Կարօ Փայլան. «Քիւրտերուն Նկատմամբ Ցեղասպանութիւն Կ՛իրականացուի»

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «IMC» հեռուստաընկերութեան եթերով իշխանութիւններու հասցէին սուր քննադատութիւններ հնչեցուցած է` մեղադրելով զանոնք քիւրտերուն նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրականացնելուն մէջ, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» (ԺԺԿ-HDP) կողմէ ընտրուած պատգամաւորը նշած է, որ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրները Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականացնողներն են, որոնք այդպէս ալ պատասխանատուութեան չենթարկուեցան:

Փայլանի դիտարկումով այսօր եւս քիւրտերու պահանջներուն ի պատասխան անոնց նկատմամբ ցեղասպանութիւն կ՛իրականացուի:
«Այսօր տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ես կը նմանեցնեմ 1913-1914  թուականներու դէպքերուն: Բնականաբար, հետեւանքները նոյնը չեն ըլլար, ինչ որ եղաւ հայերուն հետ, քանի որ քիւրտերը այսօր կազմակերպուած են եւ ուժեղ:

Սակայն, այնուամենայնիւ, մենք կը տեսնենք, որ այս իշխանութիւնները շատ անգութ են: Անոնք կը փորձեն քիւրտերով բնակեցուած շրջանները ամայացնել: Ես Սուրի շրջան գացի: 1913 թուականին Սուրը շրջապատուած էր թնթանօթներով: 100 տարի անց իշխանութիւնները Սուրի մէջ նոյն իրավիճակը ստեղծած են: Այսօր ալ այդ շրջանը շրջապատուած է հրասայլերով ու թնթանօթներով», -ըսած է ան:
http://horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail