Թուրքիոյ Քրտական Հարցը Մուտք Գործած Է Նոր Հանգրուան՝ Թաղային պատերազմ

13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Կէօքհան Պաճըք թրքական Թուտէյզ Զաման թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ թրքական կառավարութեան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) միջեւ շուրջ երկու տարուան թրքավարի բանակցութիւններէն ետք հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ դարձել որոշ ձեւի պատերազմ մը գոյութիւն ունի։ Բանակցութիւնները թրքավարի էին, որովհետեւ ռազմավարութիւն կամ մանրամասն ծրագիր մը գոյութիւն չունէր։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցը թեւակոխած է նոր հանգրուան՝ թաղային պատերազմ։

Հեգնականօրէն կառավարութիւնը կը փորձէ վերատիրանալ շարք մը բնակավայրերու, որոնք բանակցութեանց հանգրուանին անցած էին ՔԱԿ-ի առչնուած խմբաւորումներու ձեռքը։ Այժմ ի յայտ կու գայ, որ ՔԱԿ-ը յաջողած է քրտական բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կառուցել դիմադրութեան արդիական ենթակառոյցներ։ Քրտական հարցի նոր հանգրուանը աւելի ուշադիր վերլուծումի կը կարօտի։ թուենք գլխաւոր կէտերըխ

1- Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ ՔԱԿ-ի առնչակից խմբաւորումներ կը փորձեն տարածաշրջանին մէջ քրտաբնակ բնակավայրերու վրայ լայն վերահսկողութիւն հաստատել։ ՔԱԿ աւանդաբար կը կիրարկէր «յարձակիր եւ նահանջէ» հայդուկային մարտավարութիւնը։ Սակայն այսօր քրտական խմբաւորումները բնակավայրերու մէջ մարտահրաւէր կ՚ուղղեն կառավարութեան։ Ուստի, ՔԱԿ-ի գործունէութիւնը այլեւս միայն գիւղական շրջաններու վերապահուած երեւոյթ չէ։ Անիկա նաեւ քաղաքներու մէջ երեւոյթ է։

2- ՔԱԿ տակաւին թաղային կռիւներուն մէջ ուղղակի մասնակցութիւն չունի։ Պատերազմը կը մղուի հիմնականին մէջ անոր առնչուած քիւրտ երիտասարդներով համալրուած կազմակերպութիւններու կողմէ։ Կը թուի, թէ ՔԱԿ այս թաղային կռիւը կը փորձէ որոշ հեռաւորութենէ մը։

3- Եթէ ՔԱԿ-ի առնչուած կազմակերպութիւնները յաջողին քաղաքներու մէջ իրենց ճակատամարտը երկար ժամանակ շարունակել, այդ մէկը կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ին միջեւ ռազմական հաւասարակշռութեան փոփոխութիւն պիտի պատճառէ։

4- Կառավարութեան համար ապահովական ուժերու ճամբով քաղաքներու մէջ կռուիլը դժուար է։ Առաւել դժուարը այսպիսի պատերազմ մը աւարտելն է։ Միջին Արեւելքի փորձառութիւնը կը թելադրէ, թէ թաղային պատերազմները աւարտելը դիւրին չէ։

5- Թաղային կռիւներու գինը հակամարտութեան նախկին հանգրուաններէն տարբեր է։ Ատիկա ժողովրդագրական աւելի մեծ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ։ Այսօր կը հաղորդուի, որ հազարաւոր քիւրտեր կը հեռանան իրենց քաղաքներէն կառավարութեան եւ ՔԱԿ-ի առնչակից խմբաւորումներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին թիրախներու չվերածուելու համար։ Սակայն ժողովրդային այս տեղափոխութիւնները հաւանական է, որ վատթարացնեն կացութիւնը։ Սկիզբէն ի վեր այդ ժողովրդային տեղափոխութիւնները մաս կազմած են քրտական հարցին։ Տեղահանուած այդ մարդիկը շուտով մաս կը կազմեն տնտեսական եւ ընկերային լուրջ հարցերուն։ Ուստի քրտական քաղաքներու միջեւ բնակչութեան տեղափոխութիւնները հաւանաբար ապագային ՔԱԿ-ին համակիր ժողովրդային նոր շարժում մը ստեղծեն։

6- Քրտական հարցի տեսարանը կը փոխուի, ինչ որ շատ կարեւոր է թրքական հասարակութեան համար։ Վերջինս առաջին անգամ ականատեսը կը դառնայ Թուրքիոյ մէջ քանդուած քաղաքներու տեսարաններուն՝ ճիշդ ինչպէս անոնց նմանները կային Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ։ Դարձեալ, ասիկա առաջին անգամն է, որ անոնք կը տեսնեն հրասայլեր, որոնք քրտական քաղաքներու մէջ կրակ կը բանան։ Այս իրողութիւնը պիտի խորացնէ թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ գտնուող հոգեբանական վիհը։

Թրքական հասարակութիւնը կորսնցուած է լուծումի մը նկատմամբ իր յոյսը։ Թուրքերու մեծամասնութիւնը քրտական հարցը անշրջելի հանգրուան հասած ըլլալուն գիտակցելու ընթացքի մէջ է։

Այժմ քրտական հարցը կը ներկայանայ իբրեւ անյուսալի տագնապ մը։ Այս հարցը կարելի չէ լուծել միայն ուժի կիրարկմամբ, իրողութիւն մը, որ անցնող 30 տարուան ընթացքին արդէն փաստուած է։ Միւս կողմէ՝ Թուրքիան դաշնակցային դրութեամբ քիւրտերու հետ համակեցութեամբ ապրելու լուծում մը պիտի չընդունի։ Թուրքիոյ համար, Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող քրտական ինքնավար շրջանի մը ստեղծումը մեծապէս անհաւանական է, որովհետեւ թէ՛ պետութիւնը եւ թէ հասարակական մշակոյթը այդպիսի գաղափարի մը նկատմամբ խիստ թշնամական վերաբերմունք ունին։ Ուստի, ի՞նչ է անխուսափելի լուծումը։ Ինչպէս անցնող 30 տարիները ցոյց տուած են, տրամաբանական ընտրանքը քրտական հարցի տարբեր ձեւաչափերով շարունակութիւնն է։

http://horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail