Կրակի Հետ Թրքական Խաղը

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

ՏԵՍԱԿԷՏ
Կրակի Հետ Թրքական Խաղը
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆՎԱՉԷ-ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Երեքշաբթի, 24 Նոյեմբերին, թրքական օդուժը հարուածեց ռուսական օդուժին պատկանող օդանաւ մը: Ռուս օդաչուները անկարգելով դուրս ցատկեցին, սակայն անոնցմէ մէկը սպաննուեցաւ, շատ հաւանաբար «ընդդիմադիր» կոչուած գօտիէն անոնց դէմ արձակուած կրակոցներուն հետեւանքով: Մամուլը հեղեղուած է օդային միջադէպին մասին լրատուութեամբ եւ մեկնաբանութիւններով:

Անկախ այն հարցադրումներէն, որ արդեօք ռուսական օդանաւը խախտած էր Թուրքիոյ օդային տարածքը թէ ոչ, չոր իրականութիւնը այն է, որ այս դէպքը յաւելեալ փաստն է Թուրքիոյ կողմէ Տաէշին տրամադրուող գործնական զօրակցութեան:
Անվիճելի փաստ է, որ որ Տաէշը կը վայելէ ամէն ձեւի թրքական զօրակցութիւն՝ զինում, մարզում, ազատ երթեւեկ, դրամ: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Տաէշի հակակշիռին տակ գտնուող Սուրիոյ քարիւղահանքերէն կողոպտուած քարիւղը կը գնուի Թուրքիոյ կողմը եւ նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին զաւակին՝ Պիլալ Էրտողանի անունը կը նշուի իբրեւ այս «ալիշ – վերիշ»ին գլխաւոր գնորդ կողմ:

Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածով նշած էինք, Տաէշը այսօր վերածուած է Թուրքիոյ աղտոտ գործերը ընող զինեալ խմբաւորումի: Տաէշը խաղաքարտ մըն է Թուրքիոյ ձեռքը, որ Անգարա պատրաստ է գործածելու բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը հակադրուին իր շահերուն: Հետեւաբար տրամաբանական է հետեւցնելը, որ Թուրքիա հաշտ աչքով պիտի չդիտէ այս զինեալ խմբաւորումին դէմ առնուած որեւէ քայլ: Մանաւանդ՝ զինուորական: Իսկ Ռուսիա մօտաւորպէս երկու ամիսէ ի վեր իր օդուժը գործի լծած է Տաէշի դէմ, համադրաբար իր տեղական դաշնակիցներուն, առաջին հերթին՝ սուրիական բանակի ցամաքային ուժերուն:

Շաբաթ մը առաջ, Անթալիոյ մէջ կայացած G-20ի ժողովին, Ռուսիոյ նախագահ Վլ. Փութին յայտարարեց, թէ իր ունեցած տեղեկութիւններով Տաէշ 40 պետութիւններէ օժանդակութիւն կը ստանայ, «որոնցմէ ոմանք ալ հոս ներկայ են»: Ռուսիա նաեւ աշխարհին յայտնեց, թէ ինք տեղեակ է սուրիական քարիւղի կողոպուտին միջոցով Տաէշը դրամով պարէնաւորելու փաստէն: Այս յայտարարութեան յաջորդեց ռուսական օդուժին կողմէ Թուրքիա ուղղուող քարիւղատար բեռնակառքերու ռմբակոծումը: Փակագիծ մը բանալով ըսենք, որ ամերիկեան հանրային հեռատեսիլը (PBS) հաղորդեց, թէ ամերիկեան օդուժը ռմբակոծած է նոյն այս շարասիւները եւ ցուցադրեց… ռուսական օդուժին ռմբակոծումէն պատկերներ, իբրեւ «փաստ» ամերիկեան այս քայլին…

Մէկ խօսքով:
Թուրքիա գոհ ըլլալու ոչ մէկ պատճառ ունի Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին կողմէ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ առած ազդու եւ գործնական քայլերէն: Որովհետեւ, պարզ է, ռուսական այս հարուածը ուղղուած է Թուրքիոյ խաղաքարտերուն դէմ եւ կը միտի զանոնք չէզոքացնելու ճամբով (ի մէջ այլոց) իր ռազմավարական շահերը ապահովել տարածաշրջանէն ներս:

Սուրիան վերածուած է մէկ կողմէ Ռուսիոյ (եւ իր տեղական դաշնակիցներուն) եւ միւս կողմէ Արեւմուտքի (ներառեալ Թուրքիոյ) ռազմավարական շահերու բախումի թատերաբեմի: Շահերու այս բախումին մէջ շահագործման ենթակայ խաղաքարտեր են կրօնական մոլեռանդութիւնը, համայնքային այլազանութիւնը (իսլամ – քրիստոնեայ, սիւննի – ալաուի, սիւննի – շիա եւ մինչեւ իսկ դասական սիւննիզմի եւ ուահապականութեան): Արեւմուտքի քարոզչութիւնը երկար ատեն շահագործեց սիւննի – ալաուի համայնքային խաղաքարտը, պնդելով, որ Սուրիան կը կառավարուի ալաուի փոքրամասնութեան կողմէ, մինչ բնակչութեան 70 տոկոսը սիւննի իսլամ է: Նոյն այս քարոզչական միջոցները (բնականաբար) չէին խօսեր այն փաստին մասին, որ Սուրիոյ բանակին 70 տոկոսը եւս սիւննի է եւ թէ երկրին վարչակարգը ամբողջութեամբ լայիք է՝ ի հակադրութիւն Ծոցի արաբական շատ մը երկիրներուն, որոնք Արեւմուտքին դաշնակից են:

Այս դրութեան մէջ, մինչ Արեւմուտքը Փարիզի դէպքերէն ետք իրարանցումի մէջ է Տաէշի կապակցութեամբ եւ տրամադրուած՝ ատոր դէմ, անդին սակայն Թուրքիա ջղագար վիճակի մատնուած է ի տես նոյն այդ խմբաւորումին կրած զինուորական հարուածներուն: Ի տես այս փաստին, Արեւմուտքը անելի մատնուած է, թէ ի՞նչ կեցուածք պէտք է որդեգրէ ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ, որ փաստօրէն կրակի հետ կը խաղայ թէ՛ Տաէշը հովանաւորելով եւ թէ ռուսական օդուժին դէմ իր առած զինուորական մագլցողական քայլով:

Մեր այս տեսակէտներուն մէջ, այս կամ այն կողմին նկատմամբ համակրանքի կամ հակակրանքի ոչ մէկ ենթաթեքսթ պէտք է փնտռել, որովհետեւ կը փորձենք միայն չոր իրականութիւնները ցոյց տալ: Հայ ժողովուրդը, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, անհրաժեշտ է որ հաշուի առնէ միայն չոր իրականութիւնները, որպէսզի կարենայ յստակօրէն կշռադատել, թէ ո՞ւր կը կայանան Հայաստանի ու հայութեան շահերը:

Մանաւանդ որպէսզի ճիշդ գնահատէ թրքական վտանգը, որ ուղղուած է մեր դէմ:

24 Նոյեմբեր, 2015
vproodian@gmail.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail