ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – հայրենադարձութեան մասին – Դառը փոխուած է նաեւ փոխուած է մարդկանց մտայնութիւնը
27 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ԾՐԱԳԻՐ – ՈՐՈՇՈՒՄ:
Դառը փոխուած է նաեւ փոխուած է մարդկանց մտայնութիւնը եթէ 75 տարի առաջ վստահութիւնը խօսքի վրայ էր հիմնուած ապա այսօր հիմնուած է ծրագիրի վրայ։
75 Տարի առաջ Մարդիկ հայրենադարձուեցան խօսքի եւ այն էլ սուտ խօսքի հիմքերու վրայ «հաւերը փողոցներու մէջ հաւկիթ կածէն հաւաքող չկայ, գիւղերու առուակներէն կաթ կը հոսի», եւ այս ոճի բազմաթիւ նախադասութիւններ առիթ տուին ոմանց բարձրանալ այն նաւերը որ իրենց պիտի տանէր Խորհրդային Հայաստան, արդիւնքը բոլորիս յստակ է…
Այսօր նոյնանման նախադասութիւններով չես կրնար ներգաղթ կազմակերպել, դառը փոխուած է նաեւ փոխուած է մտածելակերպը.
Ներգաղթ ունենալու համար պիտի ունենաս ծրագիր որը ամրագրուած կըլլայ Սահմանադրութեամբ որը իր հերթին ամրագրուած կըլլայ ապահովագրութեամբ որպէսզի ամէն աթոռի վրայ յայտնուող իր քմահաճոյքին հիման վրայ փոփոխութեան չենթարկէ զանոնք, մինչեւ այն ժամանակ Հայաստանի հանրապետութիւնը չունի այդ ծրագիրը ներգաղթի մասին խօսիլը իմաստ չունի, ներգաղթ չի նշանակէր աղէտեալ երկրի մը Հայութիւնը վերադարձնել Հայաստան այլ ներգաղթ կը նշանակէ բազմահարիւր հազարաւոր ընտանիքներ աշխարհի բոլոր կողմներէն զարգացած, միջին զարգացած կամ թեր զարգացած երկիրներէն ծրագրի հիման վրայ վերադառնան Հայրենիք այլապէս մեծ հայրենադարձութիւնը կը մնայ երկու բառերէ կազմուած լոզունգ եւ ոչ աւելի․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի