Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ Կ՚առաջարկուի Քաղաքացիութիւն Տալ «Բռնագաղթի» Զոհերու Ժառանգորդներուն

Թուրքիոյ Խորհրդարանին
07 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

PanARMENIAN.Net կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլու առաջարկած է երկրին քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ կատարել փոփոխութիւններ։

Առաջարկուող փոփոխութիւնները կ՚ենթադրեն քաղաքացիութիւն տալ վերջին 100 տարուան մէջ «արտաքսուած, բռնագաղթի ենթարկուած եւ հայրենազրկուած» հայերուն, յոյներուն, սուրիացիներուն, հրեաներուն եւ քիւրտերուն։ Կրնան դիմել թէ՛ բռնագաղթի ենթարկուած վերապրածները, թէ՛ ալ անոնց ժառանգորդները՝ մինչեւ 4-րդ սերունդ։ Քաղաքացիութիւն ստանալու համար հարկ է ներկայացնել հին անձնագրերը, եկեղեցական արձանագրութիւնները, ժամանման երկրի ազգային փոքրամասնութիւններու մասին նախատեսուած ներգաղթի ծառայութիւններու, սինակոկներու գրութիւնները, կամ այլ փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն, թէ դիմող անձը կամ անոր ժառանգորդները ծնունդով Թուրքիայէն են։

Ներկայացուած օրինագիծին մէջ կը յիշատակուի նաեւ 15 մայիսի (1 յունիս) 1915-ին բռնագաղթի մասին օրէնքը, որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան տարուան մէջ, կը գրէ «Ակօս»։ Կը նշուի, որ բռնագաղթի մասին օրէնքը, թրակիացիներու ջարդը, «խօսէ թրքերէն» քարոզարշաւը, հարստութեան հարկն ու անցեալ հարիւրամեակի այլ իրադարձութիւնները, որոնք պատճառ դարձան հարիւր հազարաւոր հայերու, յոյներու եւ հրեաներու, ասորիներու բռնագաղթի ու արտագաղթի համար։

Օրինագիծին մէջ, սակայն, ոչինչ կ՚ըսուի Հայոց ցեղասպանութեան, յոյներու, ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու եւ այլ իրադարձութիւններու մասին, որոնք պատճառ դարձան ազգային փոքրամասնութիւններու արտագաղթին՝ Օսմանեան Թուրքիայէն եւ Թրքական հանրապետութենէն։

http://horizonweekly.ca/news/details/78903

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail