Ալիեւ, Էրտողան Եւ Փութին Ինչո՞ւ Կողմնակից Են Հայաստանի Վարչապետին – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
12 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:
– ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
Հայաստանի մէջ իրավիճակը օրէ օր կը դառնայ աւելի քաոսային, հետեւաբար անհիմն մեղադրանքները կը վերածուին սովորական երեւոյթի: Այլեւս կարելի չէ ճշմարտութիւնը զատորոշել կեղծիքէն:
Դժբախտաբար, հայերը «դաւաճան», «թուրքերու կամ ատրպէյճանցիներու կողմէ գնուած» եւ նման արտայայտութիւններ կ՛օգտագործեն իրենց հայրենակիցները մեղադրելու համար՝ առանց որեւէ ապացոյցի: Բազմաթիւ անգամներ լսած ենք, որ Արցախի յարակից տարածքները նախկին նախագահները զիջած են պատերազմէն շատ առաջ, եւ որ հայ դաւաճանները օգնած են թշնամիին՝ բացայայտելով մեր ռազմական գաղտնիքները կամ յորդորելով զինուորները՝ պատերազմի ընթացքին դադրեցնել կռիւները: Այս մեղադրանքները այնքան յաճախակի կրկնուեցան, որ բազմաթիւ հայեր այժմ կը հաւատան անոնց, կարեւոր չէ՛, թէ ոչ մէկ ապացոյց ունին անոր համար. անոնք կը շարունակեն վարկաբեկել հեղինակութիւնը անոնց, որոնց հետ իրենք համաձայն չեն: Եթէ պատերազմի ընթացքին այդքան դաւաճաններ կային, ուրեմն ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ այդ դաւաճաններէն ոչ մէկը ձերբակալուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ դաւաճանութեան յանցանքով: Սովորաբար, դաւաճանները պատերազմի ընթացքին անմիջապէս կը ձերբակալուին, կը դատապարտուին եւ կը գնդակահարուին:
Չեմ հաւատար, որ մեր մէջ դաւաճաններ կան, ո՛չ ալ այնպիսի հայեր, որոնք իրենց հոգին դրամի դիմաց ծախած են թշնամիին: Այս պատմութիւնները յօրինուած են պարզապէս այն պատճառով, որ մենք իրարու համաձայն չենք: Ցաւալի է, որ հայերուն մեծ մասը չի գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կարելի է քաղաքակիրթ զրոյց վարել՝ առանց վիրաւորելու համաձայն չեղողները:
Հետագայ վերլուծութեանս մէջ ես պիտի խուսափիմ օգտագործելէ «դաւաճան» եւ «վաճառուած» արտայայտութիւնները եւ կարելիս պիտի ընեմ հաւատարիմ մնալու փաստերուն, որքան ալ դժուար ըլլայ զանոնք կեղծիքէն զատորոշելը:
Հարց մը, որ այս օրերուն անընդհատ կը բարձրացուի, այն է, թէ, ըստ երեւոյթին Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները կը նախընտրեն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդդիմութենէն: Ասիկա չի նշանակեր, սակայն, որ Փաշինեան դաւաճան է կամ կ՛աշխատի Հայաստանի թշնամիներու շահերուն համար: Իմ կարծիքով, Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա Փաշինեանի կողմնակից են հիմնական երկու պատճառներով.
1) Երեքն ալ կը գիտակցին, որ Արցախեան պատերազմին պարտուած եւ անձնատուութեան փաստաթուղթ ստորագրած Փաշինեան ի վիճակի չէ դէմ դնելու Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ յատկապէս Ռուսիոյ ցանկութիւններուն: Եթէ Փաշինեան՝ իբրեւ նախկին ընդդիմադիր, ամբողջովին հակառուսական էր, այժմ փոխեց իր մօտեցումը եւ սատարեց ռուսական բոլոր նախաձեռնութիւններուն, նոյնիսկ պատերազմէն առաջ: Իսկ պատերազմէն ետք ան բոլորովին պարտական է Փութինին եւ չի համարձակիր դոյզն իսկ շեղիլ Ռուսիոյ նախագահին հրահանգներէն: Այս վիճակը յատկապէս շարունակուեցաւ այն իրողութենէն ետք, երբ նախագահ Փութին շատ անգամ գովեց Փաշինեանը՝ 10 Նոյեմբեր 2020ին եռակողմ համաձայնագիրը ստորագրելուն եւ անոր պայմաններուն հաւատարիմ մնալուն համար: Ատրպէյճան եւ Թուրքիա նոյնպէս գոհ են, որ Հայաստանի պարտութենէն ետք կայ Փաշինեանի նման ղեկավար մը, որ ամբողջութեամբ կը գործադրէ համաձայնագիրին պայմանները:
2) Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա նաեւ կը հասկնան, որ Փաշինանի իշխանութեան տապալման պարագային, անոր իրաւայաջորդը կրնայ այդքան ալ պատրաստ չըլլալ կատարելու եռակողմ համաձայնագիրին պայմանները: Թէեւ պարտուած երկիրը չի կրնար վիճարկել իրեն պարտադրուած պայմանները, սակայն այն փաստը, որ Փաշինեանի հակառակորդները դէմ կ՛արտայայտուին համաձայնագիրին, կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճան, Թուրքիա եւ Ռուսիա կրնայ ըլլալ որ գործ ունենան Հայաստանի մէջ նոր ղեկավարի մը հետ, որ կասկածի տակ պիտի առնէ համաձայնագիրին պայմանները, զորս երեք երկիրները կատարուած իրողութիւն կը համարեն: Այնպէս որ Ալիեւ, Էրտողան եւ Փութին, բնականաբար, կը նախընտրեն գործ ունենալ Փաշինեանի հետ՝ մեկնելով իրենց սեփական շահերէն, այլ ոչ թէ այն պատճառով, որ Փաշինեան իրենց «գործակալ»ն է: Լաւագոյն պարագային, կրնանք ըսել, որ Փաշինեան դժկամութեամբ կը հետեւի այս երեք ղեկավարներուն: Վատագոյն պարագային՝ ան իսկապէս կը հաւատայ, որ հրադադարի մասին համաձայնագիրը ձեռնտու է Հայաստանի՝ ճանապարհ հարթելու համար երթեւեկութեան ճամբաներու շրջափակման վերացման, այսպիսով՝ նպաստելով Հայաստանի տնտեսութեան խթանման:
Մենք կրնանք ըլլալ վերոյիշեալ վերլուծութեան տարբեր կողմերը, բայց մէկ բան շատ յստակ է՝ Փաշինեան պէտք չէ հատէ կարմիր գիծերը, որոնք ամբողջովին կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն: Մէկ բան է պարտուելէ ետք պարտաւոր ըլլալ համաձայնելու թշնամիներուն հետ, սակայն բոլորովին ուրիշ բան՝ ոգեւորուած կերպով կատարել անոնց ցանկութիւնները, հաւատալով, որ թշնամիին պարտադրած գործողութիւնները կը բխին Հայաստանի շահերէն: Ալիեւ եւ Էրտողան բազմաթիւ անգամներ նշած են, որ պատրաստ են թոյլ տալու Հայաստանին՝ օգտագործել իրենց երթեւեկութեան ճամբաները՝ կարգ մը պայմաններով.
1) Վերադարձնել Արցախի տարածքները Ատրպէյճանին (ինչ որ իրականացաւ ուժի գործադրութեամբ).
2) Ճանչնալ Թուրքիոյ ներկայ սահմանները (այլեւս հողատարածքներ չպահանջել Թուրքիայէն)?
3) Դադրեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային հետապնդումը: Իսկ վերջերս Ալիեւ նոր պահանջ մը եւս աւելցուց՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը, որ կը նշանակէ, թէ Հայաստան պէտք է հրաժարի Արցախը՝ իբրեւ հայկական տարածք պահանջելէ:
Իմ կարծիքով, Հայաստանի ներկայ ղեկավարները պէտք է մերժեն Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այս պահանջները: Ասոնք կարմիր գիծեր են, զորս Հայաստանի ոչ մէկ կառավարութիւն պէտք է հատէ՝ ապագայ հայ սերունդները չզրկելու համար ազգին արդար պահանջները հետապնդելու իրաւունքէն:
Կը մնայ պարզել, թէ Հայաստանի յաջորդ ղեկավարները արդեօք կը յաջողի՞ն ճամբաներ գտնել՝ պատերազմի կորուստները նուազագոյնի իջեցնելու համար: Այսուհանդերձ, մէկ բան յստակ է.
Փաշինեան անյապաղ պէտք է հրաժարական տայ, որպէսզի նոր եւ աւելի իրաւասու ղեկավարութիւն մը փորձէ յաղթահարել այն աղէտալի իրավիճակը, որուն այսօր մատնուած է Հայաստան:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
asbarez.com/arm/386019/ալիեւ-էրտողան-եւ-փութին-ինչո՞ւ-կողմնա/