Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

ՄՌԱՎ ԼԵՌ ԱՐՑԱԽ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ

04 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020

Արցախ` Անառիկ Եւ Ուրոյն Լեռնաշխարհ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախ, հայոց աշխարհի արեւելեան կողմը, իր բարձրաբերձ եւ դժուարամատչելի անառիկ լեռներով, անդնդախոր կիրճերով, խոր ձորերով, մթին անտառներով եւ սարահարթերով, պատմութեան ընթացքին միշտ ալ եղած է հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդը եւ օտար նուաճողներու ու բռնակալութեանց դէմ շղթայազերծուած ազգային-ազատագրական պայքարներուն յառաջապահը:

Արցախ իրաւամբ կոչուած է հսկայական միջնաբերդ, առանց որուն անհնար է երեւակայել Հայաստանի սրտին` Արարատեան երկրին պաշտպանութիւնը:

***

Մեծ Հայքի տասնհինգ նահանգներէն մէկն է Արցախ: Սահմաններն են, արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն` Ուտիք, արեւմուտքէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն` Սիւնիք, իսկ հարաւէն` Արաքս գետ:

Արցախ նահանգին սահմանները գծուած են հայոց Վաղարշակ թագաւորին կողմէ, եւ Սիսական տոհմէն Առան նախարար նշանակուած է:

Ժողովրդական ստուգաբանութեան համաձայն, Արցախ անուանումը կը նշանակէ Առանի ծառաստան:

Արցախ նահանգը ունի 11.528 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն եւ բաժնուած է տասնհինգ գաւառներու` Մեծ Կուենք, Քուստի, Փառնես, Կողթ, Աղուէ, Բերդաձոր, Տռի, Ռոտ-ի-Պազկան, Վայկունիք, Մեծ Առանք, Պիանք, Պազկանք, Մուխանք, Միւս Հաբանդ եւ Հարճլանք:

Ներկայ Արցախի Հանրապետութիւնը կ՛ընդգրկէ Արցախ նահանգին մեծ մասը, ինչպէս նաեւ Սիւնիք եւ Ուտիք նահանգներէն շրջաններ, եւ ունի 11.458 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն: Բաժնուած է ութ շրջաններու` Ստեփանակերտ, Ասկերանի շրջան, Հադրութի շրջան, Շուշիի շրջան, Քաշաթաղի շրջան եւ Շահումեանի շրջան: Շրջանները իրենց կարգին բաժնուած են 242 համայնքներու:

Շահումեանի շրջանը` իր 22 գիւղերով, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի ու Մարտունիի շրջաններէն որոշ տարածքներ տակաւին կը գտնուին Ազրպէյճան կոչուող պետութեան ռազմական գրաւման տակ:

***

Մռաւ – Գոմշասար

Արցախի հիւսիսային կողմը, արեւմուտքէն արեւելք կ՛երկարի Մռաւի լեռնաշղթան, որ Սեւանի լեռնաշղթային արեւելեան շարունակութիւնն է եւ ունի մօտաւորապէս 70 քիլոմեթր երկարութիւն: Լեռնագագաթներն են. Մեծ Հինալ` 3367 մեթր, Սպիտակասար` 3200 մեթր, Քէօռօղլուտաղ` 3462 մեթր, Օմար` 3395 մեթր, Մռաւ` 3340 մեթր, որուն անունով ալ կը կոչուի լեռնաշղթան, եւ Գոմշասար` 3724 մեթր, որ կոչուած է նաեւ Արիութեան լեռ:

Արցախի լեռնաշղթան

Արցախի արեւմտեան կողմը, Թարթառէն մինչեւ Արաքսի հովիտը Արցախի լեռնաշղթան է: Մեծ Քիրս լեռը ունի 2724 մեթր բարձրութիւն: Լեռնաշղթայի փէշերուն կը գտնուի Ազոխի քարայրը:

Արեւելեան Սեւանի լեռները կ՛երկարին Գեղարքունիքի մարզի եւ Արցախի սահմանին վրայ: Մեծ Ծարասար լեռնահանգոյցը ունի շուրջ 40 քիլոմեթր երկարութիւն եւ մինչեւ 3441 մեթր բարձրութիւն: Սոթքի լեռնանցքը, 2366 մեթր բարձրութեան վրայ, Սեւանայ լիճին աւազանը կը կապէ Թարթառ գետի հովիտին:

Սիւնիքի բարձրաւանդակը, Զանգեզուրի ու Արցախի լեռնաշղթաներուն միջեւ, 2800-էն 3200 մեթր բարձրութեամբ սարահարթ է: Ծղուկի լեռները, 3594 մեթր բարձրութեամբ Թրասար գագաթով, եւ Մեծ Իշխանասար` 3549 մեթր բարձրութեամբ, կը գտնուին Սիւնիքի մարզի եւ Արցախի սահմանին վրայ:

Ծռասար եւ Մխմաթիք լեռնաշղթաներուն միջեւ, Գժասար ունի 3616 մեթր բարձրութիւն:

Կարկառ գետի հովիտը

Շուշիի սարաւանդը Արցախի լեռնաշղթայի արեւելեան լանջերէն կ՛իջնէ դէպի Կարկառ գետի եւ անոր Քարինտակ վտակի հովիտները:

Դէպի արեւելք եւ հարաւ մակերեւոյթը աստիճանաբար կը ցածնայ: Միլի դաշտավայրը կ՛ընդգրկէ Արաքս գետի երկայնքով տարածուող եւ մինչեւ Կուրի աջ ափը հասնող կիսաանապատային գօտին:

***

Արցախի գրեթէ բոլոր գետերն ալ կը բխին արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան բարձրաբերձ լեռներէն եւ անդնդախոր ձորերէն ու հովիտներէն գահավիժելով կը հոսին դէպի արեւելք եւ հարաւ-արեւելք:

Գետերուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի Կուրի աւազանին եւ Կուրի վտակներն են: Թարթառ, Արցախի ամենամեծ գետը, 200 քիլոմեթր երկարութեամբ, սկիզբ կ՛առնէ Սիւնիքի բարձրաւանդակէն: Խաչենագետ սկիզբ կ՛առնէ Արցախի լեռնաշղթայի Կարմրասար լեռնազանգուածէն եւ ունի 119 քիլոմեթր երկարութիւն. գլխաւոր վտակն է Քոլատակ: Կարկառ սկիզբ կ՛առնէ Արցախի լեռնաշղթայի արեւելեան լանջերէն. երկարութիւնը 109 քիլոմեթր է. վտակներն են` Մեղրագետ եւ Բագարան:

Արաքսի աւազանի վտակներն են: Հագարի սկիզբ կ՛առնէ Արցախի բարձրաւանդակի Դալիդաղ լեռնազանգուածի հարաւային լանջէն. երկարութիւնը 170 քիլոմեթր է. գլխաւոր վտակը Հոչազն է: Վարանդա սկիզբ կ՛առնէ Արցախի լեռնաշղթայէն եւ ունի 81 քիլոմեթր երկարութիւն: Իշխանագետ սկիզբ կ՛առնէ Արցախի լեռնաշղթայի հարաւային լանջերէն եւ ունի 74 քիլոմեթր երկարութիւն:

Արցախ ունի նաեւ հանքային սառն եւ տաք ջուրեր ու աղբիւրներ: Երկաթաջուր կը գտնուի Շուշիի վերեւ, Քիրս լեռնաշղթայի հիւսիսահայեաց ձորին մէջ. ջուրը ցուրտ է եւ կը բխի ձորի ձախ ափէն. աւելի վերեւ կը գտնուի Թթուջուր: Արան աղբիւրը կը գտնուի Գանձասար վանքին մօտ, Եկեղեցիների Եալ վայրին մէջ: Անահիտի աղբիւրը կը գտնուի Մարտունիի շրջանի Հացի գիւղին մէջ: Իսկ Օհանանց աղբիւրը` Թաղավարդ գիւղին մօտ: Գագիկ թագաւորի աղբիւրը կը գտնուի Հադրութի շրջանի Տումի գիւղին մէջ, իսկ Արջի աղբիւրը` Դիզափայփ լերան լանջին:

Ալհարակ լճակը Գետաշէնէն դէպի Մռաւի լեռնաշղթան ճամբուն վրայ, շրջապատուած է անտառախիտ լեռներով եւ հսկայ ժայռերով: Լճակը բաժնուած է երկու մասի, վերնամասը կը կոչուի Ըստծու (Աստուծոյ) ծով:

***

Արցախի տարածութեան մօտաւորապէս կէսը ծածկուած է կաղնիի, հաճարենիի, բոխիի, լորենիի, թխկիի, հացենիի, կեչիի եւ ճապկիի թանձրախիտ եւ մթին անտառներով: Անտառները հարուստ են նաեւ պտղատու վայրի ծառատեսակներով` խնձորենի, տանձենի, ընկուզենի, սալորենի, հոնի, զկեռենի, տկողենի, թզենի եւ սզնենի: Կան նաեւ շագանակենիներ: Գետահովիտներու երկարութեամբ տարածուած են ուռենիները: Ամէնուրեք տարածուած են մոշի եւ մասրենիի թուփեր: Անտառներուն մէջ առատօրէն կ՛աճի սխտորի համ ունեցող խազազը, որ կ՛օգտագործուի թարմ վիճակի մէջ: Տարածուած է նաեւ սունկը: Ամէնուրեք կ՛աճին բուրումնաւէտ ծաղիկներ` մանուշակ, անտառավարդ, կակաչ, շուշան, մեխակ, նունուֆար, անթառամ, նարկիզ, ձնծաղիկ, երեքնուկ եւ յասմիկ: Իսկ ուրցը ժողովուրդին կողմէ լայնօրէն տարածուած բոյս է:

Արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան ցածրադիր շրջաններուն մէջ տարածուած են ուղտափուշը, ոզնախոտը, երնջնակը, տերեփուկը, սիբեխը, թրթնջուկը, կապարը, եղինջը, խատուտիկը, դանդուռը, ծնեբեկը, խնջլոզը, փիփերտը, իշակաթնուկը, շրիշը, կնձմնձուկը, կուսածաղիկը, հազար տերեւուկը, առիւծագը եւ լոշտակը:

Ամէնուրեք, գետերու եզրերուն տարածուած են ջրկոտեմը, ճանճախոտը, մակարդախոտը, մացառաեղէգը, շերեփուկախոտը, ջրոսպը, ջրահարսը եւ դաղձը:

***

Կենդանական աշխարհը հարուստ է եւ բազմազան. գայլ, արջ, աղուէս, նապաստակ, շնագայլ, այծեամ, վարազ, ճէյրան, սկիւռ, վայրի կատու, լուսան, քնամուկ եւ խլուրդ. թռչուններ` կաքաւ, արծիւ, անգղ, բազէ, կաչաղակ, արտոյտ, լոր, երաշտահաւ, սարեակ, աղաւնի, ագռաւ, ճնճղուկ, չղջիկ, ուրուր, կկու, չարդ, փայտփորիկ, յոպոպ, բու, ինչպէս նաեւ վայրի սագ եւ բադ: Տափաստանային շրջաններուն մէջ տարածուած են օձը, մողէսը, կարիճը եւ մորմը: Գետահովիտներուն մէջ կրիան եւ ոզնին: Կան մորեխներու, բզէզներու եւ թիթեռնիկներու բազմաթիւ տեսակներ, մրջիւն, թեւաւոր մրջիւն, ճպուռ, սեւաճանճ, մեծ ճանճ, կանաչ ճանճ, ձիաճանճ, պիծակ, մոծակ, քառասնոտեայ, զատիկ եւ սարդ:

Գետերուն եւ ջուրերուն մէջ կան ձուկեր եւ գորտեր:

***

Թարթառ գետ

Արցախ հարուստ է հանքատեսակներով: Կան պղինձի, կապարի, ոսկիի, ծծումբի եւ երկաթի հանքավայրեր ու պաշարներ, գլխաւորաբար` Մեհմանայի, Դրմբոնի, Գիւլաթաղի, Կուսապատի, Վանքի, Մաղաւուզի եւ Մարտունիի շրջակայքը, Թարթառ եւ Խաչեն գետերուն միջեւ եւ Մռաւ լերան լանջին:

Մարմարի եւ կրաքարի հանքավայրեր կան գլխաւորաբար Ստեփանակերտի, Շուշիի, Քարագլուխի, Նորաշէնի եւ Ճարտարի շրջաններուն մէջ:

Քարածուխի պաշարներ կան Մաղաւուզ, Նարեշտար եւ Քոլատակ գիւղերուն մերձակայքը:

Կան նաեւ տուֆի, աւազի եւ կաւի հանքավայրեր:

***

Արցախի կլիման ընդհանուր առմամբ չոր է եւ առողջարար եւ կլիմայական առանձնայատկութիւններ կան տարբեր շրջաններու միջեւ:

Ձմեռը, դեկտեմբերէն մարտ, ընդհանուր առմամբ ցուրտ է եւ ձիւնառատ: Երկինքը գորշ ամպերով կը ծածկուի եւ դառնաշունչ հովեր կը փչեն: Երբեմն օրերով, գիշեր-ցերեկ ձիւն կու գայ: Բարձր լեռնային շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը զերոյէն վար 10-էն 15 աստիճան կ՛իջնէ, հովիտներուն մէջ` զերոյէն վար 3-էն 4 եւ երբեմն մինչեւ 10 աստիճան, մինչ ցածրադիր շրջաններուն մէջ հազուադէպօրէն զերոյէն վար կ՛իջնէ եւ ձիւնը տեւական ծածկ չի պահեր: Լեռները տարուան հինգ-վեց ամիսները ձիւնածածկ կ՛ըլլան:

Գարունը, մարտէն յունիս, աննման է: Ձիւնհալը կը սկսի եւ գետերը կը վարարին: Ծառերը կը ծաղկին, ծաղիկները եւ խոտերը կ՛աճին եւ կը տարածեն իրենց բոյրը: Թռչունները տաք երկիրներէն կը վերադառնան եւ ծլուըլալով կը վերանորոգեն իրենց բոյները: Յորդառատ անձրեւներ կը տեղան եւ յաճախակի են կարկուտները: Լեռնային շրջաններուն մէջ ցերեկը ջերմաստիճանը կը տարուբերի 10-էն 15 աստիճանը միջեւ, իսկ գիշերները յաճախ ցուրտ կ՛ընէ: Դաշտային շրջաններուն մէջ սակայն, գարունը կարճատեւ է եւ շուտով կը հասնի տաք ամառը:

Ամառը, յունիսէն սեպտեմբեր, ընդհանուր առմամբ բարեխառն է եւ արեւոտ: Լեռնային շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը կը տարուբերի 10-էն 20 աստիճանի միջեւ եւ երբեմն կը հասնի մինչեւ 30-32 աստիճանի. ցերեկուան տաքին կը յաջորդէ գիշերուան ցուրտը: Դաշտային շրջաններուն մէջ սակայն, տաքը կիզիչ է եւ ջերմաստիճանը կը տարուրբերի 25-էն 30 աստիճանի միջեւ եւ երբեմն մինչեւ 40 աստիճանի կը բարձրանայ. բայց գիշերները լեռներէն փչող հովերը կլիման կը դարձնեն տանելի:

Աշունը, սեպտեմբերէն դեկտեմբեր, սքանչելի է եւ ամէնուրեք զով կ՛ընէ: Տերեւները կը դեղնին «կը թափին, խոտերը կը չորնան, եւ տերեւաթափ անտառներն ու պարտէզները գեղեցիկ տեսարան կը ստանան: Արեւոտ կամ ամպոտ, անձրեւ, ամպրոպ ու կայծակ:

Տարեկան տեղումներուն քանակը բարձրադիր վայրերուն մէջ 560-էն 840 միլիմեթր է, ցածրադիր վայրերուն մէջ` 420-էն 480 միլիմեթրը:

aztagdaily.com/archives/488236

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail