Նամակ երկրէն – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՏՈՒԱՍՏ ՉԿԱՅ – Րաֆֆի Տուտագլեան

Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՏՈՒԱՍՏ ՉԿԱՅ – Րաֆֆի Տուտագլեան

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՏՈՒԱՍՏ ՉԿԱՅ»

25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Մօտ շաբաթ մը առաջ մեր հայրենադարձ ընկերներէն Մատլէնը տեղեկացուց, որ Կովիտ-19-ի դէմ պատուաստումները պիտի սկսին շուտով: Տարեցներն ու քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցողները եթէ կ’ուզեն պատուաստուիլ, պէտք է հեռաձայնեն Հիւանդութիւններու Կանխագիլման Ազգային Կեդրոն (ՀԿԱԿ) եւ գրանցուին, ըսաւ Մատլէն:

Անմիջապէս զանգեցի ՀԿԱԿ եւ բացատրեցի, որ սրտի անկանոն զարկ եւ բարձր ճնշում ունիմ եւ կ’ուզեմ իմանալ, թէ ե՞րբ կրնամ պատուաստ ստանալ: Բացատրեցին, որ ռուսական Sputnik V պատուաստները շուտով կը հասնին Հայաստան, եւ ես պէտք է սպասեմ իրենց հեռախօսազանգին: «Մենք ձեզ կը զանգենք ու կը հրաւիրենք պատուաստման», ըսաւ ՀԿԱԿ-ի պաշտօնեան:

Երեկ երեկոյան անծանօթ համարէ մը հեռախօսազանգ ստացայ:

Զարմացայ, երբ զանգողը տեղեկացուց, որ զիս «կ’անհանգստացնէ» ՀԿԱԿ-ի բժիշկը: «Կարո՞ղ եք պատուաստման համար վաղը ժամը 12-ին գալ Ազգային Կենտրոն»: Այո պատասխանեցի եւ հասցէն ու հեռախօսահամարը կրկին անգամ ստուգելէ ետք, ժամադրութիւնը գրանցեցի հեռախօսիս համապատասխան բաժնին մէջ:

Ժամը 12 չեղած արդէն ՀԿԱԿ էի: Զիս ուղարկեցին լաւ նորոգուած, մաքուր եւ լաւ լուսաւորուած շէնքի կողքի մուտքը: Ինծմէ առաջ քանի մը հոգի արդէն մտած էին պատուաստումներու սենեակ:

Բուժքոյրը դուրս եկաւ եւ բացատրեց, որ առաջին հերթին կանայք պիտի պատուաստուին եւ ապա ներս պիտի հրաւիրեն տղամարդոց: Մինչ առանձին կը սպասէի, ներս մտան տարեց կին մը եւ իր ամուսինը: Կնոջ հրաւիրեցին սենեակ, մնացինք ես ու տղամարդը եւ սկսանք զրուցել աջէն ու ձախէն: Այս օրերուն կը խուսափիմ մարդոց հետ քաղաքականութիւն խօսելէ, որովհետեւ տրամաբանութենէ աւելի կիրքն է, որ կը խօսի մարդոց մօտ:

Բայց այս զրուցակիցս՝ Արշակը, զարգացած, կատակասէր եւ բանիմաց մարդ մըն էր եւ ուրեմն առանց վարանելու սկսանք խօսիլ ամէն ինչի մասին: Քիչ ետք, պատուաստ ստացած կանայք սենեակէն դուրս եկան եւ բուժքոյրը մեզի ներս հրաւիրեց, եւ մեր առողջութեան մասին քանի մը հարցում հարցնելէ ետք, իւրաքանչիւրիս տուաւ թուղթի վրայ տպուած՝ Sputnik V պատուաստի մասին տեղեկութիւններ: Կարդացինք եւ ստորագրեցինք:

«Դե հիմա արդեն կարաք մեզ չիփաւորեք», կատակեց Արշակ: «Բայց ասեմ, շատ փող չունեմ, ոչ էլ քաղաքական ամբիցիաներ, ուրեմն էդ չիփը ոչ մի բան էլ ձեզ չի տալու», ըսաւ ան:

«Ոչինչ, մենք էդ չիփով ապագան էլ ենք կարդում: Կը կարողանանք գուշակել թէ՛ փող ունենանալու, թէ էլ ձեր պատգամաւոր ընտրուելու օրը», ծիծաղելով պատասխանեց բժշկուհին: Խնդացինք ու մեր թեւերը յանձնեցինք մեզ «չիփաւորողներուն»:

Բժշկուհին ցոյց տուաւ սառնարանէն նոր բերուած սրուակը եւ բացատրեց, թէ Sputnik V պատուաստը նոյնպէս սառցարանի մէջ կը պահուի եւ պէտք է խստօրէն հետեւիլ պահպանման կանոններուն:

Առաջին սրսկումէն 21 օր ետք պէտք է գանք կեդրոն եւ ստանանք երկրորդ սրսկումը, ըսաւ ան: Մինչ այդ, մինչեւ երեք օր եթէ տաքութիւն, մկանային ցաւ կամ թուլութիւն ունենանք, կրնանք սովորական ցաւազրկող խմել: Իսկ երեք օր «չի կարելի ալկոհոլ օգտագործել», եզրափակեց բժշկուհին:

Պատուաստումէն ետք Արշակ դարձեալ սկսաւ կատակել: «Մեր հայրենադարձ եղբայրը ուզում ա իմանալ, թէ արդեօ՞ք պատուաստում եք նաեւ մեր երկրում օրէ օր շատացող աթոռամոլ քաղաքական հիւանդներին», հարցուց բժիշկին:

«Ցաւօք, էդ հիւանդութիւնը անբուժելի է, եւ ոչ միայն մեր երկրում…:

Դրա համար դիմեք Աստծոյ միջամտութեան: Չգիտեմ, նա կը կարողանա՞յ աթոռամոլութեան պատուաստը ստեղծել…», ժպտալով պատասխանեց բժշկուհին:

Ցտեսութիւն ըսելէ առաջ ուզեցի հասկնալ, թէ որքա՞ն պիտի վճարենք պատուաստումի համար:

«Վճարում չկայ, ռիսկային խմբերի պատուաստման ծախսը հոգում է պետութիւնը», ըսաւ բժշկուհին: Շնորհակալութիւն յայտնեցինք ու բժշկուհիի խորհուրդով քիչ մըն ալ սպասելէ ետք, վերադարձանք մեր աշխատանքին:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail