Անդրադարձ. Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան – կամ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարական պարտութիւնը արցախի դարպասներու առաջ, lousavor-avedis.org/
23 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2020
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
2019-ին ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող Ռէնտ (1) կեդրոնը 354 էջ ուսումնասիրութիւն մը հրապարակեց, Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա մրցակցութեան մասին. «Տարածելով, քաշկռտելով Ռուսիան՝ մրցակցիլ նպաստաւոր դիրքէ» (Extending Russia: Competing from advantageous ground) խորագիրով (2):
Նախաբանին մէջ կ՛ըսուի. «Այս տեղեկագիրը կ՛արձանագրէ հետազօտութիւններ եւ վերլուծումներ, հովանաւորութեամբ ամերիկեան բանակի հրամանատարութեան այս բաժանմունքին՝ Army Quadrennial Defense Review Office, Office of the Deputy Chief of Staff G-8, Headquarters, Department of the Army::
«Այս ծրագիրին նպատակն է քննել կարելի միջոցներ՝ տարածելու (յոգնեցնելու) համար Ռուսիան: Ըսել կ՛ուզենք, առանց բռնութիւն կիրարկելու, ճնշել Ռուսիոյ զինուորական կառոյցը, տնտեսութիւնը կամ՝ իշխանութեան քաղաքական վարկը ներքին եւ արտաքին ճակատներուն վրայ:
«Քայլերը, որոնք մենք կ՛առաջարկենք, իբրեւ հիմնական նպատակ, պաշտպանական կամ զսպումի միջոցներ չեն, թէեւ ատոնք կրնան նպաստել երկուքին: Փոխարէնը, այս քայլերը կ՛ընկալուին իբրեւ միջոցներ, որոնք թոյլ կու տան Ռուսիոյ հետ մրցակցիլ ա՛յն բնագաւառներուն կամ տարածաշրջաններուն մէջ, ուր Միացեալ Նահանգները ունի մրցակցային առաւելութիւն, բան մը, որ Ռուսիոյ պիտի ստիպէ ռազմական կամ տնտեսական առումով չափազանց մեծցնել իր գործունէութեան ծիրը, իշխանութեան ներքին եւ կամ միջազգային հեղինակութեան անկում պատճառելով:
«Այս տեղեկագիրը դիտումնաւոր կերպով զինուորական, տնտեսական եւ քաղաքական ընտրանքներ կ՛ընդգրկէ: Ատոր յանձնարարութիւնները ուղղակի կը պատշաճին ամէնուն՝ զինուորական արդիականացումէն եւ ուժի դիրքէն տնտեսական պատժամիջոցներ եւ դիւանագիտութիւն: Հետեւաբար, կը վերաբերի զինուորական ծառայութիւններուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան եւ արտաքին պաշտպանութեան բնագաւառներով զբաղող կառոյցներուն»:
Տեղեկագիրին չորրորդ գլուխը կը վերաբերի աշխարհաքաղաքական այն միջոցներուն, որոնք պէտք է կիրարկել, հետեւեալ կարգով.
*. Ուքրանիոյ մահացու (զինատեսակ) օժանդակութիւն տրամադրել:
*. Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն զօրակցութիւնը աւելցնել:
*. Պելառուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն յառաջացնել:
*. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՀԱԳՈՐԾԵԼ:
*. Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնել:
*. Ասպարէզ կարդալ Մոլտովայի մէջ Ռուսիոյ ներկայութեան:
«Կան նաեւ քանի մը այլ աշխարհաքաղաքական միջոցներ, որոնք ներկայացուած են Ռէնտի այլ հետազօտութեան մէջ, որոնք չենք ներառեր այստեղ, ինչպիսին են ՕԹԱՆ-ի Շուէտի եւ Ֆինլանտայի հետ յարաբերութիւնները աւելցնել,
ճնշել Ռուսիոյ իրաւունքները Հիւսիսային Բեւեռի մէջ եւ կասեցնել Ռուսիոյ փորձերը իր ազդեցութիւնը տարածելու Ասիոյ մէջ»:
Ինչպէս կը տեսնենք, առաջին չորս միջոցները կիրարկուեցան Միացեալ Նահանգներուն կողմէ եւ ընթացքի մէջ են, որոնց չորրորդը կը վերաբերի Սեպտեմբեր 27-էն սկսեալ Արցախի դէմ թուրք-իսրայէլ-ազերի-վարձկան ահաբեկիչներու սանձազերծած պատերազմին՝ ամերիկեան վերոնշեալ ծրագիրով: Հեգնական է, որ այսօր Միացեալ Նահանգները զինադադարի համար կը տեսակցին հայ եւ ազերի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, այն ալ գրեթէ ամիս մը ուշացումով…
Յաջորդիւ կը ներկայացնեմ յարակից նիւթեր եւ չորրորդ գլուխը ամբողջութեամբ:
23 Հոկտեմբեր 2020
——————
(1) https://en.wikipedia.org/wiki/RAND_Corporation
(2) https://www.rand.org/pubs/research_reports/RR3063.html
aztagdaily.com/archives/487136