ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԷՆ հեռու պահել ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ու ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ գաղափարական պայքարը

ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԷՆ հեռու պահել ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ու ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ գաղափարական պայքարը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԷՆ հեռու պահել ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ու ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ գաղափարական պայքարը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԷՆ հեռու պահել ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ու ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ գաղափարական պայքարը

11 Օգոստոս 2020

Ն․ Պէրպէրեան

Բարի լոյս՝ ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳՐԻ 100ԱՄԵԱԿԻՆ առիթով Հայ Քաղաքական Միտքը իր ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆՑ առջեւ դնող գաղափարի բոլոր յառաջապահներուն, որոնց կարգին Հայաստանէն ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ԿԱՐՕ ՄՈՄՃԵԱՆ, ստորեւ ներկայացուած իրենց հակիրճ գրառումներով, ուշադիր քննարկման արժանի այժմէական՝ այլեւ հիմնական խնդիրներ կը բերեն ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ վրայ։

Բարի լոյս՝ Հայաստանի պետական իշխանութիւններէն եւ Հայ Դատի Պայքարին անունով երդուող հայ քաղաքական ուժերէն հաշիւ պահանջող բոլոր ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏՆԵՐՈՒՆ, որոնք թարգմանը կը հանդիսանան ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԽՈՐ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԵԱՆ՝ ի տես Սեւրի Դաշնագրի հարիւրամեակին ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ոսկէ պատեհութիւնը այսպէ՜ս մսխելու, սոսկ շրթունքի տուրք տալով Պիղատոսի պէս իրենց ձեռքերը լուալու «ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ» ազգային-քաղաքական անպատասխանատու վարքագծին։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի անունով ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԲԵՄԵՐՈՒ վրայ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀ հաստատած բոլոր շրջանակներէն ԹԱՓԱՆՑԻԿ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ եւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ սպասող ու պահանջող ԱՐԴԱՐԱՑԻ ՁԱՅՆԵՐՈՒՆ, որոնք իշխանութեան ղեկին ամէն գնով տիրանալու ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԷՆ հեռու կը պահեՆ ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ու ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ գաղափարական պայքարը։

Բարի լոյս՝ Հայ Քաղաքական Միտքը ամէն կարգի ՄԵՂԿՈՒԹԵՆԷ ձերբազատելու զօրաշարժին լծուած ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ։

*
* *

Ի խորոց սրտի…

Garabet Krikor Moumdjian

Քանի մը ամիսէ ի վեր ՖՊի էջովս կը շեփորէի Սեւրի Դաշնագրի 100ամեակի մօտլալուտ ըլլալու իրողութիւնը եւ հարց կու տայի, թէ այս պայմաններուն մէջ կարելի պիտի ըլլա՞յ արժանաւորապէս տօնել այդ կարեւոր տoնը…

Խօսքին բացը շատ ալ կարծիքներ չստացայ ստատուսներուս վրայ…

Մէկ այլ առիթով հարց տուի, որ արդեօք ակադեմական ու/կամ ժողովրդային առցանցային կամ այլ տեսակի տօնակատարութիւններ տեղի պիտի ունենա՞ն ու միայն հատ ու կենտ պատասխաններ ստացայ:

Այսօր կրնամ խոստովանիլ, որ մենք՝ իբրեւ ազգ, պետութիւն եւ ժողովուրդ՝ շատ հարեւանցի անցանք այս կարեւորագոյն տօնը ոչ միայն ներ-հայկական, այլ մանաւանդ համաշխարհային ձեւով շեփորելու մէջ…

Մեղք եւ ամօթ մեզի…

Անկարեւոր հարցերու վրայ թոներով ելեքտրոնային մելան կը հոսեցնենք, բայց կարեւորագոյն հարցերուն գծով անզգամ ու կրաւորական կը մնանք…

Հայ ազգին յաջողութիւն կը մաղթեմ իր այսօրուան ու ապագայի անզգամութիւններուն առթիւ, որոնք գիտեմ, որ շատ պիտի ըլլան..․
Կեցցէ՛ բան-չունիական միտքն ու գաղափարախօսութիւնը…
Օ՜ն առաջ…

*
* *

Այսօր ՍԵՒՐԻ ստորագրման 100-ամեակն է:

Vladimir Harutyunyan

Ողջունում եմ բոլոր նրանց, ովքեր հաստատ ինձանից լաւ ու հանգամանալից կը ներկայացնեն ՍԵՒՐԻ արժէքն ու նշանակութիւնը:

Սակայն, իմ կարծիքով, հայութեան անդրադարձն այսօր «առ ՍԵՒՐՆ» կ՚ունենար գործնական ազդեցութիւն եւ կը բերէր իրական սպասելիքների, եթէ արդէն 30 տարի ազատագրուած հողերի վրայ այլեւս բնակուելու տեղ չլինէր, իսկ Հայաստան ներգաղթողների հերթի ծայրն էլ չերեւար:

Խիստ չդատէք, եթէ մարեցի ինչ-որ մէկի ոգեւորութիւնը:

Մի անգամ էլ շեշտենք. 100 տարուց 30 տարին ունենք ազատագրած, բայց դատարկ հողեր…

ՀԱՏՈՒԱԾԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂԷՆ հեռու պահել ՀԱՅԱՀԱՒԱՔԻ ու ՀՈՂԱՀԱՒԱՔԻ գաղափարական պայքարը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail