ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Լիբանանի հայութեան վերականգնումի ՈՒՂԻՆ․ Մեր ժողովուրդը կը պահանջէ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
Լիբանանի հայութեան վերականգնումի ՈՒՂԻՆ․
Մեր ժողովուրդը կը պահանջէ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
09 Օգոստոս 2020
Ն․ Պէրպէրեան
Բարի լոյս եւ Աստուած օգնական Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի Հայրապետ ԱՐԱՄ Ա․ ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ, որ այսօրուան՝ Կիրակի 9 Օգոստոսի իր քարոզին մէջ, ի լուր Հայաշխարհին աւետեց, թէ կեանքի կոչած է Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի համազգային մարմին մը, որ անմիջապէս արդէն լծուած է համայն հայութեան նիւթական աջակցութիւնը ապահովելու աշխատանքին։
Բարի լոյս եւ յարատեւելու կորով՝ Ազգին եւ Հայրենիքին ոգեղէն ՄԻՋՆԱԲԵՐԴը հանդիսացող Հայ Եկեղեցւոյ ՔԱՋԱՐԻ ՀՈՎԻՒին, որ Լիբանանի Հայութեան Վերականգնումի ՈՒՂԻն քարտէսագրելով՝ Հայաշխարհով մէկ բոլորին պատգամեց, թէ մեր ժողովուրդը իրաւամբ կը սպասէ ու կը պահանջէ՝
– ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ։
– ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ։
– ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ։
Բարի լոյս՝ պետական եւ քաղաքական իր կառոյցներուն եւ ղեկավարութեանց հանդէպ ընդհանապէս ամէն լիբանանցիի մօտ, այլեւ ու մանաւանդ մեր ժողովուրդին մէջ կուտակուած համատարած դժգոհութեան, դառնութեան եւ խոր հիասթափութեան ՀԱՐԱԶԱՏ ԹԱՐԳՄԱՆը հանդիսացող ՎԵՀԱՓԱՌ ՀՕՐ, որ ամենայն պարզութեամբ եւ յստակութեամբ ԱԶԴԱՐԱՐԵՑ, թէ ԱՆՁԱՄԲ իր մօտ պիտի ԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒԻՆ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին նպատակաուղղուած նիւթական օժանդակութիւնները։
Բարի լոյս՝ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ իր ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ սեփական ՀՕՏը ամէն կարգի ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄՆԵՐՈՒ դէմ ապահովելու՝ երաշխաւորելու եւ վստահութիւն ներշնչելու Արամ Ա․ Կաթողիկոսի ՎՃՌԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ իր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑԱՒՈՎ ու ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՄԲ տագնապող ԱՐԱՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ, որ ոչ միայն հաւատացողն ու աղօթողն է Լիբանանի եւ Հայութեան ՓԻՒՆԻԿԻ ՊԷՍ ՅԱՌՆԵԼՈՒ ՆԵՐՈՅԺԻՆ համար, ոչ միայն աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր նախ իբրեւ թեմակալ Առաջնորդ եւ ապա, 25 տարիէ ի վեր, իբրեւ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ՝ իր ժողովուրդին հետ միասին կը կրէ Լիբանանի Հայութեան ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՌՈՒԱՆԻՆ պահպանման ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԼՈՒԾը, այլեւ իր մէջ կը գտնէ ԱՆԽՈՐՏԱԿ ԿԱՄՔԻ ՈՒԺը՝ մեր ժողովուրդը գօտեպնդելու ՀԱՒԱՏՔՈՎ եւ ԱՆՄԱՐ ՅՈՅՍով։
Բարի լոյս՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՈՎ իր երթը շարունակող ԱՂԷՏԱՀԱՐ, բայց վերականգնելու միշտ ՊԱՏՐԱՍՏ մեր անկրկնելի ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ։
Տես՝ https://www.youtube.com/watch…
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ