ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՒԱԶԱԽՐՄԱՆ ԿԸ ՏԱՆԻՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՆԱՒԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԿՈՂՄՆ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Բարի լոյս
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՒԱԶԱԽՐՄԱՆ ԿԸ ՏԱՆԻՆ
ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ ՆԱՒԸ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԿՈՂՄՆ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ
Ն․ Պէրպէրեան
17 Փետրուար 2021
Բարի լոյս՝ Հ․Յ․Դաշնակցութեան ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ գաղափարախօսութեան, ԱՆՁՆՈՒԷՐ կարգապահութեան եւ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ աւանդներուն մէջ իրենց ազգային ինքնութիւնն ու քաղաքական վարքագիծը ամրագրած բոլոր ԵՐԴՈՒԵԱԼ դաշնակցականներուն, որոնք այս օրերուն սահմռկած կը հետեւին «Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ» անունով հրապարակ իջած եւ Հայաստանի ու Հայութեան ԵՐԹը խափանող ու խանգարող անպատասխանատու «ղեկավարներու» յառաջ մղած Դաշնակցութեան կազմակերպական նաւը աւազախրման դատապարտելու անոպայ ոտնձգութիւններուն։
Երբ երկու տարի առաջ՝ որոշապէս Յունուար 2019ի Ընդհանուր Ժողովի օրերուն ահազանգ կը հնչեցնէինք, որ նորելուկ եւ բախտախնդիր կուսակցականներ – Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ մերժուած եւ լուսանցք քշուած – լծուած էին Հ․Յ․Դ․ կազմակերպութեան «ՂԵԿԱՎԱՐ» մարմինները առեւանգելու եւ պատանդ վերցնելու ՍԱԴՐԱՆՔԻՆ, աշխարհով մէկ ցրուած հաւատաւոր եւ ցենզաւոր մեր երէց ընկերները ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ կը փսփսային իրենց խօսքին ու պատգամին նկատմամբ խոր յարգանք տածող դաշնակցականներուս, որ համացանցը տեղը չէ «մեր աղտոտ լաթերը լուալու»․․․
Բարի լոյս՝ իրենց յիշողութիւնը տակաւին առոյգ պահող դաշնակցական բոլոր ընկերներուն, որոնք դժուարութիւն պիտի չունենան յիշելու, թէ ինչպէ՜ս Հ․Յ․Դ․ աւանդներուն վրայ ամօթանքի մուր քսելով՝ այդ 2019ի տարեմուտին, ատենի շրջանաւարտ Բիւրոյի ներկայացուցիչը Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական բացման հրապարակային հանդիսութեան ընթացքին եւ Հ․Յ․Դ․ բարձրագոյն ամպիոնէն իր վերջին հակակարգապահական յանցագործութիւնը կատարեց, երբ ժպրհեցաւ յոխորտալու, թէ որոշած է ոչ միայն անձնապէս չվերընտրուիլ Բիւրօ – կարծէք թէ սեփականատիրութեան կալուածաթուղթը ունէր Բիւրոյի ներկայացուցիչի աթոռին -, այլեւ «տուն ղրկելու» հայ ժողովուրդին կողմէ ամիս մը առաջ ընտրուած Հայաստանի վարչապետը՝ դեռ չգումարուած Ընդհանուր Ժողովը եւ դեռ չընտրուած Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նոր կազմը իր մականին տակ ունեցողի․․․ փողոցային ամբարտաւանութեամբ։
Եւ չմոռնանք, որ յիշեալ Ընդհանուր Ժողովը ոչ միայն կարգապահական պատասխանատուութեան չկանչեց կուսակցական աղտոտ լաթերը հրապարակաւ լուալու ելած կարգազանցը, այլեւ նորընտիր իր Բիւրոյի ներկայացուցիչով փութաց ձայնակցելու Դաշնակցութիւնը վարկազրկելու վերջին քսանամեակի նոյն աւազախրիչ վարքագիծին։
Եւ ահա նոյն զառիթափով աւազախրման կը մատնուի մեր կուսակցութիւնը՝ կազմակերպական տարբեր շրջաններու մէջ, մանաւանդ հոն՝ ուր Հ․Յ․Դ․ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ արթուն հսկող պահակները կը պահեն ԲԵՐԴը։
Բարի լոյս՝ մեր ժողովուրդի դատաստանին ներկայանալու եւ երէկի ու ներկայի մեր սխալներուն համար պատասխան տալու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ յանձնառութեան յառաջամարտիկներուն, որոնք 130ամեայ մեր կուսակցութեան անկորնչելի աւանդներէն ներշնչուած՝ պատրաստակամ են ու ի վիճակի յառաջ մղելու ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ սուրբ գործը։
Եւ ԱՀԱԶԱՆԳը պիտի չդադրի հնչելէ՝ այնքան ատեն, որ կը շարունակուի Դաշնակցութեան Նաւը աւազախրման մատնելու անթոյլատրելի ՎԱՐՔԱԳԻԾը այսպէս կոչուած նորելուկ «բիւրոյականներուն», որոնք Հ․Յ․Դ․ կազմակերպական բոլոր շրջաններուն մէջ ձեռնամուխ եղած են մեր կուսակցութիւնը ներսէն քանդելու ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ խափանարարութեան։
Հ․Յ․Դ․ Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպական անառիկ շրջանը Հ․Յ․Դ․ ԲԻՒՐՕ անունի եւ պաշտօնի չարաշահումով «ծունկի բերելու» այս դաւադիրներուն ապօրինի ընթացքը ուրիշ բացատրութիւն չունի, չի կրնար ունենալ։
Ստորեւ ի մի բերուած երկու բաց նամակները համացանցի վրայ տարածուած եւ դաշնակցական ընկերներու ուղղուած անստորագիր զեկոյցներ են, որոնք կը վկայեն մեր ազգային հարստութիւնն ու միանգամայն հպարտութիւնը կազմող ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆը կազմակերպականօրէն քանդելու այդ ահագնացող դաւադրութեան մասին։
Բարի լոյս՝ տակաւին աւանդապահօրէն դաշնակցական կարգապահութեան եւ օրինապահութեան կառչած ազնիւ ընկերներուն, որոնց բարոյական հեղինակութիւնը մեծ կշիռ ունի եւ որոնց ձայնը «ղեկավարութեան» անպայման լսելի կը դառնայ․․․
Ժամանակն է, որ մեր կուսակցութեան այդ լուռ մեծամասնութիւնը ՈՂՋՄՏՈՒԹԵԱՆ իր ԿՈՉը միացնէ ահազանգին եւ արթնցնէ մոլորեալները, որպէսզի յանուն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ եւ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ սանձ դրուի Դաշնակցութեան 130ամեայ ոգորումով նուաճուած քաղաքական-կուսակցական մեր ներուժին եւ կռուաններուն սպառնացող կազմաքանդումին․․․
*
* *
Յանուն Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր նուիրեալ ընկերներուն
Ահա մէկ ու կէս ամիս է, որ Շրջանիս ընկերներուն վրայ պարտադրուած Կեդրոնական Կոմիտէի նշանակուած խմբակը կը շարունակէ իր օրինազանցութիւնները: Վերջին շաբաթներուն, մենք համբերութեամբ հետեւեցանք եղած սպառնալիքներուն, սուտերուն եւ պիտակաւորումներուն:
Համբերեցինք ի տես բեմադրուած Zoom հանդիպումներու, ուր մասնակիցներու թիւը բարձր ցոյց տալու անհեթեթ միտումով (եւ բռնատիրական կարգերու համապատասխան ոճով), ընկերներու անուններ կ՚աւելցուին հանդիպման ընթացքին, առանց այդ ընկերներու գիտակցութեան անգամ:
Նոյն բռնատիրական ոճը առկայ էր, երբ նշանակուած խմբակը դիմեց օրինաւոր Շրջանային Ժողովի մասնակիցներուն, իբր թէ «զղջումներ» ձեռք ձգելու համար, բայց հանդիպելով սկզբունքային ընկերներու խիզախութեան՝ չարաչար ձախողեցաւ։ Փաստ է, որ նման «զղջացողներ» չկան, եւ այս նիւթը վերածուած է միմիայն ներքին բամբասանքի: Պարզ է նաեւ, որ եթէ գտնուէին նման զղջում ներկայացնողներ, նշանակեալներու խումբը յայտնաբերած կ՚ըլլար այդ ընկերներուն անունները:
Համբերած ենք՝ երբ նշանակուած խմբակի վճարովի անհատներ, Ֆէյսպուքի եւ ընկերային ցանցերու վրայ, սուտերով եւ լուտանքներով, կը մատնեն իրենց անմակարդակ եւ վնասաբեր ճիգի մասին: Որոշ մարդոց մօտ այնքան խոր արմատ նետած է ատելութիւնը, որ չեն հասկնար, թէ մեր ներքին խնդիրները հանրայնացնելով՝ հսկայական հարուած կը հասցնեն մեր կուսակցութեան վարկին: Ըստ երեւոյթին, դաւաճանութիւնը այսպէ՛ս կ՚ըլլայ:
Համբերած ենք՝ երբ ուղեկից միութիւններու ֆրակցիաներու մէջ գործող ընկերներէ կը լսենք, թէ ինչպէ՞ս նշանակուած խմբակի ներկայացուցիչը (յանուն Բիւրոյի եւ յիշեցնելով ոստիկանական գործելաոճ) հաւատաքննութիւն կը կատարէ՝ ցենզաւոր եւ յարգելի ընկերներու պարտադրելով, որ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնեն նշանակուած խմբակին:
Վերջապէս համբերած ենք՝ երբ անհատ ընկերներու հեռախօսներուն կ՚ուղղարկուին սպառնալիքներ եւ հայհոյանքներ պարունակող պատգամներ, աւելի եւս փաստելով նշանակուածներու անմակարդակ եւ բռնատիրական ոճը, ինչպէս նաեւ անոնց անճրկածութիւնը:
Անկասկած որ կուսակցութիւնը զաւթել փորձողներու, Դաշնակցութեան սկզբունքները ոտնակոխողներու դատավճիռը պատմութիւնը կը տեսնէ, եւ մենք ինքներս վստահ կ՚ըլլանք, որ մեր Շրջանը տակնուվրայ ընող ուժերն ու անոնց գործին լծուածները օրին անպատիժ չմնան:
Նկատի ունենալով, որ տակաւին ժողովներու ճամբով մեր կազմակերպական կեանքին մասնակից ըլլալու պատեհութիւնը չունինք, այս նամակով մեր զօրակցութիւնը կ՚ուղղենք Արեւմտեան Ամերիկայի ընտրեսլ եւ օրինաւոր Կ․Կ․ին: Կը քաջալերենք, որ ան շարունակէ մնալ մինչեւ օրս իր ցուցաբերած բարձրութեան եւ մակարդակին վրայ, կը յորդորենք՝ որ ան մնայ դաշնակցական գաղափարախօսութեան հիմքերուն վրայ, եւ ցուցաբերէ անզիչող կեցուածք՝ յանուն Հ․Յ․Դ․ սրբութիւններուն: Կ՚ակնկալենք՝ որ ան շարունակէ իր լուռ եւ օգտաշատ գործունէութիւնը, հակառակ քորոնաժահրի պարտադրած միջավայրին:
Մեր ընկերական ջերմ բարեւները կ՚ուղղենք մեր Շրջանի բոլոր ընկերներուն, անոնց մաղթելով համբերութիւն եւ անկոտրում կամք, ի տես բոլոր դուրսի եւ ներսի ճիգերուն, որոնք կը փորձեն ճզմել մեր շարքերու իրաւունքները եւ կը փորձեն մեր փառահեղ կուսակցութիւնը վերածել դրածոյ, նիւթապաշտ, բռնատիրական ուժի մը: Կը մաղթենք՝ որ մեր ընկերները շարունակեն ցուցաբերել նոյն հայրենասիրութիւնը եւ նուիրուածութիւնը որմով մեր Շրջանը ճանչցուած է աշխարհով մէկ՝ միշտ նուիրուած հայրենիքին եւ դաշնակցական գաղափարին :
*
* *
Արեւմտեան Ամերիկայի իրերայաջորդ Կ․Կ․ներու «Գլխագիր Յանցանքներ»ը վերջին 33 տարիներուն
1- Անվերապահ զօրակցութիւն Արցախեան Շարժումին, լայն նիւթական ու քաղաքական աջակցութեամբ, եւ մեր լաւագոյն տղոց զոհողութիւններով:
2- Հայաստանի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղման գործին անսակարկ նուիրում, վկայ Արեւմտեան Ամերիկայի նուիրատուներու խանդավառ մասնակցութիւնը Երեւանի կուսակցապատկան շէնքերու գնման ընթացքին:
3- Հայրենիքի մէջ Տէր-Պետրոսեանական հակադաշնակցական արշաւի օրերուն պինդ զօրակցութիւն՝ հալածուող մեր ընկերներուն, արհամարելով ամէն տեսակի դժուարութիւն, մինչ այդ օրերուն Լեւոն պաշտպանողներ ու ներքին խլրտումներ ստեղծող ընկերներ այսօր կը վարձատրուին Կ․Կ․ եւ այլ պաշտօններու նշանակուելով։
4- Հայրենի մեր կազմակերպութեան մեր ընկերներուն առջեւ միշտ լայն բացինք մեր Շրջանը՝ դաշնակցականավայել կերպով ընդունելով ու զանոնք հերոսացնելով յաչս մեր համակիրներուն եւ նուիրատուներուն։
5- Անտեսելով օրէ-օր աճող մեր գաղութի բազում կարիքները, հայկական բոլոր միւս գաղթօճախները համարեցինք մերը, եւ ճիգ չխնայեցինք հասնելու ամէն տեսակի կարիքներուն:
6- Հայ Դատի եւ պահանջատիրութեան ջահը ամէն բանէ վեր դասելով՝ հայութեան ձայնը միշտ լսելի դարձուցինք ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մօտ, եւ «Հայաստան ու Հայութիւն ամէն բանէ վեր» լոզունգով՝ հարիւր հազարաւոր հայորդիներ առաջնորդեցինք պայքարի։
7- Հայապահպանումի մարզին ոչինչ զլացանք, եւ մեր Երիտասարդական եւ ուղեկից միութիւններով ստեղծեցինք ազգային առողջ միջավայր՝ հակառակ ամերիկեան կլանիչ յորձանուտին, մինչ մեր հպարտութիւնը հանդիսացող մեր երիտասարդները կարեւորագոյն դերակատարութիւն ստանձնեցին Արցախի եւ Հայաստանի մէջ Պատանեկան եւ Երիտասարդական ճամբարներ կազմակերպելու եւ Դաշնակցութեան քարոզչութիւնը կատարելու գործին մէջ:
8- Կատարեցինք մեզմէ ակնկալուած ամէն բան, որ կը նպաստէր հայրենի մեր կառոյցներու հզօրացման ճամբին, այս 30 տարիներուն ընթացքին մեր վերին մարմիններուն հասցնելով տասնեակ միլիոններ հաշուող զօրակցութիւն, որոնց հաշուետուութիւնը դեռ պիտի կատարուի:
9- Ամուր կառչեցանք Հ․Յ․Դ․ Ծրագրով ամրագրուած սկզբունքներուն, դէմ եղանք Դաշնակցութեան անկախ էութիւնն ու ինքնուրոյն քաղաքական վարքագիծը կորսնցնելուն – խիզախութիւն մը՝ որուն համար մեկուսացուեցանք եւ սուղ գին վճարեցինք:
10- Մերժեցինք քստմնելի խաղերով մեր շարքերու թուաքանակը կեղծօրէն ուռճացնելը, մնացինք հաւատարիմ կուսակցական խստապահանջութեան ու պահպանեցինք կուռ կազմակերպական կառոյց:
Վերոյիշեալ բոլոր «Յանցանք»ներուն համար փոխանակ արժանանալու մեր բարձրագոյն ղեկավարութեան գնահատանքին, արժանացանք անոնց անհասկնալի խանդին եւ ատելութեան, ու մեր ամէն մէկ յաջողութիւնը, որ պատիւ կը բերէր Դաշնակցութեան ընտանիքին, արժանացաւ արհամարհանքի:
Իսկ այսօր արդէն մեր հանդէպ գնահատանքը կ՚արտայայտուի՝ մեր սեփական ղեկավարութիւնը արդարօրէն յառաջացնելու սրբագոյն իրաւունքը մեզմէ խլելու փորձով։
Մարդկութեան եւ յատկապէս հայութեան համար ամէնէն ճակատագրական պահուն, գաղտագողի կերպով Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանին վրայ Կ․Կ․ի կազմ պարտադրելն ու Շրջանը անհատական ու պիզնէս հաշիւներու ագարակի վերածելու ճիգը վերջնականապէս անընդունելի է:
Ներկայ աննախանձելի վիճակը կանխելու բոլոր փորձերը ի սկզբանէ դատապարտուած էին ձախողութեան, ու այսօր ալ ականատես կ՚ըլլանք, թէ վերեւը յիշուած հովանաւորուած պառակտումի աշխատանքը ինչպիսի՜ աւերներ գործած է արդէն։
Մնալ միշտ հաւատարիմ Դաշնակցութեան Ծրագրին ու Կանոնագրին, մերժել մինչեւ վերջ մեզ ստրկացնել փորձող բոլոր ճիգերն ու մեզ պառակտել ուզող դաւադրութիւնները. ահա ա՛յս է այսօրուան հրամայականը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ –