ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ազգային ու քաղաքական ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ բոլորուիլ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ շուրջ եւ ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ԱԶԳի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՄԲ յառաջ ընթանալ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
Ազգային ու քաղաքական ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ բոլորուիլ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ շուրջ եւ ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ԱԶԳի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՄԲ յառաջ ընթանալ։
24 Յուլիս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս՝ վերջին օրերուն մեր ժողովուրդին մէջ աշխարհով մէկ ծաւալած, այլեւ հայկական բանակի քաջարի զինուորները համազգային հոգատարութեան ու պաշտպանութեան տակ առնելու համայն հայութեան ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի բոլոր ափերուն ոտքի կանգնած եւ Հայաստանի բանակին ու կառավարութեան բարոյապէս եւ մանաւանդ նիւթապէս զօրակցութեան հասնելու վարակիչ շարժումը շղթայազերծած ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ ոչ միայն տարերային իր թափով արագօրէն ծաւալեցաւ, այլեւ ազգային ու քաղաքական ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ գիտցաւ ու կրցաւ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ շուրջ բոլորուիլ ու ՊԵՏԱԿԱՆԱՏԷՐ ԱԶԳի ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԱՐԳԱՊԱՀՈՒԹԵԱՄԲ յառաջ ընթանալ։
Բարի լոյս՝ Յուլիս 12ի ատրպէյճանական անարգ թշնամիին նախայարձակումը ետ շպրտած հայոց բանակին, հայրենի հողին կառչած մեր ժողովուրդին եւ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՔՈՒԷՈՎ Ազգի ու Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ հզօրացման ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթող Հայաստանի կառավարութեան, որ համահայկական զօրակցութեան համաժողովրդային զօրաշարժը ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ ՀՈՒՆԱՒՈՐԵԼՈՒ նախանձախնդրութեամբ՝ նոյնինքն Հայաստանի վարչապետին ԿՈՉով յորդորեց․-
«Խնդրում եմ ձեռնպահ մնալ բանակի համար որեւէ գոյք ձեռքբերելու նախաձեռնութիւնից: Այդ գոյքի համար ծախսուելիք գումարը պարզապէս փոխանցէք Զինծառայողների Ապահովագրութեան Հիմնադրամին, որի գործունէութիւնը լիարժէք թափանցիկ է, եւ գտնւում է օրէնքով նախատեսուած վերահսկողութեան ներքոյ»։
Բարի լոյս՝ Յուլիս 22ի դրութեամբ Հիմնադրամին հասած 192․000․000 Հ․Հ․ դրամ արժողութեամբ համահայկական ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հսկողութեան տակ կը բաշխուի ՀԱՅՈՑ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, եւ որուն հրապարակած տուեալներով՝ Յուլիս 17էն 22 կատարուած են 2500 նուիրաբերութիւններ, 48 երկիրներու վրայ ցրուած հայոց կողմէ։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին նախագահութեան տակ գործող Զինծառայողների Ապահովագրութեան Հիմնադրամի Խորհուրդին, որուն կայքէջը լաւագոյնս կը խտացնէ ԽՈՐՀՈՒՐԴը ուժեղ թափով շարունակուելու կոչուած ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ․
«Վեհ նպատակ՝ փոքր քայլերով
«Զինծառայողների Ապահովագրութեան Հիմնադրամը ստեղծուել է մեր երկու պետութիւնների սահմանները պաշտպանելիս զոհուած կամ հաշմանդամութիւն ստացած զինծառայողներին, նրանց ընտանիքներին ապահովագրելու եւ հատուցումներ տրամադրելու նպատակով: Իւրաքանչիւրիս փոքր ներդրումն արդէն իսկ հնարաւորութիւն է տուել իրականութիւն դարձնելու այս նպատակը, եւ մենք վստահ ենք, որ մեր համախմբուածութեան, կատարած պարտադիր վճարումների եւ նուիրաբերութիւնների միջոցով Հիմնադրամը կը շարունակի երաշխաւորել սահմանին կանգնած զինուորի ապահովութիւնը»:
Բարի լոյս՝ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄին ամբողջական փարումով ընդառաջող ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ azatutyun.am կայքէջով 22 Յուլիսին Սուսան Բադալեանի հրապարակած գրառումին համաձայն՝
«Հիմնադրամի մուտքերն ակտիվացան, հէնց վարչապետի հաշուարկով՝ սկզբում երեք րոպէն մէկ, ապա՝ 40 վայրկեանը մէկ Հիմնադրամի հաշիւը համալրւում էր: «Սա ոչ միայն նիւթական, այլեւ շատ աւելի մեծ բարոյական աջակցութիւն է մեր բանակին, մեր պետութեանը»,- նշած է Հայաստանի վարչապետը։
Կատարուած նուիրաբերութիւններու յարաբերակցութեան՝ ըստ երկիրներու, կարելի է ծանօթանալ ստորեւ տրուած նկարով։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ