ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները Կը Կործանեն Երկիրներ, Տնտեսական Սիկարեանի Մը Խոստովանութիւնները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անդրադարձ. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները Կը Կործանեն Երկիրներ, Տնտեսական Սիկարեանի Մը Խոստովանութիւնները – Ա. Լիբանանի եւ Հայաստանի Համար Խիստ Կարեւոր

30 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

12 օգոստոս 2020-ին Ճոն Փըրքինզ (John Perkins, 1945) (1), որ հեղինակն է առաջին անգամ 2004-ին լոյս տեսած. «Տնտեսական Սիկարեանի Մը Խոստովանութիւնները» (Confessions of an Economic Hit Man) գիրքին՝ հեռակայ կապով խիստ հետաքրքրական հարցազրոյց մը ունեցաւ, հաղորդավար եւ գործարար Փաթրիք Պէթ Տէյվիտի (Patrick Bet-David, 1978) հետ, որ տեւեց 1 ժամ 42 վայրկեան (2): Ստորեւ կը ներկայացնեմ այս տեսանիւթին ամփոփումը: Նշեմ, որ այս գիրքը ամիսներով ամերիկեան եւ միջազգային զանազան թերթերու ցուցակին մէջ առաւելագոյն ծախուած գիրքը եղած է (Նիւ Եորք Թայմզ՝ 16 ամիս, best seller) եւ 37 լեզուներով հրատարակուած: (Սիկարեան = վարձկան մարդասպան): Գիրքը համացանցէն կարելի է ներբեռնել այստեղէն (3):

Կը սկսիմ գիրքին նախաբանէն՝ համառօտ հատուածներ:

«Տնտեսական Սիկարեանները ( յետ այսու ՏՍ) բարձր վարձատրուող (ամերիկացի*) մասնագէտներ են, որոնք երկրագունդի զանազան երկիրներէն խաբեբայութիւնով բազմաթրիլիոն տոլարներ կը կորզեն: Անոնք Համաշխարհային դրամատունի (World Bank), ՄիացեալՆահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) եւ օտար այլ «օգնութեան» կազմակերպութիւններուն գումարները (զանազան երկիրներու ծրագիրներու ճամբով*) կ՛ուղղեն դէպի (ամերիկեան*) հսկայական ընկերութիւններու դրամարկղները եւ տուեալ երկիրներու քանի մը մեծահարուստ ընտանիքներուն եւ անոնց հարազատներուն գրպանները, որոնք տիրացած են մոլորակի բնական պաշարներուն:

«Անոնց գործիքները կը ներառեն՝ կեղծ տնտեսական հաշուետուութիւններ, (ծրագիրներ*) կեղծուած ընտրութիւններ, կաշառք, կեղեքում, սեռ եւ սպանութիւն: Անոնք խաղ մը կը խաղան, որ այնքա՜ն հին է որքան կայսրութիւնը, սակայն համաշխարհայնացումի այս ժամանակաշրջանին, ատոնք նոր եւ սարսափելի ծաւալներու հասած են: Ես պէտք է գիտնայի՝ անդրադառնայի»: (Այս՝ 2004-ին, որմէ ետք, հրէշային մարդ մորթողներ պատրաստեցին եւ անոնցմով ողողեցին եւ քաոսի վերածեցին Միջին Արեւելքը, նախագահ Թրամփի իսկ վկայութեամբ – ՅՉ):

«Ես ՏՍ էի եւ վերոնշեալ պարբերութիւնը գրած եմ 1982-ին, «Տնտեսական սիկարեանի մը խիղճը», իբրեւ խորագիր ունեցող գիրքի մը սկիզբը: Գիրքը ձօնած էի երկու երկիրներու նախագահներուն, որոնք իմ յաճախորդներս եղած էին, որոնց կը յարգէի իբրեւ ազնուահոգի անձնաւորութիւններ՝ Ճէյմ Ռոլտոս (Jaime Roldos), Էքուատորի նախագահը եւ Օմար Թորրիխոս (Omar Torrijos), Փանամայի նախագահը: Վերջերս (1981*) երկուքը մահացած էին անձնական օդանաւի կասկածելի խորտակումով: Անոնց մահը արկածի հետեւանք չէր: Անոնք սպանուեցան, քանի որ դէմ էին բաժնետիրական ընկերութիւններու (corporation), կառավարական եւ դրամատնային ղեկավարներու այդ եղբայրութեան, որուն նպատակը (ամերիկեան*) համաշխարհային կայսրութիւն հիմնելն է:

«Մենք ՏՍ-ներս ձախողած էինք համոզելու Ռոլտոսը եւ Թորրիխոսը միանալ ամերիկեան տնտեսական ծրագիրին, ուստի, բուն տեսակի Սի.Այ.Էյիի սիկարեանները՝ մարդասպանները, որոնք միշտ մեր ետին էին, մեզի կը հետեւէին՝ գործի անցան:

«Զիս համոզեցին դադրեցնել այդ գիրքը գրելը: Յաջորդող 20 տարիներուն, չորս անգամ վերսկսայ գրել: Իւրաքանչիւր անգամ, վերստին գրելու որոշումս ազդուած էր օրուան համաշխարհային իրադարձութիւններէն՝ Միացեալ Նահանգներուն յարձակումը Փանամայի վրայ 1989-ին, Ծոցի պատերազմը (Իրաքի Քուէյթ ներխուժելուն դէմ 1990-91*), Սոմալիա, Ուսամա Պըն Լատէնի հռչակաւոր դառնալը (Քաիտա*): Սակայն, սպառնալիքները եւ կաշառքը միշտ համոզեցին գրելս դադրեցնել:

«2003-ին՝ միջազգային բաժնետիրական, ազդեցիկ, մեծ հրատարակչատան մը նախագահը կարդաց ուրուագիծը այն ինչ որ այժմ «Տնտեսական Սիկարեանի Մը Խոստովանութիւնները» գիրքն է: Ան ըսաւ, թէ շատ հետաքրքրական պատմութիւն մըն է, որ պէտք է պատմուի, սակայն տխուր ժպիտով մը աւելցուց, որ ընկերութեան համաշխարհային ղեկավարները կրնան դէմ գտնուիլ եւ, առաջարկեց յուշերու փոխարէն՝ վէպի վերածել զայն:

«….Սակայն այս վէպ չէ: Իմ կեանքիս իրական պատմութիւնն է: Աւելի քաջ հրատարակչատուն մը, որ միջազգային ընկերութեան մը չի պատկանիր, համաձայն գտնուեցաւ, որ կեանքս պատմեմ:

«Այս պատմութիւնը պէտք է պատմուի: Մենք սարսափելի ճգնաժամի եւ հսկայական հնարաւորութեան ժամանակ կ՛ապրինք: Այս ՏՍ-ի պատմութիւնը նկարագրութիւնն է, թէ՝ ինչպէ՛ս հասանք այն վիճակին, ուր կը գտնուինք, եւ ինչո՞ւ այժմ անյաղթահարելի թուող ճգնաժամեր կը դիմագրաւենք: Այս պատմութիւնը պէտք է պատմել, քանի որ մի՛այն անցեալի սխալները հասկնալով կրնանք օգտուիլ ապագայի հնարաւորութիւններէն: Քանի՛ որ 9/11 տեղի ունեցաւ՝ Իրաքի երկրորդ պատերազմը տեղի ունեցաւ. քանի՛ որ, բացի այն երեք հազար մարդոց, որոնք մահացան 2001-ի սեպտեմբերի 11-ին, (նիւ Եորքի զոյգ երկնաքերները օդանաւերով խորտակելուն պատճառով*) ահաբեկիչներու ձեռքով, առաւել, քսան չորս հազար մարդ մահացաւ սովի եւ յարակից պատճառներով (պատժամիջոցներ Իրաքի վրայ, որ բացարձակապէս կապ չունէր 9/11-ի հետ*):

«Իրականութեան մէջ, քսան չորս հազար մարդ ամէն օր կը մեռնի, քանի որ անոնք ապրուստի համար սնունդ ապահովելու ի վիճակի չեն: Ամենակարեւորը, պէտք է պատմուի, քանի որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ, ժողովուրդ մը կարողութիւնը, դրամը եւ ուժը ունի փոխելու այս բոլորը: Այն երկիրը, ուր ծնայ եւ մեծցայ, որուն իբրեւ ՏՍ ծառայեցի՝ Միացեալ Նահանգները:

«….Հրատարակիչս հարցուց, թէ՝ արդեօ՞ք մենք մեզի ՏՍ կը կոչէինք: Իրեն վստահեցուցի՝ այո, միայն սկզբնատառերով: Իրականութեան մէջ 1971-ին, երբ սկսայ աշխատիլ ուսուցչուհիիս Քլոտինին հետ, ան ըսաւ. «Իմ պարտականութիւնս քեզ իբրեւ ՏՍ կաղապարել է: Ո՛չ մէկը պէտք է գիտնայ այս, նո՛յնիսկ կողակիցդ»: Ապա լրջօրէն ըսաւ. «Անգամ մը որ մտնես՝ կը մնաս ցմահ»:

«Խորամանկ Քլոտինը գործս այսպէ՛ս բացատրեց. «…պիտի համոզես աշխարհի առաջնորդները, դառնալու Միացեալ Նահանգներուն առեւտրային շահերը խթանող հսկայական ցանցին մէկ մասը: Ի վերջոյ, այդ առաջնորդները կը մխրճուին պարտքերու ցանցին մէջ, որ կ՛ապահովէ անոնց հաւատարմութիւնը: Զանոնք կ՛օգտագործենք ե՛րբ որ ուզենք՝ գոհացնելու համար մեր քաղաքական, տնտեսական, կամ, զինուորական կարիքները: Փոխարէնը՝ անոնք իրենց քաղաքական դիրքերը կը զօրացնեն, իրենց ժողովուրդին ճարտարարուեստական համալիրներ, ելեկտրակայաններ, օդակայաններ եւ այլն բերելով: Այսպիսով, Ամերիկայի ճարտարագիտական շինարարական ընկերութիւններուն տէրերը անհաւատալիօրէն կը հարստանան»:

«Այսօր մենք կը տեսնենք, որ այս համակարգին հետեւանքները անհակակշռելի դարձած են: Մեր ամենէն յարգուած ընկերութիւնները ստրկանման աշխատավարձքով մարդիկ կը շահագործեն, որոնք կը տքնին անմարդկային պայմաններով, ասիական տանջարան-գործարաններու մէջ: Քարիւղի ընկերութիւնները վայրագօրէն թունաւոր նիւթեր կը թափեն անձրեւային անտառներու գետերուն մէջ (հարաւային Ամերիկա*), գիտակցաբար սպանելով մարդոց, կենդանիներն ու բոյսերը եւ հին մշակոյթները՝ բնիկներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործադրելով:

«Դեղագործական ընկերութիւնները կը զլանան փրկարար դեղեր տրամադրել միլիոնաւոր ՍԻՏԱ-ով վարակուած ափրիկեցիներուն: Մեր Միացեալ Նահանգներուն մէջ 12 միլիոն ընտանիքներ, մտահոգ են, թէ՝ իրենց յաջորդ ճաշը պիտի ունենա՞ն, թէ՝ ոչ: Ուժանիւթի ճարտարարուեստը կը ստեղծէ Էնրոն մը: Հաշուապահական ճարտարարուեստը կը ստեղծէ Էնտըրսըն մը: Եկամուտի համեմատութիւնը, երկրագունդի բնակչութեան մէկ հինգերորդ ամենահարուստ եւ մէկ հինգերորդ աղքատ երկրներուն միջեւ I960-ին հասաւ 30 անգամի, 1995-ին՝ 74-ի:
Միացեալ Նահանգները տարեկան աւելի քան 87 միլիառ տոլար կը ծախսէ Իրաքի մէջ պատերազմին համար, մինչ ՄԱԿ-ի գնահատումով, այդ գումարին կէսէն պակասով կրնանք մաքուր ջուր, բաւարար սնունդ, առողջապահական ծառայութիւններ եւ հիմնական կրթութիւն տրամադրել մոլորակի իւրաքանչիւր անհատին:

«Եւ կը զարմանանք, թէ՝ ինչո՛ւ ահաբեկիչներ մեր վրայ կը յարձակին:
«Ոմանք մեր այժմու խնդիրները կրնան մեղադրել կազմակերպուած դաւադրութեան մը վրայ: Երանի այդքան պարզ ըլլար: Դաւադրութեան մը անդամները կարելի է արմատախիլ ընել եւ պատասխանատուութեան ենթարկել: Այս համակարգը, սակայն, կը սնուցանուի դաւադրութենէ շատ աւելի վտանգաւոր բանով: Այդ կը ղեկավարուի ո՛չ թէ միայն փոքր խումբի մը կողմէ, այլ եւ վերածուած է հասկացութեան մը, որ ընդունուած է իբրեւ «աւետարան». այն գաղափարը, որ ամբողջ տնտեսական աճը օգուտ կը բերէ մարդկութեան եւ, թէ՝ որքա՛ն մեծ ըլլայ աճը, այնքան աւելի կը տարածուին օգուտները: Այս համոզումը նոյնպէս ունի հետեւանք, որ այն մարդիկը, որոնք գերազանց ներդրում կ՛ունենան տնտեսական աճին մէջ, պէտք է բարձրացուին եւ գերհատուցուին, իսկ մնացեալ մարդիկը շահագործման համար են:

«Այս հասկացութիւնը անշո՛ւշտ սխալ է: Մենք գիտենք, որ շատ երկիրներու մէջ, տնտեսական աճէն կ՛օգտուի բնակչութեան միայն փոքր մաս մը եւ, իրականութեան մէջ, մեծամասնութիւնը աւելի յուսահատ վիճակներու կը հասցնէ: Այս երեւոյթը կ՛ամրապնդուի, այն հետեւանք համոզումով, որ արդիւնաբերութեան այն առաջնորդները, որոնք կը ղեկավարեն այս համակարգը, պէտք է ունենան յատուկ կարգավիճակ: Համոզում մը, որ մեր այժմու շատ մը խնդիրներուն արմատն է եւ, թերեւս, նաեւ դաւադրութեան տեսութիւններու առատութեան պատճառը: Երբ մարդիկ եւ կանայք կը պարգեւատրուին ագահութեան համար, ագահութիւնը կը դառնայ փտածութեան շարժառիթ:

«Երբ մենք կը հաւասարեցնենք երկրագունդի պաշարները անյագ կերպով սպառողները, սրբութեան մօտ կարգավիճակի հետ, երբ մեր զաւակներուն կը սորվեցնենք ընդօրինակել անհաւասարակշիռ կեանքով ապրող մարդոց, եւ երբ մենք բնակչութեան հսկայ հատուածները կը սահմանենք իբրեւ ընտրանի փոքրամասնութեան ստրուկները, մենք մեր գլխուն փորձանք կը բերենք: Եւ փորձանք կը ստանանք:

«Համաշխարհային կայսրութիւնը առաջ տանելու համար՝ ընկերութիւնները, դրամատուները եւ կառավարութիւնները (հաւաքականօրէն՝ corporatocracy «Հրէշ»*) կ՛օգտագործեն իրենց տնտեսական եւ քաղաքական մկանները՝ ապահովելու համար, որ մեր դպրոցները, առեւտուրը եւ լրատուամիջոցները աջակցին թէ՛ այս խաբէական գաղափարին, թէ՛ալ անոր հետեւանքներուն: Անոնք մեզի հասցուցած են այն աստիճանին, ուր մեր համաշխարհային մշակոյթը հրէշային մեքենայի մը վերածուած է, որ կը պահանջէ ցուցչականօրէն (exponential) աճող վառելանիւթ եւ սպասարկում, այնքան, որ, ի վերջոյ, պիտի սպառենք ամէն երեւցող բան ու վերջաւորութեան՝ առանց այլընտրանքի, յանգելով ինքնակործանումի:

«Այս «Հրէշը» դաւադրութիւն չէ, սակայն անոր անդամները կը բաժնեն նոյն արժեչափերը եւ նպատակները: Այս «Հրէշին» ամենակարեւոր յատկութիւնը, ինքզինք յաւէրժացնել, շարունակաբար տարածուիլ եւ իրենց դրութիւնը ամրացնելն է: «Յաջողածներուն» կեանքը եւ անոնց պերճանքները՝ իրենց առանձնատուները, զբօսանաւերը եւ անձնական օդանաւերը կը ներկայացուին իբրեւ օրինակ՝ ոգեշնչելու բոլորիս՝ սպառելու, սպառելու, սպառելու: Իւրաքանչիւր առիթ կ՛օգտագործուի՝ մեզի համոզելու, որ ապրանքներ գնելը մեր քաղաքացիական պարտաւորութիւնն է, որ երկիրը թալանելը լաւ է տնտեսութեան համար եւ, հետեւաբար, կը ծառայէ մեր բարձրագոյն շահերուն: Իմ նմաններս անհաւատալիօրէն բարձր ամսականով կը վարձատրուին, դրութեան հրամանը կատարելու համար: Եթէ վարանինք, աւելի չարամիտ տեսակի մարդասպանը կը յայտնուի: Իսկ եթէ մարդասպանը ձախողի՝ գործը բանակին կը տրուի (Իրաք, Սուրիա եւ այլն*):

Այս գիրքը խոստովանութիւնն է մարդու մը, որ երբ ՏՍ էի, փոքր խումբի մը կը պատկանէի: Այժմ, նմանօրինակ դերակատարները շատցած են: Անոնք աւելի մեղմ տիտղոսներ կը կրեն, եւ զանոնք կը գտնենք Մոնսանթօյի, Ճեներալ Էլէքթրիքի, Նայքիի, Ճեներալ Մոթորզի, Ուոլ-Մարթի եւ գրեթէ աշխարհի բոլոր գերընկերութիւններու նրբանցքներուն մէջ: Իրականութեան մէջ, տնտեսական սիկարեանի խոստովանութիւնները նաեւ անոնց պատմութիւնն է, ինչպէս նաեւ իմս: «Այս մէկը նոյնպէս ձեր պատմութիւնն է, ձեր եւ իմ աշխարհին, ի՛սկապէս՝ առաջին համաշխարհային կայսրութեան պատմութիւնը: Պատմութիւնը մեզի կ՛ըսէ, թէ՝ քանի դեռ մենք չենք բարեփոխած այս ընթացքը, ողբերգական աւարտը երաշխաւորուած է: Կայսրութիւնները երբեք չեն տոկար: Անոնք բոլորը ահաւոր կերպով ձախողած են: Անոնք կ՛ոչնչացնեն շատ մը մշակոյթներ, երբ անոնք կ՛ուղղուին աւելի մեծ գերիշխանութեան, եւ յետոյ իրենք կը տապալին: Ոչ մէկ երկիր, կամ երկիրներու բաղադրութիւն, կրնան երկարաժամկէտ գոյատեւել, ուրիշները շահագործելով:

«Այս գիրքը գրուած է, որպէսզի կարենանք ուշադրութիւն դարձնել եւ վերակաղապարել մեր պատմութիւնը: Համոզուած եմ, որ երբ մեզմէ բաւարար թիւով մարդիկ գիտնան, թէ ինչպէ՛ս տնտեսական մեքենային կողմէ մեզ կը շահագործեն, որ անյագ ախորժակով կը կլանեն աշխարհի բնական պաշարները, յանգելով ստրկութիւն յառաջացնող համակարգերու, մենք այլեւս պիտի չհանդուրժենք զայն: Մենք պիտի վերարժեւորենք մեր դերը աշխարհի մը մէջ, ուր քիչեր հարստութեան մէջ կը լողան, եւ մեծամասնութիւնը թաղուած է թշուառութեան, ապականումի եւ բռնութեան մէջ: Մենք պիտի պարտաւորուինք որդեգրել ուղին՝ դէպի կարեկցանք, ժողովրդավարութիւն եւ ընկերային արդարութիւն բոլորին համար:

«Սխալ մը ընդունիլը՝ լուծում գտնելու առաջին քայլն է: Մեղք մը խոստովանիլը՝ փրկութեան սկիզբն է: Թող այս գիրքը սկիզբը ըլլայ մեր փրկութեան: Թող ան ոգեշնչէ մեզ նուիրումի նոր մակարդակներու եւ մեզի մղէ կերտելու հաւասարակշռուած եւ պատուաւոր հասարակութիւն մը ունենալու երազը»:

29 օգոստոս 2020
Շար. 1/2

* Լուսաբանութիւնները իմս

(1)  https://en.wikipedia.org/wiki/John_Perkins_(author)

(2)  https://www.youtube.com/watch?v=aLc3ehhPIKA

https://www.google.com/url?sa=t&rct=j&q=&esrc=s&source=web&cd=&cad=rja&uact=8&ved=2ahUKEwj8qIzkj73rAhVaA2MBHRBjC-EQFjAAegQIBBAB&url=https%3A%2F%2Fresistir.info%2Flivros%2Fjohn_perkins_confessions_of_an_economic_hit_man.pdf&usg=AOvVaw1qKlnWTgP2Lc3aj-FcNaGC

aztagdaily.com/archives/481854

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail