ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Որպէսզի Արցախը չվճարէ ծանր գինը մեծերու մրցախաղին․․․ ու իշխանութիւն եւ ուժ մուրացող վաշխառուներուն

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Որպէսզի Արցախը չվճարէ ծանր գինը մեծերու մրցախաղին․․․ ու իշխանութիւն եւ ուժ մուրացող վաշխառուներուն

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Որպէսզի Արցախը չվճարէ ծանր գինը մեծերու մրցախաղին․․․ ու իշխանութիւն եւ ուժ մուրացող վաշխառուներուն

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Բարի լոյս

Որպէսզի Արցախը չվճարէ ծանր գինը մեծերու մրցախաղին․․․ ու իշխանութիւն եւ ուժ մուրացող վաշխառուներուն

Ն․ Պէրպէրեան

27 Սեպտեմբեր 2020

Բարի լոյս՝ կռուի ժամուն զէնքերու լեզուով խօսո՛ղ ՀԱՅՈՑ ՔԱՋԱՐԻ ԲԱՆԱԿԻՆ եւ ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ․․․

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի հոգը ապրող եւ պաշտպանութեան կռիւը ղեկավարող ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՐԵՐՈՒՆ, որոնք շատ լաւ կը գիտակցին, թէ նախ ԹՇՆԱՄԻՆ ԵՏ ՄՂԵԼ ՊԷՏՔ Է, որպէսզի ապա միայն, խաղաղութեան օրերուն, լիարժէք ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ նկատուած վրէպներուն, գործուած սխալներուն եւ արձանագրուած աղէտալի հետեւանքներուն։

Արցախը այսօր դարձեալ կրակի տակ առնուեցաւ Ատրպէյճանի եւ անոր հովանաւորութիւնը ամբողջապէս ստանձնած Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ։

Իսկ Արցախի պաշտպանութեան բանակը հերոսաբար կը կռուի՝ դիմագրաւելու համար ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ԹՇՆԱՄԻՆ։

Բարի լոյս՝ Երեւանէն մինչեւ Հայաշխարհի ծայրամասերը միասնաբար ՈՏՔԻ ԿԱՆԳՆԱԾ մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴին եւ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ մարտունակ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԴԷՊԻ ԱՐՑԱԽ լարած են իրենց ամբողջ ներուժը։

Բարի լոյս՝ Արցախի Հանրապետութեան թէ՛ նախագահին, թէ՛ բանակի սպարապետին, որոնք ատրպէյճանական նախայարձակման առաջին իսկ վայրկեաններէն կանգնած են իրենց վստահուած պատասխանատուութեան ՂԵԿին, որպէսզի մեր հողերէն ետ շպրտեն վատթար ՈՍՈԽԻՆ։

Թուրքն ու ազերին իրենց գրաւը դրած են հայկական բանակը անակնկալի բերելու եւ հայոց միասնականութեան խոցելի կէտերը հարուածելու հաշուարկներուն վրայ։

Թշնամին «յոյս» ունի, որ կռուի ժամուն ռազմադաշտ գտնուող հայկական զօրքերու թիկունքը տկարացնելու իր փորձերը կրնան «արդիւնաւորուիլ», եթէ ամէն գնով իշխանութեան եւ ուժի հետամուտ հայ քաղաքական խմբաւորումներ ԱՅՍ ՊԱՀը յարմար նկատեն յառաջ մղելու կառավարութեան հեղինակազրկումի իրենց գձուձ խաղերը։

Բարի լոյս՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ընտրուած մեր կառավարութեան կողքին անդեդեւ կանգնած հանուր հայութեան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔին ու ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺին։

Բարի լոյս՝ կռուի ժամուն իր գօտին պրկող եւ զէնքերը շարժման մէջ դնող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ իր բախտին լքուած ԱՐՑԱԽին հասնելու, այլեւ լիարժէք ՏԷՐ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ, որովհետեւ Արցախէն խլուած թիզ մը հողին եւ հայո՛ւ արեան համար հաշիւ տալու ենք ԱԶԳՈՎԻՆ․․․

Ե՛ւ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ։
Ե՛ւ ԳԱԼԻՔ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒՆ։

Վերը աստուած, վարը Հայկական Բանակ – Լեռնային առիւծները, Արցախի Պաշպանութեան Բանակ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail