Թեհրանի Մէջ Սէուտական Դեսպանատունն Ու Հիւպատոսարանը Հրկիզուեցան. Շէյխ Նմըրը Մահապատիժի Ենթարկելու Հետեւանքներուն Առնչութեամբ Միջազգային Մտահոգութիւն

Թեհրանի Մէջ Սէուտական Դեսպանատունն
04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ առաւօտեան յայտարարեց, որ մահապատիժի ենթարկած է 47 անձեր, որոնց շարքին` շիի հոգեւորական շէյխ Նմըր Նմըրը: Իրան անմիջապէս հակազդեց` նշելով, որ Ռիատ շէյխ Նմըրի սպանութեան համար սուղ գին պիտի վճարէ: Սակայն սէուտական արդարադատութեան նախարարութիւնը պնդեց, որ շէյխ Նմըրի եւ մնացեալ 46 անձերուն դէմ արձակուած վճիռը առարկայական էր եւ հիմնուած շօշափելի փաստերու վրայ: Իրանեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Պատասխանատուութեան տէր կանգնելու եւ Սէուտական Արաբիոյ ոճիրներուն հակադարձելու ժամանակը հասած է»: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր իրենց աւստրիացի պաշտօնակից Սեպասթիան Քուրցին յայտնած են, որ չեն ուզեր կացութիւնը մղել մագլցումի:

Յայտնենք, որ երէկ աւելի ուշ Սէուտական Արաբիա խզեց իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իրանի հետ:

Միջազգային Հակազդեցութիւններ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց, որ շէյխ Նմըրի դէմ մահապատիժի գործադրութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ սիւննի-շիի լարուածութեան մագլցումին: Նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն նախապէս մտահոգութիւն յայտնած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ արդարադատական միջոցառումներուն նկատմամբ եւ «բազմիցս այդ մտահոգութիւնը փոխանցած է սէուտական կառավարութեան բարձրագոյն մակարդակի անձնաւորութիւններուն»: Ան վերահաստատեց Ուաշինկթընի կողմէ Ռիատին ուղղուած կոչը` յարգելու եւ պաշտպանելու մարդկային իրաւունքները:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն դժգոհութիւն յայտնեց 47 անձերու, ներառեալ` շէյխ Նմըրի մահապատիժի ենթարկուելուն համար: Ան բոլոր առնչակից կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպումի եւ շրջանի ղեկավարութեան կոչ ուղղեց յարանուանական լարուածութեան մագլցումը կանխարգիլելու:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով ցաւ յայտնեց շէյխ Նմըրը եւ մնացեալ 46 անձերը մահապատիժի ենթարկելու քայլին համար` յիշեցնելով, որ Փարիզ կը մերժէ մահապատիժը: Փարիզ շրջանի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` յարանուանական եւ կրօնական լարուածութեան հրահրումէն զգուշանալու:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը իր կարգին յայտնեց, որ շէյխ Նմըրը մահապատիժի ենթարկելը «կ՛աճեցնէ շրջանին մէջ լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ մեր ներկայ մտահոգութիւնը», եւ յիշեցուց, որ մահապատիժը անմարդկային ու ամէն պարագայի մերժելի պատիժ մըն է:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, որ շէյխ Նմըրի մահապատիժը կը սպառնայ «ծանր հետեւանքներ» ունենալ` շրջանին մէջ յարանուանական յաւելեալ լարուածութիւն յառաջացնելով` աւելցնելով, որ շէյխ Նմըրի դէմ գործուած մահապատիժը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ խօսքի ազատութեան, մարդկային եւ քաղաքական հիմնարար սկզբունքներու յարգումին նկատմամբ:

Նշենք, որ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդը եւս զգուշացուց սիւննի-շիի լարուածութեան մագլցումէն:

Իրանեան Հակազդեցութիւնը

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի դատապարտեց շէյխ Նմըրը մահապատիժի ենթարկելու Ռիատի քայլը` վստահեցնելով, որ սէուտցի քաղաքագէտները պիտի ենթարկուին աստուածային վրիժառութեան: Ան նշեց, որ շէյխ Նմըրը մահապատիժի ենթարկելը Սէուտական Արաբիոյ կողմէ գործուած «քաղաքական սխալ» մըն է, որուն հետեւանքները պիտի կրեն սէուտական վարչակարգի քաղաքագէտներն ու ղեկավարները:

Նշենք, որ իրանցի բազմաթիւ այլ ղեկավարներ զգուշացուցին, որ Սէուտական Արաբիան իր կատարած քայլին համար սուղ գին պիտի վճարէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավարը եւ անոր փոխանցեց բողոքագիր մը: Հանդիպումին ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց ահաբեկչութեան ու ծայրայեղականութեան աջակցելու յանցանքով` նշելով, որ կարելի չէ արդարացնել Ռիատի վարած շրջանային սխալ քաղաքականութիւնը: Ռիատ իր կարգին իր մօտ կանչեց Իրանի դեսպանը` անոր փոխանցելու համար իրանեան կողմէն հնչող յայտարարութիւններուն դէմ բողոք մը:

Միւս կողմէ, Իրանի մէջ տեղի ունեցան բողոքի բուռն ցոյցեր, որոնց ընթացքին հրկիզուեցան Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը եւ Մեշհատի մէջ սէուտական հիւպատոսարանը, ինչ որ իրանեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մղեց քաղաքացիներուն կոչ ուղղելու` սէուտական դիւանագիտական առաքելութեանց առջեւ չհաւաքուելու եւ ոստիկանութեան կողմէ այդ վայրերուն պաշտպանութեան:

Թեհրանի ընդհանուր դատախազը յայտարարեց, որ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է չորս անձեր, որոնք սէուտական դեսպանատուն ներխուժած անձերու շարքին էին, իսկ մնացեալ յանցագործներուն յայտնաբերման շուրջ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Թեհրանի մէջ սէուտական դեսպանատան եւ հիւպատոսարանի հրկիզումը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին այդ արարքին նկատմամբ ցաւ յայտնեց:

Նշենք նաեւ, որ Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան եւ հիւպատոսարանի փողոցները վերանուանուեցան շէյխ Նմըր Նմըրի անունով:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail