Սուլթան Համիտ 26 Երկիրներու Մէջ Հողային Կալուածներ Ունի Կը Յայտնէ Թրքական Կայքէջը

11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
turkiyehabermerkezi.com կը գրէ. «Թուրքիոյ Հողային կալուածներու արձանագրութեան եւ կալուածագրերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մօտ կը գտնուին 26 երկիրներու հողային կալուածագիրներ, որոնք մնացած են Հարաւային Եւրոպայի, Արեւմտեան Ասիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի երբեմնի տիրակալ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն։

«Թուրքիոյ Հողային կալուածներու արձանագրութեան եւ կալուածագրերու ընդհանուր տնօրէնութեան արխիւներու պատասխանատու Զէյնել Ապիտին Թիւրքօղլու «Ենի Շաֆաթ» օրաթերթին յայտնեց. «Նախապէս Օսմանեան կայսրութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող վայրերու արձանագրութիւնները այժմ Թուրքիոյ մօտ կը գտնուին»։

«Արդէն իսկ հողային կալուածներու փաստաթուղթեր տրամադրած ենք Մակեդոնիոյ, որպէսզի կարենայ Յունաստանի հետ իր խնդիրները լուծել։ Փաստաթուղթեր տրամադրեցինք նաեւ Լիպիոյ, որպէսզի լուծէ Թունուզի հետ իր հարցերը։ Վերջերս փաստաթուղթեր յանձնեցինք կիպրացի պաշտօնատարներու։ Նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Սերպիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Պոսնիոյ, Քոսովոյի եւ պալքանեան շրջանի բոլոր երկիրներու կալուածային արձանագրութիւնները ունինք», ըսաւ Թիւքօղլու։

ՍՈՒԼԹԱՆ ՀԱՄԻՏ Բ.-Ը ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԿԱԼՈՒԱԾԱՏԷՐԸ

«Թուրքիոյ Հողային կալուածներու արձանագրութեան եւ կալուածագրերու ընդհանուր տնօրէնութեան կատարած դասաւորումն ու հետազօտութիւնը ի յայտ բերած է, նշանակալից փաստ մը. Օսմանեան կայսրութեան 34-րդ սուլթան եւ Իսլամութեան 113-րդ Խալիֆա Ապտիւլ Համիտ Բ.-ը սեփականատէրն է 5619 կալուածներու՝ 146 Երուսաղէմի մէջ, 58 Ալմուսի մէջ եւ բազմաթիւ կալուածներ Հալէպի եւ Պոլսոյ մէջ։

«Միայն Միջին Արեւելքի մէջ, Ապտիւլ Համիտ ունէր 850 կալուածներ, որոնցմէ ոչ մէկը պետութեան կը պատկանէր, այլ իր անձնական սեփականութիւնն էր», ըսաւ Թիւրքօղլու։

«Թուրք պաշտօնատարներուն յայտնաբերումը նշանակալից է. կրնայ ճամբայ հարթել կալուածներ իրենց իսկական սեփականատէրերուն վերադարձնելու բազմաթիւ դատական հոլովոյթներու։ Ամէնէն շատ շահագրգռուածներէն են Սուլթան Ապտիւլ Համիտի թոռներն ու ժառանգները, որոնք առիթը ունին Մարդկային իրաւանց դատարան դիմելու եւ այդ կալուածները պահանջելու», նշեց Թիւրքօղլու։

«Կալուածներու արձանագրերու արձանագրութեան աշխատանքը գրեթէ ամբողջացած է։ «Արձանագրերու ուսումնասիրման գրեթէ 97 առ հարիւրը ամբողջացած է։ Քննութեան միայն 3 առ հարիւրը կը մնայ՝ ահաբեկչութեան առնչուած կարգ մը շրջաններու մէջ բախումներուն պատճառով», ըսաւ Թիւրքօղլու։

«Կը փորձենք ամբողջ դասաւորմէն մնացած 3 առ հարիւրին շուրջ եզրակացութիւններու հասնիլ», ըսաւ ան «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին։

«Տարիներու վրայ երկարած դասաւորումը աշխարհի բոլոր կողմերէն հետազօտողներու ուշադրութիւնը գրաւած է։

«Բազմաթիւ իտալացի, բրիտանացի եւ ամերիկացի հետազօտողներ կու գան պատմական հետազօտութիւն կատարելու, սակայն արձանագրութիւնները հետազօտելու համար Թուրքիա եկող հետազօտողներուն մեծամասնութիւնը ճամփոնցի են», ըսաւ Թիւրքօղլու»։

«Այս մարդիկը առիթը ունին քննելու մինչեւ 21 մարտ 1847 երկարող ժամանակաշրջանի փաստաթուղթերը», աւելցուց Թիւրքօղլու։

«Ամէնէն կարելւոր կալուածագրերէն մէկը Այա Սոֆիայինն է։ Բայցեւայնպէս, մեր արխիւը կը պարունակէ կալուածագրերը բազմաթիւ մզկիթներու, ինչպէս Ֆաթիհ մզկիթին եւ Զէյրեք մզկիթին», ըսաւ Թիւրքօղլու։

ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ԸՆԹԱՑՔ ԱՌԱԾ Է ԹԻՒՐԿԻՒԹ ՕԶԱԼԻ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՈՎ

Թիւրքօղլու շեշտեց, որ արխիւին վրայ աշխատանքը սկսաւ ցուցմունքովը Թիւրկիւթ Օզալի, ով Թուրքիոյ 19-րդ վարչապետն էր, երբ 1984-ին նախաձեռնեց հետազօտման հոլովոյթին։

«1984-ին, Թիւրկիւթ Օզալ (նաեւ Թուրքիոյ 8-րդ նախագահը) ցուցմունք տուաւ եւ արխիւները բանալով ընթացք տուաւ դասաւորման աշխատանքին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 2004։ Ապա անդրադարձանք, որ կարգ մը փաստաթուղթեր սկսած են փճանալ, ուստի սկսանք զանոնք վերանորոգել եւ 2010-ին սկսանք թուայնացած արխիւ մը կազմել», ըսաւ Թիւրքօղլու։

http://horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail