ՍԼԱՔՆԵՐ. «Նորեր»ը՝ «Հիներ»ուն Հետքերով… Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

God above, down Armenian Army - The Lions of the Mountain - The Republic Artsakh defense army

ՍԼԱՔՆԵՐ. «Նորեր»ը՝ «Հիներ»ուն Հետքերով… Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

05 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Writers-Sarkis-Mahseredjian-1Փետրուարը Հայաստանի մէջ բացուեցաւ քանի մը մտահոգիչ տեղեկութիւններով, որոնցմէ քաղեցինք հետեւեալ մէկ քանին` մանր մեկնաբանութիւններով.

Ա. Հարցաքննութեան կանչուած է պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի մէկ խորհրդականը՝ Դաւիթ Գալստեան (ինչո՞ւ չէ ձերբակալուած, մի՛ հարցնէք): Զէնքի վաճառական է. մեղադրուած է աւելի քան 500 միլիոն տոլար իւրացուցած ըլլալու եւ խարդախութիւն ընելու յանցանքներով: Կ՚ըսուի, թէ մօտաւորապէս երկու տարի առաջ, բանակին համար զէնք ու զինական կազմածներ գնած-բերած է Հայաստան, սակայն ի յայտ եկած է, որ մթերքը անորակ էր, չէր համապատասխաներ գնման պայմանագիրին (շշուկներ կան, որ մթերքէն մաս մըն ալ Հայաստան չէ հասած, ծախուած է այլ երկրի մը…): Այս զէնքերուն գնման առիթով, վարչապետ Փաշինեան օրին հպարտութեամբ յայտարարած էր, որ բանակին բոլոր կարիքները բաւարարուած են: «Ամենագէտ ու ամենազօր դուխով մարդը» ի՞նչ յանցանք ունի, երբ մօրուքին տակէն նման ջուրեր կը հոսին: Որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, որ 44 օրուան պատերազմը ի յայտ պիտի բերէր, թէ «նորերու» օրով ալ չարաշահութեան մասին զրոյցները ճիշդ են եղեր: Վաղը նման գայթակղութիւն կրնայ արդարացուիլ վարչապետին կամ այլ իշխանաւորի մը կողմէ, «հիներ»ուն հաշւոյն. «Առռա՜, հնե՛րն էլ էին գողանում»…

Բ. Պատերազմի օրերուն, իշխանութեան սուտերուն ցաւալիօրէն թարգմանը հանդիսացած Արծրուն Յովհաննիսեան եւս միացած է չքմեղանքներու արշաւին եւ կը հետեւի բառախաղերով մարդիկ զուարճացնող վարչապետին «քաղաքականութեան»: Մինչ վարչապետը կը փորձէ հանրութիւնը համոզել, որ Շուշիի «ազերիապատկան» ըլլալուն մասին իր արտայայտութիւնը սխալ ընկալուած է, որովհետեւ ինք քաղաքին ծագումին մասին չէր խօսեր, այլ՝ (ազերիներու իշխանութեան օրօք) կարգավիճակին մասին, Արծրուն Յովհաննիսեան հանդէս կու գայ տարբերակով մը: Ան կ՚ըսէ, թէ իր «յաղթելու ենք» հաւաստիքը… ցանկութիւն էր, կը բխէր իր հաւատքէն, թէ՝ պատերազմի օրերուն, պաշտօնական աղբիւրներէ իրեն հաղորդուած տեղեկութիւնները երբեմն ներհակ էին, սակայն ինք չէր ստեր (իսկ թէ նման պաշտօն ու հանգամանք ունեցող բանբեր մը որքա՞ն իրաւունք ունի իր «ցանկութիւններով» ամբողջ հայութիւնը խաբելու` իրեն հարցուցէք: «Հաւատքդ քեզ փրկեց» խօսքն ալ ջուրը կ՛իյնայ): Պատկերը միայն սեւ չէ: Արծրունին միակ ճիշդ թուացող արտայայտութիւնը այն է:

asbarez.com/arm/384190/սլաքներ-նորերը՝-հիներուն-հետքեր/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail