Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՍԱ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿՌԻՒՆ Է – ՍԱ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿՌԻՒՆ Է
30 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Նամակ երկրէն
ՍԱ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ԿՌԻՒՆ Է
Թուրքիան եւ Ադրբեջանը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հետ վերջնական հաշուեհարդարի ելած են: Ալիեւն ու Էրտողանը կը փորձեն իրականացնել համաթրքութեան վաղեմի երազը՝ ո՛չ Հայաստան, ոչ ալ հայութիւն՝ Հայկական Բարձրաւանդակի վրայ եւ Կովկաս ու Անդրկովկաս կոչուած տարածքներուն մէջ:
Այս պատերազմը ոչ թէ Արցախի դէմ է, ոչ թէ Հայաստանի դէմ է, այլ այս պատերազմը կը մղուի համայն հայութեան դէմ, հայկական գոյութեան դէմ, հայկական ամէն ինչի դէմ՝ հող, տարածք, մշակոյթ, ինքնութիւն եւ գոյութեան տարրական իրաւունք:
Թէ՛ Էրդողանը, թէ՛ Ալիեւը շատ բան ունին կորսնցնելիք՝ եթէ պարտուած դուրս գան այս պատերազմէն: Շատ բան ունի կորսնցնելիք թրքութիւնը, որ այսօր կը փորձէ վերականգնիլ Էրտողանի առաջնորդութեամբ՝ իբրեւ նոր Օսմանեան կայսրութիւն: Ուրեմն, Ալիեւն ու Էրտողանը պիտի երթան մինչեւ վերջ, այս պատերազմը վերածելով իրենց քաղաքական ամենամեծ խաղաթուղթին, որ իրենց համար պէտք է դառնայ յաղթաթուղթ:
Եւ կասկած չունենաք: Այս պատերազմը վերջ պիտի չունենայ, այնքան ատեն որ Ալիեւեան եւ Էրտողանեան ցեղապաշտ, հակահայ եւ նէո-օսմանեան քաղաքականութիւնն է, որ կ’իշխէ այս երկու բորենիներու մտածողութեան վրայ: Այս պատերազմը, եթէ նոյնիսկ հրադադարով կանգնի այսօր, պիտի վերսկսի ապագային, այնքան ատեն որ Հայաստանն ու հայութիւնը կը փորձեն գոյատեւել հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքի այս վերջին բեկորին վրայ՝ Արցախէն մինչեւ Տաւուշ եւ Շիրակ:
Եւ այսօր, Հայաստանի սահմաններուն եւ քաղաքներուն վրայ հաւաքուած է համաթրքութեան ամբողջ ներուժը՝ ծայրայեղ իսլամիստականներով սկսած մինչեւ Թուրքիոյ զինանոցի ամենաարդիական եւ ամենամահասփիւռ զէնքերը: Նպատակը մէկն է, մէջք կոտրող հարուածով ծունկի բերել Հայաստանն ու հայութիւնը եւ միանգամընդմիշտ լուծել հայկական խնդիր կոչուածը՝ իր բոլոր շերտերով:
Թրքական դամոկլեան սուրը կախուած է Հայաստանի ու հայութեան գլխուն: Հայ ժողովուրդի գոյութեան դէմ յայտարարուած կռիւ է տեղի ունեցածը: Ուրիշ ոչինչ: Եւ այս պատերազմը սոսկ Արցախի պաշտպանութեան համար չէ: Այս կռիւը մեր գոյամարտն է, մեր կենաց մահու կռիւն է:
Եւ ինչպէս միշտ, այսօր եւս հայ ժողովուրդը առանձին է իր գոյապայքարի այս հերթական պատերազմի ընթացքին: Առանձին, ոչ թէ որովհետեւ չունի դիւանագիտութիւն եւ չունի արտաքին հաշուարկուած քաղաքականութիւն, այլ առանձին է որովհետեւ Էրտողանով վերազարթնած համաթրքութիւնը, ուշ կամ կանուխ, պիտի գար հաշուեհարդար կատարելու հայութեան պատմական հայրենիքին վրայ ապող վերջին բեկորներուն հետ: Եւ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս ոչ ոք պիտի գայ Հայաստանի սահմանն ու հայ ժողովուրդի կեանքը պաշտպանելու:
Մեզի կը մնայ միայն մէկ բան՝ համախմբել ուժերը եւ կռիւը մղել ոչ թէ սահմանները պաշտպանելու, այլ երեկ, այսօր եւ վաղը մեր վրայ սուր ճօճած ու մեզ սպաննող, մեր ցեղի կէսէն աւելին բնաջնջած, մեր գոյութեան իրաւունքը մերժող թշնամիին դէմ կենաց-մահու պայքարը յաղթանակով աւարտելու անկոտրում կամքով եւ վճռականութեամբ:
Մեր կեանքի, մեր ապրելու, մեր արարելու, հայրենի հողին վրայ մեր գոյութեան կռիւն է, որ տեղի կ’ունենայ այսօր, եւ որ կրնայ ինչ-որ միջամտութիւններով կարճ դադար ունենալ, բայց անպայման պիտի կրկնուի մօտիկ թէ հեռու ապագային:
Սա թրքութեամբ շրջապատուած մեր երկրի, մեր ժողովուրդի դաժան ճակատագիրն է: Մեր խաչը, որ պիտի կրենք մեր գոյութեան ամբողջ ընթացքին:
Այս կռիւը մենք պիտի տանինք միասնաբար: Ուժերու ամբողջական լարումով եւ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ սկզբունքով:
Այս կռիւը մենք պիտի տանինք մեր մոլորակի բոլոր այն երկիրներուն, քաղաքներուն, գիւղերուն, թաղերուն եւ վայրերուն մէջ, ուր հայ մարդ գոյութիւն ունի:
Այս կռիւը մեր բոլորիս կռիւն է, անկախ կուսակցական, դաւանական, գաղափարական եւ քաղաքական համոզումներէ:
Այս կռիւը մեր ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքի կռիւն է, մեր նոր Սարդարապատը: Եւ մենք պարտուելու իրաւունք չունինք:
Եւ, այո՛, ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ:
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com