Էր­տո­ղա­նի շրջա­դար­ձը 2015ի Յու­նիս 7էն Նո­յեմ­բեր 1 եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը բա­ցա­յայ­տեց Էր­տո­ղան բռնա­տէ­րին իս­կա­կան դի­մա­գի­ծը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՑԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ՎԵՐԱՆԱՅՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ
30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015

Ա.- Էր­տո­ղա­նի շրջա­դար­ձը

2015ի Յու­նիս 7էն Նո­յեմ­բեր 1 եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը բա­ցա­յայ­տեց Էր­տո­ղան բռնա­տէ­րին իս­կա­կան դի­մա­գի­ծը:

Ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւա­նին, Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (Ժ.Ժ.Կ.) եւ Տե­միր­թաշ յա­ջո­ղած էին դէ­պի ի­րենց գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան փլաթ­ֆոր­մը (ծրագ­րա­գի­ծը) բե­րել պահ­պա­նո­ղա­կան քիւր­տեր եւ ձա­խա­կող­մեան թուր­քեր: Յու­նիս 7ի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն քո­ւէար­կու­թեան պատ­կե­րը ցոյց կու տար, որ ա­րե­ւե­լեան նա­հանգ­նե­րու քրտա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան շրջան­նե­րը, ո­րոնք նա­խա­պէս կը քո­ւէար­կէին Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան (Ա.Բ.Կ.), այս ան­գամ զան­գո­ւա­ծա­յին կեր­պով ի­րենց քո­ւէ­նե­րը տո­ւած էին Ժ.Ժ.Կ.ին, որ ստա­ցաւ ընդ­հա­նուր քո­ւէ­նե­րու 13 առ հա­րիւ­րը եւ կա­սե­ցուց Ա.Բ.Կ.ի եւ Էր­տո­ղա­նի վե­րել­քը: Սուլ­թա­նու­թեան յա­ւակ­նոր­դը բնա­կա­նա­բար չէր կրնար ըն­դու­նիլ իր պար­տու­թիւ­նը. ան դի­մեց կեղ­ծի­քի եւ ու­ժի գոր­ծա­ծու­թեան:

Իր սուլ­թա­նա­կան նկրտում­նե­րու ճամ­բուն վրայ, ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, Էր­տո­ղան պատ­րաս­տած էր եր­կու ազ­դու մի­ջոց՝ քրտա­կան խա­ղա­քար­տը եւ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան (ՏԱՀԵՇ) նկատ­մամբ Թուր­քիոյ ու­նե­ցած ֆի­նան­սա­կան (քա­րիւղ) եւ մար­դու­ժի (բաց սահ­ման­ներ) լծակ­նե­րը: Քր­տա­կան Հար­ցին խա­ղաղ լուծ­ման հե­ռան­կա­րը պի­տի ա­պա­հո­վէր թէ՛ քրտա­կան եւ թէ ներ­քին պա­տե­րազ­մէն յոգ­նած թուր­քե­րու քո­ւէ­նե­րը, իսկ ՏԱՀԵՇ պի­տի ծա­ռա­յէր իբ­րեւ վի­ճակ­նե­րը ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն վե­րահս­կե­լու եւ ուղ­ղոր­դե­լու մի­ջոց:

ՏԱՀԵ­Շի ձեռ­քով ի­րա­գոր­ծո­ւած Սու­րու­ճի պայ­թիւ­նը պատ­ճառ հան­դի­սա­ցաւ քրտա­կան ան­մի­ջա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան եւ թուրք-քրտա­կան նոր հա­կա­մար­տու­թեան ան­սանձ ծա­ւա­լու­մին, իսկ Ան­գա­րա­յի պայ­թիւ­նը, ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րէին, տա­րա­ծեց սար­սա­փի մթնո­լորտ եւ կա­սե­ցուց Ժ.Ժ.Կ.ի եւ միւս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հրա­պա­րա­կա­յին ընտ­րար­շա­ւը: Միւս կող­մէ, Քր­տա­կան Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան (Ք.Ա.Կ.) դէմ պայ­քա­րը եւ տար­բեր բա­խում­նե­րը ճեղ­քեր ա­ռա­ջա­ցու­ցին սկզբուն­քա­յին կեր­պով հա­կա­քիւրտ Ազ­գայ­նա­կան կու­սակ­ցու­թեան մէջ, նաեւ ա­պա­հո­վե­ցին մեծ թի­ւով ազ­գայ­նա­կան­նե­րու քո­ւէ­նե­րը՝ ի նպաստ Ա.Բ.Կ.ին: Նո­յեմ­բեր 1ին Ա.Բ.Կ. վե­րա­տի­րա­ցաւ իր ընտ­րա­կան դիր­քե­րուն եւ, հա­կա­ռակ Ժ.Ժ.Կ.ի 10%ի սահ­մա­նը անց­նե­լուն, ա­պա­հո­վեց բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւն՝ շնոր­հիւ պահ­պա­նո­ղա­կան քիւր­տե­րու եւ ազ­գայ­նա­կան թուր­քե­րու քո­ւէ­նե­րուն ու միա­հե­ծան կեր­պով վե­րա­տի­րա­ցաւ կա­ռա­վա­րա­կան բո­լոր լծակ­նե­րուն:

Էր­տո­ղա­նի այս քայ­լը ըստ էու­թեան հա­մա­զօր էր ընտ­րա­կան բիրտ խախ­տու­մի եւ հա­մար­ժէք էր, նոյ­նիսկ, պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծի: Թր­քա­կան ոչ-պե­տա­կան մե­տիա (լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ) եւ Եւ­րո­պան ընդ­հան­րա­պէս բա­ցա­սա­կան մօ­տե­ցում ու­նե­ցան այս յան­ցա­գործ ընտ­րար­շա­ւին նկատ­մամբ: Սա­կայն, Էր­տո­ղան ան­ցաւ ա­ռաջ. ան քրտա­կան շրջան­նե­րը են­թար­կեց ռազ­մա­կան, կեն­ցա­ղա­յին եւ պա­րե­նա­յին շրջա­փա­կու­մի ու ա­ւե­լի մեծ թա­փով շա­րու­նա­կեց հա­լա­ծել Ք.Ա.Կ.ը եւ քրտա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը: Իսկ միւս կող­մէ՝ ան պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րեց թէ՛ ա­զատ մե­տիա­յին եւ թէ տնտե­սա­կան տար­բեր բե­ւեռ­նե­րու նկատ­մամբ: Ան­հիմն ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րով ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան կամ սպան­նո­ւե­ցան ա­ռա­ջա­տար թուրք եւ քիւրտ հրա­պա­րա­կա­գիր­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ մե­տիա­յի ղե­կա­վար դէմ­քեր, հա­կա­ռակ Քե­մա­լա­կան կու­սակ­ցու­թեան, Ժ.Ժ.Կ.ի եւ տնտե­սա­կան մեծ խմբա­ւո­րում­նե­րու քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն եւ բո­ղոք­նե­րուն. մեծ թա­փով շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ Կիւ­լե­նա­կան մտայ­նու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ հա­լա­ծան­քը: Էր­տո­ղան հրահ­րեց հա­տո­ւա­ծա­կան եւ կրօ­նա­կան բե­ւե­ռա­ցում՝ վե­րա­տի­րա­նա­լու հա­մար պահ­պա­նո­ղա­կան քիւր­տե­րու քո­ւէ­նե­րուն, ճեղ­քե­լու հա­մար թուրք Ազ­գայ­նա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ վե­րահս­կե­լու հա­մար թրքա­կան բա­նա­կին քա­ղա­քա­կան կողմ­նո­րո­շում­նե­րը: Այս հա­տո­ւա­ծա­կան բիրտ վար­մուն­քը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ եւ ա­ւե­լի թափ ա­ռաւ Ա.Բ.Կ.ի ընտ­րա­կան յաղ­թա­նա­կէն ետք շեշ­տե­լով Էր­տո­ղա­նի մի­տու­մը՝ ա­պօ­րի­նի ճնշում­նե­րով ա­պա­հո­վե­լու նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կարգ հաս­տա­տող սահ­մա­նադ­րու­թեան մը մա­սին հան­րա­քո­ւէի մը կազ­մա­կեր­պու­մը, իր ան­խու­սա­փե­լի եզ­րա­կա­ցու­թեամբ:

Ան­դին, եւ­րո­պա­կան ընդվ­զու­մը եւ ճնշում­նե­րը չէ­զո­քաց­նե­լու հա­մար Էր­տո­ղան բա­ցաւ սու­րիա­ցի փախս­տա­կան­նե­րու դէ­պի Եւ­րո­պա հոս­քի ճամ­բան: Այս ճնշու­մին իբ­րեւ ար­դիւնք, եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րը ոչ միայն լուռ մնա­ցին Թուր­քիոյ մէջ ըն­թա­ցող ա­պօ­րի­նի, հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան եւ հա­կա­մարդ­կա­յին պե­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան նկատ­մամբ, այ­լեւ դրա­մա­կան խո­շոր գու­մար յատ­կա­ցու­ցին Թուր­քիոյ՝ իբ­րեւ հա­տու­ցում փախս­տա­կան­նե­րուն Թուր­քիոյ մէջ կե­ցու­թեան:

Այս­պի­սով՝ Էր­տո­ղան հաս­տա­տեց կէս-բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կարգ մը, որ ա­զատ կը թո­ղու իր ձեռ­քե­րը ա­մէն ի­մաս­տով, եւ կը թո­ւի ըն­թա­նալ դէ­պի նա­խա­գա­հա­կան-ամ­բող­ջա­տի­րա­կան վար­չա­կարգ մը, ո­րուն գա­ղա­փա­րա­կան պա­րու­նա­կը պի­տի ըլ­լայ թուրք-սիւն­նի իս­լա­մը, իսկ պե­տա­կան յե­նա­րա­նը՝ ներ­քին եւ սահ­մա­նա­յին ռազ­մա­կա­նա­ցու­մի ճամ­բով ինք­նա­հաս­տատ­ման ձգտող բա­նա­կը, որ այ­լա­պէս նա­հան­ջած եւ բա­րո­յալ­քո­ւած էր նոյն Էր­տո­ղա­նի ճնշում­նե­րուն պատ­ճա­ռով:

Բ.- Թուր­քիոյ սահ­մա­նա­յին ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը

Թուր­քիոյ մի­ջազ­գա­յին մեծ կշի­ռը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է իր դիր­քով եւ սահ­ման­նե­րով ու իր ազ­դե­ցու­թեան ո­լոր­տի տա­րա­ծու­մով դէ­պի թրքաբ­նակ եւ իս­լա­մա­կան եր­կիր­ներ եւ ժո­ղո­վուրդ­ներ: Խորհր­դա­յին Միու­թեան քայ­քա­յու­մէն ետք շու­տով ի դե­րեւ ե­լան Թուր­քիոյ յոյ­սե­րը քա­ղա­քա­կա­նա­պէս ազ­դե­լու Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ եր­կիր­նե­րուն վրայ: Դաշ­նակ­ցա­յին Ռու­սաս­տա­նի վե­րա­կանգ­նու­մով սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցան Թուր­քիոյ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը դէ­պի Ա­րե­ւելք տա­րած­ման ի­մաս­տով, իսկ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ իր կա­պե­րը, ինչ­պէս միշտ, պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած ե­ղան Հա­յաս­տա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով: Այս ի­մաս­տով սա­ռած ի­րա­վի­ճա­կը մա­սամբ փո­խե­լու եւ սահ­ման­նե­րը ճեղ­քե­լու ճիգ կա­րե­լի է նկա­տել հայ-թրքա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան ան­յա­ջող փոր­ձը:

Իր ա­րեւմ­տեան սահ­ման­նե­րուն վրայ Թուր­քիա միշտ ալ փոր­ձած է կի­սաթշնա­մա­կան լա­րում ստեղ­ծել իր եւ ՕԹԱ­Նի մէկ այլ ան­դամ պե­տու­թեան՝ Յու­նաս­տա­նի օ­դու­ժե­րուն մի­ջեւ, Կիպ­րոս ներ­խու­ժու­մով գծել ազ­դե­ցու­թեան նոր սահ­ման­ներ եւ միա­ժա­մա­նակ հրահ­րել ծո­վա­յին ըն­դեր­քի շուրջ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ:

Դէ­պի հա­րաւ Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րը փաս­տօ­րէն սա­ռած էին Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մէն ետք. ան կորսնցու­ցած էր Ի­րա­քի քա­րիւ­ղի հան­քե­րը եւ Սու­րիոյ ռազ­մա­վա­րա­կան տա­րած­քը: Վի­ճա­կը սկսաւ փո­խո­ւիլ այս­պէս կո­չո­ւած «ա­րա­բա­կան գա­րու­նէն» ետք: Թուր­քիան թէ՛ իր բա­ցա­յայտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ եւ թէ իր ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեամբ սա­տար կանգ­նե­ցաւ «Իս­լամ Եղ­բայր­նե­րուն» Լի­պիոյ եւ Ե­գիպ­տո­սի մէջ եւ մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին, ուր ներ­քին տագ­նա­պին հրահ­րու­մին եւ ծա­ւա­լու­մին մէջ Էր­տո­ղա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն:

Սու­րիոյ մէջ Թուր­քիա գործ­նա­պէս օգ­նեց յատ­կա­պէս ծայ­րա­յեղ իս­լա­մա­կան շար­ժում­նե­րուն՝ «Ալ-­Քա­՚ի­տա­յին» եւ «Ի­րա­քի եւ Շա­մի Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» (ՏԱՀԵՇ):

Սահ­մա­նա­յին տի­րա­պե­տու­թեան Թուր­քիոյ հա­շիւ­նե­րը սխալ դուրս ե­կան թէ՛ սու­րիա­կան վար­չա­կար­գի դի­մադ­րու­թեան եւ թէ յատ­կա­պէս Թուր­քիոյ կից սու­րիա­կան տա­րած­քին վրայ ապ­րող քիւր­տե­րու ռազ­մա­կան եւ կազ­մա­կեր­պա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռով: Քո­պա­նիի քրտա­կան յաղ­թա­նա­կէն ետք մա­սամբ ա­մե­րի­կեան օգ­նու­թեամբ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ գրե­թէ միա­տարր եւ կի­սան­կախ քրտա­կան վար­չա­տա­րածք մը (­Ռո­ճա­վա), որ կը ձգտի տա­րա­ծո­ւիլ դէ­պի մի­ջերկ­րա­կան՝ սպառ­նա­լով Թուր­քիան ամ­բող­ջո­վին կտրել Սու­րիա­յէն:

Միւս կող­մէ, Ի­րա­քի հիւ­սի­սա­յին շրջա­նին մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած գրե­թէ ան­կախ Քիւր­տիս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն ՏԱՀԵ­Շի դէմ ու­նե­ցած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը (դար­ձեալ ա­մե­րի­կեան օգ­նու­թեամբ) կը մի­տին ստեղ­ծե­լու քրտա­կան միաս­նա­կան տա­րածք մին­չեւ Սու­րիա եւ Թուր­քիան կտրել Ի­րա­քէն:

Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, մեկ­նե­լով ի­րենց տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան շա­հե­րէն եւ պահ­պա­նե­լու հա­մար տա­րած­քի ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձեն մի­ջամ­տել Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի հիւ­սի­սա­յին շրջան­նե­րուն մէջ՝ կան­խե­լու հա­մար ա­ռա­ջա­ցու­մը քրտա­կան միակ­տուր միա­ւո­րի մը, որ ան­կա­խա­բար իր գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան դի­մագ­ծէն, կրնայ դառ­նալ հզօր հիմք ար­դեն իսկ ո­րոշ ու­րո­ւագ­ծում ստա­ցած Թր­քա­կան Քիւր­տիս­տա­նի մը կազ­մա­ւոր­ման եւ ան­կա­խաց­ման:

Հե­տե­ւա­բար, թուրք ղե­կա­վար շրջա­նակ­նե­րուն հա­մար կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան Ի­րա­քի եւ մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ տագ­նապ­նե­րուն ըն­թաց­քը եւ ա­ռա­ջադ­րո­ւած տար­բեր լու­ծում­նե­րը: Այս պա­րու­նա­կին մէջ պէտք է տե­ղադ­րել Թուր­քիոյ տո­ւած ռազ­մա­կան եւ գործ­նա­կան օգ­նու­թիւ­նը սահ­մա­նին վրայ ապ­րող թուրք­մէն­նե­րուն եւ ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւը վար առ­նե­լու վտան­գա­ւոր ո­րո­շու­մը:

Գ.- Թուրք-ռու­սա­կան հա­կադ­րու­թիւ­նը

Սու­րիոյ մէջ ի­րա­րու հա­կադ­րո­ւե­ցան ռու­սա­կան ծա­ւա­լու­մը եւ թրքա­կան սուլ­թա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Ան­կա­խա­բար եր­կու ու­ժե­րուն Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րած ռազ­մա­կան, տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րուն, ներ­քին եւ ար­տա­քին դրդա­պատ­ճառ­նե­րէն կա­րե­լի է հա­ւա­նա­բար հաս­տա­տել, որ սուր բնոյթ ստա­ցած ռուս-թրքա­կան այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը, հա­կա­ռակ Ռու­սաս­տա­նի յայ­տա­րա­րած տնտե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն, ան­պայ­ման պա­տե­րազ­մի պի­տի չյան­գի: Դ­ժո­ւար է պատ­կե­րաց­նել, որ Ա­րեւ­մուտ­քի ա­նուղ­ղա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Թուր­քիան եւ նոյն Ա­րեւ­մուտ­քին կող­մէ Ուք­րա­նիոյ հար­ցով պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րու են­թա­կայ Ռու­սաս­տա­նը ի­րա­րու դէմ պա­տե­րազ­մին ինք­նու­րոյն, ա­ռանց հա­մաշ­խար­հա­յին մեծ տագ­նապ շղթա­յա­զեր­ծե­լու: Ա­ւե­լի հա­ւա­նա­կան է, որ ի վեր­ջոյ կող­մե­րը հաս­նին ժա­մա­նա­կա­ւոր մի­ջին հա­մա­ձայ­նու­թեան մը, ա­ռանց սա­կայն հիմ­նա­կան լու­ծում­ներ բե­րե­լու սահ­մա­նա­յին հար­ցին եւ քրտա­կան տա­րած­քին կազ­մա­ւոր­ման խնդրին: Պէտք է հաս­տա­տել նաեւ, որ հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­րե­լիու­թիւ­նը կա­խեալ է մէկ կող­մէ Էր­տո­ղա­նի սուլ­թա­նա­կան ծրագ­րին գոր­ծըն­թա­ցէն եւ միւս կող­մէ՝ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ա­րեւ­մուտ­քի մի­ջեւ Սու­րիոյ եւ Ուք­րա­նիոյ շուրջ տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րէն եւ սա­կար­կու­թիւն­նե­րէն:

Հար­ցա­կան­ներ ծա­գե­ցան, թէ ին­չո՞ւ Էր­տո­ղան դի­մեց այս վտան­գա­ւոր քայ­լին: Թուր­քիոյ հա­րա­ւա­յին սահ­ման­նե­րուն վրայ հա­կակ­շիռ պա­հե­լու նպա­տա­կին կող­քին թե­րեւս պէտք է հաս­տա­տել, որ այս հրահ­րիչ աք­թը մաս կը կազ­մէ Էր­տո­ղա­նի ներ­քին եւ ար­տա­քին գրգռիչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ կը մի­տի Թուր­քիոյ ներ­քին կեան­քին վրայ հաս­տա­տել բռնա­տի­րա­կան հա­կակ­շիռ, վե­րար­ժե­ւո­րել Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան դե­րը Սու­րիոյ (եւ Ի­րա­քի) մէջ եւ ամ­րապն­դել Ա­րեւ­մուտ­քի կապուա­ծու­թիւ­նը՝ Թուր­քիոյ:

Այս հա­կադ­րու­թիւ­նը կրնայ պատ­ճառ հան­դի­սա­նալ, որ Ք.Ա.Կ.ը դի­մէ ծայ­րա­յեղ քայ­լե­րու իսկ պե­տու­թիւ­նը դրդէ ՏԱՀԵ­Շը դի­մե­լու ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու քրտաբ­նակ շրջան­նե­րուն մէջ: Պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ, որ տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­նե­րով այս հա­կա­մար­տու­թեան մէջ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կրնայ ներ­քա­շո­ւիլ Ատր­պէյ­ճա­նը, ինչ որ կրնայ բա­ցա­սա­կան կեր­պով անդ­րա­դառ­նալ Հա­յաս­տա­նի վրայ:

Հա­ւա­նա­բար կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, որ կը գտնո­ւինք խիստ վտան­գա­ւոր եւ անն­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րով լի կա­ցու­թեան մը դի­մաց, որ կրնայ ու­նե­նալ խիստ բա­ցա­սա­կան հե­տե­ւանք­ներ՝ Հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան անվ­տան­գու­թեան ա­ռու­մով:

ԱԶԱՏ ՕՐ
http://www.azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail