Իրանցի Ցուցարարներ Ներխուժեցին Թեհրանի Եւ Մաշհատի Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանատուները (Տեսանիւթ)

03 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

(Լրատուական Գործակալութիւններ) Իրանցի հարիւրաւոր բողոքարարներ երէկ գիշեր ներխուժած են Սէուտական Արաբիոյ Թեհրանի դեսպանատունը: Անոնք վանկարկումներ ընելով կրակ վառած են դեսպանատան գլխաւոր մուտքի առջեւ: Բողոքի ալիք մը բարձրացած է նաեւ Մաշհատ քաղաքին մէջ, ուր ցուցարարաները կոտրած են իրանեան հիւպատոսարանի պատուհաններու ապակիները:

Անոնք նոյնպէս կրակի տուած են շէնքի մէկ մասը եւ վար առած թագաւորութեան դրօշակը: Նշենք, որ այս լարուածութիւնները ընթացք առին, երբ Սէուտական Արաբիոյ կառավարութիւնը մահպատիժ գործադրեց 47 բանտարկեալներու դէմ, որոնց մէջ էր նաեւ Սէուտցի Շիիթ Կրօնաւոր Նըմր Պաքըր Ալ Նըմըրը: Կրօնաւորը տարիէ ի է վեր կը մնար կալանաւորուած, ու անոր դէմ մահապատիժ կրելու մեղադրագիր հրապարակուած էր:
Ajoutée le 2 janv. 2016 mohamed amin
http://www.arevelk.am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail