Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Կարեւորը Տոկալն Է – Պէտք է հաւաքենք մեր ուժերը, մեր տարբերութիւններն ու համոզումները մէկդի դնենք եւ ձեռք-ձեռքի տալով տոկանք
03 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ճիշդ է, որ զոհեր ունինք, եւ այդ ալ` մեր լաւագոյն տղոցմէ զոհեր: Ճիշդ է, որ գիւղեր եւ դիրքեր կորսնցուցինք: Սակայն պատերազմը տակաւին չէ վերջացած: Պէտք չէ մտահոգուինք եւ ընդվզինք աշխարհի լռութեամբ: Փաստօրէն, աշխարհը միշտ ալ լուռ եղած է: Ճիշդ այդ պատճառով ալ ջարդերը կրկնուած են:
Այս փուլին ամէնէն կարեւորը տոկալն է: Դիմանալն է: Միասնական եւ ամբողջական զօրակցութեամբ տոկալն է: Ուրիշ լուծում չունինք: Պէտք է հաւաքենք մեր ուժերը, մեր տարբերութիւններն ու համոզումները մէկդի դնենք եւ ձեռք-ձեռքի տալով տոկանք: Իւրաքանչիւր զինուորի նահատակութիւնը շատ ծանր կը կշռէ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն վրայ: Սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրին արիւնը պատմութիւն կերտող ուժ ունի: Իւրաքանչիւր զոհողութիւնը նորօրեայ հերոսներու պատմութիւն է: Իւրաքանչիւրին նուիրումը անբացատրելի եւ անփոխարինելի դպրոց է:
Այսպէս է եւ այսպէս եղած է միշտ: Առաւելութիւնը այն է, որ հզօր բանակ ունինք: Կամաւորներու ալիք ունինք: Աննման եւ նուիրաբերող ժողովուրդ ունինք: Գիտակից եւ ամրակուռ սփիւռք ունինք: Մանաւանդ հայոց լեռնաշղթաներու արծուաբերդ զօրաւոր Արցախը ունինք:
Դարձեալ կ՛ըսեմ` կարեւորը տոկալն է: Դիմանալն է այնքան մը, որ թուրք-ազերի-ահաբեկչական դիմակը վար առնուի, եւ աշխարհը համոզուի, որ մենք բոլորին համար կը պայքարինք: Եթէ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Գերմանիան, Ռուսիան եւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը այսօր ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարին, փաստօրէն մենք տոկալով ցոյց պիտի տանք, որ թէ՛ Ազրպէյճանը եւ թէ՛ Թուրքիան ահաբեկչական եւ ահաբեկիչները հովանաւորող երկիրներ են, իսկ Հայաստանը, Արցախը եւ հայ ժողովուրդը իրենց ընտրանի երիտասարդներով, իրենց լաւագոյն տղոցմով դէմ կը դնեն այս բոլորին:
Այս է մեր տոկալու արժէքը: Այս է մեր համբերութեան գինը: Անպայման որ պիտի յաղթենք, պէտք չէ կասկածինք, նոյնիսկ անհաւասար ուժերով, նոյնիսկ առանձին, մեր կամքն ու պատմութիւնը ցոյց տուած են, որ մեր հաւաքական կամքով կրնանք շպրտել ամէն բան` հասնելու համար արդար յաղթանակին:
aztagdaily.com/archives/488131