12 Յունուար 1951. Ուժի մէջ մտաւ Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման եւ Պատժումի ՄԱԿ-ի Ուխտագիրը

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.

Յու­նո­ւար 12-ի այս օ­րը, 65 տա­րի ա­ռաջ, գոր­ծադ­րու­թեանու­ժի մէջ մտաւ 1948 թո­ւա­կա­նի Դեկ­տեմ­բեր 9-ին ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Կան­խար­գիլ­ման եւ Պատ­ժու­մի Ուխ­տա­գի­րը։

Ծա­նօթ է, որ ՄԱԿ-ի Ուխ­տագ­րի մշակ­ման ու որ­դեգր­մանմէջ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ հրէա­կանծա­գու­մով լեհ ի­րա­ւա­գէտ Ռա­ֆա­յէլ Լեմ­քին, որ ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, 1921-ին, մաս կազ­մած էր Սո­ղո­մոն Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թեան մաս­նա­կիցդա­տա­պաշտ­պան­նե­րու խում­բին։ Լեմ­քին նաեւ յղա­ցո­ղը ե­ղաւ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռեզ­րին ու յղաց­քին՝ մեկ­նա­կէտ ու­նե­նա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։

Թեհ­լի­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թե­նէն ետք եր­կար տա­րի­ներ, Լեմ­քին հե­տա­մուտ ե­ղաւ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» յան­ցա­գոր­ծու­թեան գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­մին՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեանց կա­խար­գի­լումն ու գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու պատ­ժու­մը։

Լեմ­քի­նի մղած պայ­քա­րը նոր հանգ­րո­ւան թե­ւա­կո­խեց Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տին,երբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­ցիա­կան Գեր­մա­նիոյ պա­տե­րազ­մա­կան յան­ցա­գործ­նե­րուն Նիւ­րեմ­պեր­կեան դա­տա­վա­րու­թիւ­նը (1945-1946), ո­րուն Լեմ­քին մաս­նակ­ցե­ցաւ իբ­րեւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող մե­ղադ­րո­ղին խորհր­դա­կա­նը։ Այդ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը, որքննու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձուց Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին նա­ցիա­կան եւ ֆա­շա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հրեա­նե­րու, սլա­ւոն­նե­րու, գնչու­նե­րու եւ ազ­գա­յին այլ խմբա­ւո­րում­նե­րու դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան բազ­մա­թիւ պա­րա­գա­նե­րը, ազ­դան­շա­նը տո­ւաւմի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գիլ­ման ու պատ­ժու­մին մա­սինՈւխ­տագ­րի մը որ­դեգր­ման քայ­լի ա­րա­գա­ցու­մին։

Թէեւ Նիւ­րեն­պեր­կեան դա­տա­վա­րու­թեան սե­ւագ­րա­յին ար­ձա­նագ­րու­թեանց մէջ օգ­տա­գոր­ծո­ւած էր Լեմ­քի­նի յղա­ցած «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րը, բայց դա­տավճ­ռի վերջ­նա­կան տար­բե­րա­կին ա­նի­կա փո­խա­րի­նո­ւած էր «մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ» ձե­ւա­կեր­պու­մով։

Այ­դու­հան­դերձ՝ Նիւ­րեն­պեր­կի դա­տա­վա­րու­թեան թարմ տպա­ւո­րու­թեան տակ ըն­դու­նո­ւածՈւխ­տա­գի­րը օգ­տա­գոր­ծեց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը եւ զայն բնո­րո­շեց այդ յան­ցա­գոր­ծու­թեանէու­թե­նէն ու նպա­տակ­նե­րէն մեկ­նե­լով, այլ ոչ թէ ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու չա­փե­րուն կամ զո­հե­րու թի­ւին վրայ հիմ­նո­ւե­լով։

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ՄԱԿ-ի Ուխ­տա­գի­րը որ­դեգրո­ւե­ցաւ 1948-ին, պէտք ե­ղաւ սպա­սել եր­կու տա­րի, որ­պէս­զի ան­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րը վա­ւե­րաց­նեն զայն եւ միա­նան Ուխ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թիւ­նը պա­հան­ջող­նե­րու շար­քին։ Այդ­պէ՛ս, 12 Յու­նո­ւար 1951-ին, երբ ու­ժի մէջմտաւ Ուխ­տա­գի­րը, ա­նոր միա­ցած եր­կիր­նե­րու թի­ւը 144-ի հա­սած էր։

Ուխ­տագ­րի ա­ռա­ջին յօ­դո­ւա­ծը կը նշէ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը յան­ցա­գոր­ծու­թիւն է՝ ան­կախայն ի­րո­ղու­թե­նէն, որ ա­նի­կա կը կա­տա­րո­ւի խա­ղա­ղու­թեա՞ն, թէ՞ պար­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ։ Նոյն յօ­դո­ւա­ծը նաեւ կը նշէ, որ ստո­րագ­րող կող­մե­րը կը պար­տա­ւո­րո­ւին կան­խար­գի­լե­լու եւ պատ­ժե­լու յան­ցա­գործ­նե­րը։

Ուխ­տագ­րի երկ­րորդ յօ­դո­ւա­ծը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը հա­մա­րէ այն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնքկը կա­տա­րուին՝ ո­րե­ւէ ազ­գա­յին, ցե­ղա­յին կամ կրօ­նա­կան խմբա­ւոր­ման լիա­կա­տար կամ մաս­նա­կի ոչն­չաց­ման մտադ­րու­թեամբ։

Իսկ յա­ջորդ հինգ կէ­տե­րով կը թո­ւար­կո­ւին այն գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րըկը հա­մա­րո­ւի ցե­ղաս­պա­նա­կան քայլ.-

ա.) խմբա­ւոր­ման ան­դամ­նե­րու սպա­նու­թիւ­նը,

բ.) անոնց մարմ­նա­կան լուրջ վնա­սո­ւածք կամ մտա­ւոր խան­գա­րում պատ­ճաոե­լը,

գ.) խմբա­ւոր­ման հա­մար ստեղ­ծու­մը այն­պի­սի կեն­սա­պայ­ման­նե­րու, ո­րոնց նպա­տակն է տո­ւեալհա­ւա­քա­կա­նու­թեան լիա­կա­տար կամ մաս­նա­կի ֆի­զի­քա­կան ոչն­չա­ցու­մը,

դ.) խմբա­ւոր­ման ներ­սը ծննդա­բե­րու­թեան կանխ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը,

ե.) ե­րե­խա­նե­րու յանձ­նու­մը մարդ­կա­յին մէկ խմբա­ւո­րու­մէ միւ­սին։

Ինչ­պէս որ հայ­րե­նի պատ­մա­բան եւ ի­րա­ւա­գէտ Յ. Յա­կո­բեան դի­տել կու տայ՝

«Օս­մա­նեան Կայս­րու­թիւ­նում 1915-23 թթ. հա­յե­րի ցե­ղաս­պա­նութ­յան ժա­մա­նակ տե­ղի են ու­նե­ցել բո­լոր հինգ կէ­տե­րում նշո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, իսկ Ադրբե­ջա­նի հայ բնակ­չու­թեաննկատ­մամբ կա­տարուա­ծը, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ 1988 թ. Փետր­ուա­րին Սում­գա­յի­թում եւ 1990թ. Յուն­ուա­րին՝ Բաք­ւում, լիո­վին հա­մա­պա­տաս­խա­նում է Կոն­վեն­ցիա­յի (Ուխ­տա­գիր) 2րդ յօ­դո­ւա­ծի ա­ռա­ջին ե­րեք կէ­տե­րում նշո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րին:

«­Կոն­վեն­ցիա­յի հա­մա­ձայն, ցե­ղաս­պա­նու­թեան կամ նրա գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րից ո­րե­ւէ մէ­կի մե­ղա­ւոր­նե­րը պէտք է պատ­ժո­ւեն ան­կախ այն բա­նից, թէ ար­դեօ՞ք նրանք սահ­մա­նադ­րա­կան կար­գով ընտ­րո­ւած կա­ռա­վա­րող­ներ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ են, թէ՞ մաս­նա­վոր ան­ձինք, ան­կախ այն բա­նից, թէ ար­դեօ՞ք նրանք մաս­նակ­ցել են ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րին ան­ձամբ, ե­ղել են յան­ցա­գոր­ծու­թեան մեղ­սա­կից, մաս­նակ­ցել են ցե­ղաս­պա­նու­թեան նպա­տակ­նե­րով կազ­մա­կեր­պո­ւած դա­ւադ­րու­թեան, ցե­ղաս­պա­նու­թեան հրահր­ման կամ ցե­ղաս­պա­նու­թիւնկա­տա­րե­լու փոր­ձի (3րդ­ եւ 4րդ յօ­դո­ւած­ներ):

«­Կոն­վեն­ցիան չի ըն­դու­նում ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար պատ­ժի դէպ­քում ի­րա­ւա­բա­նա­կանվա­ղե­մու­թիւն, պա­տի­ժը կա­րող են կա­յաց­նել ինչ­պէս ազ­գա­յին, այն­պէս էլ այդ նպա­տա­կով յատ­կա­պէս ստեղ­ծո­ւած մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րը: Այդ պատ­ճա­ռով Կոն­վեն­ցիա­յի մաս­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րը պար­տա­ւոր­ւում են ըն­դու­նել անհ­րա­ժեշտ օ­րէնսդ­րա­կան ակ­տեր (քայ­լեր) նրադրոյթ­նե­րի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, մաս­նա­ւո­րա­պէս ի­րենց քրէա­կան օ­րէնսդ­րու­թիւն­նե­րումնա­խա­տե­սե­լով ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծո­ղու­թեան հա­մար պատ­ժա­մի­ջոց­ներ (5րդ­ եւ 6րդ յօ­դո­ւած­ներ):

«8րդ յօ­դո­ւա­ծի հա­մա­ձայն՝ Կոն­վեն­ցիա­յի իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­կից կա­րող է դի­մել ՄԱԿ-ի հա­մա­պա­տաս­խան մարմ­նին, ՄԱԿ-ի դրոյթ­նե­րին հա­մա­պա­տաս­խան, պա­հան­ջե­լով ձեռք առ­նել,նրա կար­ծի­քով, բո­լոր անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու եւ կա­սեց­նե­լու հա­մար»:

Ար­դէն 65 տա­րի ան­ցած է ՄԱԿ-ի Ուխ­տագ­րին ու­ժի մէջ դրո­ւե­լէ աս­դին։ Սա­կայն բա­ցի Հ­րէա­կան Ող­ջա­կիզ­ման դա­տա­պարտ­ման հար­ցով Գեր­մա­նիոյ եւ Իս­րա­յէ­լի մի­ջեւ կնքո­ւած միջ-պե­տա­կան հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րէն, քա­ղա­քա­կիրթ մարդ­կու­թիւ­նը տա­կա­ւին շատ հե­ռու է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման եւ պատ­ժու­մի մա­սին ՄԱԿ-ի Ուխ­տա­գի­րը ի­րա­պէ՛ս գոր­ծադ­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւո­ղա­կան ու­րա­ցու­մը թրքա­կան պե­տու­թեան եւ ա­նոր ա­ջա­կից պե­տու­թեանց կող­մէ՝ ա­մօ­թա­լի ա­պա­ցոյցն է մի­ջազ­գա­յին այդ երկ­դի­մի վար­քա­գի­ծի­ն։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail