Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Ղեկավարման Հարցը. Անջատաբա՞ր, Բազմագլխանի՞, Թէ՞ Մէկ (Յ. Պալեան)
15 ՄԱՐՏ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Ազգը դժուար պիտի գտնէ իր աչքերը յառել առաջնորդներու, որոնք իրենց ականջները գետին կպած կը պահեն:
Ուինսթըն Չըրչիլ
Մեր ժողովուրդի պատմութեան անմիջական ներկայի հանգրուանին, դէմ յանդիման կը գտնուինք ԱԶԳԻ ՂԵԿԱՎԱՐՄԱՆ ՀԱՐՑին, Ազգը՝ Հայրենիք, Ազգը որպէս հայութիւն, անորոշ միլիոններով, յաճախ կ’ըսենք տասնըհինգ:
Ղեկավարման համար միջազգայնօրէն ընդունուած եւ գործածուող եզր է leadership-ը, որ ճիշդ թարգմանութեամբ առաջնորդութիւն է, leader-ը՝ առաջնորդ, բայց կարծէք անգլերէն եզրին աւելի լայն, յատկանշական խորք եւ իմաստ կը տրուի:
Պիտի ըսեմ առաջնորդ եւ առաջնորդութիւն, փոխան leader-ի եւ leadership-ի:
Ի՞նչ են ստորոգելիները եւ յատկանիշները առաջնորդին, կամ պէտք է ըլլան, զորս չունի շարքային քաղաքացին եւ անպայման չունին նաեւ բազմահազար եւ բազմանուն պատասխանատուներ,- նախագահ, պատգամաւոր, տնօրէն, ուսադիրներով զօրավար, վկայականներով զինուած այլապէս յարգելի անձեր, կուսակցապետ եւ անձնաւորութիւն:
Առաջնորդը յատուկ կարողութեամբ օժտուած անձն է, որ այլ անձեր կամ կազմակերպութիւններ կրնայ տանիլ իրականացնելու կարգ մը ընտրուած եւ ընդունուած նպատակներ: Առաջնորդը պէտք է կարենայ ղեկավարել, կազմակերպել, ազդել եւ ներշնչել: Ան սոսկ վարչական կամ պաշտօնեայ չէ, որքան ալ հմուտ ըլլան վարչականները եւ պաշտօնեաները իրենց գործին մէջ, առաջնորդ չեն: Լաւ վարչականը իրեն վերաբերող գործը լաւ կրնայ կատարել, առանց առաջնորդ ըլլալու: Առաջնորդութիւնը ընդհանրապէս կը գորածածուի քաղաքականութեան համար, բայց ընկերային եւ կազմակերպական կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ, մշակոյթի, գիտութեան, բանակի, լաւ առաջնորդը կրնայ ըննացիկէն տարբեր յառաջդիմութեան եւ յաջողութեան տանիլ, նոյնիսկ եթէ այդ մարզին մասնագէտը չէ:
Քաղաքագէտ մը անպայման առաջնորդ չէ, առաջնորդ մը անպայման արհեսատավարժ քաղաքագէտ մը չէ: Կը միջամտեն պատրաստութիւնը, բնական շնորհը, փորձը: Ասոնց կողքին, զանոնք միացնող հիմնական այլ ձեռնհասութիւններ պիտի ունենայ առաջնորդը. տեսիլք, ռազմավարութիւն, համոզում եւ զայն փոխանցելու կարողութիւն, բարոյականութիւն, հաղորդակցելու շնորհ, վստահութիւն:
Իսկական եւ իր կոչման հաւատացող առաջնորդը, ունի, պիտի ունենայ եւ դրսեւորէ կարգ մը առաքինութիւններ, ինչպէս՝ քաջութիւն, համեստութիւն, անկեղծութիւն եւ վեհանձնութիւն: Այս առաքինութիւններով օժտուած առաջնորդը ներշնչող կ’ըլլայ այն մարզին մէջ ուր ինք կը գործէ, ուր կան նաեւ բոլոր միւսները. միութիւն, հաստատութիւններ, շարժումներ, պետութիւն, եկեղեցի, ընելով այնպէս՝ որ յաջողութիւնը ըլլայ հաւաքական գործ, այդ հաւաքականութիւնը մնալով առաջնորդի մտահոգութեան առանցքին:
Կազմակերպութիւն մը, ինչ ալ ըլլայ իր նպատակը, քաղաքացիական, տնտեսական, գիտական, քաղաքական, հանրային, տեղական, ազգային թէ միջազգային, տարածուելու, տեւելու եւ յաջողելու համար տեսիլք պէտք է ունենայ: Անոնց առաջնորդը պէտք է զայն տեւաբար հանրութեան փոխանցելու ճիգ ընէ, որպէսզի ան կենսունակ ըլլայ եւ նպատակը յաջողութեան հասցնէ: Մանաւանդ մարդկային եւ նիւթական միջոցները պէտք է օգագործուին դրական, օգտակար եւ համախոհական եղանակով, ընդլայնեն իրենց կապերը: Եթէ այս «իմաստուն» հաստատումները բաւարար ըլլային, ամէն տեսակի ղեկավարները բնական կերպով կը դառնային առաջնորդներ, որոնց կը հետեւին մարդիկ, ինչ ալ ըլլան կացութիւնները: Դժբախտաբար այդպէս չէ իրականութիւնը, ղեկավարները կը մնան վարչականներ, կը զբաղին ձեռնավարութիւններով (manipulations), յաջողելու եւ իշխանութիւն պահելու համար: Առաջնորդը մասնակի պայքարներէ եւ փառասիրութիւններէ, ազդեցութիւններու ճապկումներէ վեր կը մնայ, կը ստեղծէ վստահութեան մթնոլորտ:
Տեսիլք հետապնդելու, դժուարութիւններու առջեւ զինաթափ չըլլալու, չընկրկելու համար, առաջնորդը օժտուած կ’ըլլայ անյողդողդ քաջութեամբ, ետ չմնալու համար հետապնդբւած էական նպատակէն: Քաջութիւնը եսի հնազանդող յանդգնութենէ եւ յախուռնութենէ տարբեր որակ է, հետեւողական է, բռնկում չէ: Առաջնորդինքաջութիւնը ենթակայական չէ, չ’անտեսեր կասկածը եւ վախը: Ան նկատի կ’ունենայ անպատեհութիւնները, կը մտածէ վտանգներու մասին, ապա միայն, յետ կացութիւններու վերլուծման եւ արժեւորման, հետեւելով նաեւ իր ներիմացման, որոշումներ կը կայացնէ: Այդ բոլորի մասին կը խօսի իր գործակիցներուն եւ համախոհներուն, որպէսզի միասնաբար ձեռնարկեն, գործեն եւ ձգտին յաջողութեան, ի հարկին դասեր քաղեն ձախողութենէ, ինչ որ կրկին կը պահանջէ քաջութիւն:
Համեստութեան եւ չափի գիտակցութեան մասին, չի խօսուիր ղեկավարութիւններու մակարդակին, անոնք յաճախ կը մեղանչեն ամենագիտութեամբ: Համեստութիւնը իրատեսութիւն է, կու գայ կենսափորձի հետ, եւ կը պահանջէ քաջութիւն: Ան ինքնասրբագրման եւ յառաջդիմութեան ազդակ է, յատուկ իրաւ առաջնորդին, որ գիտէ վստահիլ գործակիցին, ընդունելով որ ան այս կամ այն մարզին մէջ աւելի լաւ կրնայ յաջողիլ: Համեստութիւնը իմաստութիւն յուշարարն է, որ կ’ըսէ թէ առաջնորդը անսխալական չէ:
Առաջնորդը իր համախոհներուն եւ գործակիցներուն հետ պէտք է որ միշտ գտնուի անկեղծութեան ալիքի վրայ, զոր յաճախ կը կոչենք նաեւ թափանցիկութիւն, որուն կը հետեւի պարկեշտութիւնը: Այսինքն առաջնորդին գործը եւ նախաձեռնութիւնները կասկածներու առիթ պէտք չէ տան, ինչ որ յաճախ սովորական երեւոյթ է քաղաքական ձեռնավարութիւններու պարագային (Հայաստան կ’ըսեն՝ մանիպուլացիա): Անկեղծութիւնը նախաձեռնութիւններու յաջողութեան կը նպաստէ, քանի որ ան հրաւէր է մասնակցութեան, հաւաքական աշխատանքի:
Առանց այս չորս առաքինութիւններուն, տեսիլքի, անկեղծութեան, քաջութեան եւ համեստութեան, որոնք կ’ենթադրեն հոգեկան ուժ, առաջնորդը չի յաջողիր, յաջողութեան չ’առաջնորդեր:
Ժամանակակից նիւթապաշտ եւ անմիջական յաջողութիւններու քաղաքակրթութեան մէջ տիրացուական կրնայ թուիլ խօսիլ վեհանձնութեան մասին, մանաւանդ՝ առաջնորդի: Վեհանձնութիւնը կը թելադրէ տալ պարտքէն աւելին եւ պահանջել իրաւունքէն նուազ, եւ այդ ուժականութիւն կու տայ կազմակերպութեան, ինչ ալ ըլլայ անոր բնոյթը:
Յիշուած առաքինութիւննրով կազմակերպութիւն եւ ընկերութիւն կը դառնան աւելի մարդկային, մարդուն կու տան նպատակի հետապնդման մէջ իր առանցքային իմաստը: Եթէ ուզէինք այս ըմբռնումներով ղեկավարել եւ ղեկավարուիլ, մեր այսօրը եւ մեր վաղը աւելի լաւ կ’ըլլային: Եւ խորագրով ներկայացող հարցումին իմաստուն եւ ապագայակերտ պատասխան կը գտնէինք. Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարումը ինչպէ՞ս իրականացնել. անջատաբա՞ր, բազմագլխանի՞, թէ՞ մէկ…
Այս մասին պէտք է մտածել դիտելով եւ դատելով մեր անվերջանալի եւ վերանորոգուող պառակտումները:
Մտածել նաեւ այն մասին, որ շաբաթավերջի հարիւր ճոկինկ ընողներու գումարով մէկ մարաթոն վազող մարզիկ չենք ունենար:
Ունենալ պարզ իմաստութիւն՝ չպառակտուելու, ուժ դառնալու եւ յաջողելու համար. գործել յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ եւ այն բարոյական ուժով, որ կրնայ ըսել գործակիցին եւ նոյնիսկ հակառակորդին, որ դուն ալ իրաւունք ունիս: Այսպէս կը գործէ ճշմարիտ առաջնորդը:
yerakouyn.com/2021/03/12/հայաստանի-եւ-սփիւռքի-ղեկավարման-հարց/