ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԵԹԷ ԿՈՐՑՆԵՆՔ ԱՐՑԱԽԸ, ԿԸ ՇՐՋԵՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԷՋԸ –ՎԱՏ ՀԱՅԵՐ ՄԻ ՓՆՏՌԷՔ՝ ՀԻԱՑԷ՛Ք ԼԱՒԵՐՈՎ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
«ԵԹԷ ԿՈՐՑՆԵՆՔ ԱՐՑԱԽԸ, ԿԸ ՇՐՋԵՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԷՋԸ»․
«ՎԱՏ ՀԱՅԵՐ ՄԻ ՓՆՏՌԷՔ՝ ՀԻԱՑԷ՛Ք ԼԱՒԵՐՈՎ»․
Անմահն ՄՈՆԹԷի ծննդեան տարեդարձն է այսօր
Ն․ Պէրպէրեան
25 Նոյեմբեր 2020
Բարի լոյս՝ ծանրագոյն հարուածներու տակ իյնալէ ետք անգամ, այլեւ իր կրած պարտութեանց ամէնէն յուսալքիչ պահերուն մէջ իսկ վերստին ՈՏՔԻ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ, նորովի թափով ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌՈՒԻ իր վճռականութիւնը ՇԱՐԺՄԱՆ ՄԷՋ ԴՆԵԼՈՒ եւ հայոց սերունդներուն ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐ պարգեւելու մեր ժողովուրդի ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։
Բարի լոյս՝ Արցախեան Ազատամարտի յաղթարշաւին ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ դարձած հայոց յառաջամարտիկներէն անմահն ՄՈՆԹԷԻ, որ 1957ին լոյս աշխարհ եկած էր Նոյեմբեր 25ի այս օրը, ՕՐ՝ որ ողբերգական զուգադիպութեամբ մը պիտի յիշատակուի նաեւ իբրեւ Հայաստանի ու Հայութեան պարտադրուած՝ Մոնթէներու ԱՐԵԱՄԲ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ հայապատկան Քարվաճառը Ատրպէյճանի լուծին վերադարձնելու չարաբաստիկ թուական մը։
Բարի լոյս՝ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ յարատեւ կռուին իր գերագոյնը զոհաբերելու ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ աշխարհամասեր կտրած եւ Արցախ հասած, ԱՒՕ անունով կրակի իր մկրտութիւնը ստացած եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ իր արեամբ աւելիով սրբագործած 1990ականներու հերոս ֆետայի հրամանատարին, որ հայրենի հողեր բռնագրաւելու եւ հայասպանական ՈՃԻՐը շարունակելու մոլուցքով տարուած ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՈՍՈԽԻՆ դէմ մինչեւ այսօր կը հնչեցնէ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳը՝
«ԵԹԷ ԿՈՐՑՆԵՆՔ ԱՐՑԱԽԸ, ԿԸ ՇՐՋԵՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԷՋԸ»։
*
* *
Բարի լոյս՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐՈՒԱԾ գաղափարի ԲՈԼՈՐ մարտիկներուն, որոնց ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՏԱԿԻՆ անկորնչելի մասը կը կազմէ ՄՈՆԹԷի խօսքերուն կարմիր թելը հանդիսացող պատգամը․
«- Բոլոր հայերը կեղծ անձնագրեր են կրում՝ ֆրանսիական, ամերիկեան․ դրանք կեղծ կը լինեն այնքան ժամանակ, քանի դեռ դրանք հայկական չեն:
«- Իմ նպատակն է կռուել Արցախի յաղթանակի համար, յանուն որի կեանքս ալ անգամ չեմ խնայէ։
«- Իւրաքանչիւր ժողովրդի յաղթանակ առաջին հերթին ազգային համախմբուածութեան արդիւնք է, որ պիտի կառուցուած լինի խելամիտ հաշուարկների վրայ:
«- Իրական անկախութեան կարելի է հասնել միայն ու միայն տնտեսական անկախութեան միջոցով:
«- Ղեկավարի պարկեշտ պահուածքն ու ենթակային անձնական օրինակով ուղղորդելու կարողութիւնը մարտունակ եւ բարոյապէս ամուր զինուորի դաստիարակութեան նախապայմաններից են:
«- Մարդկային արժէքների գնահատման լաւագոյն տարբերակը ինքնայարգանքն է:
«- Շատ նորմալ բան է, որ հայը գայ ու իր հայրենիքը պաշտպանէ, իրաւունքն է բոլորին ու նաեւ պարտականութիւնը: Զարմանալին այն է, որ աւելի շատ հայեր չեն եկած:
«- Զինուորը զինուոր է, երբ ունի պետական մտածողութիւն:
«- Եթէ Սփիւռքում իրավիճակը պահպանուի այնպիսին, ինչպիսին եղել է, մենք երբեք յաղթանակ չենք տօնի: Եթէ մենք շարունակենք վատնել մեր ռեսուրսներն ու եռանդը՝ մեր պատմական հայրենիքի վրայ զինեալ ներկայութիւն ապահովելու փոխարէն, մենք բնաւ յաղթանակի չենք հասնի:
«- Ես երդում տուած եմ եւ կը պատկանեմ մէկ մարդու, այդ մարդը հայրենիքի ազատութեան զինուորն է։
«- Ադրբեջանի կառավարութիւնը հաստատ որոշել է հայերին վտարել, հետեւաբար՝ դիմադրելուց բացի այլընտրանք չկայ: Մենք իրաւունք չունենք այս անգամ էլ պարտուելու: Մենք պէտք է յաղթենք:
«- Զինեալը երբեք չպէտք է բաւարարուի նրանով, ինչ արդէն գիտէ: Աւելի՛ն, զինեալը պէտք է մանրամասն ուսումնասիրի իւրաքանչիւր իրավիճակ եւ խուսափի ընդհանրացումներին վստահելուց:
«- Դժուար էր մեր ուղին, բայց նպատակը վեհ էր, իսկ դէպի վեհ նպատակ տանող ուղին յաղթանակ է»:
*
* *
Բարի լոյս՝ Հայաստանի եւ Հայութեան այսօրուան պարտութիւնը Մոնթէի ՊՐԻՍՄԱԿՈՎ դիտող Հայ Քաղաքական Մտքի ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք վստահաբար պիտի կանգ առնեն եւ խորհրդածեն Աւոյի պատգամին որոշակի շեշտադրումներուն վրայ՝ իրենց կարգին ընդհանրացումներ կատարելով եւ այսօրուան մեր ՕՐԱԿԱՐԳը կեանքի դաժան իրականութեանց համահունչ դարձնելով։
Բարի լոյս՝ Արցախեան պատերազմը իր ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ հասցնելու ՈՒՂԻԻՆ հաւատարմագրուած բոլոր ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք կորուստներու եւ պարտութեան այս ԱՀԱՒՈՐ ՃՆՇՈՒՄԻՆ տակ՝ Ազգի ու Պետութեան արիւնաքամ վիճակը ամոքելու, այլեւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺի մեր վերջին ԿՌՈՒԱՆՆԵՐը ի մի բերելու եւ ԶՕՐԱՇԱՐԺի լծուելու ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ կը գործեն՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻՆ դիմագրաւելու այս ՕՐՀԱՍը յաղթահարելու ՄԻԱԿ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՈՎ։
Բարի լոյս՝ Հայաստանի պարտադրուած նոր սահմանագիծերուն վրայ ԱՐԹՈՒՆ ՀՍԿԵԼՈՒ, թշնամիի նոր ոտնձգութեանց դիմագրաւման ԿՌԻՒԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ եւ քաղաքական պայմաններու ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ի խնդիր բոլոր ուժերով ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ համազգային ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ։
Բարի լոյս՝ ԹՈՒՐՔԵՒԱՏՐՊԷՅՃԱՆԵԱՆ ՉԱՐԻՔին դէմ մեր ժողովուրդի ՍԵՓԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ մէջ փրկութեան ԵՐԱՇԽԻՔը տեսնող ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՔԱԳԾԻՆ, որուն նշանաբանը կը հանդիսանայ Մոնթէի անմոռանալի պատգամը՝ «ՎԱՏ ՀԱՅԵՐ ՄԻ ՓՆՏՌԷՔ՝ ՀԻԱՑԷ՛Ք ԼԱՒԵՐՈՎ»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ