Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
24 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հալիձորի Կոտորածը Եւ Մխիթար Սպարապետի Սպանութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մելիք Եսայի Եւ Աբրահամ Իւզպաշի
Արցախի սղնախներու կարգ մը ղեկավարներու եւ յատկապէս Աւան ու Թարխան իւզպաշիներու Ռուսական կայսրութեան տարածք տեղափոխուելէն եւ ցարական բանակի հայկական ջոկատներուն մէջ ծառայութեան մտնելէ ետք, սկսաւ Արցախէն հայերու գաղթը դէպի հիւսիսային Կովկաս:
Այսպէս, 18 օգոստոս 1730-ին, 137 հայեր, Պետրոս եպիսկոպոսի, գնդապետ Գրիգորի, Ալավերդիի, Բաղիրի եւ Սիմէոնի հետ տեղափոխուեցան Դերբենդ:
Սղնախներու ղեկավարներու հեռացումը կորստաբեր եղաւ Արցախի համար եւ բացաւ գաղթականութեան ճանապարհ:
* * *
Մխիթար Սպարապետ Դաւիթ Բէկի մահէն (1728) ետք ստանձնած էր Կապանի զինուորական հրամանատարութիւնը: Բայց շուտով ներքին գժտութիւններ սկսան եւ Տէր Աւետիս ինք ուզեց տէր դառնալ Դաւիթ Բէկի ժառանգութեան: Գժտութիւններու պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ Մխիթար Սպարապետ տեղացի չէր, այլ գանձակեցի:
Հայ զօրականներու միջեւ գժտութիւններէն օգտուեցան թուրքերը: Օսմանեան բանակը լայնածաւալ յարձակման անցաւ եւ պաշարեց Հալիձորը:
Տէր Աւետիս նախընտրեց բանակցիլ: Թուրքեր ըսին, որ անձնատուր ըլլալու պարագային որեւէ մէկուն վտանգ չի սպառնար: Տէր Աւետիս եւ համախոհները համաձայն գտնուեցան:
Մխիթար Սպարապետ, ի տես Տէր Աւետիսի դաւաճանական քայլին, իր ընտանիքին հետ գիշերով հեռացաւ բերդէն:
Առաւօտուն թուրքեր մտան բերդէն ներս, կոտորեցին բոլոր տղամարդիկը, իսկ կիներն ու երեխաները գերի վերցուցին: Թշնամին մտաւ նաեւ կուսանոց եւ գերի տարաւ բոլոր կոյսերը:
Մխիթար Սպարապետ կրկին սկսաւ զօրք հաւաքել եւ տարբեր վայրերու մէջ յարձակումներ գործելով կոտորեց թշնամին եւ վրէժ լուծեց: Ան հասաւ մինչեւ Օրդուբադ եւ հոնկէ վերադարձաւ մեծ աւարով` աւելի քան 160 ուղտաբեռ:
Այնուհետեւ ան մեկնեցաւ Խնձորեսկ, ուր դաւադրաբար սպաննուեցաւ 1730-ին, մելիք Բարխուդարի ապարանքին մէջ: Դաւաճաններ սպարապետին դիակը գլխատեցին եւ գլուխը տարին Թաւրիզ` Ապտուլլահ փաշային:
Փաշան, սաստիկ զայրացած, ըսաւ. «Ո՛վ անօրէններ ու ամբարիշտներ, ինչպէ՞ս համարձակեցանք սպաննել ձեր տիրոջը, այսպիսի քաջ տղամարդը»:
Դաւաճաններու ետեւէն Թաւրիզ հասաւ մելիք
Բարխուդարի աղջիկը` Գոհար եւ օսմանցի փաշայէն խնդրեց Մխիթարի գլուխը: Փաշան մեծ գլխագին նշանակած էր Մխիթարի գլխուն համար, բայց յարգելով Գոհարի զգացումները եւ քաջութիւնը, անոր յանձնեց գլուխը եւ դաւաճանները: Վերադարձին Գոհար Արաքսի Խուդափերին կամուրջին վրայ ծանր քար մը կապեց եղբօր եւ միւս դաւաճաններուն վիզերէն եւ գետը նետեց: Այլ աւանդութիւն մը կ՛ըսէ, որ Ապտուլլահ փաշայի հրամանով գլխատուեցան բոլոր անոնք, որոնք տարած էին Մխիթարի գլուխը: Մխիթար Սպարապետի մարմինը թաղուած է Խնձորեսկի Անապատ եկեղեցւոյ բակին մէջ. անկէ քիչ հեռու Գոհարի գերեզմանն է:
Մխիթար Սպարապետի գերեզմանը Խնձորեսկի Անապատ եկեղեցւոյ բակին մէջ: Տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Այս է տապան ի հանգիստեան, իջեալ մարմնով ի գերեզման, Սայ Մխիթար Մեծ անվուան, Սորա օնէր իշխանութեան, Սայ բէմուրատ գնաց ջիվան, Որ էր երկրէն սայ Կանճուով էր, Նահատակվեցան թվ.: ՌՃՀԶ:
* * *
Գիւլիստանի բերդը կը գտնուի Մռաւի լեռնաշղթային հիւսիսային կողմը, Ինջա գետի ափին, Գիւլիստան գիւղէն քիչ հեռու, դէպի արեւմուտք: Անտառապատ, սեպաձեւ ժայռի գագաթին թառած բերդը արեւմուտքէն, հիւսիսէն եւ մասամբ արեւելքէն շրջապատուած է Ինջա գետով եւ թերակղզիի տեսք ունի: Երկարութիւնը 240 մեթր է, լայնքը` 20¬էն մինչեւ 30 մեթր: Բնական պաշտպանական յարմարութիւններով օժտուած բերդը բարձր բուրգերով եւ հարաւային կողմէն ալ կրկնակի բերդապարիսպով ամրացուած է եւ ժայռը դարձած է անառիկ ամրոց: Պարիսպի հաստութիւնը 80-էն 150 սանթիմեթր է: Բերդը ունի երկու մուտք` հարաւային եւ հիւսիսային: Գլխաւորը հարաւային մուտքն է: Գետնափոր գաղտնուղին հիւսիս-արեւմտեան կողմէն քողարկուած է անտառախիտ լանջով եւ կը հասնի մինչեւ գետ:
Պարիսպէն ներս կը գտնուին ապարանքներ, բնակելի շէնքեր եւ եկեղեցի, ջրաղաց եւ բաղնիք:
Բերդին միջնաբերդ ապարանքը կը գտնուի արեւմտեան կողմը, ժայռի եզրին, բարձրադիր նեղ դարաւանդի վրայ եւ կ՛երկարի արեւելքէն արեւմուտք: Պատերուն կից ուղղանկիւն դահլիճներ են, կապուած` միջանցքով: Միջին սենեակը աւելի բարձր է եւ ունի գետնայարկ թաքստոց: Ապարանքին բաղկացուցիչ մաս կը կազմէ աջ կողմը կցուած գլխատունը, որ ամրացուած է բուրգով: Բուրգը, իր կրկնակի կամարամուտքով, ապահով կապ է դուրսի հետ: Ապարանքը ունի պատուհաններ եւ արեւելեան կողմը` օճախ-բուխերիկ, զոյգ պահարանախորշերով:
Փոքր ապարանքը կը գտնուի հարաւային լանջի ստորոտին, դէպի հարաւային մուտքը տանող ճանապարհին: Անիկա ուղղանկիւն յատակագիծով քառաբուրգ կառոյց է, բաղկացած` բակէ եւ արեւելեան կողմէն պարիսպին երկայնքով կառուցուած երեք բաժիններէ:
Մելիք Բեգլարեաններու տոհմական կեդրոն բերդը, խիստ զառիթափ լանջերով բարձունքին, եւ տեղ-տեղ ժայռերուն հետ ձուլուած իր պարիսպներով, անառիկ էր: Հրացանի օգտագործման համար, պարիսպապատերուն վրայ, տարբեր տեղեր, բարձրութեան վրայ անցքեր ձգուած են: Կան զօրանոցներ, զինանոցներ, պահեստանոցներ եւ ջրաւազան:
Գիւլիստան պարսկերէն կը նշանակէ «վարդերու պարտէզ»: Գիւղի բարձունքներուն, Մռաւ լերան փէշերուն կը գտնուի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը, որ տեղացիներուն յայտնի է Նապատ անունով, եւ որ ժամանակին հաւանաբար կոչուած է Հնապատ կամ Անապատ: Յիշենք նաեւ Գիւլիստանի կամուրջը` Ինջա գետին վրայ:
* * *
Գիւլիստանի բերդը ազգային-ազատագրական պայքարի գլխաւոր յենակէտներէն մէկն էր: Հոն կ՛իշխէին մելիք Եսայի եւ եղբայրները` Աբրահամ եւ Սարգիս իւզպաշիները, որոնք մեծ համբաւ ու հեղինակութիւն ունէին եւ յամառ դիմադրութեամբ ու ճկուն քաղաքականութեամբ երկրամասը զերծ պահած էին կովկասեան լեռնականներու ու թրքական բանակի ասպատակութիւններէն: Անոնք նաեւ աշխուժ մասնակցութիւն ունէին Արցախի ազատագրութեան հարցով ռուսական արքունիքին հետ տարուող նամակագրական բանակցութիւններուն մէջ:
Մելիք Եսայի անուանի էր իր համարձակ եւ հետեւողական բնաւորութեամբ եւ իր փառաւոր գործերով: Ինքն էր որ ջարդած էր Արցախի սահմանները հասած լեզգի ասպատակիչները եւ հետապնդելով զանոնք քշած Կուր գետի միւս ափը:
Աբրահամ իւզպաշի կոչուած է նաեւ Աբրահամ սպարապետ, իսկ թուրքեր զայն կը կոչէին Կեաւուր Աբրահամ: Անոր գլխաւորած ջոկատը Արցախի սահմաններուն վրայ պատնէշ էր օսմանցիներուն առջեւ եւ յաճախակի յանդուգն յարձակումներով տագնապի մէջ կը պահէր թուրք նուաճողները: Անոր քաջութեան հռչակը հասած էր մինչեւ Պոլիս եւ լրջօրէն անհանգստացուցած սուլթան Ահմէտը: Աբրահամ իւզպաշիի հեղինակութենէն կ՛ակնածէին Արցախի աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութիւնները: Անոր հետ հաշուի կը նստէին Կովկասի ռուս զինուորական եւ քաղաքային ներկայացուցիչները: Աբրահամ իւզպաշի յարգանք եւ հեղինակութիւն կը վայելէր նաեւ Գանձակի շրջանի շիի ցեղախումբերուն մօտ, եւ օսմանցիներուն դէմ ուժեղ բռունցք կազմելու անոր կոչին արձագանգած էին կարգ մը ցեղախումբեր:
* * *
Արցախի ազատագրական շարժման թափը կտրելու համար սուլթան Ահմէտ Գ. 1730-ի գարնան սրբազան պատերազմ յայտարարեց հայերուն դէմ եւ յատուկ հրովարտակով հրամայեց Իպրահիմ փաշայի` ամէն միջոց ի գործ դնել, Կեաւուր Աբրահամն ու անոր ուժերը ոչնչացնելու համար:
Բայց Իպրահիմ փաշայի գլխաւորած օսմանեան զօրքը առանձինն չէր կրնար ընկճել Աբրահամ իւզպաշին: Հետեւաբար սուլթանը հրամայեց Պայազիտի Մահմուտ փաշային, քիւրտ ցեղապետներու եւ Տաղստանի, Շիրվանի ու Գանձակի մէջ տեղակայուած օսմանեան զօրքերուն, որպէսզի օժանդակեն Իպրահիմ փաշայի` ընդդէմ Կեաւուր Աբրահամի: Սուլթանը հրամայեց հիմնայատակ քանդել հայոց բնակավայրերն ու ամրութիւնները:
Սակայն թրքական գերազանց ուժերը չկրցան յաղթել Աբրահամ սպարապետին: Գիւլիստանի ամրոցը անմատչելի մնաց թուրքերուն համար:
Աբրահամ իւզպաշի, թուրքերուն վրայ աւելի ուժեղ ազդելու համար, անոնց դէմ սկսաւ կռուիլ ռուսական նմանակուած դրօշակներով:
Թուրքերուն ձեռքը գերի ինկան քանի մը հայ կռուողներ, որոնք ռուսական արքունիքին կողմէ տրուած երեք անձնագիրներ ունէին, նաեւ` հայերէն նամակներ, որոնք կ՛ապացուցէին իրենց կապը ռուսական հրամանատարութեան եւ մերձկասպեան շրջաններու կառավարիչ Ռումիանցեւի հետ:
Օսմանեան կառավարութիւնը 1730 յուլիսին դիմեց Պոլսոյ մէջ Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Նեպլիուեւի եւ դժգոհութիւն յայտնեց, այն հիմամբ որ ռուս-թրքական դաշինքի համաձայն Ղարաբաղ կը պատկանի Օսմանեան կայսրութեան, բայց անիկա շատ ամուր երկիր է եւ ժողովուրդը բոլորովին չի հպատակիր Թուրքիոյ:
Նոյն ժամանակ Ռուսաստանի գերագոյն գաղտնի խորհուրդը որոշեց ազդեցիկ հայ զօրականներուն մէկական սամոյրի մուշտակ նուիրել եւ տարեկան հազարական ռուբլի վճար նշանակել, Ռուսաստանի նկատմամբ անոնց բարեացակամութիւնը պահպանելու նպատակով:
Աբրահամ իւզպաշիի գլխաւորած շարժումը ամրապնդեց Գիւլիստանի մելիքութեան դիրքը եւ բարձրացուց ժողովուրդի մարտական ոգին:
Աբրահամ իւզպաշի թաղուած է Գիւլիստանի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի պատին առջեւ: Մինչեւ 1930-ական տարիները կանգուն էր անոր մարմարէ խոշոր գերեզմանաքարը. մէկ կողմը` զինուած հեծեալներու, միւս կողմը` խնճոյքի ճոխ տեսարանի քանդակներով եւ արձանագրութեամբ:
Աբրահամ իւզպաշիի որդին` Յակոբոս փառքով շարունակեց հօր գործը եւ Գիւլիստան գիւղին մէջ ապարանք կառուցեց. սենեակներէն մէկուն մուտքին արձանագրուած է.
«ՇՆՈՐՀԻՒՆ ԱՅ ՇԻՆ/ԵՑԱՒ ԱՊԱՐԱՆՍ/ Ի ԹՎԻՆ ՌՄԱ / ԵՍ ՅԱԿՈԲՈՍ ԾԱՌԱՅ ԻՇ / ԽՕՂ ԳԵՂՈՅՍ ՈՐԴԻ ԱԲՐԱ/ՀԱՄ ՍՊԱՐԱՊԵՏԻՆ»:
Յակոբոսի որդին է Հաթամ իւզպաշի: Հաթամի որդին` Աբրահամ:
* * *
Աֆշարները թուրքմէն քոչուոր եւ կիսաքոչուոր ցեղախումբ են: Անոնք Աֆշար խանի սերունդ են: Աֆշար կը նշանակէ «հնազանդ, ենթարկուող»: Շիի դաւանանքի հետեւորդ են եւ բաժնուած տոհմերու` Ալփլու, Արաշլու, Պեքեշլու, Կիւնտիւզլու, Իմիրլու, Քէօսէ Ահմէտլու, Քէօսէլու, Փափակլու, Քասեմլու, Քերեքլու, Քարալու, Քարամանլու, Սալմանլու, Սինտելի, Թուր Ալի Հաճըլու, Ռեճեփլու, Պալապանլու, Քարապուտաքլը եւ Քըրքլու: Տարածուած են հիւսիսային Իրանէն Թուրքիա եւ Աֆղանիստան:
Աֆշար ցեղի Քերեքլու տոհմէն Նատիր անուանի աւազակապետ էր. անոր աւազակախումբը ահ ու սարսափ տարածած էր: Ան դարձած էր ազդեցիկ ու հզօր իշխանաւոր եւ անոր բարեկամութիւնը կը փնտռէին շատ մը խաներ:
Հօրեղբօր թելադրանքին վրայ Նատիր ձեռնարկեց Իրանը աֆղան հրոսակախումբերէն ազատագրելու սրբազան գործին: Շահ Թահմասպ Բ. իր մօտ հրաւիրեց Նատիրը: Իր նուիրուածութիւնը ցոյց տալու համար Նատիր Թահմասպ Ղուլի (Թահմասպի ստրուկ) տիտղոսը առաւ:
Նատիր խան Թահմասպ Ղուլի զօրքի հրամանատար նշանակուեցաւ եւ Խորասանի կուսակալը եղաւ:
Նատիր խան գլխաւորեց աֆղան բռնագրաւողներու դէմ ժողովրդային զանգուածներու պայքարը եւ 1729 սեպտեմբեր 29-էն հոկտեմբեր 5, Դամղանի արիւնահեղ ճակատամարտին ծանր հարուած տուաւ աֆղանական զօրքերուն:
Նատիր խանի բանակը 16 նոյեմբեր 1729-ին աֆղաններէն ազատագրեց Սպահանը, որմէ ետք շահ Թահմասպ Բ. վերադարձաւ մայրաքաղաք:
Զարղանի ճակատամարտին, 15 յունուար 1730-ին, Նատիր խան ջախջախեց աֆղանական ուժերը: Շիրազ ազատագրուեցաւ եւ աֆղան բռնագրաւողներու դէմ իրանցի ժողովուրդին պայքարը իր աւարտին հասաւ:
Օսմանցիք, մինչ Ղարաբաղի մէջ Աբրահամ սպարապետի դէմ բուռն կռիւներ կը մղէին, 45 հազար զինուորներով ներխուժեցին Իրանի խորերը եւ հասան Նահաւանտ ու Լուրիստան:
Նատիր խան, 1730-ի Նովրուզը (Նոր տարին, 21 մարտ) Շիրազի մօտակայքը տօնելէ ետք, 30 հազար զինուորներով յարձակեցաւ օսմանցիներուն վրայ եւ Նահաւանտի ու Մալայէրի հովիտի ճակատամարտերուն ջախջախեց զանոնք: Համատան եւ Քերաշահ ազատագրուեցան, իսկ 12 օգոստոս 1730-ին շահին բանակը մտաւ Թաւրիզ:
www.aztagdaily.com/archives/500170