Յուշապատում – Փարիզի քաֆէ-թրոթուարները նստած մեզի ԴԱՍԵՐ թող չտան ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մասին

– Փարիզի քաֆէ-թրոթուարները նստած մեզի ԴԱՍԵՐ թող չտան ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մասին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշապատում – Փարիզի քաֆէ-թրոթուարները նստած մեզի ԴԱՍԵՐ թող չտան ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մասին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշապատում – ՆԱԽՈՐԴԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Յուշապատում․

«Փարիզի քաֆէ-թրոթուարները նստած մեզի ԴԱՍԵՐ թող չտան ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մասին»

Ն․ Պէրպէրեան

23 Օգոստոս 2020

Ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆին կը վերաբերի յուշի այս էջը, թէեւ ուղղակի արձագանգ-շարունակութիւն մըն է Խալքիտիքիի Համագումարին եւ, այդ ծիրէն ներս, ընկեր ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի կապուած յուշապատումին։

1976ի Օգոստոսի վերջերուն կամ աշնանամուտին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր-Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, տեղի կ՚ունենար Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Շրջանային Ժողովը, որուն Հ․Յ․Դ․ Բիւրոն կը մասնակցէր Լիբանան ապրող իր ընկերներով, որոնց շարքին իրաւասու քուէով ժողովին մասնակցելու եւ Բիւրոն պաշտօնապէս ներկայացնելու լիազօրութիւնը վստահուած էր ընկեր Զէյթլեանին։

Ժողովին խորհրդակցական ձայնով մասնակցելու հրաւիրուած էի շրջանի օրգանին՝ «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագրի հանգամանքով։ Ընկեր ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆ առաջին շարքի աջ կողմը նստած էր՝ կողքին ունենալով իր մտերիմ ընկերներ ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆն ու ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆը։ Յաջորդ շարքին եւ ուղղակի անոնց ետեւը նստած էի եւ ուշադիր կը հետեւէի յատկապէս Բիւրոյի անունով ընկեր Զէյթլեանի ունեցած ելոյթներուն, որոնց առնչութեամբ ընկեր Հրաչ, պարբերաբար, իրեն յատուկ հիւմուրով մեկնաբանական սլաքներ կ՚ուղղէր։

1976ի Շրջանային Ժողովը շատ բուռն ու լարուած մթնոլորտի մէջ կ՚ընթանար, որովհետեւ շրջանաւարտ Կ․ Կոմիտէի կազմի ընկերները, մեծ մասով, իրենց պատասխանատուութեանց տէր կանգնած չէին, 1975ի պատերազմի բռնկման առաջին իսկ փուլէն իրենց ապահով երդիքին տակ կծկուած՝ կտրուած էին կրակի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի դժոխային առօրեայէն, մեր ակումբներէն հեռու մնալով եւ կազմակերպական կեանքի ընդհանուր ղեկավարումէն դասալիք ըլլալով։

Շիկացած այդ մթնոլորտի կրակին վրայ իւղ թափեցի, երբ հաշուետու Կ․ Կոմիտէին հարց տուի, թէ ինչո՞ւ անտեսումի ենթարկուեցան եւ լռութեան դատապարտուեցան նոր տեղի ունեցած Խալքիտիքիի համագումարին մասին մամլոյ հաղորդագրութիւնն ու անոր կցուած բանաձեւերը։

Կ․Կ․ը պատասխան տալու տատամսեցաւ եւ, փոխարէնը, ընկեր Զէյթլեան միջամտեց ու յարձակողական եւ բիրտ քննադատութեան ենթարկեց ամբողջ Խալքիտիքիի համագումարն ու անոր բանաձեւերը։

«Փարիզի քաֆէ-թրոթուարները նստած երիտասարդներ մեզի ԴԱՍԵՐ թող չտան ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մասին»,- պոռթկաց ընկեր Զէյթլեան՝ ամբողջ ժողովը լարելու իրեն յատուկ զգացական ոճով։

Հարցումը ես ուղղած էի եւ հատու պատասխանը կ՚ուղղուէր ներկաներու մեծ մասին համար անյայտ հասցէի մը դէմ։

Մինչ ես ապշահար կը փորձէի հասկնալ, թէ ի՞նչ կը պատահէր, ընկեր Տասնապետեան թեթեւ ժպիտով մը ու մեղմ ձայնով առջեւի շարքէն կը հանգստացնէր զիս, որ «Նազօ վրադ մի առներ Սարգիսի խօսքերը»․․․

Իմ առաջին հաղորդակցութիւնս այդպէս սկսաւ ընկեր Զէյթլեանի հետ, որ իրապէս ալ՝ ընկեր Հրաչի ըսածին պէս, նիստի ընդմիջման մօտեցաւ ինձ՝ ըսելու համար, որ «թիրախս դուն չէիր, անձնապէս քեզի դէմ ուղղուած չէր սալոնի յեղափոխականները պախարակող խօսքս»․․․

Խորքին մէջ ընկեր Զէյթլեանի դատապարտանքը այնքան ալ ուղղուած չէր Խալքիտիքիի բանաձեւերուն ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ ու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ուղղուածութեան դէմ, որքան որ ուղղուած էր յեղափոխական կենդանի կռուին հետ կապ չունեցող եւ հանգիստ կեանք ապրող ՄԵՂԿ ուսանողներուն եւ երիտասարդներուն դէմ։

Հետագայ տարիները ցոյց տուին, որ ընկեր Զէյթլեան ընդհանրապէս դէմ էր «ուրիշի ձեռքով շագանակը կրակէն հանողներուն»․․․

Դաշնակցական ղեկավարին համար ընկալելի չէր կրնար ըլլալ հայ յեղափոխականը՝ առանց գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու յանձնառութեան։

Անշուշտ 1976էն 6-7 տարի ետք, երբ «ԴՐՕՇԱԿ»ի խմբագրութեան մէջ իր օգնականն ու գործակիցը դարձած էի, ընկեր Զէյթլեան չէր վարաներ պարբերաբար շեշտելու, թէ «Փարիզի քաֆէ-թրոթուարներու սալոնի յեղափոխականները» քննարկման առատ նիւթ հայթայթեցին Հայ Քաղաքական Մտքին վերաթարմացման եւ յեղափոխական վերածնունդին համար։

Ընկեր Սարգիս Զէյթլեան ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿ էր եւ, բնականաբար, լիբանանի հայութեան ծոցէն ծնած յեղափոխական հայորդիներու կշիռքով կը չափէր վաւերականութիւնը ոեւէ հայ յեղափոխականի։

Յուշապատում – Փարիզի քաֆէ-թրոթուարները նստած մեզի ԴԱՍԵՐ թող չտան ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ մասին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Յուշապատում

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail