
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշապատում – Ամէն արտագաղթող ԴԱՍԱԼԻՔ մի հռչակէք – Ամէն օրէնք իր ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ունի
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշապատում – ՆԱԽՈՐԴԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Յուշապատում․
«Ամէն արտագաղթող ԴԱՍԱԼԻՔ մի հռչակէք»․
«Ամէն օրէնք իր ԲԱՑԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ունի»
Ն․ Պէրպէրեան
22 Օգոստոս 2020
Մտերիմ ընկերներս երկար ժամանակէ ի վեր կը պահանջեն ու կը յորդորեն, որ գրի առնեմ եւ հրապարակեմ Հ․Յ․Դ․ ղեկավարութեան գրեթէ անհետացած՝ 1970ականներու սերունդի ներկայացուցչական դէմքերուն կապուած յուշերս – տպաւորութիւններս եւ վկայութիւններս։
Խօսքը կը վերաբերի յուշերուս՝ առաւելաբար ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի եւ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի հետ կապուած, որոնց անմիջական ու կրտսեր գործակիցը եղած եմ իբրեւ «ԴՐՕՇԱԿ»ի նախ օգնական խմբագիր, ապա եւ՝ գլխաւոր խմբագիր։
Խօսքը կը վերաբերի նաեւ եթէ ոչ անմիջական գործակցութեան, բայց որոշապէս մօտիկութեան, հարազատութեան եւ ներշնչող ազդեցութեան առումով յուշերուս՝ կապուած բժիշկ ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆի, ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆի, ՎԱՉԻԿ ՂԱՐԱԲԷԿԵԱՆի, ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՒՐՖԱԼԵԱՆի, ՍԱԳՕ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի, ԽԱԺԱԿ ՏԷՐ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆի եւ ՌԱԶՄԻԿ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆի հետ – յիշատակելով միայն Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕի անդամակցած (նախքան 1992ի Ընդհանուր Ժողովը) վաստակաւորները։
Ահա՛ էջ մը՝ ՅՈՒՇԱՊԱՏՈՒՄի։
*
* *
1976ի Օգոստոսին գործակցութեան առաջին փորձառութիւնս ունեցած եմ ընկեր Հրայր Մարուխեանի հետ։
Բախտորոշ ժամանակաշրջան էր հայ իրականութեան համար։
Առաջի՛ն․ 1975ի գարնանամուտին Լիբանանի մէջ բռնկած էր քաղաքացիական անօրինակ պատերազմը, որ տարաբնոյթ իր դրսեւորումներով ահա՛ կը շարունակուի 45 տարիներէ ի վեր։
Լիբանանեան պատերազմը ոչ միայն հարուածեց աւելի քան 250 հազար հայութիւն հաշուող մեր շէնշող գաղութը, այլեւ թափ տուաւ Միջին Արեւելքի հայրենամերձ գօտիի կանգուն եւ մարտունակ մնացած վերջին հայօճախի արագընթաց պարպումին՝ արտագաղթին։
Լիբանանի հայութեան զանգուածային արտագաղթին զուգահեռ՝ ազգովին ականատես ու մասնակից դարձանք գաղութի ազգային-հասարակական կառոյցներուն, հայահոծ մեր թաղերուն եւ հոն բնակող հայ մարդոց կեանքին ու ինչքին պահպանման ի խնդիր զինեալ ինքնապաշտպանութեան անմնացորդ նուիրուած ՄԵՐ ՏՂՈՑ հրաշալի ու հերոսական ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄին, առաւելաբար Հ․Յ․Դ․ի նախաձեռնութեամբ եւ հայ ազգային կուսակցութեանց միջեւ համերաշխ գործակցութեամբ։
Երկրո՛րդ․ 1975ի աշնան, ցնցիչ ռումբի պէս պայթելով՝ իրարու յաջորդած էին թուրք դեսպաններու դէմ Հայկական Ցեղասպանութեան Արդարութեան Մարտիկներու սկսած ահաբեկչական հատու գործողութիւնները, որոնք կենդանի ու վարակիչ դրսեւորումը դարձան Հայ Յեղափոխական Շարժման գաղափարական աւանդները վերականգնելու 1972ի Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհանուր Ժողովի վճռակամ կոչին։
Յուշի առաջին այս պատառիկը վերցուած է այդ ժամանակաշրջանէն։
*
* *
Ընկեր Հրայր Մարուխեան 1975ին անձնական իր գործով նոր գրասենեակ մը հաստատած էր Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ՝ Պէյրութի անուանի Համրա շրջանէն ներս իր ունեցած ճարտարագիտական յաջող գրասենեակին զուգահեռ։ Լիբանանի պատերազմին բռնկումէն ետք Պէյրութը սկսած էր կորսնցնել Միջին Արեւելքի առեւտրական եւ գործարարական կեդրոնի իր արժէքը, իսկ Աթէնքն ու Պոլիսը սկզբնական փուլին գլխաւոր փոխարինողներն էին։
Բիւրոյի ներկայացուցիչի հանգամանքով՝ ընկեր Հրայր այդ ժամանակէն սկսաւ Աթէնքի իր անձնական գրասենեակը գործածել նաեւ Բիւրոյի կեդրոնական գրասենեակի աշխատանքներուն համար, որովհետեւ Լիբանանի անդամալուծութեան հետեւանքով՝ Պէյրութը իբրեւ Բիւրոյի նստավայր կորսնցուցած էր կուսակցութեան համասփիւռքեան ցանցին հետ անխափան ու անկաշկանդ հաղորդակցութեան հնարաւորութիւն ընձեռելու յարմարութիւնը։
Այդ օրերուն էր, 1976ի Յուլիսի վերջը եւ Օգոստոսի սկիզբը, որ Հ․Յ․Դ․ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կ․ Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ Ուսանողական եւ Երիտասարդական Միութիւններու համահայկական առաջին համագումարը Հիւսիսային Յունաստանի Խալքիտիքիի ամարանոցին մէջ։
Եւրոպայի տարածքէն, Ամերիկաներէն եւ Միջին Արեւելքէն մեծ թիւով հայ երիտասարդներ մասնակցեցան համասփիւռքեան այդ իւրայատուկ համագումարին։
Դաշնակցական նախաձեռնութիւն ըլլալով եւ մեծամասնութեամբ դաշնակցականներէ բաղկացած ըլլալով հանդերձ՝ համագումարին աշխոյժ մասնակցութիւն բերին նաեւ ոչ-դաշնակցական ուսանողներ եւ երիտասարդներ, որոնք իրենց գաղափարական տարբեր մօտեցումներով եւ որոշ պարագաներու նաեւ հակադրութիւններով ու բախումներով՝ համախմբումը վերածեցին Հայ Քաղաքական Մտքի արմատական վերաթարմացման ծառայող միջավայրի։
«Հայ Դատի պայքարը ինքնըստինքեան հակակայսերապաշտական պայքար է» նշանաբանով հունաւորուած Խալքիտիքիի համագումարին որդեգրած քաղաքական ուղեգիծը իր ատենին մեծ աղմուկ բարձրացուց եւ թեր ու դէմ տեսակէտներու հրապարակային բուռն արծարծման առիթ տուաւ։
Այդ բանավէճը յատկապէս Դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքին մէջ վերիվայրումներ առաջացուց՝ Հ․Յ․Դ․ ծրագրային աշխարհայեացքը վերանորոգելու եւ մեր ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ու ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ արժէքներն ու սկզբունքները վերականգնելու հրամայականը շեշտելով։
Այս բոլորը ընկեր Հրայր Մարուխեանի հետ սերտօրէն կապ ունին այն առումով, որ Խալքիտիքիի համագումարի աւարտին մասնակիցները Աթէնքի մէջ հանդիպման մը հրաւիրելով՝ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչի իր հանգամանքով երջանկայիշատակ մեր ԸՆԿԵՐը ողջունեց եւ շնորհաւորեց համագումարին եզրայանգումները, առանց սպասելու որ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն պաշտօնապէս իր տեսակէտը բանաձեւէ եւ փոխանցէ կազմակերպական շրջաններուն, մարմիններուն եւ բոլոր ընկերներուն։
Իսկ Խալքիտիքիի կարեւորագոյն եզրայանգումներէն մէկը այդ ժամանակուան հայ երիտասարդութեան կողմէ միահամուռ դատապարտումն էր լիբանահայ գաղութի ազգային-կուսակցական ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ դէմքերուն ԴԱՍԱԼՔՈՒԹԵԱՆ, որուն եւ կ՚առնչուի յուշի այս էջը։
*
* *
Այդ շրջանին ես 8էջեայ «Ազդակ»ի ներքին՝ ազգային-կուսակցական-գաղափարական բաժնի պատասխանատու խմբագիրն էի եւ, աշխատանքային առումով, համարատու էի «Ազդակ»ի տնօրէն ընկեր ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆի։
Ընկեր Հրայր իր գրասենեակը կանչեց զիս եւ ուզեց անձամբ գնահատել համագումարին իմ բերած մասնակցութիւնս, որովհետեւ համագումարի մասնակիցներուն կողմէ ընտրուած ժողովի երկու նախագահներէն մէկը ես էի, իսկ միւսը՝ ՎԱՀԻԿ ԱՒԱԳԵԱՆը։
Անմիջապէս աւելցուց, թէ կապուած է Լիբանան եւ ընկեր Երուանդին համաձայնութիւնը առած է, որպէսզի ես քանի մը օրով ուշացնեմ Պէյրութ վերադարձս եւ այդ ժամանակը օգտագործեմ՝ համագումարի բանաձեւերը խմբագրելու, նաեւ՝ համագումարին մասին հակիրճ թղթակցութիւն մը մեր մամուլին համար պատրաստելու։
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչին գնահատական այդ խօսքերը ըմբոշխնելու երիտասարդական (25 տարեկան էի) խանդավառութիւնս դժբախտաբար շատ կարճ տեւեց, որովհետեւ Պէյրութ վերադարձիս Կ․ Կոմիտէն իր կազմէն քանի մը ընկերներով զիս հարցաքննութեան կանչեց եւ ամէն փորձ կատարեց ստուգելու, թէ Խալքիտիքի երթալէս առաջ կամ հոն հասնելէ յետոյ գաղտնի կապերու մէջ եղա՞ծ եմ Պարսկաստանէն եկած եւ ժողովին մասնակցող դաշնակցական ընկերներու հետ՝ յատկապէս անոնց ներկայացուցչական դէմքերէն ԼԵՒԻԿ ԲԱԲԱՅԵԱՆի հետ։
Անշուշտ նման բան չկար, բայց Խալքիտիքիի այդ համագումարին ես շատ հարազատ ընկերներ գտայ եւ մինչեւ այսօր այդ մտերմութիւնը կը շարունակուի մեր միջեւ, յատկապէս Լեւիկի հետ։
Ամէն պարագայի, ընկեր Հրայրի հետ Օգոստոս 1976ի մեր հանդիպումին ամէնէն յիշարժան բաժինը կապ ունէր Լիբանանի մէջ հայ գաղութը խորապէս խոցող պատասխանատու ընկերներու դասալքութեան հետ։
Համագումարը ընդհանրապէս գնահատելու արժեւորման իր խօսքերէն անկախ՝ ընկեր Հրայր ուշադրութեանս յանձնեց լիբանանէն արտագաղթի հոսանքին թափը կասեցնելու հրամայականը, ինչի մասին յատուկ բանաձեւ ունէր համագումարը։
Ընկեր Հրայրին յատկապէս կը տագնապեցնէր վաստակաւոր՝ ցենզաւոր եւ արժէքաւոր պատասխանատու ընկերներու ոչ միայն Լիբանանը լքելով հեռանալը, այլեւ՝ Լիբանան մնալը դատապարտելու անոնց անպատասխանատու եւ բարոյալքիչ վարքագիծը։
Ընկեր Հրայր նախ կը մատնանշէր պարագան ընկեր ՀՐԱՉ ԹՈՒՐԻԿԵԱՆի, որ 1972էն սկսեալ Լիբանանի Կ․ Կոմիտէի ներկայացուցիչը ըլլալով հանդերձ՝ 1975ին արդէն արտագաղթած էր դէպի Գանատա, եւ որուն ճիշդ այդ՝ Օգոստոս 1976ի օրերուն ես հանդիպած էի ընկեր Հրայրի Աթէնքի գրասենեակին մէջ։
Ընկեր Հրայր կ՚ուզէր հասկացողութիւն ցոյց տալ Թուրիկեանի արտագաղթելու անձնական-ընտանեկան պատճառներուն նկատմամբ, որոնց մասին Լիբանանի Կ․Կ․ի ատենի ներկայացուցիչը եկած էր իրազեկ պահելու անձամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչին։
Բայց ընկեր Հրայր նաեւ դիտել կու տար, որ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջաններուն մէջ, արտագաղթի իր քայլը արդարացնելու համար՝ Թուրիկեան կատարած էր Լիբանանի ամբողջ հայութիւնը կազմակերպուած արտագաղթի մղելու յայտարարութիւններ՝ փոխանակ Լիբանան վերադառնալու եւ իր պատասխանատուութեան տէր կանգնելու։
Նոյն ծիրին մէջ, ընկեր Հրայր շեշտակի ընդվզումով անդրադարձաւ այդ օրերուն Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ընկեր ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆի ունեցած աղմկայարոյց մէկ յայտարարութեան, ուր դաշնակցական մտաւորականութեան համարձակ ձայնը անարգական յղումներ կատարած էր Լիբանանի մէջ հայապահպանման ձախողութեան մասին՝ արհամարհելով լիբանահայու հայեցիութեան մակարդակը․․․
Օգոստոս 1976ի այդ օրերուն, ընկեր Հրայրի Աթէնքի գրասենեակին մէջ, ես գրեցի Լիբանանէն արտագաղթող մեր ղեկավարները ԴԱՍԱԼԻՔ անուանող, այլեւ զանոնք գաղափարական ձեռնթափութեամբ ու մեղկութեամբ խարանող հատու խմբագրական մը, որ թէեւ Աթէնքի գրասենեակէն ղրկուեցաւ դաշնակցական մամուլի բոլոր օրգաններուն, բայց լոյս չտեսաւ բոլորին կողմէ։
Այդպիսի՛ ելակէտով ԴԱՍԱԼԻՔի խարանը շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ մեր մամուլի էջերուն եւ շարունակուեցաւ գոնէ տասնամեակ մը։
Բայց զգոյշ՝ իր սկզբնական տարազումով եւ նոյնինքն ընկեր Հրայր Մարուխեանի ընկալումով, դասալիք էր դաշնակցական իր պատասխանատուութեան կռնակ դարձնողը։
Ամէն ԱՐՏԱԳԱՂԹՈՂ անպայման ԴԱՍԱԼԻՔ չէր, պէտք չէ ըլլար։
Մինչդեռ մեր բոլորին մեղքով մենք ԿԱՐԾՐԱՏԻՊի վերածեցինք այդ խարանը եւ Լիբանանէն ամէն արտագաղթողի մեղադրեցինք իբրեւ դասալիքի․․․
*
* *
Ընկեր Հրայրի կապուած յուշի այս էջը աւելի ամբողջական դարձնելու համար, տեղին է արագ յղում մը կատարել Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կ․ Կոմիտէութեան 1979ի Շրջանային Ժողովին, որ իր օրակարգին վրայ ունէր վերանայումը Լիբանանէն արտագաղթը ՀԵՌԱՑՄԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ պատժելի արարք համարող կազմակերպական բանաձեւին։
Մինչեւ 1979ի Շրջանային այդ Ժողովը, 1976ի Լիբանանի Շրջանային Ժողովէն սկսեալ, արտագաղթող դաշնակցականը դասալիք կը նկատուէր եւ շարքերէն կը հեռացուէր՝ կազմակերպական բոլոր շրջաններէն ներս եւ բոլոր մակարդակներու վրայ բուռն դժգոհութեանց տեղի տալով հանդերձ։
Ընկեր Հրայր Մարուխեան 1979ի Շրջանային Ժողովին կը ներկայացնէր Բիւրոյի իրաւասու քուէով մասնակից պատգամաւորը։
Այլ բանաձեւերու կարգին ԱՐՏԱԳԱՂԹի կնճռոտ հարցին վերաբերեալ բանաձեւ պատրաստելու կոչուած յանձնախումբին՝ ԳՐԻԳՈՐ ՆԳՐՈՒՐԵԱՆի եւ ՄԿՕ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆի կողքին, անդամ էի նաեւ ես։
Յանձնախումբին մէջ երկար քննարկումներէ եւ վէճերէ ետք յանգեցանք այն բանաձեւին, թէ արտագաղթող դաշնակցականը շարքերէն հեռացնելու որոշումը սկզբունքօրէն պահպանելով հանդերձ՝ Շրջանային Ժողովը կը լիազօրէ նորընտիր Կ․ Կոմիտէն, որ նկատի ունենայ եւ յարգէ բացառութիւն կազմելու հիմք ներկայացնող պարագաները։
Ժողովը անմիջապէս պոռթկաց եւ բուռն բանակռիւը թափ առաւ բանաձեւի կարծրացման եւ մեղմացման հակադիր բեւեռներուն միջեւ։
Բանաձեւի մեր յանձնախումբը, որ ժողովէն ներս տիրական կշիռ ներկայացնող՝ համախոհութեան եզր մը գտնելու կողմնակիցներուն զօրակցութիւնը կը վայելէր, անճրկած մնացած էր բացառիկ պարագաները հաշուի առնելու իր արդար բարեփոխումը ընդունելի դարձնելու առումով։
Մեծամասնութիւնը բացառիկ պարագաներու նշումը կը մերժէր, որովհետեւ դէմ էր մարմիններու կողմէ կամայական մեկնաբանութեանց՝ բացառութիւնները յարգելու նշանաբանին տակ։
Կացութիւնը փրկեց ընկեր Հրայրը, երբ մօտաւորապէս հետեւեալ տարազումով բանաձեւը ընդունելի դարձուց ժողովի մեծամասնութեան․-
«Ես ալ համաձայն չեմ առաջարկուած բանաձեւին, որովհետեւ բան չի նշանակեր ԲԱՑԱՌԻԿ պարագաներու նշումը․ որեւէ օրէնք անպայման կ՚ունենայ իր բացառութիւնը․ չկայ օրէնք՝ առանց բացառութեան։
«Հետեւաբար կ՚առաջարկեմ բանաձեւին մէջ մտցնել՝
«ԱՐՏԱԳԱՂԹՈՂ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ ՊԱՐԱԳԱՅ ԱՌ ՊԱՐԱԳԱՅ ՔՆՆԵԼ ՈՒ ԸՍՏ ԱՅՆՄ ՎՃՌԵԼ»։
Այդպէ՛ս ալ եղաւ։
Այդպէս՝ պատասխանատու ընկերներու դասալքութիւնը պատժելու նպատակով ճամբայ ելած արտագաղթի համար հեռացման որոշումը, արագօրէն իր բուն թիրախէն անդին անցնելէ եւ բոլոր արտագաղթողները հեռացնելու պատիժի իմաստ ստանալէ ետք, վերադարձաւ իր ելակէտին՝ պատասխանատու դիրքերը լքողներու հեռացման եւ, աստիճանաբար, կորսնցուց ընդհանրական վերաբերումի իր նշանակութիւնը։
Իրաւամբ՝ ամէն արտագաղթող անպայման դասալիք չէ։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշապատում





