու հրաւէրը:
«Սովորութեան համաձայն, Չրչիլը շրթներուն դրաւ իր սիկարը եւ խիստ հայեացք մը նետեց 33ամեայ լուսանկարիչին վրայ՝ հասկցնելով, որ «պատրաստ եմ, նկարէ՛»:
«Քատրը յաջող չէր եւ Քարշ խնդրեց Չրչիլէն, որ բերնէն հանէ սիկարը:
«Երբ Չրչիլ մերժեց խնդրանքը, երիտասարդ լուսանկարիչը մօտեցաւ անոր եւ «Ես ներողութիւն կը խնդրեմ» ըսելով՝ Չրչիլի բերնէն հանեց սիկարը:
«Չրչիլ զայրացած դէմքով կը նայէր Քարշին, երբ լուսանկարչական սարքը չխկաց: «Դուն նոյնիսկ գազազած առիւծին կրնաս հանդարտեցնել՝ լուսանկարելու համար»,- հետագային Չրչիլ ըսած է Քարշին»:
Այդ լուսանկարը եղաւ Քարշի հռչակին հաստատուն պատուանդանը:
Արուեստի քննադատներու կարծիքով՝ Քարշ յաջողեցաւ Չրչիլը պատկերել այնպէ՛ս, ինչպիսին ան կ՚ընկալուէր մարդոց գիտակցութեան մէջ՝ հզօր, ահազդու հերոս:
Չրչիլի լուսանկարին շուրջ գրուեցան բազում յօդուածներ, անիկա երկու անգամ տպուեցաւ «Life» ամսագրի կողմէ: Երկրորդ անգամ նկարը տպուեցաւ ամսագրի՝ Մայիս 21ի (1945ին) համարին առաջին կողքին վրայ, երբ կը նշուէր Երկրորդ Աշխարհամարտին աւարտը՝ Դաշնակիցներու յաղթանակով, որուն նուաճման մէջ կարեւոր դեր ունեցած էր Չրչիլ:
Այդ լուսանկարին տակ, առաջին անգամ, Քարշի անունը գրուեցաւ իբրեւ «Օթթաուայի Քարշը»:
Չրչիլի նկարը ա՛յն երեք եզակի նկարներէն էր (միւս երկուքը՝ Էլիանոր Ռուզվելթի եւ Պեռնարտ Շոյի լուսանկարներն են), զորս շատ կը հաւնէր ինքը՝ հեղինակը: Հետագային, Չրչիլի հանրայայտ նկարը վերածուեցաւ յուշային դրոշմանիշի, ուր նշուած է. «Լուսանկարիչ՝ Եուսուֆ Քարշ»:
*
* *
Ահա այսպէ՛ս իր փառքի ուղին հարթեց լուսանկարչական արուեստի հայ վարպետը։
Ոչ միայն քաղաքական աշխարհի մեծամեծները, այլեւ գրական ու գիտական աշխարհի, շարժանկարի արուեստի եւ ընդհանրապէս արուեստի աշխարհի մեծանուն անմահները, բոլորն ալ, պահ մը կանգնեցան Եուսուֆ Քարշի ոսպնեակին առջեւ, որպէսզի հայ վարպետը կարենայ հետագայ սերունդներուն փոխանցել աշխարհի մեծամեծներուն նկարագրին եւ յուզաշխարհին ամէնէն խոր ու վաւերական արտայայտութիւնը բռնող եւ յաւերժացնող լուսանկարներ։
2000 թուականին հրատարակուած International Who’s Whoի ճշդած քսաներորդ դարու 100 մեծագոյն դէմքերէն 51ին լուսանկարած է Եուսուֆ Քարշ։
Շարլ Տը Կօլ եւ Նիքիթա Խրուշչով, Սամըրսեթ Մոամ եւ Թոմաս Մանն, Ճաւահրալալ Նեհրու եւ Ֆիտել Քասթրօ, Ճոն Քենետի եւ Մարթին Լութեր Քինկ, Փապլօ Փիքասօ եւ Ճէյմս Սթիուըրթ ու շատ-շատեր անցեալ դարու մեծութիւններէն Քարշին կը պարտին իրենց դէմքն ու նկարագիրը խորապէս արտայայտող լուսանկարները։
Իբրեւ այդպիսին, իբրեւ լոյսի եւ ստուերի իւրայատուկ ներդաշնակութեամբ գեղարուեստական բարձրորակ դիմանկարներ արարող լուսանկարչի, Քարշ իր մնայուն տեղը գրաւած է աշխարհի մեծագոյն թանգարաններուն եւ արուեստի պալատներուն մէջ։
Քանատական իշխանութիւնները յաջորդաբար 1967ին եւ 1990ին պետական բարձրագոյն կարգի տիտղոսներու արժանացուցին հայ լուսանկարիչը, որ իր կեանքի վերջին տարիներուն հաստատուեցաւ Պոսթըն, ուր եւ մահացաւ 13 Յուլիս 2002ին, վիրաբուժական գործողութեան մը հետեւած բարդութեանց հետեւանքով։
Թաղուեցաւ Օթթաուայի Նոթրը Տամ գերեզմանատան մէջ։
*
* *
Կ՚անցնին ժամանակները, կը փոխուին սերունդները եւ կը տժգունին յիշողութիւնները, բայց Քարշի վարպետութեամբ լուսանկարիչներու գեղարուեստական անկորնչելի գործերը կ՚օգնեն, որպէսզի գալիք սերունդները անմահներուն հետ ուղղակի հանդիպելու, դէմ դիմաց կանգնելու… անմոռանալի պահեր վայելեն՝ անոնց դիմանկարներու մտերմութեան մէջ։
Եւ շատ ու շատ անմահներ, անկասկա՛ծ, գալիք սերունդներուն կողմէ պիտի պատկերացուին լուսանկարչական արուեստի հայ մեծատաղանդ վարպետին՝ Եուսուֆ Քարշի աչքերով, մարդոց հոգիները պեղող եւ անոնց խորագոյն ճշմարտութեան պահերը լոյս աշխարհ բերող Քարշի արուեստով։
Ահա՛ իր արուեստին յաջողութեան գաղտնիքը բացատրող Քարշի խորհրդածութիւններէն շիթեր․
– «Կայ արագ անցնող պահ մը, երբ այն ամէնը, ինչ որ կայ մարդու մտքին, հոգիին եւ ոգեղինութեան մէջ, կ՚արտացոլայ անոր աչքերուն, ձեռքերուն եւ կեցուածքին մէջ։ Ահա ա՛յս է այն վայրկեանը, զոր կ՚արժէ արձանագրել»։
– «Լոնտոնի մէջ էր, որ սկսայ գործարկել մինչեւ այսօր շարունակուող «դասս սորվելու» վարժանքս՝ գտնելու համար հնարաւորինս շատ բան այն անձին մասին, որուն պիտի լուսանկարեմ»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ