ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 20-24 Յուլիս 1897․ Գուրգէնի եւ Վազգէնի խմբապետութեամբ՝ ֆետայիներու 40 հոգինոց խումբը հերոսական մարտերով կտրեց

ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 20-24 Յուլիս 1897․ Գուրգէնի եւ Վազգէնի խմբապետութեամբ՝ ֆետայիներու 40 հոգինոց խումբը հերոսական մարտերով կտրեց ռուս-թրքական սահմանը եւ հասաւ Վան

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշատետր

20-24 Յուլիս 1897․
Գուրգէնի եւ Վազգէնի խմբապետութեամբ՝ ֆետայիներու 40 հոգինոց խումբը հերոսական մարտերով կտրեց ռուս-թրքական սահմանը եւ հասաւ Վան

22 Յուլիս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման հերոսապատումին մէջ յիշարժան տեղ կը գրաւեն Յուլիս 1897ի Սպահան լիճի յաղթական կռիւները, որոնք անմահացուցին անունն ու յեղափոխական աւանդը Գուրգէնի եւ Վազգէնի ղեկավարած դաշնակցական ֆետայիներու 40 հոգինոց խումբին։

Արդարեւ՝ 20-24 Յուլիսի այս օրերուն, 122 տարի առաջ, Վանի հիւսիս- արեւելքը գտնուող Սպահան (նաեւ՝ Սապահան կոչուած) լիճը եւ զայն շրջապատող հայոց բարձրաբերձ լեռները ժամադրավայրը դարձան հայ ֆետայիներու հերոսական խոյանքին ու անկոտրելի մարտունակութեան։

1897ի Յուլիս 20էն 24 երկարող օրերուն, Հ.Յ.Դ. անդրանիկ սերունդի արժանաւոր խմբապետներէն Վազգէնի եւ Գուրգէնի ղեկավարած 40 հոգինոց ֆետայիներու խումբը, յաղթական կռիւներ մղելով քիւրտ ասպատակողներու եւ թուրք զապթիէներու միացեալ յարձակումներուն դէմ՝ ծանրագոյն վնասներ պատճառեց անոնց եւ կրցաւ անկորուստ հատել ռուս-թրքական սահմանը։

Սպահան լիճի տարածքին մղուած յաղթական կռիւներուն շնորհիւ, ֆետայական խումբը կրցաւ դէպի Երկիր իր մուտքը սկսիլ Սուրբ Թադէի վանքէն, կտրել Մակուի շրջանը, անցնիլ Բերկրի գաւառի Աբաղայի դաշտէն եւ Վանայ լիճի արեւելեան կողմը գտնուող Սպահան լիճի մերձակայքէն՝ անվնաս ու ամբողջ զինամթերքով հասնելու համար Վան, հոնկէ միանալու հայ յեղափոխականներու մղած անհաւասար ուժերով ազատագրական պայքարին՝ ընդդէմ Կարմիր Սուլթանի հայաջինջ բռնատիրութեան։

*
* *

Վազգէնի եւ Գուրգէնի ղեկավարած 40 հոգինոց ֆետայիներու խումբին կազմութիւնն ու դէպի Երկիր առաքումը ունին ուշագրաւ նախապատմութիւն։

Վազգէնը նոյնինքն Վանի դաշնակցական կազմակերպութեան պատասխանատու Տիգրան Տէրոյեանն է, որ մերժած էր իր ծննդավայրէն հեռանալ 1896ի Յունիսին, երբ համիտեան ջարդարար յարձակումներուն դէմ Այգեստանի հայութեան ինքնապաշտպանական կռիւները դադրեցուեցան՝ կռուող հայորդիներու քաղաքէն հեռանալու համաձայնութեամբ։

Պատմութիւնը ծանօթ է. արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի եւ դաշնակցական Պետոյի միացեալ հրամանատարութեան տակ կռուած վանեցի երիտասարդութիւնը, որպէսզի Այգեստանի մեր ժողովուրդին փրկէր գաւառներու հայութեան վիճակուած ջարդերու ճակատագրէն, ընդառաջեց եւրոպական մեծ տէրութեանց կողմէ տրուած ապահովութեան երաշխիքներուն եւ յանձն առաւ հեռանալ Վանէն։

Բայց դէպի Պարսկաստան իրենց ճամբուն վրայ, հարիւրաւոր հայ մարտիկները ենթարկուեցան թրքական զօրքերու, մանաւա՛նդ Սուլթանի կողմէ կաշառուող քրտական Մազրիկ ցեղապետին ու անոր զինեալներու յարձակումներուն, որոնց դէմ հայ հերոսները հերոսաբար կռուեցան մինչեւ վերջին շունչ եւ նահատակուեցան, երբ մնացին առանց փամփուշտի…

Հարիւրաւոր հայ մարտիկներու կոտորածը ուղղակի ցնցած էր ողջ հայութիւնը։ Հարկ էր թէ՛ պատժական հատու պատասխան տալ ջարդարար Մազրիկ ցեղի ասպատակողներուն, թէ՛ վերականգնել խոր յուսահատութեան մատնուած մեր ժողովուրդին ինքնավստահութիւնը, թէ՛ ազդարարել եւրոպական հանրային կարծիքին, որ հայ ժողովուրդը այլեւս չի կրնար հաւատք ընծայել մեծ տէրութեանց դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն տուած ապահովութեան… երաշխիքներուն։

Ցասումի եւ յուսաբեկութեան, բողոքի եւ ընկրկումի այդ մթնոլորտին մէջ էր, որ Դաշնակցութիւնը ձեռնարկեց Մազրիկ ցեղը մեծաթիւ արշաւախումբով մը պատժի ենթարկելու Խանասորի պատմակերտ արշաւանքին։

Հարիւրաւոր յեղափոխականներով արշաւախումբ կազմելու այդ գաղափարին նպատակայարմարութեան առարկողներ շատ կային ատենի դաշնակցական գործիչներու շարքերուն մէջ։ Խանասորի արշաւանքին ընդդիմացողները համաձայն էին Մազրիկ ցեղի պատժումին, բայց միաժամանակ կը շեշտէին, թէ անհրաժեշտ է նորովի եւ լայն թափ տալ զէնքի, զինամթերքի եւ մարտիկ ուժերու Երկիր առաքումին՝ լուռ եւ անաղմուկ զինելու համար նոյնինքն Երկրի մեր ժողովուրդը եւ զայն պատրաստելու հետագայ հարուածներու դիմագրաւման։

Յատկապէս Վազգէն դրօշակիրներէն էր ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կռուաններու հզօրացումին նախապատուութիւն տալու տեսակէտին։ Հակառակ անոր, որ 23ամեայ յեղափոխականը գաղափարական ու մարտական իր կրակի մկրտութիւնը ստացած էր Պետոյի շունչին տակ եւ լի էր ամենայն վճռականութեամբ՝ լուծելու Պետոներու վրէժը, այսուհանդերձ՝ Վազգէն համոզուած էր, որ Պետոյի սկսած սուրբ գործը լաւագոյնս կրնար շարունակուիլ Երկրի հայութեան յարաճուն զինումով եւ մարտունակ կազմակերպումով։

Այդ մղումով եւ Վանի մէջ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչի իր հանգամանքով՝ Վազգէն շարունակ երթեւեկեց թուրք-պարսկական սահմանին վրայ, Սալմաստ ու Թաւրիզ հասնելու եւ զէնք, զինամթերք եւ զինատար խումբեր դէպի Վան առաջնորդելու առաքելութեամբ։

Պարբերական այդ առաքելութեանց շարքին յատկապէս յիշատակելի դարձաւ Յուլիս 1897ի սկզբնաւորութեան Վազգէնի մասնակցութիւնը Սալմաստի մէջ դաշնակցական գործիչներու եւ ներկայացուցիչներու հաւաքին՝ Խանասորի արշաւախումբին վերաբերեալ վերջնական որոշում կայացնելու խորհրդակցութիւններուն։

Երբ վճռուեցաւ Խանասորի արշաւանքին ճակատագիրը՝ արշաւախումբի հրամանատարական կազմի նշանակումով, զօրամիաւորներու յստակացումով եւ յարձակման գործադրութեան ժամկէտի ճշդումով, խորհրդակցութեանց մասնակից Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի լիազօր Յարութիւն Շահրիկեանն ու Հ.Յ.Դ. Ատրպատականի Կ. Կոմիտէն յարմար գտան, որ միաժամանակ կազմուի 40 հոգինոց լաւապէս զինուած խումբ մը՝ Պարսկաստան-Թուրքիա սահմանը հիւսիսէն հատելու եւ, Բերկրի ուղղութեամբ յառաջանալով, զինամթերք ու մարտիկներ Վան հասցնելու եւ հոնկէ ալ Սասուն անցնելու համար։

Խումբը դրուեցաւ Վազգէնի ղեկավարութեան տակ եւ անոր օգնական նշանակուեցաւ նոյնպէս երիտասարդ՝ 24ամեայ Գուրգէնը (Պաղտասար Մալեան), որ հետագային Վանէն անցաւ Սասուն իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը, հոն մնաց մինչեւ 1899ի իր նահատակութիւնը եւ մեծ ներդրում ունեցաւ Տարօնի շրջանի յեղափոխական կազմակերպումին մէջ։

Միեւնոյն խումբին մէջ էր նաեւ Անդրանիկ, հետագայ մեծանուն հայդուկապետը, որ 1897ին իբրեւ նորագիր ֆետայի մուտք գործեց Երկիր։

*
* *

Հրաչ Տասնապետեանի վկայութեամբ, խումբը դէպի Վան ճամբայ ելաւ Յուլիս 14ին։ Այդքան մեծաթիւ խումբի մը համար օրեր պէտք եղան, որպէսզի սահմանային լեռները կտրելով յառաջանայ դէպի Բերկրի (այժմու անուանումով՝ Մուրատիէ), որ Վան քաղաքին հիւսիս-արեւելքը կը գտնուի, 77 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։

Բերկրիի մերձակայ Սպահան լճակը շրջապատող բարձր լեռները կտրել պէտք եղաւ, որպէսզի ֆետայիներու խումբը կարենայ աննկատ շարունակել իր ճամբան։ Բայց ամբողջ ձմեռը սառոյց կապող եւ մինչեւ ամրան սկիզբը սառոյցի տակ մնացող լեռները հնարաւոր չեղաւ աննկատ անցնիլ։ Քիւրտ խաշնարածներ նկատեցին հայ ֆետայիներու շարժումները, հաւար փրցուցին մինչեւ հեռաւոր գիւղերը եւ քիւրտ զինեալներ ու թուրք զապթիէներ փութացին հաշուեյարդար տեսնելու հայ քաջերուն հետ։

Ահեղ կռիւներ մղուեցան, բայց թէ՛ իրենց գրաւած դիրքերով եւ թէ քաջասրտութեամբ՝ հայ հերոսները կրցան անփառունակ պարտութեան մատնել թշնամիին։ Ծանր կորուստներ տալով՝ քիւրտ ու թուրք փախուստի դիմեցին, իսկ Վազգէն ու Գուրգէն իրենց խումբով շարունակեցին իրենց ճամբան դէպի Վան։
Սպահանի կռիւին մասնակից հայ ֆետայի մը անմահացուց հայկական հերոսապատումի այս դրուագը՝ Վանէն ղրկուած ու «Դրօշակ»ի 1897ի թիւ 12 համարով (1 Հոկտեմբեր 1897 թուակիր) հրատարակուած «Ֆեդայիները Վանի մէջ» խորագրով անստորագիր իր թղթակցութեամբ։

Սպահանի կռուին մանրամասն նկարագրականին կողքին, անստորագիր թղթակիցը կ՚անդրադառնայ նաեւ խումբի Վան հասնելուն։ Սպահանի կռուի պահուն թղթակիցը կ՚ափսոսայ, որ մինչ այլուր՝ իրենց ընկերները կ՚իրականացնէին Մազրիկ ցեղի պատժական արշաւանքը, այդտեղ՝ Սպահանը եզերող լեռներուն վրայ, իրենք ստիպուած էին կռիւ մղելու երկչոտ, ուժեղին դէմ փախուստ տալու պատրաստ քիւրտ յելուզակներու եւ թուրք զապթիէներու դէմ…

Իսկ Սպահանի կռիւէն երեք օր ետք, թղթակիցը դիտել կու տայ, որ Խանասորի արշաւանքին լուրը արդէն տարածուած էր՝ ահ ու սարսափի մատնելով քրտական շրջանները, որոնցմէ անցնելով՝ Վազգէնի ու Գուրգէնի խումբը հասաւ Վան։

Յամենայնդէպս, Վազգէնի ու Գուրգէնի խումբին մղած Սպահանի հերոսական կռիւը եւ յաղթական Վան մուտքը, գումարուելով Խանասորի արշաւանքին լայն արձագանգին եւ գործած շշմեցուցիչ տպաւորութեան վրայ, հիմնովին փարատեցին Վասպուրականի հայութեան մօտ առաջացած 1896ի յուսահատութեան եւ ընկրկումի մթնոլորտը։

Վանի կուսակալը ի զուր սպառնաց եւ պահանջեց, որ Վազգէնը կա՛մ յանձնուի կառավարութեան, կա՛մ հեռանայ քաղաքէն։ Բայց Վազգէն անդրդուելի մնաց հայ յեղափոխական կազմակերպութիւնը ամրապնդելու իր վճռակամութեան մէջ։

Ֆետայիներու խումբին մղած Սպահանի յաղթական կռիւները մէկ կողմէ ծառայեցին հայ հերոսներու անպարտելի ուժը շեշտելու նպատակին, իսկ միւս կողմէ՝ վերջակէտ դրին քիւրտ հրոսակներու քաջարի կռուողներ ըլլալու առասպելին, միաժամանակ մերկացնելով թուրք զինուորներու երկչոտութիւնը՝ տկարին դէմ գայլ կտրելու եւ ուժեղին դէմ վախկոտ նապաստակներու պէս փախուստ տալու անոնց տխուր հռչակը շեշտելով։

*
* *

Վազգէնի եւ Գուրգէնի հերոսական խումբին մղած Սպահան լիճի յաղթական կռիւներուն եւ Վան մուտքին անդրադարձած է նոր՝ օրեր առաջ վախճանած պատմաբան Համլէտ Գէորգեան, որուն «Վազգէն Տէրոյեանի մարտական խմբի մուտքը Վան» խորագրով հրապարակումէն արտատպուած է հետագայ վկայութիւնը եւրոպական դիւանագիտութեան խարդաւանանքին մասին․

«Հայ մարտիկները մուտք են գործում քաղաք եւ Վանի նահանգի իշխանութիւնները սկսում են ուղիներ որոնել՝ բանակցելու նրանց հետ: Այս անգամ եւս, ինչպես 1896թ. Վանի ինքնապաշտպանական մարտերի ժամանակ, որպէս միջնորդ, դարձեալ հանդէս է գալիս անգլիական հիւպատոսը: Քանի որ հայ մարտիկների առաջնորդները Վազգէնն ու Գուրգէնն էին, ուստի նահանգապետի եւ հիւպատոսութեան ներկայացուցիչներն աշխատում էին հանդիպել ու բանակցել հէնց նրանց հետ:

«Քաղաք մտնելէն ետքը,- նշում է «Դրօշակ»ը,- անգլ. պատկառելի հիւպատոսը՝ Մըստըր Ալէնի միջոցով փափաք յայտնեց խմբապետին հետ տեսակցութիւն մը ունենալու: Երբ այդ տեսակցութիւնը մերժուեցաւ եւ ազդու կերպով ցոյց տրուեցան այն որոշ պատճառները՝ որով իրաւունք կ՚ունենար Դաշնակցութիւնը չվստահելու իրենց եւ կարեւորութիւն չտալու, հիւպատոսը կակղեցաւ, փրփրեցաւ, ակռաները կճրտեց, բայց ի՞նչ օգուտ, իր կրակը չէր ազդեր ֆեդայիներուն»:

«Ֆեդայիների համակրանքը շահելու եւ Վազգէնի հետ տեսակցելու նպատակով՝ հիւպատոսը մի գրութիւն է ուղարկում նրան, որտեղ իր հիացմունքն է արտայայտում թուրք-պարսկական սահմանագլխին հայ յեղափոխականների կատարած քաջագործութիւնների մասին (նկատի ունի «Խանասորի արշաւանքը» – Հ.Գ.), որը, ըստ հիւպատոսի խոստովանութեան, մեծ արձագանգ էր գտել եւ յուզում առաջացրել Եւրոպայում:

Հիւպատոսը ընդգծում է, որ «Անգլիոյ եւ Ֆրանսիայի մէջ առաւելապէս համակրելի եղան, երբ ստուգուեցաւ մանաւանդ թէ յեղափոխականները ամենայն ազնուութեամբ չեն ուզած սպաննել ոեւէ կին…»:

«Դիտաւորութեամբ գովեստի խօսքեր շռայլելով հայ յեղափոխականների հասցէին ու միաժամանակ քննադատելով քրդերի իրականացրած ջարդերը՝ Անգլիայի հիւպատոսը Վազգէնին եւ Գուրգէնին է ներկայացնում իշխանութիւններին յանձնուելու Վանի նահանգապետի առաջարկութիւնը, ընդսմին խոստանալով հարթեցնել հակասութիւնները երկու կողմերի միջեւ ու միաժամանակ պատրատակամութիւն յայտնում գործն աւարտելու խաղաղութեամբ ու հաշտութեամբ:

Այդ ժամանակ Վանի նահանգը, յանձինս չերքէզ Շեմսեդին Բէյի, թէպետ արդէն ունէր իր նորանշանակ կուսակալը, բայց փաստական իշխանութեան ղեկը դեռևս պատկանում էր կայսերական քննիչ, Վանի կուսակալութեան փոխանորդ Սաադեդին Փաշային, որը սուլթան Համիդի կողմից ,…հայ երեւակայական ապստամբութիւնը զսպելու, 8-10.000 անմեղ անձերի կոտորածի, հարիւրաւոր կոյսերի եւ պատանիների առեւանգումի, հազարաւոր տների աւերակ դարձնելու, ամբողջ Վանի գաւառը կողոպտելու եւ վայրագ գործերի առթիւ,- բարեհաճեց ի նշան կայս. գոհունակութեան շնորհել նորան Օսմանիէի ականակուռ աւագ պատւանշանը…»:

«Անգլիայի հիւպատոսի խոստումներն այլեւս չէին կարող ոեւէ մէկին հաւատ ներշնչել: Այդ նոյն հիւպատոսի միջամտութիւնն ու խոստումները դոյզն-ինչ չխոչընդոտեցին Վանի իշխանութիւններին` թուրքակական կանոնաւոր զօրքի եւ քուրդ աշիրէթների ուժերով կազմակերպելու դէպի Պարսկաստան գնացող Աւետիսեանի, Պետոյի ու Մարտիկի գլխաւորած մարտախմբերի եւ 800 վանեցիների ջարդը:

«Վերջնապէս,- փաստում է «Դրօշակ»ը,- մերժողական պատասխան տրուեցաւ թէ՛ հիւպատոսին, եւ թէ՛ կառավարութեան»:

Գուրգէնի-եւ-Վազգէնի
Գուրգէնի-եւ-Վազգէնի

Նկարները՝ Վազգէն եւ Գուրգէն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail