31 Օգոստոսին, 1904 թուականին, ­Վանայ ծովու Աղթամար կղզիին վրայ, արձանագրուեցաւ ամենէն հերոսական դրուագներէն մէկը հայ ազգային-ազատագրական շարժման

31 Օգոստոս 1904. Աղթամարի հերոսական կռիւը
kevork_chavoush_artwork-31-8-2015
Երկուշաբթի, 31 Օգոստոս 2015

31 Օգոստոսին, 1904 թուականին, ­Վանայ ծովու Աղթամար կղզիին վրայ, արձանագրուեցաւ ամենէն հերոսական դրուագներէն մէկը հայ ազգային-ազատագրական շարժման։

Օգոստոսի այս օրը, 111 տարի առաջ, մղուեցաւ Աղթամարի Կռիւը, որ պատմութիւն կերտող ճակատում մը եղաւ թրքական կանոնաւոր զօրքին եւ Դաշնակցութեան ֆետայական փաղանգին միջեւ։

Անդրանիկի եւ Գէորգ Չաւուշի գլխաւ­րութեամբ՝ հայ յեղափոխականներու 70 հոգինոց մեծ խումբը պարտութեան մատնեց Աղթամար կղզին ռազմանաւերով պաշարած եւ թնդանօթային ռմբակոծման ենթարկած թրքական զօրքը։
Աղթամարի կռիւը հանդիսացաւ հայ ֆետայական շարժման ամէնէն փայլուն նուաճումներէն մէկը, որ առասպելական քաջագործութեան պսակին արժանացուց դաշնակցական հայդուկները եւ պանծացուց հերոսական հայդուկապետի կերպարը անզուգական Անդրանիկին։ Ապստամբ Սասունի համար ծանր ժամանակաշրջան էր։ Գարնանամուտին ամբողջ Տարօնայ Աշխարհը բռնկած էր, որովհետեւ սուլթան Համիտ յղացած եւ գործադրութեան յանձնած էր հայ ազգային ազատագրական պայքարին ողնաշարը՝ անառիկ Սասունը կոտրելու եւ հայկական յեղափոխութիւնը ծունկի բերելու ծրագիրը։

Մշոյ դաշտի հայկական գիւղերէն մինչեւ Սասնոյ բարձունքները թիրախ դարձան թրքական կանոնաւոր զօրքերու եւ անոնց կողմէ զինուած ու շարժման մէջ դրուած քրտական անկանոն ուժերու ընդհանուր գրոհին։

Թուրքեւքիւրտ գրոհը դիմագրաւելու պատրաստ վիճակի մէջ էր Դաշնակցութեան Դուրան Բարձրաւանդակի ողջ կազմակերպութիւնը։ Հրայր Դժոխքի եւ Վահանի (Մանուէլեան) առաջնորդութեամբ ու Անդրանիկի մարտական ղեկավարութեամբ, դաշնակցական ֆետայիները նետուեցան օրհասական կռուի մէջ եւ մինչեւ ամառ հերոսաբար դիմադրեցին արիւնարբու ոսոխին։ 1894-1896ի կոտորածները կրկնելու համիտեան ախորժակները թէեւ սանձուեցան, դաշտ­յին թէ լեռնային մարտերու մէջ թէեւ փայլուն յաղթանակներ արձանագրուեցան, այդուհանդերձ՝ հայկական յեղափոխութիւնը Հրայր Դժոխքի եւ Վահանի նման անզուգական հերոսներու եւ ղեկավար մարտիկներու արեան զոհաբերման ծանր գինը վճարեց թշնամին ետ մղելու համար։ Յուլիսին արդէն համիտեան գրոհը սկսած էր մեղմանալ, եւրոպական տէրութեանց միջամտութիւնները որոշակի զինադուլ առաջացուցած էին եւ ֆետայիները ընդունած էին քաշուիլ լեռները…

Սուլթանը անշուշտ փորձեց առաւելագոյնս օգտուիլ ֆետայիներու այդ զիջումէն եւ բացակայութենէն… Հայ անզէն բնակչութիւնը կողոպտելու եւ նեղելու սանձարձակ գրոհի կանաչ լոյս տուաւ թուրք եւ քիւրտ անկանոն զինեալներուն, որոնք եւրոպացի հիւպատոսներու քիթին տակ համատարած ահ ու սարսափի մատնեցին հայութիւնը։
Ստեղծուած կացութիւնը դ­մագրաւելու եւ հայ ազատագրական պայքարի հետագայ քայլերը ճշդելու եւ ծրագրելու նպատակով՝ Տարօնի ու Վասպուրականի տարածքին գործող դաշնակցական խումբերու եւ կազմակերպական կառոյցներու պատասխանատուները որոշեցին ընդլայնուած խորհրդակցութեան համար հաւաքուիլ Աղթամար կղզիին վրայ։ Օգոստոսի կէսերուն գումարուած Աղթամարի Ժողովը պատմական նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ վճռահատեց տարիներէ ի վեր օրակարգի վրայ դրուած, բայց տարակարծութեանց հետեւանքով իր վերջնական լուծումը չստացած Երկրի ընդհանուր ապստամբութիւնը նախապատրաստելու խնդիրը։ Անդրանիկի եւ Գէորգ ­Չաւուշի, Արամի եւ Կոմսի, Մուրատի եւ Վանայ Իշխանի տարողութեամբ ղեկավար գործիչներու մասնակցութեամբ, Աղթամարի ժողովը որդեգրեց տարիներէ ի վեր Հրայր-Դժոխքի պաշտպանած համաժողովրդային ընդհանուր ապստամբութեան ռազմավարութիւնը, որ կը նշանակէր նուազագոյնի իջեցնել եւ միայն անհրաժեշտութեան պարագային ֆետայական ընդհարումներ ունենալ թշնամիին հետ։ Նաեւ՝ խուսափիլ դէպի Երկիր զինատար խումբ­րու օգտագործումէն, փոխարէնը թափ տալով «Ծծման եղանակ»ով Երկրի հայութիւնը զինելու եւ ապստամբութեան պատրաստելու գործունէութեան։ Իսկ աւելի ծանրակշիռը՝ Տարօնի Աշխարհէն հեռացնել Անդրանիկի եւ Մուրատի օրինակով Հայաստանի այլեւայլ շրջաններէն Սասուն հաւաքուած մարտական ղեկավարները, որպէսզի Գէորգ Չաւուշի եւ Կորիւնի օրինակով տեղական ուժերը ստանձնեն ընդհանուր ապստամբութիւնը կազմակերպելու գործին պատասխանատոււութիւնը։

Ժողովը նոր աւարտած էր իր աշխատանքները եւ ժողովականներուն մէկ մասը հազիւ հեռացած էր կղզիէն, երբ Աղթամարը յանկարծ շրջափակուեցաւ՝ ժողովին լուրը իմացած եւ Դաշնակցութիւնն ու ֆետայական շարժումը մարտականօրէն գլխատելու հրահանգ ստացած թրքական զօրքի նաւերուն կողմէ։

Օգոստոս 31ի այդ ամբողջ օրը բուռն կռիւ մղուեցաւ։ Թրքական նաւերը աւե­ի քան քսան թնթանօթներով ռմբակոծեցին ֆետայական դիրքերը, որպէսզի ռումբերու տարափին տակ ահ ու սարսափի մատնեն հայ յեղափոխականները եւ ցամաք էջք կատարեն ու հաշուեյարդար տես­նեն սուլթանի կառավարութեան դէմ ապստամբութեան դրօշ պարզած հայ «կեաւուր»ներուն հետ… ­Բայց պատահեցաւ ճիշդ հակառակը, արձակուած ռումբերը չհասան իրենց նպատակին եւ, ընդհակառակն, Անդրանիկի հրամանատարական փայ­լուն տաղանդով, ֆետայիները կրցան իրենց հրացաններով եւ նշանառութեամբ տասնեակներով զոհ խլել հարիւրներով նաւ բարձրացած թրքական զօրքէն։

Թշնամին ճարահատ նահանջեց, որպէսզի վերադասաւորէ իր շարքերը եւ ամրացնէ նաւերու վրայ դրուած թնթանօթներուն դիրքերը։ Անդրանիկ լաւագոյնս օգտագործեց թրքական զօրքի նահանջը եւ հայ մարտիկները նաւակներ բարձրանալով՝ հակագրոհի անցան թրքական նաւերուն դէմ։ Ծովուն բացերը մղուեցաւ հրացաններով բուռն կռիւ, որուն ընթացքին հայ ֆետայիները իրենց նաւակներու արագաշարժութեամբ եւ նշանառուի իրենց առաւելութեամբ՝ մինչեւ գիշեր շարունակեցին հարուածել թշնամին։

Մութը կոխելէն ետք հայ մարտիկներու նաւակները ճեղքեցին թրքական պաշարումը եւ տարբեր ուղղութիւններով հեռացան Աղթամարէն։ Ոմանք ուղղուեցան դէպի Մուշ ու Սասուն, իսկ միւսները՝ դէպի Վան։

Հոկտեմբեր 1904ի իր համարով՝ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ» ամփոփ նկարագրականը տուած է Աղթամարի կռուին եւ հետեւեալ խօսուն արժեւորումով եզրափակած է իր թղթակցութիւ­նը.- «Կռիւը շատ տպաւորիչ էր. մերոնցից ամբողջ օրուայ կռուի ընթացքում վիրաւորւում են երկու հո­ի, սպաննւում է 19 տարեկան մի պատանի. թշնամու կորուստը անցնում է 19ից։ Արձակուած ռումբերի թիւը 30ից աւելի է։

«­Մի քանի օրից յետոյ Գէորգ Չաւուշը 20 հոգով վերադառնում է Դաշտը՝ ժողովրդին օգնելու համար, իսկ Անդրանիկը՝ 50 հոգով մնում է Վասպուրական»։

ԱԶԱՏՕՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail