ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Յովհաննէս Այվազովսկի (1817-1900). Աշխարհահռչակ հանճարեղ ծովանկարիչին հայեցի՛ դէմքը

Յովհաննէս Այվազովսկի (1817-1900). Աշխարհահռչակ հանճարեղ ծովանկարիչին հայեցի՛ դէմքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Յովհաննէս Այվազովսկի (1817-1900). Աշխարհահռչակ հանճարեղ ծովանկարիչին հայեցի՛ դէմքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

Յովհաննէս Այվազովսկի (1817-1900).
Աշխարհահռչակ հանճարեղ ծովանկարիչին հայեցի՛ դէմքը

29 ՅՈՒԼԻՍ 2020

Ն. Պէրպէրեան

Հայոց յուշատետրին այսօրուան՝ Յուլիս 29ի (հին տոմարով՝ Յուլիս 17ի) էջը վերապահուած է Հայկեան Հանճարին համաշխարհային ճառագայթումներէն Յովհաննէս Այվազովսկիի ծննդեան տարեդարձին։

Ծովանկարչութեան հանճարեղ վարպետն է ան, անվիճելիօրէ՛ն։
Նաեւ՝ իր ազգային դէմքով, Հայոց Մեծերու համաստեղութեան մէջ լուսաւոր աստղ մըն է Այվազեաններու այս տաղանդաշատ ծնունդը։

Այվազովսկիի հայեցի՛ ապրումներուն եւ նուիրումին մասին կը վկայեն ամէնէն առաջ իր ստեղծած մեծարժէք կտաւները, որոնք ոչ միայն կը մերկացնեն հայ ժողովուրդին դէմ թրքական բարբարոսութեան գործած ոճիրները, այլեւ յաւերժին կը յանձնեն իբրեւ հայ մարդու մեծ ծովանկարիչին ապրած տառապանքն ու ընդվզումը։

Աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչին ազգային դէմքը ճառագայթեց նաեւ անոր կեանքին ու գործունէութեան մէջ. ո՛ւր որ գնաց (եւ աշխարհով մէկ շրջեցաւ հանճարեղ նկարիչը) եւ ի՛նչ նուաճումի որ ալ ձեռնարկեց՝ Յովհաննէս Այվազովսկի ամենայն նախանձախնդրութեամբ աշխարհին պարզեց իր հայկական արմատները, խրոխտ պահեց իր հայո՛ւ հպարտութիւնը եւ, տարբեր ազգութեանց արժէքներն ու արժանիքները բարձր գնահատելու եւ գուրգուրանքի արժանացնելու իր ընդգծելի մարդկայնականութեան խորքին, միշտ բաբախուն պահեց Հայու Հոգին։

Այվազովսկի թէ՛ որակով եւ թէ քանակով վիթխարի հարստութիւն մը կտակեց մարդկութեան։

Անոր հիանալի ծովանկարները կը զարդարեն Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի, Փարիզի, Լոնտոնի, Մատրիտի, Երեւանի եւ շատ ուրիշ քաղաքներու թանգարանները։

Իր կեանքի ընթացքին ան արժանացաւ մեծարժէք մրցանակներու, պարգեւատրուեցաւ բազմաթիւ կայսերական ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ բազում պետութեանց գեղարուեստից ակադեմիաներու կողմէ:

Հայ մեծանուն նկարիչը պարգեւատրուեցաւ նոյնիսկ թրքական կառավարութեան կողմէ։ Յատկապէս այս վերջինի առիթով՝ կենսագիրները կը պատմեն, թէ «Մի առաւօտ Այվազովսկին արթնանում է ծանր զգացումով: Մի քանի անգամ սենեակում շրջելուց յետոյ, վերցնում է թուրքական շքանշաններն ու մեդալները՝ իր հաւատարիմ շան հետ գնում է դէպի ծովափ: Թէոդոսիայի ողջ բնակչութիւնը հետեւում է այդ մեծ մարդուն:

Հասնելով ափ՝ նկարիչը շքանշանները կախում է շան պարանոցից, նաւակ է նստում եւ բաւականին հեռանալով ափից՝ հանում է դրանք շան վրայից եւ նետում անյատակ ծովը: Ստիպում է շանը լողանալ ծովի մաքուր ջրում, որպէսզի հաւատարիմ կենդանին էլ մաքրուի դրանցից: Լուանալով իր ձեռքերը՝ Այվազովսկին վերադառնում է ափ, անցնում ապշահար ամբոխի մէջով, մտնում է իր արուեստանոցը եւ սկսում է նկարել: Յաջորդ առաւօտեան նրա արուեստանոցի պատից կախուած էր «Հայ ժողովրդի ջարդը Տրապիզոնում» անմահ կտաւը»…

Այսպիսի՛ ազգային դէմքով համաշխարհային մեծութիւն է Այվազովսկի։

*
* *

Հանճարեղ հայ ծովանկարիչը ծնած է Սեւ ծովու ափին, Խրիմի Թէոտոսիա հայաբնակ քաղաքին մէջ, 1817ի Յուլիս 29ին։

Իվան Այվազովսկի, Յովհաննէս Յայվազեան կամ Օհաննէս Այվազեան՝ ան ամբողջ յուզաշխարհ մը յաւերժացուց Ծովու խորհուրդով, անոր բազմերանգ գոյներով եւ լոյսի ու ստուերի անվերջ խաղերով, անոր ալիքներուն կատաղութեամբ եւ փոթորկումներուն ցասումով, անոր խորախորհուրդ հանդարտութեամբ եւ տիեզերական իմաստութեամբ։

Արուեստագէտի բոլորանուէր կեանք մը վիճակուեցաւ Հայու այս բացառիկ ծնունդին։ Հին յունական գաղթավայր եւ այժմու ուքրայնական աշխոյժ նաւահանգիստ Թէոտոսիան մեծցաւ եւ աշխարհով մէկ հռչակուեցաւ Այվազովսկիով, որուն անունով 1880ին բացուած պատկերասրահը մինչեւ այսօր դէպի Թէոտոսիա կ՚ուղղէ քայլերը բոլոր անոնց, որոնք Ծովու խորհուրդով հաղորդուելու ներքին սէրն ու պահանջը ունին։

Աշխարհի բոլոր մեծ թանգարաններուն եւ պատկերասրահներուն մէջ մնայուն ցուցադրութեան իր ուրոյն անկիւնը ունենալու փառքին արժանացած հայ մեծ ծովանկարչին գործերը, կարեւոր մասով, ցուցադրուած են անոր ծննդավայրի իր անունը կրող պատկերասրահին մէջ եւ այցելուները, որքան աւելի մօտէն շփուին անոր գլուխ-գործոցներուն հետ, այնքան իրենց մէջ կ՚արմատաւորուի անխառն սքանչումը Այվազովսկիի ծովանկարչական անկրկնելի տաղանդին նկատմամբ։

*
* *

Յովհաննէս Այվազովսկի որդին է Գէորգ Այվազեան անունով մինչեւ Մոլտաւիա հասած եւ ի վերջոյ Խրիմ վերադարձած ու Թէոտոսիա հաստատուած հայ առեւտրականի մը։

Նախնական ուսումը ան ստացաւ Թէոտոսիայի հայոց ծխական վարժարանին մէջ՝ մանուկ տարիքէն ցուցաբերելով նկարչական յատուկ սէր եւ շնորհալի ընդունակութիւն։

1830էն 1833, ան յաճախեց Սիմֆերոպոլի ռուսական երկրորդական վարժարանը, իսկ այնուհետեւ՝ 1833-1837ին, Ս. Փեթերսպուրկի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ, բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ ռուս հռչակաւոր բնանկարիչ Մ.Ն. Վորոբիովի դասարանին մէջ։

1837ին, իր «Անդորր» անուն նկարին համար, Այվազովսկի քսան տարեկանին արժանացաւ իր կեանքի առաջին պարգեւին՝ Ակադեմիայի բարձրագոյն մրցանակին – ոսկէ մետալի եւ երկու տարուան համար Խրիմի մէջ նկարչութեամբ պարապելու ուղեգիրի։

Այդպէ՛ս սկսաւ Այվազովսկիի գեղարուեստական ասպարէզին վերելքը, որ շարունակական մագլցում մը եղաւ ծովանկարչութեան գագաթն ի վեր։

1840ին, առ ի գնահատանք Խրիմի մէջ իր նուաճած ստեղծագործական շրջանի իրագործումներուն, Փեթերսպուրկի Ակադեմիան Այվազովսկին ուղարկեց արտասահման՝ ինքնակատարելագործման հնարաւորութիւններ ընձեռելով երեսնամեայ արուեստագէտին։

Այվազովսկի եղաւ Իտալիա՝ նաեւ Ս. Ղազար (որուն նուիրեց «Պայրոնի այցը Մխիթարեաններին՝ Ս. Ղազար կղզում» հռչակաւոր գործը), Սպանիա, Ֆրանսա, Անգլիա եւ Հոլանտա, ամէնուր մօտէն ծանօթանալով ժամանակի եւրոպական մեծ նկարիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս խորանալով նկարչական արուեստի գլուխ-գործոցներու իւրովի ուսումնասիրման մէջ։

Այս շրջանին է, որ Այվազովսկի մասնակցեցաւ, յատկապէս Փարիզի եւ Ամսթերտամի մէջ, նկարչական հեղինակաւոր ցուցահանդէսներու՝ միջազգային մրցանակներու տիրանալով եւ ակադեմական կոչումներու արժանանալով, որոնց մինչեւ մահ արժանաւորապէս տէր կանգնեցաւ, շարունակ վերագնահատման ու նորովի մեծարման փառք կուտակելով իր անունին շուրջ։

*
* *

1844ին Այվազովսքի վերադարձաւ Ռուսաստան, ստացաւ Ռուսական Գեղարուեստական Ակադիմիայի ակադեմիկոսի կոչում (1887էն՝ պատուաւոր անդամ) եւ նշանակուեցաւ Ծովային Ընդհանուր Շտապի գեղանկարիչ։

1845ին Այվազովսկի վերջնական բնակութիւն հաստատեց իր ծննդավայրին՝ Թէոտոսիայի մէջ, ուր ոչ միայն շարունակեց իր ստեղծագործական բեղուն աշխատանքը, այլեւ՝ աշխուժօրէն լծուեցաւ ազգային-քաղաքական եւ հասարակական աշխոյժ գործունէութեան։

Ձարական Ծովուժի գեղանկարիչի իր հանգամանքով՝ Այվազովսկի անձամբ մասնակցեցաւ ռուսական զօրքերու մղած պատերազմներուն թուրքերու դէմ եւ մեծ է թիւը այն նկարներուն, որոնք նուիրուած են ռուսեւթուրք ծովային ընդհարումներուն։

Այդ շարքէն յիշատակելի են մանաւանդ 1853-1856ի Խրիմի պատերազմին նուիրուած Այվազովսկիի նկարները, որոնք 1854ին, Սեւաստոպոլի պաշարման օրերուն, առանձին ցուցահանդէսով ներկայացուեցան՝ ուժ եւ կորով ներշնչելով թուրքերու դէմ հերոսաբար պատերազմող զօրքին եւ ժողովուրդին։

1850ականներուն եւ 1860ականներուն, Այվազովսկի շարունակ ճանապարհորդութեան մէջ եղաւ՝ գեղարուեստական իր աշխատանքով։

Եղաւ Ամերիկաներ, Ափրիկէ ու ծայրագոյն Արեւելք, ամէնուր ցուցահանդէսներ տուաւ եւ մրցանակներու տիրացաւ։ Այդ ճամբով է, նաեւ, որ Այվազովսկիի հռչակը եւ գործերը սեփականութիւնը դարձան ամբողջ աշխարհին։

*
* *

Յատկապէս հայ իրականութեան հետ մնայուն եւ յարաճուն կապով յատկանշուեցաւ ու շնչաւորուեցաւ Այվազովսկիի կեանքը։

1868ին ան ուղեւորուեցաւ Կովկաս, եղաւ Թիֆլիս ու Պաքու, 1869ին իր գործերուն ցուցահանդէսը տուաւ Թիֆլիսի մէջ եւ, այդպէսով, հիմը դրաւ հայ նկարիչներու անձնական ցուցահանդէսներու աւանդութեան։

Այվազովսկիի աշակերտեցին եւ անոր արուեստին շարունակողները եղան հայ մեծանուն նկարիչներ Վ. Մախոխեան, Մ. Ճիւանեան եւ Մ. Մահտեսեան։ Այվազովսկիի ազդեցութիւնը զգալի է նաեւ Գ. Բաշինջաղեանի նկարչութեան վրայ։

Աւելի քան 6000 նկար հաշուող մեծարժէք ժառանգութիւն մը Այվազովսկի կապեց իր անունին։ Գեղարուեստական տաղանդի այդ վարարման արգասիքն են հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին՝ յատկապէս մեծախորհուրդ Արարատին նուիրուած Այվազովսկիի գործերը, որոնց լաւագոյն նմոյշներէն ոմանք մնայուն ցուցադրութեան իրենց փառաւոր տեղը գտած են Երեւանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ։

Արդէն յիշատակուած իր գործերու կողքին՝ «Թուրքական նաւերը Մարմարա ծովն են թափում հայերին», «Արարատ լերան հովիտը», «Հայ մարտիկի երդումը», «Հայ ժողովրդի մկրտութիւնը» եւ «Խրիմեան Հայրիկը Էջմիածնի շրջակայքում» անունով իր կտաւները 19րդ դարու հայ ժողովուրդի կեանքին, ոգորումներուն եւ մաքառումներուն, տառապանքներուն եւ յոյսերուն, վեհութեան եւ անկումին խորագոյն պահերը որսացած եւ յաւերժութեան յանձնած են։

Այվազովսկի նաեւ գործնապէս իր մասնակցութիւնը բերաւ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած ողբերգական հարուածներու դիմագրաւումին։ Յատկապէս մեծ եղաւ Այվազովսկիի ներդրումը 1894-1896ի համիտեան կոտորածներու ժամանակ։ Ամբողջ նկարաշար մը ստեղծեց Այվազովսկի, միջազգային ցուցահանդէսներու արժանացուց այդ շարքը եւ ոչ միայն հայկական իրաւունքին ու արդարութեան ձայնը իւրովի ու բարձրագոռ հնչեցուց աշխարհով մէկ, այլեւ՝ այդ գործերու վաճառքէն գոյացած գումարներով օգնութեան ձեռք երկարեց Կովկաս ու Խրիմ ապաստանած հայ գաղթականներուն, անոնց պատսպարումին եւ հոգատարութեան։

1887ին եւ 1897ին մեծ շուքով տօնակատարուեցան Այվազովսկիի ստեղծագործական կեանքին 50ամեակի ու 60ամեակի յոբելեանները։ Իսկ 1900ի Ապրիլ 19ին, երբ ուղեղի արիւնախրումով վերջ գտաւ հանճարեղ Հայուն հանդերձեալ կեանքը, ողջ Թէոտոսիան՝ զինուորական մեծ շուքով կատարւած յուղարկաւորութեամբ մը, հայոց «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ մէջ, յաւիտենական փառքի պատուանդանին արժանացուց Յովհաննէս Այվազեանին։

Յովհաննէս Այվազովսկիի շիրմաքարին գրուած է Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն» գործէն քաղուած թեւաւոր վկայութիւնը.-

«Մահկանացու ծնեալ՝ անմահ զիւրն յիշատակ եթող»:
Եւ այսօր, երբ աշխարհի տարբեր ազգերու մարդոց շարքին հայու աչքերը եւս կը կեդրոնանան Այվազովսկիի նկարներուն վրայ, անպայման Ծովու խորհուրդին մէջ անոնք կը տեսնեն եւ կը հմայուին ալեկոծումներովն ու խաղաղութեամբը Հայու Հոգիին, որուն եզակի թարգմաններէն հանդիսացաւ հայոց ինքնաճանաչման ու հպարտութեան աղբիւր Այվազովսկին։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail