2 Սեպտեմբերը, 24 տարի առաջ, պատմական նշանակութեամբ բախտորոշ դարձակէտ մը խորհրդանշող թուական դարձաւ հայոց պատմութեան մէջ

Այս օրուայ նման՝

2 Սեպտեմբեր 1991ին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը:

2 Սեպտեմբերը, 24 տարի առաջ, պատմական նշանակութեամբ բախտորոշ դարձակէտ մը խորհրդանշող թուական դարձաւ հայոց պատմութեան մէջ։

Արցախի քաջարի հայութիւնը, իր կողքին ու թիկունքին ունենալով ամբողջ հայ ժողովուրդը, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափերը, ազգային-ազատագրական պայքարի սխրալի իր խոյանքը յաղթական աւարտի տանելով՝ 2 Սեպտեմբեր 1991ին հռչակեց իր անկախութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմը դնելով։

Հայոց նորագոյն պատմութեան թաւալգլոր անկումներու անիւը շրջուեցաւ արցախահայութեան յանդուգն այդ քայլով, որ վերջ տուաւ Արցախի տասնամեակներու գերեվարման եւ սրբագրեց Ստալինի բռնակալ ձեռքով ու «օրհնութեամբ», 1921-1923 թուականներուն, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած աղաղակող անարդարութիւնը։

Ծայր աստիճան դժուար պայմաններու մէջ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը եւ ծանրագոյն հարուածներու դիմակալման գնով մեր ժողովուրդը, Արցախի մէջ ու ամբողջ Հայաստանի տարածքին, կրցաւ իրագործել ատրպէյճանեան լուծէն ազատագրուելու իր որոշումը՝ ապրելու եւ բարգաւաճելու ընդունակ անկախ պետականութիւն մը կեանքի կոչելով։

Աշխարհաքաղաքական ծայր աստիճան պայթուցիկ վերիվայրումներ կանխեցին 2 Սեպտեմբեր 1991ի Արցախի անկախութեան հռչակումը։ Թէեւ Խորհրդային Միութիւնը տակաւին գոյութիւն ունէր, բայց 19 Օգոստոս 1991ին տեղի ունեցած էր Եանայեւի գլխաւորած պետական յեղաշրջման փորձը՝ Կորպաչեւեան իշխանութեան դէմ։ Մահամերձ Խորհրդային Կոմկուսի վերջին գալարումը եղաւ Եանայեւեան խմբակին իրագործած պետական բռնաշըրջումի այդ փորձը, որուն նպատակն էր ձախողութեան մատնել 22 Օգոստոս 1991ին նախատեսուած Միութենական Նոր Պայմանագրի ստորագրութիւնը Խորհրդային Միութեան մականին տակ առնուած ժողովուրդներուն եւ պետութեանց միջեւ։

Եանայեւեան պետական բռնաշրջումը սանձուեցաւ ու ձախողութեան դատապարտուեցաւ՝ Ելցինի ղեկավարութեան տակ համախմբուած ռուս ազատական հոսանքի հակահարուածին հետեւանքով։ Թէեւ այդ պայմաններուն մէջ ջնջուեցաւ 22 Օգոստոս 1922ին նախատեսուած Միութենական Նոր Պայմանագրի ստորագրութիւնը։ Այսուհանդերձ՝ ազատականներու յաղթանակով ձեռնարկուեցաւ նոր պայմանագրի մը պատրաստութեան, որ քանի մը ամիս ետք՝ Դեկտեմբեր 1991ին հիմք պիտի ծառայէր Խորհրդային Միութեան պաշտօնական ու վերջնական լուծարումին։

Համախորհրդային զարգացումներու այս շրջագիծին մէջ Արցախի Հարցը թեւակոխեց նոր փուլ։ 30 Օգոստոս 1991ին Խորհրդային Ատրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդը միակողմանիօրէն որդեգրեց «Խորհրդային Ատրպէյճանի ազգային անկախութեան վերականգնումի Հռչակագիր»ը, որ Պաքուի իշխանութեանց աչքին «օրինական ճամբան» պիտի բանար Արցախի հայութեան հետ իր ձեռնարկած ռազմական «հաշուեյարդար»ի վերջին արարին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի բռնագրաւումին եւ ատրպէյճանական լուծի ամբողջական պարտադրումին առջեւ, ի հարկին արցախահայութեան ֆիզիքական բնաջնջումով կամ տեղահանութեամբ։

Բայց 1988ի փետրուարեան իր զարթօնքէն սկսեալ Արցախի հայութիւնը, իր կողքին եւ թիկունքին ունենալով ամբողջ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, ամէն կարգի հարուածի դէմ կուրծք ցցելով, յանուն ազգային ազատագրութեան իր զաւակներու քրտինքէն ու արիւնէն ահաւոր գին վճարելով, այլեւս այրած էր ետդարձի բոլոր կամուրջները.-

Միակ ընտրանքը Ազատութիւն կամ Մահ՝ Հայրենիք կամ Մահ դրօշով անվեհեր կռուի ուղին էր։

Եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի 30 Օգոստոս 1991ի «անկախութեան վերականգնման հռչակագրին», աւելի ճիշդ՝ Արցախի հայութիւնը վերջնական հաշուեյարդարի ենթարկելու յայտարարութեան, հայկակա՛ն պատասխանը եղաւ արմատական ու վերջնական։ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդային պատգամաւորներու Մարզային Խորհուրդը, Շահումեանի շրջանի ժողովրդային պատգամաւորներու Շրջանային Խորհուրդին հետ համատեղ նիստ գումարելով, 2 Սեպտեմբեր 1991ին հռչակեց Արցախի անկախութիւնը եւ իրաւական հիմը դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան։

Ոչ միայն պատմական պահուն համապատասխանող յանդուգն քայլ էր, այլեւ ազգային-պետական ու քաղաքական-հասարակական բոլոր առումներով շրջահայեաց կողմնորոշում մը եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը։

Եւ ամէն բանէ վեր իրաւական սրբագրումը կատարեց Ստալինի գործած պատմական անարդարութեան, որուն մեղքի պտուղն էր 7 Յուլիս 1923ին հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը, որ նուէր տրուեցաւ Ատրպէյճանին։

Եօթանասուն տարի Արցախի հայութիւնը ցմրուր ճաշակեց ատրպէյճանական տիրապետութեան դառն բաժակը։ Հայաթափումը ազգային աղէտի չափերու հասաւ՝ մշակութային ուծացման ու ընկերատնտեսական լքուածութեան անտանելի պայմաններուն տակ։ Այսուհանդերձ՝ օրհասական վիճակի մէջ յայտնուած Արցախի հայութիւնը բնաւ չհաշտուեցաւ իրեն պարտադրուած անարդարութեան հետ։ Ճիշդ է, երբեք մտահան չըրաւ պատմութեան դաժան դասը, թէ խորհրդային ամբողջատիրութեան հետ «խաղը բացառուած է»։ Բայց նոյնպէս ճիշդ է, որ յարմար ամէն պահ օգտագործեց, որպէսզի նոյնինքն խորհրդային սահմանադրութեամբ բաց ճեղքեր գտնէ եւ ազատ ու անկախ ապրելու իր տիեզերական եւ անժամանցելի իրաւունքին տէր կանգնի։

1980ականներուն ծաւալած Կորպաչեւեան Վերակառուցման շարժումը յարմար պահը ընձեռեց Արցախի եւ ընդհանրապէս հայրենի հայութեան, որպէսզի միասնական ծառացումով Ստալինեան պատմական անարդարութիւնը սրբագրելու սահմանադրական պահանջ դնեն՝ Արցախը Հայաստանին վերամիացնելու դիմումներ կատարելով Քրեմլեան ղեկավարութեան։ Ատրպէյճան փոկրոմի՝ ֆիզիքական բնաջնջման լեզուով պատասխանեց հայոց պահանջատիրական բարձրագոռ ձայնին։ Եւ 20րդ դարավերջին հայ ժողովուրդը վերըստին ճաշակեց թրքատիպ ջարդերն ու շուրջ կէս միլիոն հայեր տեղահան դարձան պապենական իրենց բնօրրանէն՝ Խորհրդայիններու կողմէ իբրեւ Ատրպէյճանի տարածք հռչակուած հայաբնակ աւաններէն։

Բայց որքան բիրտ ու կատաղի եղաւ ատրպէյճանական հարուածը, այնքան կարծրացաւ Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը՝ հետեւողականօրէն կառչած մնալով հանդերձ Միջազգային Օրէնքի եւ Խորհրդային Սահմանադրութեան իրաւական հունով իր պահանջատիրութիւնը յառաջ մղելու վարքագծին։

Եւ այդ քաղաքական-պետական վարքագծին պսակումը եղաւ 2 Սեպտեմբեր 1991ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակումը։

30 Օգոստոս 1991ի Ատրպէյճանի «անկախութեան վերականգնումի հռչակագրով»՝ խորհրդային օրէնքով ստեղծուած Լ.Ղ.Ի.Մ.ն ու Խորհրդային Ադրբեջան իրաւական անձնաւորութիւնը, իրողապէս եւ իրաւականօրէն, վերջ գտան։

Արցախի հայութիւնը ընտրեց իրաւական այն միակ ճամբան, որ Ատրպէյճանի խորհրդային կարգավիճակի լուծարումով բաց մնացած էր իր առջեւ։

Իրաւական այդ հիմնաւորումով ալ, իրողապէս անկախացած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրաւական՝ միջազգայի՛ն ճանաչումը ենթակայ չէ, չի կրնար ենթակայ նկատուիլ խորհրդային սահմանադրական քարտէսով գծուած պետական սահմաններու «անձեռնմխելիութեան» սկզբունքին։

Ատրպէյճանը ինքնակամ հրաժարեցաւ խորհրդային իր ժառանգութենէն եւ, բնականաբար, կորսնցուց խորհրդային ամբողջատիրութեան կողմէ իրեն «նուէր» տրուած Լ.Ղ.Ի.Մ.ը։ Մանաւանդ որ Նոյեմբեր 1991ին Պաքու պաշտօնապէս ջնջեց Լ.Ղ.Ի.Մ.ի իրաւական կարգավիճակը՝ Լեռնային Ղարաբաղը «ատրպէյճանեան ազգային սեփականութիւն» հռչակելով։

Իսկ Արցախը 2 Սեպտեմբեր 1991ին վճռեց սրբագրել պատմական անարդարութիւնը՝ սահմանադրական ու ժողովրդավարական ճանապարհով տէր կանգնելով ազգային ինքնորոշման իր անբռնաբարելի իրաւունքին։

Ատրպէյճան ամէն միջոցի դիմեց, որպէսզի արեան մէջ խեղդէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Մինչեւ 1994ի գարնան աւարտը թէժ մարտեր ընթացան Արցախի ամբողջ տարածքով։

Եւ հայ ազատամարտիկները կրցան Մայիս 1992ին ազատագրել Անառիկ Արցախի խորհրդանիշ Շուշին, որմէ ետք նուաճեցին Հայաստանի հետ վերամիացման հողային ամբողջ տարածքը։

Այսօր՝ 2 Սեպտեմբերին, Արցախի հայութեան հետ ողջ հայ ժողովուրդը, հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր ծագերը, միասնաբար կը վերահաստատէ իր վճռականութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրողական ազատագրումը պսակելու իրաւական ու միջազգային ճանաչումով։

Մանաւանդ կը վերանորոգէ ազգային իր սրբազան ուխտը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կենսունակութեան կռուաններուն ուժեղացումով, բոլոր ուժերով շարունակելու պայքարը՝ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի համազգային մեծ երազին հասնելու Ուղին հարթելով հայոց սերունդներուն առջեւ։
www.facebook.com/groups/111576255577723/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail