ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան, 1858-1935). Հայ գրականութեան մեծատաղանդ իրապաշտը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:
Յուշատետր
Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան, 1858-1935).
Հայ գրականութեան մեծատաղանդ իրապաշտը
Ն. Պէրպէրեան
07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020
– «Մարդու համար ծննդից ու մահից աւելի կարեւոր ոչինչ չկայ: Ծնուելիս նա ոչինչ չգիտէր, մեռնելիս նա ամէն ինչ գիտի»։
– «Ոչ մի գազանութիւն այնքան զազրելի չէ, որքան մտքի գազանութիւնը: Ոչ մի յանցանք այնքան քստմնելի չէ, որքան հոգեկան յանցանքները»:
Այսպիսի՛ խոհերով յագեցած իրապաշտութիւնը հանդիսացաւ թէ՛ կեանքի եւ թէ գրական ստեղծագործութեան ներշնչման աղբիւրը, այլեւ առաջնորդող սկզբունքը Շիրվանզադէի, որուն մահուան 85րդ տարելիցը կը լրանայ Օգոստոս 7ի այս օրը։
Հայ գրականութեան անմահ դասականներէն է Ալեքսանդր Մովսիսեան, որ ծնած ըլլալով արեւելեան կողմն Հայաստանի՝ Շամախի (Շիրվան) մէջ, գրչանուն ընտրեց Շիրվանզադէն (Շիրվանի Զաւակ) եւ այդ անունով իր բարձունքը նուաճեց հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան երկնակամարին։
Իրապաշտ ինքնաճանաչումի եւ ընկերային սուր քննադատութեան դաւանանքով ապրեցաւ ու ստեղծագործեց Շիրվանզադէ։
Թէ՛ իր սեփական կենսափորձէն մեկնելով եւ թէ, մանաւա՛նդ, հայ ժողովուրդին մեծ անկումի ու նոյնքան մեծ յարութեան ժամանակաշրջանը ամբողջ էութեամբ ապրելով՝ Շիրվանզադէ իր տաղանդն ու միտքը ի սպաս դրաւ օտար լուծի տակ կքած, բայց վաղուան պայծառ գալիքին հանդէպ հաւատքը բնաւ չկորսնցուցած պայքարունակ հայութեան վերականգնումին։
*
* *
Երբ թրքական պետութեան գործադրած 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը տապարի հարուած հասցուց հայ ժողովուրդին, ազգային կոչումի եւ պարտքի խոր զգացողութեամբ՝ Շիրվանզադէ դիմեց ատենի ռուս գրականութեան հսկաներէն եւ իր մտերիմներէն Մաքսիմ Կորքիին՝ գրելով.-
«Բարձրացրէք Ձեր ազդու ձայնը բազմաչարչար եւ կիսով չափ բնաջնջուած հայ ժողովրդի օգտին»:
Այսպէ՛ս հայ գրականութեան եզակի մեծութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ Շիրվանզադէ։
Իր գրչէն կեանք առած վիպակներն ու վէպերը՝ «Նամուս»ն ու «Քաոս»ը, «Պատուի Համար»ն ու «Արսէն Դիմաքսեան»ը, «Օրիորդ Լիզա»ն եւ «Իշխանուհին», ինչպէս նաեւ «Աւերակների վրայ» ու «Արմէնուհի» թատերական գործերը մինչեւ այսօր խռովքի ու խոր յուզումի կը մատնեն ընթերցողը՝ հայու մեր անցեալէն եկող եւ այս կամ այն տարբերակով տակաւին շարունակուող բարքերու եւ ընկերային ցաւերու իրենց գեղարուեստական ցոլացումով, ցնցիչ կերպաւորումներով եւ խստապահանջ քննադատութեամբ։
Շիրվազանդէ իրաւամբ կը հանդիսանայ 19րդ դարավերջի ու 20րդ դարասկիզբի հայոց ընկերային ցաւերուն՝ հայ ժողովուրդի հասարակական հիւսուածքին եւ յուզաշխարհին յանդուգն վիպասանը եւ, իբրեւ այդպիսին, արժանաւորապէս իր տեղը ունի հայ մեծտաղանդ դասականներու համաստեղութեան մէջ։
*
* *
Կեանքը դաժան գտնուեցաւ իր գրական շնորհներուն ու արժանաւորութեան կանխահաս գիտակցութիւնը ունեցող Ալեքսանդրի նկատմամբ։
Ծնած բարեկեցիկ ընտանիքի յարկին տակ, ան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ Շամախի՝ նախ պատուելի Սարգիս «վարպետ»ի վարժատան, ապա ղարաբաղցի Տէր Յովհաննէսի դպրոցին մէջ։
Հայրը, առեւտուրի մէջ յաջողած նախկին դերձակ, կ՚ուզէր որ Ալեքսանդր ռուսական ուսում ստանայ եւ առեւտրական կեանքի պատրաստութիւն ձեռք բերէ. այդ նպատակով ալ գաւառական պետական վարժարան ուղարկեց տղուն։
Բայց պատահեցաւ 1872ի Շամախի երկրաշարժը եւ Մովսիսեաններու ընտանիքը իր կարգին կորսնցուց ամէն ինչ. Ալեքսանդրի հայրը սնանկացաւ եւ ստիպուեցաւ վերադառնալու իր հին արհեստին՝ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար։
Իսկ Ալեքսանդր, հազիւ 15 տարեկան պատանի, պետական վարժարանը աւարտելէն անմիջապէս ետք, ստիպուեցաւ մեկնելու Պաքու՝ իր կարգին «մի կտոր հաց շահելու» եւ ընտանիքին օգնելու, ինչպէս որ հետագային Շիրվանզադէ պիտի գրէր «Կեանքի Բովից» խորագրեալ իր ինքնակենսագրութեան մէջ.-
«Մայրս վերջին անգամ գրկեց ինձ, համբուրեց եւ ասաց.
«- Գնաս բարով, թող ճանապարհդ փշեր չտեսնի։
«Հայրս չհամբուրեց ինձ: Այդ լռին եւ ինքնամփոփ մարդը երբեք իր հայրական սէրը չէր արտայայտում սովորական գուրգուրանքով։
Բայց, նայելով նրա մռայլ եւ հուժկու դէմքին, ես զգացի՝ որքան խոր է նրա վիշտը։ Կեանքի դաժանութիւնը ստիպել էր նրան բռնել իր միակ որդու ձեռը եւ գցել անյայտութեան ծովը, լաւ զգալով, որ նա լողալու համար չունի ոչ մի փորձ։
«Ես գնում էի մի երկիր, ուր գնում էին շատ-շատերը բախտ որոնելու։ Այնտեղ մարդկային մտքի ու ձեռքի աշխատանքը նոր միայն սկսել էր գնահատուել որպէս շուկայի ապրանք եւ հարստահարուել։ Ես գնում էի ո՛չ բախտ որոնելու, ո՛չ հարստութիւն ձեռք բերելու եւ ոչ անուն վաստակելու, այլ մի կտոր հաց շահելու մօրս եւ երկու քոյրերիս համար: Հօրս անսպասելի սնանկութիւնը մեզ վերցրել էր թանկագին գորգերից եւ գցել չոր գետնի վրայ։
«Ես չունէի գոյութեան կռուի համար ո՛չ մի միջոց եւ ոչ մի պատրաստութիւն, բացի իմ պատանի հասակից եւ պողպատեայ առողջութիւնից։ Ես չունէի ոչ մի նպատակ, ոչ մի երազ, բացի օրուայ պարէնս վաստակելուց եւ հօրս պարանոցի վրայ մի աւելորդ լուծ չդառնալուց։ Միակ փափաքս շարունակել ուսումս՝ արդէն մեռել էր այն օրը, երբ հայրս ասաց. «Որդի, ուսումը հարուստների որդկերանց համար է, քո հայրն այժմ ոչինչ չունի»:
Այդ օրէն սկսաւ ընկերային անարդարութեանց դէմ Շիրվազանդէի խոր զգայնութիւնն ու անսահման ընդվզումը։
*
* *
Առեւտուրի մարդ չէր Շիրվանզադէ, որուն Պաքու բաժին հանեց անյաջողութիւններու շարք մը, մինչեւ որ ազգականներուն միջնորդութեամբ ան քարտուղարի պաշտօն ստացաւ Նահանգային Վարչութեան մէջ։
Թէեւ նիւթապէս գոհացուցիչ չէր այդ պաշտօնը, բայց գրադարանապետ նշանակուելով «Մարդասիրական Ընկերութեան» մատենադարանին՝ Շիրվանզադէ լայն ժամանակ ունեցաւ ընթերցումի։ Ուղղակի լափեց ինչ որ ձեռքը անցաւ, ժամանակի հայ մամուլի հաւաքածոներէն մինչեւ ռուսական եւ եւրոպական գրականութեան ու իմաստասիրութեան դասական թէ արդի հարստութիւնները։ Այդ ճամբով ոչ միայն կենդանի եւ ամէնօրեայ կապ հաստատեց հայ կեանքի վերիվայրումներուն հետ, այլեւ՝ զարկ տուաւ գրական-գեղարուեստական իր ընդունակութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ հասարակական մտածողութեանց մէջ իր խորացումին։
Առաջին յարմար պատեհութեան, փոխեց իր գործը եւ գրագրի պաշտօն ստանձնեց նաւթային ընկերութեան մը գրասենեակին մէջ։
1878էն սկսաւ աշխատակցիլ հայկական թէ ռուսական թերթերուն։
Թիֆլիսը, ազգային եւ գրական իր եռուն կեանքով, իր ուղղութեամբ կը քաշէր Շիրվանզադէին, որ 1883ին տեղափոխուեցաւ Կովկասի մայրաքաղաքը։
Կանոնաւոր աշխատակցութիւն սկսաւ բերել «Մշակ»ին՝ անոր էջերուն լոյս ընծայելով Պաքուի աշխատաւորական կեանքին, դասակարգային անարդարութեանց եւ աշխատաւորներու զրկանքին ու դժուարութեանց նուիրուած պատմուածքներ, ակնարկներ։
Մինչեւ 1889ին Թիֆլիսի Քաղաքային Վարչութեան մէջ աշխատանքի նշանակուիլը, Շիրվանզադէ աշխատակցեցաւ «Մշակ»ին, ապա՝ «Արձագանգ»ին, որուն խմբագրութեան ալ մաս կազմեց, իբրեւ պատասխանատու քարտուղար։
Նոյն շրջանին մօտեցաւ Հնչակեան նորաստեղծ կուսակցութեան՝ անոր ընկերվարական աշխարհայեացքն ու Հայաստանի Ազատագրութեան առաջադրանքը հոգեհարազատ գտնելով իր համոզումներուն։
Թիֆլիսի Քաղաքային Վարչութեան մէջ իր գործը հնարաւորութիւնը ընձեռեց, որպէսզի Շիրվանզադէ իրարու ետեւէ լոյս ընծայէ իր վիպակներն ու վէպերը, որոնք արդէն Պաքուի աշխատաւորական կեանքի պատկերացումէն անդին անցած էին եւ իր ժամանակի հայոց ընկերային բարքերուն լայն ընդգրկումով կը յատկանշուէին։
Շիրվանզադէ ձաղկեց ամէն ինչ, որ խաւարամտութիւն կը տարածէ, արդարութեան հաստատումը կ՚արգելակէ եւ հայ կեանքի ընդհանուր բարեշրջման ու զարգացման խոչընդոտ է։
Շիրվանզադէ արդէն միացած էր Հնչակեան կուսակցութեան, երբ 1895-96ի համիտեան առաջին կոտորածները սկսան։
Մէկ կողմէ՝ գրական իր ստեղծագործութեանց մէջ, Շիրվանզադէ կեդրոնացաւ հայ քաղքենիութեան, յատկապէս ցուցամոլ հայ ունեւորներու եւ անոնց զաւակներու ազգային անտարբերութեան խարազանումին վրայ։
Իսկ միւս կողմէ՝ գործնապէս, Շիրվանզադէ իր աջակցութիւնը բերաւ Սահմանը Անցնելու համար Արեւելահայաստանի գաւառներէն ու Ռուսաստանէն Թիֆլիս փութացող հայ ուսանողներուն եւ երիտասարդներուն։
Շուտով Ցարական իշխանութեանց հալածանքին ենթարկուեցաւ նաեւ Շիրվանզադէ ու 1898ին նետուեցաւ Մետեխի բանտը, ապա՝ Ղազարոս Աղայեանի եւ հնչակեան այլ գործիչներու հետ աքսորուեցաւ Օտեսա, ուր մնաց մինչեւ 1904-1905ի ռուսական առաջին յեղափոխութիւնն ու հայ-թաթարական ընդհարումները։
*
* *
Աքսորավայրէն Թիֆլիս վերադարձին, Շիրվանզադէ անցաւ Փարիզ, ուր մնաց մինչեւ 1911՝ ուսման հետեւելով եւ ստեղծագործելով։
Այդ տարիներուն գրեց հայ մտաւորականութեան մեղկութիւնը եւ սնափառութիւնը մերկացնող իր գործերը, նաեւ՝ փարեցաւ հայ կնոջ ազատագրութեան դատին։
1911ին Թիֆլիս վերադառնալով՝ Շիրվանզադէ իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց հայ կնոջ ազատագրութեան նուիրուած իր յանդուգն գործերը, որոնք նորովի հալածանքի պատճառ դարձան իր դէմ՝ այս պարագային ժամանակի հայ մտաւորականութեան կողմէ, որոնք հայկական բարոյական արժէքներու անկում տեսան հայ կնոջ ազատ ապրելու եւ անոր մարդկային ցանկութիւններուն, տղամարդու պէս, ազատօրէն բաւարարութիւն տալու իրաւունքը ջատագովող Շիրվանզադէի գրականութեան մէջ։
Բայց Շիրվանզադէ տաղանդ ունէր եւ յաջողեցաւ ընկերային գաղափարներով վիճայարոյց իր գործերը օժտել գեղարուեստական այնքա՜ն բարձր արժէքով, որ ստեղծագործական իր բեղուն վաստակը արժանացաւ ընթերցող լայն հասարակութեան մեծ գնահատանքին։ Գրեց պարզութեամբ, յուզականութեամբ եւ խորաթափանց ընկալումով, շարունակ յորդորելով, որ՝
«Փքուն, գեղեցիկ բառեր գործածող հեղինակն ինձ յիշեցնում է գաւառացի անճաշակ հարուստ կին, որ գեղեցկութեան համար մի քանի շար ոսկի ու մարգարիտ է կախում վզին ու բոլոր մատները զարդարում մատանիներով։
«Պէտք է գործածել այնքան բառ, որքան հարկաւոր է իրը եւ այս կամ այն վիճակը տալու համար։ Աւելորդ բառը մթագնում է պատկերը»։
*
* *
Շիրվանզադէ մինչեւ 1919 ապրեցաւ Թիֆլիս․ չխանդավառուեցաւ պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ, բայց սրտանց ոգեւորուեցաւ Հայաստանի անկախացումով։
1919ին անցաւ Փարիզ, ուր մնաց եւ ստեղծագործեց մինչեւ 1926 թուին իր վերջնական վերադարձը Հայաստան։
Հայրենիք վերադարձած՝ Շիրվանզադէ մինչեւ 7 Օգոստոս 1935ի իր մահը առաւելաբար աշխատեցաւ իր գործերուն վերահրատարակութեան վրայ՝ յուշագրութեան նուիրելով իր կեանքի վերջին տարիները։
Կարծէք յոգնած էր հայոց յոռի բարքերուն քննադատ յանդուգն վիպասանը։
«Իրականութիւնը չէ, որ պիտի ընթանայ երեւակայութեան ետեւից, այլ՝ ընդհակառակն, երեւակայութեանը պիտի ղեկավարի իրերի ճշգրիտ ուսումնասիրութիւնը»։
Այդպէ՛ս՝ Շիրվանզադէ կարծէք իր հատու եւ սպառիչ խօսքը արդէն ըսած էր հայ ժողովուրդի արդի ժամանակներ մուտքին վերաբերեալ՝ հայութեան ընկերային շաղախին եւ յուզաշխարհին ամէնէն ընդգրկուն եւ իրապաշտ պատկերացումը կտակելով մեր սերունդներուն.-
«Կեանքը ըստ ինքեան այնքան գեղեցիկ է, որ կարիք չկայ նրան շպարելու։ Կեանքը ե՛ւ պոեզիա է, ե՛ւ պռոզա, ե՛ւ երկինք ու երկիր…»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ