Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Զբօսայգիին

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Զբօսայգիին

Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Թաթուլ Կրպէեանի Անուան Զբօսայգիին
02 սեպտեմբեր 2015
2 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի անուան զբօսայգիին: Երեւանի համայնքային 2014-ի ծրագիրներու ծիրին մէջ նոր զբօսայգին կառուցուած է Նոր Նորք վարչական շրջանի Գայի պողոտայի եւ Լվովեան փողոցի հատման տարածքին կից:

Զբօսայգիի հանդիսաւոր բացման մասնակցած են պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Կրպէեանի ընտանիքի անդամները, ընկերներն ու հարազատները:

«Կարծեմ` կը յիշէք, թէ ոմանք ինչպէ՛ս կը փորձէին ներկայացնել ընթացող աշխատանքները, երբ նոր սկսած էինք գործի: Ընդհուպ տեղեկութիւններ տարածեցին, թէ այստեղ ծառահատումներ եւ ծառապատ տարածքներ կ՛ոչնչանան: Ժամանակը ապացուցեց, որ մեր նպատակը շուրջ 20 տարի անխնամ, անբարեկարգ մնացած տարածքը կարգի բերելն ու արդէն իբրեւ գեղեցիկ հանգիստի գօտի մեր բնակիչներուն յանձնելն էր: Ի դէպ, կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ այգիի

ստեղծման գաղափարի հիմքը նախաձեռնութիւնն էր մեր երիտասարդներուն, Ճարտարապետաշինարարական համալսարանի ուսանողներուն, որոնք նախագիծի տեսքով ներկայացուցին, եւ ահա հրաշալի այդ նախագիծը այսօր իրականութիւն է: Ի դէպ, այս այգին Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ կառուցուած այգիէն ետք նման ձեւով եւ տարողութեամբ երկրորդ հանգիստի գօտին է մեր քաղաքին մէջ, եւ մենք պիտի փորձենք ընել կարելին, որ նմանատիպ շատ գօտիներ ունենանք մեր բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ», այս առիթով ըսած է Երեւանի քաղաքապետը:

Ծրագիրի ծիրին մէջ այգիին մէջ կառուցուած են պազալթէ աստիճաններ, սալիկապատուած են ճեմուղիները, նորերով փոխարինուած են եզրաքարերը, ինչպէս նաեւ կառուցուած են յենապատեր, որոնք երեսապատուած են տարբեր տեսակի սալերով: Այգիին ամբողջ տարածքը ապահովուած է զրուցարաններով, նստարաններով եւ աղբամաններով, ցայտաղբիւրներով: Ժամանցի համար այգիին մէջ կառուցուած են թենիսի հարթակ, ինչպէս նաեւ մանկական խաղահրապարակներ:

Տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններու կայացման համար այգիին մէջ կառուցուած է նաեւ ամփիթատրոն: Ճարտարապետական հետաքրքրական ոճով այգիին մէջ կայ կանաչ լաբիւրինթոս: Կառուցուած է 44 փոքր շատրուաններով համալրուած ջրաւազան: Կան ոռոգման նոր համակարգերու արտաքին լուսաւորութեան նոր ցանցեր:

Կարեւոր նկատելով այգին Թաթուլ Կրպէեանի անունով կոչելը` քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նկատել տուած է, որ զբօսայգին նաեւ առանձնայատուկ խորհուրդ ունի հայրենասէր ու հայրենանուէր սերունդ կրթելու առումով:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր կարգին ընդգծած է, որ Թաթուլ Կրպէեանի ծննդեան 50-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կարգին Երեւանի քաղաքապետին այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս կարեւոր էր ու ռազմահայրենասիրական ոգիով սերունդ կրթելու համար անհրաժեշտ:

«Օրը իսկապէս խորհրդանշական է նաեւ այն առումով, որ արցախեան ազատամարտի հերոսի անունը կրող այգիին բացումը կը կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, այն անկախութեան, որուն համար իր կեանքը զոհաբերեց նաեւ Թաթուլը: Վստահ եմ, որ այս այգին իր ուրոյն տեղը կ՛ունենայ մայրաքաղաքի կեանքին մէջ եւ համապատասխան հենք կը հանդիսանայ մեր երկրին մէջ հայրենասիրական գաղափարական եւ յատկապէս մատաղ սերունդի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան համար: Վստահ եմ` մատաղ սերունդը, այս պուրակին մէջ հանգստանալով, ուսումնասիրելով եւ ծանօթանալով այստեղ տեղադրուած յուշակոթողներուն պատմութեան` հաստատապէս պիտի փորձէ նմանիլ հայրենիքի նուիրեալ մեր անվախ հերոսներուն», նշած է Սէյրան Օհանեան:

Նախարար Սէյրան Օհանեան, Տարօն Մարգարեան եւ Թաթուլ Կրպէեանի ընտանիքի անդամները շրջագայած են նորակառոյց այգիին մէջ, գնահատած կատարուած աշխատանքը: Ծրագիրին նախաձեռնելու եւ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ զայն կեանքի կոչելու համար Թաթուլ Կրպէեանի այրին ու դուստրը իրենց գոհունակութիւնը փոխանցած են քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` նշելով, որ տարիներու իրենց երազը իրականութիւն դարձած է:
http://www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail