ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ԱԼ ԱՆՈՒՆ Չ՛ՈՒՆԵՆԱՐ — Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան պատժելիութեան շուրջ

31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015
Յով­սէփ Պա­րա­զեան

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պատ­ժե­լիու­թիւ­նը 31 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2015Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան պատժելիութեան շուրջ

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պատ­ժե­լիու­թիւ­նը քննար­կող հա­կոտ­նեայ վեր­լու­ծում­ներ ու դա­տա­կան ո­րո­շում­ներ կը հրա­պա­րա­կո­ւին վեր­ջին

տա­րի­նե­րուն, վեր­ջին ա­միս­նե­րուն։

Բազ­մա­հա­րիւր է­ջե­րու վրայ տա­րածուած դա­տա­կան գոր­ծի զե­կոյց­ներ, թեր ու դէմ հիմ­նա­ւո­րում­ներ, ի­րար հա­կա­սող պաշտ­պա­նո­ղա­կան պնդում­ներ կը մի­տին հա­մո­զելու, թէ ան­հատ մար­դու ա­զատ խօս­քի ու տե­սա­կէ­տի ի­րա­ւուն­քի սկզբուն­քա­յին մեկ­նա­կէ­տը գե­րակ­շիռ է՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտե­լու եւ զայն ու­րա­ցո­ղի գրգռիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը յան­ցանք հա­մա­րե­լու հան­գա­ման­քէն, ի՛նչ ալ ըլ­լան ա­նոր գնա­հա­տո­ւած թէ թե­րագ­նա­հա­տո­ւած բաղ­դա­տա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը։

Մօ­տա­ւո­րա­պէս այս­պէ՛ս։ Յա­ւե­լեալ կամ զեղ­չո­ւած բա­ռե­րով՝ քիչ մը ա­ւե­լի, կամ քիչ մը պա­կաս օ­րի­նակ­ներ կրնան տրո­ւիլ, ո­րոնք նոյն տե­ղը կրնան յան­գեց­նել մե­զի, բա­ցա­յայ­տօ­րէն վկա­յա­կո­չե­լով շա­հո­ւած կամ չա­րա­շա­հո­ւած հրա­պա­րա­կո­ւած ժխտու­մի թէ ու­րաց­ման խնդրա­յա­րոյց ե­րե­ւոյթ­ներ։
Քա­ղա­քա­կան ի՞նչ մի­ջա­վայ­րի մէջ տե­ղի կ­’ու­նե­նան այս դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րը։ Տես­նենք մեր ակ­նո­ցով։

Այս բո­լո­րէն ան­դին, կայ սա­կայն, բան մը որ ա­նա­ռար­կե­լի է իր բա­րո­յա­կան փաս­տի ար­ժէ­քով ու չա­փա­նի­շով։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թիւնն է ան, որ ե­ղաւ ու մնաց հա­յու մեծ ճա­կա­տա­գի­րը։ Այդ ճա­կա­տա­գի­րը ժխտե­լու մի­տող թրքա­բա­րոյ կեղ­ծի­քը պատ­մու­թեան ար­ժէք պի­տի չստա­նայ եր­բեք։ Թո՛ղ այդ յա­ւակ­նու­թիւ­նը չու­նե­նայ։

Ժխ­տու­մի բո­վան­դակ հար­ցը հա­յե­րուն հա­մար գա­ղա­փա­րա­կան հա­մե­մա­տու­թիւն­ներ կը ստա­նայ։ Պատ­մա­կան է, յա­ւե­լեալ՝ քա­ղա­քա­կան է, եւ այս բո­լո­րը միա­սին իբ­րեւ պա­տաս­խան մաս կը կազ­մեն քա­ղա­քա­դի­ւա­նա­գի­տա­կան մշա­կոյ­թի մը, որ ա­ւե­լի լայն ի­մաս­տով կը մի­տի զար­գաց­նելու եւ պաշ­տօ­նա­կա­նաց­նելու ու­ղեգ­ծա­յին ա­պա­գայ ո­րո­շում­ներ եւ զա­նոնք գործ­նա­պէս կի­րար­կե­լի դարձ­նելու նաեւ ու մա­նա­ւանդ տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ։
Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­ներ մեր­ժող­նե­րը երբ կը հար­կադ­րո­ւին դա­տի կո­չո­ւիլ՝ ա­նի­րա­ւո­ւած մար­դի՞կ կ­’ըլ­լան։ Պաշտ­պա­նո­ղա­կան պատ­մու­ճա՞ն կը հագ­նին։

Օ­րի­նակ, քա­ղա­քա­գէտ եւ Թուր­քիոյ Բա­նո­ւո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար՝ վա­տա­համ­բաւ Տո­ղու Փե­րին­չէ­քը, ո­րու հա­մա­թու­րա­նա­կան, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն ցե­ղա­պաշ­տա­կան ու հա­կա­հայ խա­փա­նա­րար գոր­ծու­նէու­թիւ­նը յայտ­նի է բո­լո­րին։ Յայտ­նի է նաեւ Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նին, որ վեր­ջերս՝ ան­հա­տի պաշտ­պա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րու զու­գա­դի­պու­թեամբ ո­րո­շում կա­յա­ցուց «­Փե­րին­չէք ընդ­դէմ Զո­ւի­ցե­րիոյ» դա­տա­կան գոր­ծի առն­չու­թեամբ եւ զայն ան­պարտ ար­ձա­կեց։
Այս դա­տին ան­պարտ ար­ձա­կու­մը՝ մարդ­կա­յին ան­մե­ղու­թեան կոպ­տու­թիւ­նը խա­փա­նող փա՞ստ կ­’ըլ­լայ…։ Եւ այդ փաս­տը՝ ար­դա­րու­թեան դէմ ան­հա­տի ի­րա­ւուն­քի ոտ­նա­կո­խո՞ւ­մը կան­խած կ­’ըլ­լայ։ Իսկ հա­յու­թեան ցու­ցա­բե­րած հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը՝ զգա­ցա­կան պոռթ­կու­մի մը ար­տա­յայ­տու­թեամբ չի բա­ցատ­րո­ւիր, այլ իբ­րեւ ան­հան­դուր­ժող քա­ղա­քա­կան աքթ։

Զո­ւի­ցե­րիոյ Ս­տո­րին, ա­պա նաեւ Վե­րին Պա­լա­տը իր խառ­նաշ­փոթ ո­րո­շու­մով փաս­տօ­րէն վար­կա­բե­կեց ե՛ւ ա­զատ խօս­քը, ե՛ւ ճշմա­րիտ ար­դա­րու­թեան պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։
Հա­մա­ձայ­նինք. բա­ցա­ռո­ւած է, որ եր­կու­քը մէկ ե­ղած ըլ­լան։ Ան­տե­սե­լու չենք սա­կայն, որ կը զգա­ցո­ւի երկ­րորդ ոտ­նա­կո­խում մըն ալ, այն ալ ար­ձա­կո­ւած վճի­ռին ա­նի­րա­ւու­թիւնն է, որ կրնայ հիմ­նո­ւած ըլ­լայ միայն ու միայն խտրա­կա­նու­թեան կողմ­նա­կա­լու­թեան ընտ­րան­քին վրայ։
Ա­սոր դի­մաց մե­ղան­չում չկա՞յ։ Գործուած պատ­մա­կան ո­ճի­րը նո­ւի­րա­կա­նաց­նե­լու երկ­րորդ ո­ճիր մը չկա՞յ։ Ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դի մը հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը գնդա­կա­հա­րե­լու յան­ցանք եւ յան­ցան­քի ան­նա­խա­տե­սե­լի բա­րո­յա­հո­գե­բա­նա­կան հե­տե­ւանք­ներ չկա՞ն…։

Գոր­ծո­ւած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճ­րին դի­մաց դա­տա­րա­նի ան­հիմն վճի­ռը բնաւ եր­բեք չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ող­բեր­գա­կան այս հար­ցի էու­թեան ու խոր­քին, այ­սինքն՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման յան­ցան­քով դա­տա­պար­տո­ւած ան­ձի մը դա­տա­կան վե­րա­տե­սու­թեան ու ան­պարտ ար­ձա­կու­մի դրոյ­թին։
Կը թո­ւի, թէ զար­մա­նա­լու բան չկայ։ Երբ վստա­հու­թիւնն ու անվս­տա­հու­թիւ­նը կշիռ­քի վրայ կը դրո­ւին՝ վստա­հու­թիւ­նը նոյն­քան կը կշռէ, որ­քան անվս­տա­հու­թիւ­նը։ Ա­նար­դա­րու­թիւ­նը՝ նոյն­քան, որ­քան ար­դա­րու­թիւ­նը։

Ի­րօք, ինչ­պէ՞ս պէտք է մեկ­նա­բա­նել ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ ա­նոնց շա­րո­ւնա­կո­ւող հե­տե­ւանք­նե­րուն մի­տում­նա­ւոր թէ ան­գի­տա­կից շփոթ­նե­րուն եր­կո­ւու­թիւն­նե­րը՝ ան­թա­փան­ցիկ ձե­ւով ան­տե­սե­լու յա­րու­ցո­ւած խո­չըն­դոտ­նե­րը։ Ե­ւո­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նի նա­խա­դէ­պա­յին ի­րա­ւուն­քի ար­ձա­նագ­րու­թեան օ­րէն­քը՝ ճի՞շդ, սխա՞լ, ինչ­պէ՞ս կի­րարկուած է վեր­ջա­պէս։ Պարզ մար­դը ինչ­պէ՞ս պէտք է ըն­կա­լէ։

Հա­յերս՝ վար­ժո­ւած ենք ա­մէն ին­չի ե­տե­ւը, ա­մէն ին­չի տա­կը թուրք պե­տու­թեան նեն­գա­ւոր խար­դա­ւանք­նե­րը տես­նե­լու։ Ա­ւե­լին՝ կեն­դա­նիօ­րէն մեր մոր­թին վրայ զգա­լու՝ ա­զատ վճիռ­ներ եւ ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու դա­տա­րան­նե­րու հա­մա­տա­րած ա­ղա­ւա­ղում­նե­րու պար­տադ­րանք, ճնշում ու կա­շա­ռա­կե­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու ոտ­նա­կո­խում­ներ։

Միա­միտ չենք, գի­տենք, որ դեռ եր­կար ժա­մա­նակ մեր ա­ռջեւ պի­տի գտնենք թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան վար­քա­գի­ծը, սա­կայն հա­մայն հա­յու­թիւ­նը Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն յետոյ, հա­տուց­ման ի­րա­ւուն­քի հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ իր որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ճամ­բուն վրայ, պի­տի բազ­մա­պատ­կէ ար­դա­րու­թեան դու­ռը բա­խող բա­րո­յա­կան նոր ի­րա­ւունք ար­ժե­ւո­րե­լու եւ վե­րա­կանգ­նե­լու մար­տահ­րա­ւէ­րա­յին ռազ­մա­վա­րու­թիւն­ներ։

Գանք մեր օ­րե­րուն եւ հարց տանք, թէ Զո­ւի­ցե­րիոյ թրքան­պաստ դա­տա­կան վճի­ռը ո­րո՞ւ ուղ­ղո­ւած է իս­կա­պէս։ Մի­տում­նա­ւոր քա­րոզ­չու­թեան տրա­մադ­րու­թեամբ ուղ­ղո­ւած է Թուր­քիո՞յ, Զո­ւի­ցե­րիո՞յ. իսկ ա­ւե­լի լայն ի­մաս­տով՝ Եւ­րո­պա­յի թուր­քե­րո՞ւն։ Թուր­քիոյ թրքու­թեա՞ն։ Շատ յայտ­նի չէ։ Խորհր­դա­ծենք սա­կայն, որ ճշմար­տու­թեան ու ար­դա­րու­թեան ճամ­բան կոյր չէ, խուլ չէ, եւ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­կան ա­պա­գան այս­պի­սի վա­տո­րակ ու վար­ձա­հա­տոյց մի­ջոց­նե­րով ո՛չ կրնայ բա­րե­լա­ւո­ւիլ, ո՛չ ալ կրնայ հա­տու­ցո­ւիլ։

Զո­ւի­ցե­րիոյ ը­սա­ծը, սա­կայն, չը­սաւ Փա­րի­զի մէջ ե­րեք ա­միս ա­ռաջ կա­յա­ցած գի­տա­ժո­ղով մը, որ գու­մա­րո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար տի­կին Ք­րիս­թին Թո­պի­րա­յի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ։ Հոն՝ ար­դա­րու­թեան գի­տա­կից ներշն­չու­մով լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցաւ եւ խա­րա­նո­ւե­ցաւ Փե­րին­չէ­քեան խա­բէա­կան ո­ճի ա­զատ խօս­քի ի­րա­ւուն­քի վար­կա­ծը օգ­տա­գոր­ծող ցնո­րա­կան կե­ցո­ւած­քը, ժխտո­ղա­կա­նու­թեան իր խառ­նի­ճա­ղան­ճը պատ­ճա­ռա­բա­նե­լու մի­տում­նա­ւոր ճի­գին հա­մար։

Գի­տէ՞ք, պատ­մու­թիւ­նը շատ շփա­ցած մար­դիկ ճանչ­ցած է։ Ա­նոնց մէջ փաս­տա­բան­ներ, դա­տա­ւոր­ներ, դա­տա­խազ­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ։ Տա­րօ­րի­նակ ո­ճով մը պատ­մու­թիւ­նը շփա­ցուց զի­րենք, ի­րենք ալ հա­ճո­յա­կա­տա­րօ­րէն ըն­դա­ռա­ջե­ցին այդ ան­կոչ հրա­ւէ­րին, տէր դառ­նա­լով ի­րենց վե­րա­բե­րող եւ ի­րենց չվե­րա­բե­րող պատ­մա­գի­տու­թեան։ Ա­նոնք պատ­մու­թիւ­նը լաւ չսոր­վե­ցան։

Մենք ալ յան­ցան­քի մեր բա­ժի­նը պէտք չէ ան­տե­սենք, քա­նի մեր պատ­մու­թիւ­նը լաւ չսոր­վե­ցու­ցինք ի­րենց։ Թե­րեւս, կարգ մը օ­տար­ներ չու­զե­ցին զայն սոր­վիլ մեր սոր­վե­ցու­ցած ձե­ւով ու ո­գե­ւո­րող ար­տա­յայ­տու­թեամբ։ Չեմ գի­տեր, ո՞ր մէկն է այս բո­լո­րէն։ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը կաս­կածի են­թար­կող ան­պա­տաս­խա­նա­տու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե՞ր, թէ՞ ի­րենք զի­րենք «ի­րա­պաշտ» ու «ա­նա­չառ» հա­մա­րող թրքա­կան քա­րոզ­չու­թեան զո­հեր, ո­րոնց սրտին մէջ բոյն դրած է կա­շա­ռա­կե­րա­յին եր­կընտ­րան­քի ընդ­հան­րա­պէս թու­նա­ւոր ման­րէն։

Լաւ գի­տենք, որ Զո­ւի­ցե­րիան որ­պէս մեր օ­րե­րու ժա­մա­նա­կա­կից ըմբռ­նում­նե­րով պե­տու­թիւն, ան­ցեա­լին տո­ւած է ար­դա­րա­հա­տուց­ման ու ի­րա­ւա­պաշտ­պա­նու­թեան պայ­ծառ օ­րի­նակ­ներ Եւ­րո­պա­յի այլ եր­կիր­նե­րու ալ, մա­նա­ւանդ որ իր որ­դեգ­րած ու մին­չեւ այ­սօր կի­րար­կած սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը խմբագ­րո­ւած ու պատ­րաս­տո­ւած է Յու­նաս­տա­նի Օս­մա­նեան լու­ծէն ան­կա­խու­թե­նէն վերջ (1821) իր ա­ռա­ջին յոյն կա­ռա­վա­րիչ եւ Ռու­սիոյ Ա­ղեք­սանդր Ա. ցա­րի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը վա­րած Իոան­նի Քա­փո­տիստ­րիա­յի կող­մէ, երբ 1822ին հինգ տա­րո­ւան հա­մար ինք­նաք­սո­րեալ վի­ճա­կի մէջ ապ­րե­ցաւ Զո­ւի­ցե­րիա։ Սահ­մա­նադ­րու­թիւն մը, որ կը ցո­լաց­նէր 1789ի ֆրան­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից փայ­լուն գա­ղա­փար­ներ եւ ի­րա­ւուն­քի, ար­դա­րու­թեան հա­մընդ­հա­նուր ու գե­րիշ­խող քա­ղա­քակր­թու­թեան մը ըմբռ­նում­ներ։

Հեգ­նան­քի հա­մա­զօր է հաս­տա­տել, թէ Մուս­թա­ֆա Քե­մա­լի օ­րե­րուն հո­րի­զո­նին վրայ «ժո­ղովր­դա­վա­րա­կա­նա­ցող» նոր Թուր­քիան Քա­փո­տիստ­րիա­յի խմբագ­րած այդ սահ­մա­նադ­րու­թեան ի­րա­ւա­կար­գէն օգ­տո­ւե­լով իւ­րա­ցուց ու որ­դեգ­րեց ան­հա­տի ու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րող՝ այդ օ­րե­րուն իսկ չա­փա­զանց յա­ռաջ­դի­մա­կան հա­մա­րո­ւող օ­րէն­քը։

Իսկ մենք, որ անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն՝ հա­յու եւ հա­յու­թեան ինք­նու­թեան ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը խո­ցո­տող նոյ­նա­տե­սակ հրա­պա­րա­կա­յին դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րէ վերջ, յաղ­թա­պանծ վե­րա­բե­րու­մով ի­րա­ւա­դա­տու­թեան եւ ար­դա­րակշ­ռու­թեան մեր պա­հան­ջը որ­մէ՞ պի­տի փնտռենք։ (­Տե՛ս, Թա­լէա­թը 1921ին Պեռ­լի­նի մէջ ա­հա­բե­կած Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի գեր­մա­նա­կան դա­տա­րա­նին կող­մէ ան­պարտ յար­ձա­կու­մը, տե՛ս Ֆ­րան­սա­յի Էքս Ան Փ­րո­վան­սի Ար­դա­րու­թեան պա­լա­տին կող­մէ՝ Պեռ­նի Թուրք դես­պան Տո­ղան Թիւրք­մէ­նի ա­հա­բեկ­ման գոր­ծով բան­տար­կո­ւած Մաքս-Հ­րայր Գի­լին­ճեա­նի դա­տա­վա­րու­թիւնն ու ա­զատ ար­ձա­կու­մը, տե՛ս, Պէյ­րու­թի մէջ, տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թին դէմ դատ բա­ցող թուրք պե­տու­թեան նկատմամբ լի­բա­նան­ցի ի­րա­ւա­գէտ Մեթր Մու­սա Փ­րեն­սի կող­մէ թեր­թի ա­զատ ար­ձակ­ման յա­ջո­ղու­թիւ­նը)։

Եւ դեռ՝ բա­զում յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, հիմ­նո­ւած մեր կեան­քի յատ­կան­շա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք կը մի­տին բռնու­թեան խա­փա­նող տե­սակ-տե­սակ ձե­ւե­րով մեր ազ­գի տա­ռա­պանքն ու մեր ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան ոչն­չա­ցու­մը մնա­յու­նօ­րէն եր­կա­րաձ­գո­ւող խա­չակ­րու­թեան մը վե­րա­ծելու։
Ի դէպ, ար­դեօ՞ք այս հար­ցը շատ մեծ­ցու­ցինք։ Փե­րին­չէ­քի նող­կա­լի գոր­ծով դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մը այն­քան ալ մեծ նշա­նա­կու­թիւն չու­նի Մար­դու Ի­րա­ւունք­նե­րու Եւ­րո­պա­կան Դա­տա­րա­նի փոր­ձա­գէտ­նե­րուն եւ ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րուն կող­մէ։ Ի՛նչ ալ ըլ­լայ՝ ի­մաստ­նե­րով խա­ղա­լը այն­քան ալ հեշտ բան չէ։

Փաս­տօ­րէն, այս դա­տա­րա­նը վճռած չէ, թէ խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը կրնայ քրէա­կա­նօ­րէն պատ­ժե­լի ըլ­լալ, ե­թէ բռնու­թիւ­նը կը հրահ­րէ։
Հա­պա՞ խիղ­ճի բնո­րո­շու­մը. ինչ­պէ՞ս կ­’ըլ­լայ, ինչ­պէս կը հե­տա­զօ­տո­ւի։ Հա­կա­սու­թիւն­նե­րու դա­սը ինչ­պէ՞ս կը պե­ղո­ւի։
Հա­պա՞ Թուր­քիան, որ իր քրէա­կան օ­րէնսգր­քին մէջ կը շա­րու­նա­կէ մօ­տէն պահ­պա­նել թիւ 301 բռնա­դա­տա­կան յօ­դո­ւա­ծը, ի՞նչ պի­տի ը­սէ Հ­րանդ Տին­քը դա­տող դա­տա­տեա­նին, որ պար­տի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չել դա­ւա­դիր դա­հիճ­ներ ճշմար­տու­թիւ­նը քրէա­կա­նաց­նող օ­րէնք­նե­րու ի­րա­ւա­կա­նու­թիւ­նը հա­շո­ւե­յար­դա­րի են­թար­կե­լուն հա­մար։

Մաղ­թենք, որ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը օր մը պա­տաս­խան կու­տայ։
Հայ ժո­ղո­վուր­դի տա­ռա­պան­քին ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան հետ խա­ղա­լու ի­րա­ւունք չու­նի ոե­ւէ մէ­կը։ Մեր մար­տի­րո­սա­ցած նա­խա­հայ­րե­րուն հան­դէպ յար­գան­քի ի­րա­ւուն­քը չ­’առն­չո­ւիր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռաւ ջար­դի են­թար­կո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դի դրժո­ւած ինք­նու­թեան վայ­րա­գու­թեան հետ։

Զո­ւի­ցե­րա­կան դա­տա­րա­նը բա­ցար­ձա­կա­պէս լիա­զօ­րո­ւած չէ ո­րո­շե­լու թէ հա­յու պատ­մա­գի­տա­կան ի­րա­ւուն­քի պաշտ­պա­նու­թեան մէջ, խնդրա­յա­րոյց կամ ոչ հա­մա­րո­ւող ի՛նչ բան լու­սար­ձա­կի տակ կ­’առ­նո­ւի թէ ոչ։ Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան դա­տո­ղու­թեան ի­րա­ւա­ցիու­թեան իւ­րա­ցումն ու ա­նոր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը շատ ծանր բան է։ Ա՞յս թուղ­թերն է, որ գոց պա­հեց մին­չեւ դա­տա­վա­րու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը։ Դա­տա­րա­նը՝ պատ­մու­թիւ­նը պատ­ժող հաս­տա­տու­թիւն մը չէ, չի կրնար ըլ­լալ։

Դա­տա­կան այս հար­ցի քննու­թեան ծի­րէն ներս պահ մը կանգ առ­նենք ու քննար­կենք՝ նախ Զո­ւի­ցե­րիոյ, ա­պա նաեւ Թուր­քիոյ դա­տա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեան նկատ­մամբ մշա­կոյ­թի ո­րա­կի իւ­րա­յատ­կու­թեան ու չա­փա­նի­շին դրա­կան թէ ժխտա­կան բնոյ­թը։ Բա­ցա­յայտ է, որ դա­տավ­ճի­ռի կա­պակ­ցու­թեամբ մշա­կոյ­թի մօ­տեց­ման տար­բե­րու­թիւն կայ Զո­ւի­ցե­րիոյ ու Թուր­քիոյ մի­ջեւ։ Այս տար­բե­րու­թիւ­նը Թուր­քիա կը յա­ջո­ղի դա­տար­կամ­տօ­րէն օգ­տա­գոր­ծել իր­մէ գե­րա­զան­ցա­պէս տար­բեր ու ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի մը վրայ, որն է ար­դա­րակշ­ռու­թեան ու ան­կողմ­նա­կա­լու­թեան տա­րա­զա­ւո­րու­մը ¥մո­տէ­լը¤։

Մենք ո՞ւր ենք, մենք ո՞ւր էինք, սկիզ­բէ՛ն։ Հա­յու խո­րա­գէտ ու­շի­մու­թիւ­նը, արթ­նամ­տու­թիւ­նը այս­պէ՞ս կ­’ըլ­լայ։ Հա­յաս­տա­նը ա­ռա­ջին մէկ օ­րէն շու­տա­փոյթ ու օգ­տա­բեր ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ դա­տա­կան այս հո­լո­վոյ­թին մաս­նակ­ցած պէտք է ըլ­լար, խնդրոյ ա­ռար­կայ դարձ­նե­լով դա­տա­կան վճի­ռին նա­խոր­դող եւ ո­րոշ­ման յան­գեց­նող ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, հար­ցին պատ­մա­կան հիմ­քը եւ հար­ցի ձե­ւա­կան հիմ­քէն ան­դին խոր­քա­յին հար­ցեր, որ­պէս­զի դա­տա­վա­րու­թեան խո­րազ­նին էու­թիւ­նը զոհ չեր­թայ դի­ւա­նա­կա­լա­կան ձե­ւա­փո­խու­թիւն­նե­րու։ Այս կ­’ըլ­լար սա­կայն, երբ ո­րո­շու­մը հրա­պա­րա­կո­ւե­լէ շատ ա­ռաջ Հա­յաս­տա­նը տե­սա­կէտ դրսե­ւո­րած ըլ­լար, ինչ­պէս ը­րաւ Թուր­քիան եւ ա­տեա­նը գրնո­ւե­ցաւ միա­կող­մա­նիօ­րէն թրքա­կան պնդում­նե­րու ճնշու­մին ու տե­սա­կէտ­նե­րուն դի­մաց միայն։ Հի­մա Թուր­քիա կը յո­խոր­տայ թէ Զո­ւի­ցե­րիան կրցաւ ցոյց տալ որ «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը «են­թադ­րեալ» բան մըն է, որ կը ծա­ռա­յէ որ­պէս խա­ղա­քարտ մեծ գեր­տէ­րու­թիւն­նե­րու ձեռ­քը»։

Հեգ­նան­քի ար­ժա­նի է նաեւ, որ դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին՝ թուրք պե­տու­թեան կող­մէ մաս­նակ­ցած Թուր­քիոյ Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Միու­թեան Ճշ­մար­տու­թեան կեդ­րո­նը ¥…՞¤, ինչ­պէս նաեւ Թուր­քիոյ Ար­դա­րու­թեան եւ Յի­շո­ղու­թեան Միու­թիւ­նը ¥ի՞նչ յի­շե­լու հա­մար¤ սպառ­նա­ցած են նոյ­նիսկ, որ Զո­ւի­ցե­րիոյ վճի­ռը կրնայ ուղ­ղա­կի ազ­դել Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քին վրայ, ¥այ­սինքն, նո՞ր ջարդ¤, նե­րա­ռեալ ա­նոր կեան­քի ա­պա­հո­վու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ա­ւե­լին, Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րա­կան մա­մու­լը գրած է. «ա­սի­կա ոչ միայն բա­ցա­յայտ սուտ է, այլ նաեւ դի­տում­նա­ւոր, քա­նի ան կը քա­ջա­լե­րէ ան­հատ­ներ, խմբակ­ցու­թիւն­ներ, նոյ­նիսկ պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ, Թուր­քիոյ հա­յոց դէմ ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լու եւ կը հե­տապն­դէ նման ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու եւ ա­նոնց հե­ղի­նակ­նե­րու դա­տա­պար­տու­մին ար­գելք հան­դի­սա­նա­լու նպա­տա­կը»։

Թր­քա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը հե­ռան­կա­րա­յին նպա­տակ­ներ կը սնու­ցա­նէ ստո­րա­կա­յու­թեան են­թար­կո­ւե­լու պատ­րաստ եր­կի­ներ գտնե­լով, ի­րենց ի­րա­կան տո­կու­նու­թիւ­նը չափչ­փե­լու ար­գե­լար­շա­ւով։ Ո՛ւր որ կը յա­ջո­ղի բեղմ­նա­փո­շի ցրո­ւել, կ­’ը­նէ ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ ու պար­ծեն­կո­տու­թեամբ։ Ո՛ւր որ չի յա­ջո­ղիր, սկիզ­բը սպա­սո­ղա­կան, յա­ջոր­դա­բար ալ լռու­թեան ու հա­մա­կեր­պու­մի այլ ու զար­տու­ղի ճա­նա­պարհ­ներ յար­մա­րեց­նե­լով։ Հի՜ն սո­վո­րու­թիւն մը, որ կը կրկնո­ւի ու կը կրկնո­ւի։
Հարց տանք սա­կայն, այս­պի­սի խա­ղա­թուղ­թե­րով ինչ­պէ՞ս պի­տի ա­ռող­ջա­նայ թուրք ըն­կե­րու­թիւ­նը։ Ներք­նա­պէս, ինչ­պէ՞ս պի­տի հաշ­տո­ւին թուրք ժո­ղո­վուր­դի ներ­հակ հա­կա­սու­թիւն­նե­րը։ Յե­տաձ­գո­ւած պայ­քար­նե­րը առ­կախ պայ­քա­րի վե­րա­ծե­լու պատ­մու­թիւն թա­լա­նող քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մնա­յուն ա­նե­լի պի­տի վե­րա­ծո­ւի պատ­մու­թեան «հի­ւանդ մար­դուն» հա­մար։

Մի­ջազ­գա­յին կարգ մը դա­տա­րան­ներ վճռած են, որ հրէա­կան Ող­ջա­կի­զու­մի ժխտու­մը յան­ցանք է, եւ ոչ թէ ա­զատ ար­տա­յայ­տո­ւե­լու ի­րա­ւուն­քի խախ­տում։ Զո­ւի­ցե­րիոյ Ս­տո­րին ու Վե­րին Պա­լա­տը կը հա­ւա­տայ, որ ող­ջա­կի­զու­մի ժխտու­մը «հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան» է, «հա­կա­սե­մա­կան» գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն է, մինչ­դեռ՝ «­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը հա­յե­րու եւ թուր­քե­րու մի­ջեւ ֆի­զի­քա­կան լուրջ բա­խում­նե­րու չէ յան­գե­ցու­ցած Զո­ւի­ցե­րիոյ մէջ»։ Այ­սինքն ի՞նչ։ Յան­գե­ցու­ցած չէ ան­կար­գու­թիւն­նե­րո՞ւ հայ եւ թուրք հա­մայնք­նե­րու մի­ջեւ Ժը­նե­ւի, Ցիւ­րի­խի, Պեռ­նի, Պա­լի, Լիւ­սեր­նի, Լու­կա­նո­յի եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ, հոն հա­կա­թուրք ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պո­ւած չեն, Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ցու­ցա­հան­դէս­ներ, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, հա­ւաք­ներ ե­ղած չեն։

Բայց ե­ղած է ա­ւե­լին. ե­ղած է քա­ղա­քա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւն, ձեռ­բա­կա­լո­ւած են հայ մար­տիկ­ներ։
Եր­կու չա­փի եւ եր­կու կշի­ռի դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը պատ­մու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան հետ խայ­տա­ռակ ձե­ւով խա­ղալ կը նշա­նա­կէ։ Դա­տաւ­րո­նե­րը ո՞ր ի­րա­ւա­կան հա­մա­կար­գին կը հե­տե­ւին, հա­մո­զե­լու հա­մար բո­լո­րիս, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թեանց զո­հե­րու մի­ջեւ կրնայ նաեւ նա­խա­տե­սե­լի խտրա­կա­նու­թիւն, կողմ­նա­կա­լու­թիւն ըլ­լալ, յա­նուն ան­բե­կա­նե­լի …ա­նա­չա­ռու­թեան։
Այս մէ­կը ըն­դու­նե­լի՞ կրնայ ըլ­լալ պատ­մա­կան դա­տաս­տա­նին հա­մար։

Պատ­մու­թիւ­նը յի­շո­ղու­թիւն ու­նի։ Զո­ւի­ցե­րիոյ դա­տա­րա­նը վար­չա­կան, դա­տա­կան, ի­րա­ւա­կան ինք­նա­վա­րու­թիւն ու­նի՞։ Կամ առ­նո­ւազն, կը յա­ւակ­նի՞ ու­նե­նալ։
Դեռ որ­քան գաղտ­նի ծալ­քեր կը յա­մե­նան թա­փան­ցի­կու­թե­նէ զրկո­ւած այս խնդրին մութ ծալ­քե­րուն մէջ, որ կը ներ­կա­յա­նայ ինք­նա­վար հա­մա­կար­գի մը ե­րե­ւու­թա­կան ու ծակ­ծակ պատ­մու­ճա­նով։

Զո­ւի­ցե­րա­կան նմա­նա­տե­սակ պնդում­նե­րը ան­հիմն ու ա­նա­տակ հա­մա­րե­լու հա­մար հան­դի­սադ­րենք պատ­մա­կան փաս­տա­թուղթ մը, ո­րու հի­մամբ 1890ին, ա­ւե­լի քան 400.000 զո­ւի­ցե­րա­ցի քա­ղա­քա­ցի­ներ միջ­նոր­դա­գիր մը ստո­րագ­րած են, հա­մի­տեան ջար­դե­րուն դէմ բո­ղո­քե­լու իբ­րեւ հա­կազ­դե­ցու­թիւն։ Այս քայ­լով, ար­դեօ՞ք դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու եւ Զո­ւի­ցե­րիոյ ժո­ղո­վուր­դի կամքն ու ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թիւ­նը պա­ռակ­տո­ւա՞ծ կ­’ըլ­լան…։

Գա­ղա­փար­նե­րը կը վա­րա­կեն զան­գո­ւած­նե­րը, չե՛ն թու­նա­ւո­րեր։
Չ­յի­շե՞լ տա­կա­ւին, որ զո­ւի­ցե­րա­ցի մար­դա­սէր մի­սիո­նար­ներ հա­զա­րա­ւոր հայ որ­բեր փրկած ու խնա­մած են ստոյգ կո­տո­րա­ծէ ու մա­հէ եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րուն ա­նոնց ա­պաս­տան տո­ւած են Զո­ւի­ցե­րիոյ, այ­լեւ Լի­բա­նա­նի, Սու­րիոյ եւ Յու­նաս­տա­նի մէջ։
Այս­պի­սի վճիռ­ներ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կը զգա­ցո­ւի մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի վրայ, որ­պէս­զի միան­գա­մընդ­միշտ վեր­նան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան քրէա­կա­նաց­ման պայ­քա­րի թրքա­բա­րոյ մար­տա­վա­րու­թիւն­նե­րը փո­խե­լու, կամ նոյ­նիսկ զա­նոնք կաս­կա­ծի են­թար­կե­լու մի­տում­նե­րը։
Ժա­մա­նա­կը՝ վստա­հա­բար հա­կա­ռակ կ­’աշ­խա­տի Թուր­քիոյ հա­մար։ Զո­ւի­ցե­րիոյ խնդրէն Թուր­քիա ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս միայն ստա­ցաւ իր ակն­կա­լա­ծէն ա­ւե­լին։
Եւ­րո­պա­յի քա­ղա­քա­կան ու դա­տա­կան մի­ջա­վայ­րը պէտք է ա­ւե­լի լայ­նա­խոհ ու ար­դա­րա­ցի ըլ­լայ, ա­ւե­լի զգա­յուն՝ ազ­գե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու անհ­պե­լիու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ, սկիզ­բէն մին­չեւ վերջ։

Ինչ կը վե­րա­բե­րի շատ հո­լո­վո­ւած այն հա­կա­ճա­ռու­թեան ու ընդ­դի­մա­խօ­սու­թեան, թէ ա­զատ խօս­քի ի­րա­ւուն­քը գե­րի­վեր է իբ­րեւ ժո­ղովր­դա­վար ար­տա­յայ­տու­թեան չա­փա­նիշ, ը­սենք, որ աշ­խար­հիս վրայ չկայ ա­զատ զգա­ցող, ա­զատ մտա­ծող ոե­ւէ մարդ ան­հատ, որ այդ մէ­կը չցան­կայ ու ա­տոր ի­րա­ւուն­քին հա­մար չպայ­քա­րի։ Սա­կայն, ա­զատ խօս­քի սի­րոյն մի­տում­նա­ւոր ու նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած՝ նոյ­նինքն խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը չա­րա­շա­հող դի­տա­ւո­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս Փե­րին­չէ­քի պա­րա­գան, չեն կրնար նե­րառ­նո­ւիլ ժո­ղովր­դա­վար ա­զա­տու­թեան ու ան­կաշ­կան­դե­լիու­թեան չա­փա­նիշ­նե­րու ո­լոր­տին մէջ, ո­րով­հե­տեւ ըն­դու­նե­լի չեն կրնար ըլ­լալ ա­զատ խօս­քի ջա­տա­գող Եւ­րո­պա­յի հա­մար եւս։

Ուս­տի՝ հոս ա­զատ գա­ղա­փար­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թեան հարց չի դրո­ւիր եր­բեք, այլ ա­զատ խօս­քը չա­րա­շա­հե­լու ա­ռանձ­նա­յա­տուկ խնդիր։ Ա­ւե­լի պատ­կե­րա­ւոր՝ եր­կու բե­ւեռ­նե­րու ար­կա­ծախնդ­րու­թեան խաղ մը իր ժխտա­կան բո­լոր հե­տե­ւանք­նե­րով։ Ո՞ւր պի­տի եր­թանք։ Ո՞ւր պի­տի հաս­նինք։
Հա­յե­րը ին­չո՞ւ դէմ ըլ­լան ա­զատ խօս­քի ու տե­սա­կէ­տի ար­տա­յայ­տու­թեան, երբ ի­րենց մոր­թին վրայ ծան­րօ­րէն զգա­ցած են ա­նոր ող­բեր­գա­կան օ­րի­նակ­նե­րը։ Եւ ոչ միայն հա­յե­րը, այլ՝ յոյ­նե­րը, պոն­տոս­ցի­նե­րը, քիւր­տե­րը, կիպ­րա­ցի­նե­րը, ա­սո­րի­նե­րը, լա­զե­րը, ա­րաբ­նե­րը, պուլ­կար­նե­րը, սեր­պե­րը, ե­ւայլն։

Հա­յաս­տա­նը, Հայ Դա­տի Եւ­րո­պա­յի գրա­սե­նեա­կը, Հայ Դա­տի կեդ­րո­նա­կան զա­նա­զան գրա­սե­նեակ­նե­րը, ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բե­րը, ա­ռանց նո­ւա­զա­գոյն ընկր­կու­մի պէտք է շա­րու­նա­կեն ի­րենց ան­դուլ ճի­գե­րը այս ուղ­ղու­թեամբ, ե՛ւ նա­խա­գահ Ֆ­րան­սո­ւա Հո­լան­տի ե՛ւ նա­խա­գահ Վ­լա­տի­միր Փու­թի­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս ար­դիւ­նա­ւո­րե­լու ակն­կա­լու­թեամբ, որ­պէս­զի այս հար­ցով ստեղ­ծո­ւած մեր պատ­մա­կան ինք­նաբ­նո­րո­շու­մի ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րու մար­զը իր ար­դար հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը գտնէ։

Հայ­կա­կան դի­մադ­րու­թիւ­նը յստակ ու մէ­կին թի­րախ­նե­րով կ­’ըլ­լայ, գա­ղա­փա­րա­կան հար­ցե­րու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան դի­մա­գի­ծով կ­’ըլ­լայ։ Լու­ծում­ներն ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը կա­խար­դա­կան ձե­ւով չեն գար։ Մենք ցոյց պէտք է տանք օ­տար­նե­րուն, թէ ին­չո՛ւ կ­’ար­ժէ որ ա­նոնք մեր կող­քին ըլ­լան։

Զո­ւի­ցե­րիան պար­տա­կան է հա­յու­թեան, պար­տա­կան է Հա­յաս­տա­նին։ Հի­մա պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րու ժամն է։ Թուր­քիոյ հան­դէպ ա­ռա­ջին տուրք մը տրո­ւե­ցաւ, բայց քա­ղա­քա­կան բե­մին վա­րա­գոյ­րը դեռ չփա­կո­ւե­ցաւ։ Ճշ­մար­տու­թե­նէն եւ ար­դա­րէն ա­ւե­լի լաւ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն չկայ. որ­քան շուտ հասկ­նանք այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, այն­քան ա­ւե­լի լաւ աշ­խար­հի մը ճամ­բէն պի­տի ուղ­ղո­ւինք։
Կը մնայ, որ Զո­ւի­ցե­րիոյ դա­տա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան շարք մը պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու տակ դնէ այ­սօ­րո­ւան Թուր­քիան, ե­րէ­կի ու այ­սօ­րի հաշ­ւոյն, եւ Փե­րին­չէ­քի նման յո­խոր­տա­ցող խեղ­կա­տակ մանկ­լա­ւիկ­ներ ան­դին քշէ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան ո­րա­կա­ւոր բե­մե­րէն։

Թուր­քիան ալ չկար­ծէ թէ Փե­րին­չէ­քը ի­րեն յաղ­թա­նակ մը բե­րաւ եւ իր պատ­մու­թիւ­նը փո­խեց ու նոր հու­նի մը մէջ դրաւ։ Թուր­քիոյ հետ մենք ա­մէն օր պայ­քա­րի նոր կեանք մը պի­տի ապ­րինք եւ ան հա­յու­թեան աք­ցա­նէն դուրս պի­տի չգայ եր­բեք, այն­քան ա­տեն որ պի­տի շա­րու­նա­կէ իր վտան­գա­ւոր խա­ղե­րը։
Հա­մո­զո­ւած եմ, որ այս խա­ղե­րը եր­կար տե­ւո­ղու­թիւն չեն կրնար ու­նե­նալ։ Վ­տան­գը կը սպառ­նայ նախ եւ ա­ռաջ Թուր­քիոյ։ Վ­տան­գին հո­լո­վոյ­թը նախ իր դու­ռը պի­տի զար­նէ։ Ա­րեւ­մուտ­քը սուղ կը վճա­րէ ար­դէն իր ան­տար­բե­րու­թիւ­նը։

Եր­կիր­նե­րու մօտ դա­տա­կան ո­րո­շում­ներ բե­կա­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եր­կար կեանք չի կրնար ու­նե­նալ, քա­նի Թուր­քիան բա­րո­յա­կան ի­րա­ւուն­քը չու­նի ժխտո­ղա­կա­նու­թեան հար­ցին գծով դե­րա­կա­տար ըլ­լա­լու։ Հի­մա ար­դէն՝ քա­ղա­քա­կան ժա­մա­նակ որ­սա­լու դիր­քին մէջ կը գտնո­ւի։ Իսկ մեր առ­ջեւ կը ցցո­ւին զոյգ գրաւ­ներ. ա­ւե­լի ճիշդ՝ մէկ գրաւ եր­կու տար­բեր ե­րես­նե­րով։
Սուտն ու կեղ­ծի­քը ա­ւար­տի թո­ւա­կան ու­նին. ա­մէն բան ալ իր գի­նը ու­նի վեր­ջա­պէս։ Մեր բո­լոր յոյ­սե­րը վատ­նած չենք։
Չ­մոռ­նանք. պատ­մու­թիւ­նը ետ կու­գայ, ո­րով­հե­տեւ ժա­մա­նա­կա­ւոր կեր­պով միայն կրնայ շե­ղիլ իր թե­լադ­րանք­նե­րէն, որ­քան ալ ժո­ղո­վուր­դին հա­ւատ­քը կոր­սո­ւած ըլ­լայ պատ­մու­թեան, քա­ղա­քա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ու իր ար­ժէք­նե­րուն հան­դէպ։ Հա­յու պա­րա­գա­յին՝ գա­ղա­փար­նե­րը անհ­րա­ժեշտ են մեր կեան­քին եր­թը շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։
Ժա­մա­նա­կը լա­ւա­գոյն ի­րա­ւա­րա­րը կրնայ ըլ­լալ իր հո­լո­վոյ­թը պար­տադ­րե­լու հա­մար։
Իսկ ար­դա­րու­թիւ­նը՝ փրո­թո­քոլ կ­’ու­նե­նայ, բայց միշտ ալ ա­նուն չ­’ու­նե­նար։ Ը­սել կ­’ու­զեմ, մեր ու­զած ա­նու­նը։ Ան բռնազ­բօ­սիկ ար­դիւն­քը կրնայ ըլ­լալ ար­կա­ծի մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով նոր ու ան­նա­խա­տե­սե­լի ար­կած­ներ կրնան ծա­գիլ։ Զ­գու­շա­նա՜նք եւ զգու­շաց­նե՜նք…։

ԱԶԱՏ ՕՐ
http://www.azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail