Պաքուի իշխանութիւնները եւ Նարտարան քաղաքի ըմբոստութիւնը

13 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016
Ազրպէյճան 11 յունուարին կրօնական պահպանողականութեան կեդրոն Նարտարան քաղաքին մէջ նոր բռնաճնշում մը գործադրեց՝ փորձելով ճնշդել ենթադրեալ իսլամական ըմբոստութիւն մը։ Այս մասին կը յայտնէ Եուրաժիանէթ կայքէջը։

Ոստիկանական աղբիւրներ կառավարամէտ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, ”աւելի քան 60” անձեր ձերբակալուած են եւ անոնցմէ 50-ը հետագային ազատ արձակուած է։

Անցեալ Նոյեմբերին մայրաքաղաք Պաքուէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Նարտարան քաղաքին մէջ առնուազն 6 զոհ պատճառած վերջին բախումներէն ետք կը թուի, թէ վերստին բազմաթիւ անձեր ձերբակալուած են։ Ձերբակալուածներու շարքին են քաղաքի երէցներու նախագահ Նաթիկ Քարիմովը, որ անցեալ շաբաթ ձերբակալուած էր դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան ամբաստանութեամբ։ Տեղւոյն հոգեւոր պետ Թալեհ Պակրիզատէն ձերբակալուած էր անցեալ Նոյեմբերին։

Իշխանութիւնները կը պնդեն, որ քաղաքի բնակիչները Ազրպէյճանի անվտանգութեան շահերուն դէմ զինեալ յեղաշրջում մը կը ծրագրէին եւ կը գործակցէին անանուն օտար պետոթեան մը հետ, որ կը կարծուի Ազրպէյճանի հարեւան Իրանը ըլլալ։ Մեծամասնութեամբ շիիներէ բաղկացած Ազրպէյճանի մէջ երկար ատենէ ի վեր գոյութիւն ունի այն պնդումը, թէ Իրանի շիի կառավարութիւնը կը փորձէ Նարտարանի մէջ խնդիրներ յառաջացնել։

Իրանի Նարտարանի մէջ առնուած քայլերու հետեւելու հետաքրքրութիւն ցուցաբերլէն ետք, Պաքու սկսաւ հեռանալ ուժանիւթի արտածման միացեալ հաւանական ծրագիրներու նկատմամբ իր ցուցաբերած ջերմութենէն։ Բայցեւայնպէս, ոչ կառավարամէտ փորձագէտները կը հերքեն Նարտարանի մէջ Իրանի դերակատարութեան մասին ամբաստանութիւնները, զանոնք նկատելով չափազանցուած։

Կառավարութիւնը մեծ ջանք թափած է քննական լրատուութիւնը լռեցնելու եւ այժմ Նարտարանի դէպքերուն մասին լրատուական անկախ քննարկումի մը համար շատ քիչ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի։
http://horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail