ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Զինուած Ուժերի զարգացման այն քաղաքական ուղեգիծը, որը որդեգրել է մեր կառավարութիւնը, լիովին արդարացնում է իրեն, եւ որեւէ կասկած չկայ, որ մենք այդ ուղեգիծը կը շարունակենք։
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«Զինուած Ուժերի զարգացման այն քաղաքական ուղեգիծը,
որը որդեգրել է մեր կառավարութիւնը,
լիովին արդարացնում է իրեն։ եւ որեւէ կասկած չկայ,
որ մենք այդ ուղեգիծը կը շարունակենք»։
20 Յուլիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ Ատրպէյճանի թշնամական նախայարձակումին դէմ հերոսաբար կուրծք ցցող հայրենի մեր ժողովուրդին, բանակին եւ կառավարութեան վճռականօրէն զօրակցող սփիւռքի հայութեան, որ քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական եւ ցուցական բոլոր ճակատներու վրայ կոչուած է մերկացնելու, դատապարտելու եւ սանձ դնելու Էրտողան-Ալիեւ ՀԱԿԱՀԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ՍԱԴՐԱՆՔԻՆ։
Բարի լոյս՝ ի գիտութիւն աշխարհին Հայաստանէն հնչող ԱՀԱԶԱՆԳը բոլորին լսելի դարձնելու, այլեւ տարածաշրջանային նոր ԱՂԷՏի մը ՎՃՌԱԿԱՆ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԸ միջազգային օրակարգի ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ շարքին բարձրացնելու ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐԱՇԱԺԻՆ։
Ինչպէս որ southfront.org կայքը 18 Յուլիս 2020ի թուակիր իր «TURKEY IS RECRUITING SYRIAN MILITANTS TO FIGHT FOR AZERBAIJAN AGAINST ARMENIA» հրապարակումով կը զգուշացնէ՝ Թուրքիոյ վարչապետն ու Ատրպէյճանի նախագահը լծուած են տարածաշրջանային ծանրակշիռ տարողութեամբ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ հակահայ նորօրեայ ՍԱԴՐԱՆՔի մը։
(Տես՝
https://southfront.org/turkey-is-recruiting-syrian-militan…/ )
*
* *
Բարի լոյս՝ Հայաստանի վարչապետին կողմէ համայն հայութեան ուղղուած եւ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔը, միջազգային տարողութեամբ զօրաշարժով, իր սաղմին մէջ սանձելու եւ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱԿԱՀԱՐՈՒԱԾի ԿՈՉին, որ Հայ Քաղաքական Մտքի այսօրուան թիւ 1 ՕՐԱԿԱՐԳը կը սահմանէ․-
«Մեր խնդիրը մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր սահմանները, մեր երկրի ու ժողովրդի անվտանգութիւնն ապահովելն է, նաեւ՝ գլոբալ անվտանգութեան ապահովմանը նպաստելը: Իսկ որ Ադրբեջանը սպառնալիքներ է ստեղծում ոչ միայն Հայաստանի, այլև գլոբալ անվտանգութեան համար, վերջին օրերին ակնյայտ դարձաւ:
«Ադրբեջանի պաշտօնական ներկայացուցիչը մի քանի օր առաջ ուղղակի յայտարարեց, որ իրենց երկիրը կարող է հրթիռային հարուած հասցնել Մեծամորի ատոմակայանին: Ճիշդ է, Հայաստանն ի վիճակի է ապահովել սեփական, այդ թւում՝ Մեծամորի ատոմակայանի անվտանգութիւնը, բայց սա մի յայտարարութիւն է, որ աներկբայօրէն պէտք է դիտարկուի որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, որովհետեւ նմանատիպ գործողութիւնը մարդկութեան դէմ ուղղուած ահաբեկչութիւն ձեռնարկելու սպառնալիք է եւ պէտք է արժանանայ համապատասխան միջազգային արձագանգի եւ հետաքննութեան:
«Ինչ վերաբերւում է հետագայ անելիքներին՝ մեր դիրքորոշումը շարունակում է մնալ նոյնը: Մենք բոլորս պէտք է ի վերջոյ դուրս գանք հրադադարի ռեժիմի խախտումների մասին շարունակական յայտարարութիւնների շրջապտոյտից եւ պէտք է հրադադարի ռեժիմի պահպանման վստահելի մոնիթորինգի միջազգային համակարգ ստեղծուի:
«Եւ յաջորդը. Ե․Ա․Հ․Կ․ Մինսկի Խմբի համանախագահութեան շրջանակներում բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուի եւ Ադրբեջանն ի վերջոյ պէտք է կառուցողական դիրքորոշում որդեգրի:
«Եւ վերջում, թոյլ տուէք գոհունակութիւն արտայայտել Հայաստանի զինուած ուժերի բարձր մարտունակութեան առիթով եւ արձանագրել, որ Զինուած Ուժերի զարգացման այն քաղաքական ուղեգիծը, որը որդեգրել է մեր կառավարութիւնը, այդ թւում՝ ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման մասով, լիովին արդարացնում է իրեն եւ որեւէ կասկած չկայ, որ մենք այդ ուղեգիծը կը շարունակենք:
«Ինչպէս արդէն բազմիցս ասել եմ, Զինուած Ուժերի զարգացումը մեզ համար ոչ թէ ուղղակի առաջնահերթութիւն է, այլ առաջնահերթութիւնների առաջնահերթութիւն: Եւ ուզում եմ յիշեցնել, որ այս համատեքստում մեր առաջադրած մի շատ կարեւոր խնդիր, այն է՝ կոռուպցիոն ճանապարհով ձեռք բերուած գումարների վերադարձ եւ այդ գումարների ներդրում Հայաստանի Զինուած Ուժերի զարգացման համար, դեռեւս լիարժէքօրէն լուծուած չէ: Բայց մենք հետեւողականօրէն գնալու ենք այդ ճանապարհով եւ այս նպատակի համար արդէն իսկ ստեղծուած են որոշակի իրաւական մեխանիզմներ, որոնք առաջիկայում կը սկսեն գործել»:
Բարի լոյս՝ մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴը ՍԹԱՓ եւ ԱՉԱԼՈՒՐՋ ՊԱՀԵԼՈՒ Հայաստանի իշխանութեանց ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆը հաստատագրող ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ, որ կը խտացնէ արդիւնքը Յուլիս 18ին, Հ․Հ․ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ, վարչապետ Փաշինեանի ունեցած խորհրդակցութեան՝ Պ․Ն․ի եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմի հետ, նախարար ԴԱՒԻԹ ՏՈՆՈՅԵԱՆի եւ Զ․Ու․ գլխաւոր շտաբի պետ, գեներալ-լէյտենանտ ՕՆՆԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆի գլխաւորութեամբ: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ արտաքին գործերու նախարար ԶՈՀՐԱԲ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ:
(Տես՝
https://www.7or.am/am/news/view/192453/ )
Այսքան երկար մէջբերումով Հ․Հ․ կառավարութեան եւ Հայաստանի բանակին կիրարկած քաղաքական վարքագիծը ներկայացնելու կարիքը վստահաբար պիտի չզգացուէր՝ եթէ համացանցը եւ սփիւռքեան մեր մամուլը ողողուած չըլլային բացառապէս Հայաստանի իշխանութեանց հասցէին՝ անոնց դէմ յօրինուած ամէնօրեայ սուտ ու ամօթալի յերիւրանքներով, որոնց ետին կանգնած է Ռ․ ՔՈՉԱՐԵԱՆի, Ս․ ՍԱՐԳՍԵԱՆի, Գ․ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆի եւ անոնց ձեռնասուններու կամ դաշնակիցներու ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՇԱՐԱՍԻՒՆը։
Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔը ուժերու միասնական եւ առաւելագոյն լարումով դիմագրաւող մեր ժողովուրդի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺին, որ անփոխարինելի եւ անխոցելի ԵՐԱՇԽԻՔն է ամէն կարգի ՈՏՆՁԳՈՒԹԵԱՆՑ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒՄԻՆ։
Բարի լոյս՝ նաեւ ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՏԱՐՐԵՐը անհրաժեշտ պարագային ցախաւելով մաքրող ու ՅԱՌԱՋ ԸՆԹԱՑՈՂ մեր ՈՒՂԻԻՆ՝ ի խնդիր հայոց Ազգի ու Հայրենիքի, Ժողովուրդի եւ Պետականութեան ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ու ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ