Անդրադարձ. Փետրուարեան Ապստամբութեան Օրկանը՝ «Ազատ Հայաստան» – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Անդրադարձ. Փետրուարեան Ապստամբութեան Օրկանը՝ «Ազատ Հայաստան» – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

18 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի հանրապետութիւնը 2 դեկտեմբեր 1920-ի համաձայնագիրով Հայաստանը խաղաղ պայմաններով, պէտք էր դառնար խորհրդային, սակայն առաջին իսկ օրերէն սկսան դաժան սպանութիւններ, բանտարկութիւններ, աքսոր, թալան ու բռնարարքներ: Երկուքուկէս ամիս տեւած այս բռնարարքներուն դէմ ժողովուրդը ՀՅԴ-ի ղեկավարութեամբ 18 փետրուար 1921-ին ապստամբեցաւ ու տապալեց այս դաժան ու դաւադիր իշխանութիւնը:

Հարիւր տարի առաջ այս օրը, «Փետրուարեան ապստամբութեան» յաջորդող օրն իսկ, շաբաթ 19 փետրուար 1921-ին լոյս կը տեսնէ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի՝ Հայաստանի Հանրապետական Կառավարութեան օրկան «Ազատ Հայաստան» օրաթերթի առաջին թիւը (1), կը հրատարակուի 36 օր: Առաջին էջի խոշոր տառերով վերնագիրն է. «Պոլշեւիկեան իշխանութիւնը տապալուած – Ստեղծուած է Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ – Բանտարկեալ ընկերները ազատուած – Կեցցէ՛ Ազատ Անկախ Հայաստանը»:

1. Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի՝ Հայաստանի Հանրապետական Կառավարութեան օրկան «Ազատ Հայաստան» օրաթերթի առաջին թիւը՝ 19 փետրուար 1921:

Առաջին էջին վրայ նաեւ մեծ տառերով կը կարդանք կամաւորական երրորդ գունդի հրամանատար՝ Համազասպի (Սրուանձտեանց) դաժան սպանութեան գոյժը: Ան 18 փետրուար 1921-ին բանտին մէջ դաժանաբար կացինահար եղած էր, պոլշեւիկներու ձեռքով, 21 այլ զօրավարներու, կամաւորներու, պետական եւ ազգային գործիչներու հետ: Շնորհիւ այս ապստամբութեան՝ բոլոր քաղաքական բանտարկեալները ազատ արձակուեցան:

Թերթը շուրջ մէկ ու կէս էջէ բաղկացած է, որ կը բովանդակէ նաեւ.

Ա. Խմբագրական՝ «Բոլշեւիկեան իշխանութիւնը տապալուած» խորագիրով:

Բ. «ԱԶԴ» խորագիրով՝ կը հրահանգուի ժողովուրդին վերադառնալ իրենց բնականոն աշխատանքներուն:

Գ. «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի հրամաններէն» խորագիրով 9 հրամաններ:

Դ. «Հաղորդակցութեան նախարարութենէն» խորագիրով յայտարարութիւն, ուր նորանշանակ նախարարը կը յայտարարէ, որ հեռագիրը, հեռախօսը, կառատունը (բոլոր ինքնաշարժներով եւ ծառայութիւններով*) զինուորական դրութեան ենթարկուած են, եւ այլ հրահանգներ ու տեղեկութիւններ:

Ե. «Վառելանիւթի յանձնաժողովը լուծուած» խորագիրով հրամանը, ուր կը յայտարարուի պոլշեւիկներուն կազմած վառելանիւթի արտակարգ յանձնաժողովին լուծարումը եւ կը պահանջէ անոնցմէ հաշուետուութիւն եւ չեղեալ կը յայտարարէ անոնց պարտադրած սակագիները եւ դէպի Երեւան վառելանիւթ փոխադրելու արգելքը:

2. Համազասպի կամաւորական երրորդ գունդին զօրահանդէսը Էջմիածին, հարաւային դարպաս, 1914: 3. Համազասպի սպանութեան գոյժը:

Խմբագրականէն կը մէջբերեմ հետեւեալ հատուածը.

«Բայց այս շարժումը, ժողովրդական այս բուռն, տարերային պոռթկումը ուղղուած չէ Ռուսիոյ եւ ոչ ալ զայն ղեկավարող կուսակցութեան դէմ: Մենք եղած ենք բարեկամը եւ սիրողը ռուս մեծ ժողովուրդին, եւ այսուհետեւ ալ կը շարունակենք մնալ նոյնը, պայմանաւ մի՛այն, որ հիւսիսի մեր մեծ դրացին փոխադարձաբար յարգէ մեր ժողովուրդը եւ անոր արեամբ վաստակած անկախութիւնը:

«Այդպէս չըրին սակայն՝ մեր երկիրը բռնի կերպով ներս խուժած հայ պոլշեւիկները: Անոնք հանդիսաւոր կերպով մեզի խոստացած էին խաղաղ կերպով կառավարել երկիրը եւ ժողովուրդը, ձեռք չտալ ոեւէ մէկուն, նոյնիսկ՝ դաշնակցականներուն, որոնք առանց ընդդիմութեան հրապարակէն քաշուեցան: Սակայն փոխանակ իրենց խոստումը կատարելու, կանոնաւոր ալան թալանի ենթարկեցին մեր դժբախտ երկիրը, մեր ցորենը, ալիւրը, որբերուն համար պահուած կաթերն իսկ փոխադրեցին դէպի ազրպէյճան եւ Ռուսիա, անոնք բանտերը բերնէ բերան լեցուցին, շատերուն սովամահ ըրին, շատերուն գնդակահարեցին, շատ շատերուն աքսորեցին եւ ճանապարհին սպանեցին եւ այս բոլորը յանուն ընկերային յեղափոխութեան….»:

Տակաւին շատ դասեր պէտք է քաղենք մեր Առաջին Հանրապետութեան պատմութենէն, որուն իւրաքանչիւր օրը՝ անկախութեան ճակատամարտերէն մինչեւ պոլշեւիկեան դաւադրութիւն, եւ փետրուարեան ապստամբութիւն՝     օրինակ պէտք է ծառայեն մեզի, այժմու կացութենէն դուրս գալու համար:

18 փետրուար 2021

haroutchekijian.wordpress.com

 

(1)   Հայաստանի Հանրապետական Կառավարութեան օրկան «Ազատ Հայաստան», Ա տարի, թիւ 1, 19 փետրուար 1921, Երեւան:

www.aztagdaily.com/archives/499656

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail