Խօսքէն Անդին՝ Ծրագիր եւ Գործ – Գ. – ՀԵՐԱԿԼԷՍԻ 12 ՍԽՐԱՆՔՆԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ՛Ն – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԵՃԵԱՆ
10 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
ՀԵՐԱԿԼԷՍԻ 12 ՍԽՐԱՆՔՆԵՐԷՆ ԱՒԵԼԻ՛Ն
Աշխատանքը բոլոր առաքինութիւնների մայրն է,
ինչպէս ծուլութիւնը ծնող է ամենայն մոլութեան:
Ղազարոս Աղայան
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Յունական դիցաբանութեան ծանօթները գիտեն, որ կիսաստուած հերոս Հերակլէսը գերմարդկային ճիգ պահանջող 12 սխրանքներ իրագործեց: Եթէ Հայաստան-Արցախի այսօրուան իրականութիւնները աչքի առջեւ բերենք լայնքով ու երկայնքով (նաեւ սահմաններէն անդին տարածուող՝ դիւանագիտական, առեւտրական ու ռազմավարական դաշտերով), կը տեսնենք, որ Հայաստանի յառաջիկայ կառավարութեան ուսերուն պիտի իյնան շա՛տ աւելի տաժանակիր պարտականութիւններ, քան ինչ որ վիճակուած էր Հերակլէսին:
Նախորդ սիւնակներուն մէջ արդէն նշեցինք, թէ կացութիւնն ու հորիզոնները կը դիտենք յետ-44-օրեայ պատերազմին լոյսին տակ, թէ՝ երկիրը կը գտնուի փոխանցման երկարաձգուող փուլին մէջ: Առաջին գործնական քայլը պիտի ըլլայ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ անմիջական եւ հեռահաս շահերը, ապահովութիւնը երաշխաւորող ՄԻԱՑԵԱԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ մը ձեւաւորումը: Սա ինքնաբերաբար վերջակէտ պիտի դնէ այն «մանր» եւ «կողմնակի» հարցերուն (բոլորն ալ կարեւոր ու լուծման կարօտող՝ այլապէս), որոնք ամէն օր ու ամէն շաբաթ «կը պայթին» քաղաքական բեմին վրայ, ուշադրութիւնները կը տարածեն եւ «Բիւզանդական բանավէճեր» յիշեցնող մթնոլորտի մէջ կը պահեն ամբողջ հայութիւնը: Ցորենն ու տատասկը պիտի գտնեն իրենց արդար տեղերը:
Կարճ խօսքով, նոր կառավարութենէն սպասուածը նոր յեղափոխութիւն մը չէ, իր իսկական կամ շինծու բնոյթով, այլ՝ կործանած վիճակէ դուրս բերող՝ Փրկութեան Ծրագիրի մը մշակումն ու գործադրութիւնը՝
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յիշեալ նախադրեալները նկատի ունենալով, սպասելի է, ուրեմն, որ Ազգային Փրկութեան Շարժումը հրապարակ գայ Ազգային Միութեան Կառավարութեան մը կազմով:
Ամէնէն հանգիստ պայմաններ ապրող երկիրներու մէջ իսկ, գործող կառավարութեան մը ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, իշխանութեան թերութիւնները քննադատողի կեցուածքին եւ զանոնք աւելի լաւ քայլերով փոխարինելու իրենց առաջադրանքին առընթեր, կը կազմեն «շուք-կառավարութիւն»ներ, որպէսզի իշխանափոխութեան պարագային, ժամանակ չկորսնցնեն վարչակազմը աւելի՛ արդիւնաւոր աշխատանքի լծելու համար: Նոյեմբեր 10-էն ասդին, Հայաստանի ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու անոնց զօրակցող խմբաւորումները նման քայլ չեն առած (կան բազմաթիւ պատճառներ եւ բացատրութիւններ, սակայն հրամայականը ճնշող է): Պատճառը այն չէ, որ նման քայլ ջուր պիտի լեցնէր «կ’ուզեն աթոռ գրաւել»ի քարոզչութեան…: Ընդհակառակն, յստակօրէն բանաձեւուած են քանի մը սկզբունք, ըստ որոնց՝ եղածը աթոռակռիւ չէ, «նախկիններու» ժամանակները (փտածութիւն, մենաշնորհներ, կաշառք, օֆ-շորային գործունէութիւն…) գացած են անվերադարձ, թէ՝ նոր կառավարութիւնը պիտի ձեւաւորուի մասնագէտներէ, հայրենիքի շահերով առաջնորդուողներէ, Հայաստան-Արցախի շահերը շրջանային եւ միջազգային ալիքներուն յարմարցնող, անոնցմէ օգտուելու ատակութիւնը ունեցող արհեստավարժներէ եւ այլն:
Նման «շուք-կառավարութեան» մը կազմութիւնն ու հրապարակ գալը վերականգնումի շարժումը պիտի տանի քանի մը քայլ յառաջ: Ժողովուրդը պէտք է տեսնէ, թէ հերակլէսեան աշխատանքին լծուողները ի՛սկապէս մասնագէտ արհեստավարժներ են, բոլոր կուսակցութեանց ու մտաւորականներուն սեռուցքը, որ պիտի գայ փոխարինելու քաղաքական մանկապարտէզէն անդին չանցած վնասարարները:
Մասնագէտներու կառավարութիւնը պիտի գործէ ազգային եւ ընկերային յստակ գաղափարականի հիմերուն յենած, բայց նաեւ ունենալով բոլոր կուսակցութեանց եւ ամբողջ ժողովուրդին (գոնէ ջախջախիչ մեծամասնութեան) աջակցութիւնը: Եթէ կուսակցութեանց եւ տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ կան անխուսափելի տարբերութիւններ, այսօրուան փուլը կը պահանջէ, որ այդ տարբերութիւնները նսեմացուին ու երկրորդական դասուին, այլ առաջնային նկատուին հայրենիք-պետութեան փրկութիւնը: Մեր կրած ահաւոր հարուածը այլ «պերճանքներու» տեղ չէ ձգած, եւ չենք կրնար նախատեսել, թէ քանի՞ տարիներու (կամ տասնամեակի) պէտք ունինք, որպէսզի դարձեալ հասնինք… 26 Սեպտեմբեր 2020-ի վիճակին:
Կառավարական նման կազմ մը պիտի չգործէ քաղաքական եւ ժողովրդային խաւերէն բոլորովին անկախ տրամաբանութեամբ, ստեղծելով իր՝ իրականութեան անհաղորդ «աշխարհը»: Ընդհակառակն, ան իր միտքը, ականջներն ու աչքերը լայն բացած պիտի պահէ բոլոր կուսակցութիւններուն եւ խմբաւորումներուն, նոյնինքն ժողովուրդին կարծիքներուն, անոնց տալիք դրական խորհուրդներուն դիմաց, միաժամանակ «շօշափուկները» լարած պահելով շրջանային եւ միջազգային զարգացումներուն ուղղութեամբ: Պէտք է գործնապէս ապացուցել, որ տիրութիւն կ’ընես ժողովուրդին, կ’ընդառաջես անոր տարրական կարիքներուն, տիրութիւն կ’ընես մանաւանդ անոր բոլոր հողերուն, օր մըն ալ չես յայտարարեր, որ երկրին այս կամ այն շրջանը արդէն մեզի չէր պատկաներ…: Նման քայլի ի տես՝ ամբողջ ժողովուրդը կը կանգնի քու կողքիդ, կ’աւլէ-կը վանէ ազգային ծրագիրներէ շեղողները, ազգային աւանդներ, ժառանգութիւններ եւ հորիզոններ խորտակող-մթագնողները:
Առաջադրուած կառավարութեան վիճակուելիք սխրանքները վիթխարի են: Թուենք քանի մը հիմնական գիծեր, առանց մտնելու մանրամասնութիւններու մէջ, որոնք կը կարօտին մասնագիտական ուսումնասիրութեան եւ նիւթական միջոցներու:
ՆԵՐՔԻՆ ՍԽՐԱՆՔՆԵՐ
Ներքին դաշտերու մէջ, անգամ մը եւս շեշտենք, առաջնահերթ առաքելութիւն է վերականգնել կարելի միասնութիւնը, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի ու Սփիւռքի մէջ:
Կարելի չէ խօսիլ առաջնահերթ կամ երկրորդական ծրագիրներու մասին, այլ նկատի ունենանք, որ ԲՈԼՈՐ առաջադրանքները առաջնահերթ են: Եղած նահանջներուն եւ քանդումներուն ի տես՝ կայ վերականգնելի բաժին մը, ապա, դէպի նոր զարգացում տանող հորիզոնը: (Եզակի չենք այս ճամբուն մէջ, թէեւ չենք կրնար, չենք ուզեր բաղդատուիլ որեւէ այլ երկրի ու ղեկավարութեան հետ. միայն յիշատակենք այն, որ Ուաշինկթընի ղեկը ձեռք առած Ճօ Պայտըն մը իր առաջին գործը նկատեց վերականգնել ու բարեկարգել բոլոր այն կալուածները, որոնք քանդումի եւ նահանջի մատնուած էին այլանդակ ու ապիկարութեան «թագակիր» Տոնըլտ Թրամփի կողմէ):
Այսպէս, մասնագէտ եւ արհեստավարժներ առաքելութեան կոչելով, նկատի պէտք է ունենալ հետեւեալ (եւ բազում այլ) դաշտերը.
- Վերականգնել բանակն ու ուժային կառոյցները, ամրացնելով հայրենիքի պաշտպանութեան ու պահպանման ողնայարը: Սա ո՛չ միայն պիտի վերահաստատէ բանակին անվիճելի տեղն ու դերը, այլ նաեւ ինքնաբերաբար վերջակէտ պիտի դնէ այն բանավէճերուն եւ այլանդակ մրցակցութիւններուն, որոնք քանիցս հրապարակը գրաւեցին Նոյեմբերէն ասդին:
- Վերաձեւաւորումի եւ վերայստակացման կը կարօտին Հայաստան-Արցախ գործակցական-զինակցական կապերը, որպէսզի յստակ դառնայ Արցախի՝ ամբողջական Արցախի հայութեան պատկանելիութիւնը:
- Արագ լուծումի հասցնել գերիներու եւ ցարդ կորսուած նկատուողներու փշոտ հարցը, որ այլապէս սկսած է տարօրինակ բանավէճեր ստեղծել (Արցախի մէջ զինուորական ծառայութեան մերժում, այս հարցերուն քաղաքական շահարկում, մասնաւորաբար Ատրպէյճանի կողմէ…):
- Յստակ առաքելութեամբ ներքին նախարարութեան մը ստեղծումը, առանց անտեսելու այլ անտեսուած կալուածներ, օրինակ՝ ստեղծումը զբօսաշրջութեան, սփիւռքի հայութեան հետ գործակցութեան (եւ այլ նսեմացուած կամ ցարդ լուսանցքային նկատուած) նախարարութիւններու:
- Տնտեսական-ընկերային կալուածին մէջ, կառավարութիւնը կը դիմագրաւէ բռնի գաղթական դարձածներուն տագնապը, մեծ մասամբ՝ Արցախի գաղթականներուն, որոշ չափով նաեւ Սիւնիքէն բռնագաղթուածներու: Գաղտնիք չէ, որ պատերազմի օրերուն Արցախէն գաղթական դարձած հարիւր-հազարաւոր բնակիչներէն ստուար թիւ մը վերադարձած է Արցախ, սակայն շատեր կը մնան «ներքին գաղթական»ի դրութեան մէջ:
- Վերաստեղծումը մեր հայրենիքին նկատմամբ վստահութեան այն մթնոլորտին, նաեւ՝ անոր աւելի՛ եւս ամրացումը, որպէսզի ներդրումները վերականգնին: (Յարակից կալուածներ են ճարտարարուեստի, ներառեալ՝ զինական ճարտարարուեստի եւ օդանաւորոդութեան դաշտերը, որոնք վերջերս անսպասելի եւ անիմաստ հարուածներ ստացան յանձնանձողներու ապիկարութեան հետեւանքով):
- Հայաստանի ԲՈԼՈՐ շրջաններուն (Երեւանէն անդին տարածուող մարզեր, քաղաքներ ու գիւղեր) համար մշակել համաչափ զարգացման ծրագիրներ՛ յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերել սահմանամերձ գօտիներուն: Անկախութենէն 30 տարի ետք ալ, բացի քանի մը քաղաքէ եւ գիւղական շրջանէ, երկրին մեծ մասը գերի կը մնայ անցեալ դարերու պայմաններուն:
- Նախորդ կէտին կը զուգորդուի շինարարութեան մարզի զարգացումը: Խօսքի չի վերաբերիր միայն ճամբաներուն եւ վտանգի ենթակայ շէնքերուն, այլ ամբողջ երկիրը պարփակող ծրագիրներու:
- Վերականգնում եւ վերակազմակերպում ներքին ու արտաքին առեւտուրի, հետեւաբար նաեւ ճամբորդութեան գիծերու (որոնք, յամենայնդէպս, պէտք է զերծ մնան Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իրողական գերութեան պայմաններէ):
- Վերականգնումի տանիլ ծանօթ փլուզումներուն տարուած եւ շփոթի մատնուած՝ կրթական ու մշակութային կալուածները (ուսումնական ծրագիրներ՝ բոլոր մակարդակներու վրայ, ազգային ժառանգութեանց հաւատարմութիւն եւ հարստացում): Մերժում՝ այլասեռող՝ ազգայինը, տոհմիկը օտարի (չ)արժէքներուն ստորադասող մտածողութեանց, որոնք «արդիականութեան» եւ «աւելի զարգացած ըլլալու» յերիւրանքներով կը մատուցուին մեր ժողովուրդին:
- Նախորդ կէտին մէջ յիշատակուածներուն կողքին, կ’առանձնացնենք մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու անջատ նախարարութեան մը ստեղծումը: Վերջին տարիներուն, մշակոյթ, կրթութիւն, արուեստ եւ մասամբ նորին՝ մէկ տոպրակի մէջ դնելը, տեսա՛նք, ինչպիսի այլանդակութիւններու պատճառ դարձաւ, իսկ Սփիւռքի նախարարութեան գործնական չէզոքացումը ինչպիսի՛ բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի կապերուն վրայ (անկախ անկէ, որ Սփիւռքը շատ աւելի տիրութիւն ըրաւ իր պարտականութիւններուն, քան հայրենի իշխանութիւնները, որոնք «թաւիշ»ին տարածումէն առաջ ալ, այս մարզին վրայ նետած էին ձեւականութեան ծածկոյթ մը…):
- Կարելի չէ անտես թողուլ տեղեկատուութեան մարզը, պաշտօնական բեմերու թէ համացանցային ոլորտներով: Աւելորդ է արձանագրել, թէ հոն եւս, երկփեղկումն ու իրարու անհաղորդ «տիեզերքներ»ը ստեղծած են աւելի քան անբաղձալի, վնասակար եւ վտանգաւոր «միջավայր»: տրամաբանութիւնը պէտք է գործի լծուի փոխան գրաքննութեան, ալ ի՜նչ խօսք՝ հայհոյանքներու եւ անհիմն մեղադրանքներու փոխանակման ալիքներուն մասին:
- Պատերազմի «հետքեր»ուն յստակացումը եւ արդար «հաշուեփակը»՝ իր ռազմական, զինուորական, քաղաքական եւ դիւանագիտական երեսներով: (Այս կէտը դիտմամբ արձանագրեցինք այս ոչ-ամբողջական ցանկին վերջաւորութեան, որովհետեւ սա պիտի ըլլայ մեկնակէտը՝ արտաքին հրամայականներ դիմագրաւելու կոչուած՝ յառաջիկայ կառավարութենէն սպասումներուն առաջին կէտը, որուն պիտի անդրադառնանք առանձին սիւնակով, յաջորդիւ):
yerakouyn.com/2021/03/10/խօսքէն-անդին՝-ծրագիր-եւ-գործ-գ-ս-մահսէ/