Հայաստանի Եւ Սփիւռք(ներ)ի Վերականգնումը Կը Լսէ Առասպելի Յուշկապարիկներու Երգը – Յ. Պալեան

Սասունցի Դաւիթէն եւ Մսրայ Մելիքէն Ետք՝ Նիկոլ եւ Ալիե՞ւ Պիտի Պատմեմ Թոռներուս – Յակոբ Պալեան

Հայաստանի Եւ Սփիւռք(ներ)ի Վերականգնումը Կը Լսէ Առասպելի Յուշկապարիկներու Երգը – Յ. Պալեան

05 ԱՊՐԻԼ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ: (Կարդալ նաեւ՝)

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Յունական դիցաբանութեան մէջ ծանօթ է յուշկապարիկներու (siren) փորձութեան կանչը, որոնց կը դիմադրէ Ոդիսեւս (Ulyss) որ առաջնորդ էր (leader) եւ գիտէր թէ ուր կ’ուզէր հասնիլ: Դիմադրեց յուշկապարիկներու փորձութեան:

Կը խարխափենք ղեկավարել կարծելով: Յիշե՛լ ծովերու վրայ Ոդիսեւսի ճամբորդութիւնը: Հին-նոր առասպել. մեր ցանկութիւններուն երգերը մենք կը հնարենք, կը հաւատանք մեր ստեղծած յուշկապարիկի հայրենասիրական երգին:

Ինչպիսի լսուած-չլսուած կանչերու հաւատացած ենք: Կը ջարդուէինք, կարծեցինք լսել կանչը «խաչապաշտներ»ու, որոնք խիղճ հանդարտեցնող որբախնամ առաքելութիւն տուին իրենք իրենց:

Անդին ազգ մը կ’ոչնչացուէր եւ անոր հայրենիքը որպէս յաղթական բիրտ ուժի աւար՝ կ’իւրացուէր:

Ֆրանսական բանակի կողքին ունեցանք Հայկական Լէգէոն, եղանք փոքրիկ դաշնակից, կոչում՝ որ մինչեւ հիմա մեր կուրծքերը կ’ուռեցնէ, բայց Կիլիկիան յանձնեցին, կրկին անհող եւ անտուն ձգելով հայերը:

Անգլիոյ վարչապետը Մեծ Պատերազմի օրերուն յայտարարեց, որ պատերազմէն ետք թրքական տիրապետութեան հետք պիտի չմնայ Հայաստանի մէջ: Յուշկապարիկի կանչ էր, հաւատացինք:

Մեծ պատերազմի յաղթական Ամերիկայի ժողովրդավարութեան պաշտպան Նախագահը Խաղաղութեան Սեւրի դաշնագիրը ստորագրեց, ստանձնեց անոր գործադրութեան պատասխանատուութիւնը, իրաւարարի իրաւունքով սահմաններ ճշդեց, բայց իր կառավարութիւնը մոռցաւ այդ բոլորը: Մենք հաւատացինք Ուիլսընի յուշակապարիկի կանչին, մինչեւ այսօր ալ կ’երգենք:

Յուշակապարիկի երգ դարձուցինք ցեղասպանութեան ճանաչումները, բարոյական-մխիթարական յաղթանակներ, եթէ բառը դեռ բան մը կը նշանակէ:

Պատմութիւնը կանգ չառաւ: Թուրքիոյ նախագահ Ապտալահ Կիւլ Հայաստան հրաւիրուեցաւ, կապկելով Ամերիկա-Չինաստան մերձեցումը, որ անցած էր փինկ-փոնկի սեղանով: Հայաստանն ալ ուզեց անցնիլ ֆութպոլով: Բայց նմանութիւն եւ բաղդատութիւն հասարակաց ոչինչ ունէին:

Հիմա Հայաստանի իշխանութիւնները կը լսեն թուրք-ազերի կանչերը, որոնք կը նմանին Ոդիսեւսի լսած երգերուն: Ոդիսեւս չլսեց, այլապէս իր նաւը պիտի զարնուէր խութերու եւ խորտակուէր:

Հայաստանի պարտուած իշխանութիւնները, որոնք ցարդ անկարող եղած էին ոչ իսկ մէկ դաշնակից ունենալու, անգիտանալով պատմութիւնը եւ թուրք հին-նոր ղեկավարութիւններու մնայուն համաթուրանական ծրագիրը, ինքնախաբէութեամբ տարուած, կը կարծեն գտած ըլլալ նոր յուշկապարիկ մը, որուն երգը կը լսեն, իրենք ալ այդ երգը կ’երգեն, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ հաղորդակցութիւններու հաստատումը հեռանկարներ կը բանայ եւ Հայաստան կը բարգաւաճի:

Զինադադար հաստատուեցաւ Արցախի մէջ: Այսօր (չ)հպարտութեամբ կ’ըսեն, որ հայ հերոսներու շնորհիւ փրկուեցաւ Արցախի մէկ բեկորը: Հապա՞ մեծ բեկորը:

Դեռ քանի մը տարի առաջ Արցախի համար կ’ըսէին անկլաւ (երկրի մը մէջ շրջապատուած տարածք, ինչպէս կղզի մը ծովուն մէջ, (enclave), հիմա ինչ որ դեռ Արցախ կը կոչենք «անկլաւ»ին մէջ «անկլաւ»է: Թուրքիա, Նախիջեւան, Կասպից Ծով, Սեւ Ծով, Միջին Ասիա հաղորդակցական ցանցին մէջ, Հայաստանն ալ պիտի յայտնուի որպէս «անկլաւ»:

Արցախը աւելի քան 12.000 քառ.ք.մ. հայրենիք էր: Ապիկար պատերազմէ եւ խայտառակ պարտութենէ ետք հայրենի Արցախի 1041 քառ.ք.մ.ը բռնագրաւուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ: Կորուստ՝ որուն պատասխանատուները հաշիւ պէտք է տային ազգին, չտուին, դեռ չտուին: Եթէ ներկայ սերունդը այդ չպահանջէ, պատմութիւնը կը դատէ պատասխանատուները, եւ սերունդը՝ իր անզգայութեան համար:

Ներսը եւ դուրսը:

Ի՞նչ կ’երգեն հայուն համար Ոդիսեւսի հայ յուշկապարիկները:

Դրացիներուն հետ լաւ ըլլալ:

Անոնք կ’ուզե՞ն Հայաստանի հետ լաւ ըլլալ:

Ի՞նչ գին կը պահանջեն լաւ ըլլալու համար, որպէսզի Հայաստանը եւ հայը լաւ ըլլան:

Զանգեզուրը, Սեւանը, Երեւանը:

Անցեալ դարու ամբոխային հոգեբանութիւնը ուսումնասիրած ֆրանսացի Կիւսթաւ լը Պոն կ’ըսէ. «Կառավարել կը նշանակէ դաշինք կնքել, դաշինք կնքել չի նշանակեր զիջիլ»: Եթէ Եւրոպա եւ Ամերիկա զիջումներով դաշինք կնքէին Հիթլէրի հետ, այսօր կ’ապրէինք ցեղապաշտ աշխարհի մը մէջ, եւ ոչ զտարիւն համարուած ժողովուրդներ ոչնչացուած կ’ըլլային:

Ի՞նչ կը խոստանան Հայաստանի իշխանութիւնները: Հանրահաւաքներուն խօսուած ճառերէն ոչինչ կարելի է կռահել: Մէկ բան կը թուի թէ բացորոշ է. պարտուած Հայաստանը թրքական խաղաղութեան (Pax Turcana) ծիրին մէջ պիտի փորձէ գոյատեւել, արտօնուած չափով շրջիլ այդ ծիրին մէջ, առեւտուր ընել եւ «լաւ ապրիլ»:

Այս հարցերուն մասին կը մտածէի, երբ Հայաստանէն զաւակներու մայր, թոռներու ու ծոռներու տատիկ մը հեռաձայնեց, եւ պարզ բառերով ըսաւ, որ անօթիներ կան, իսկ անդին չինովնիկները իրենք իրենց պարգեւավճարներ կը շնորհեն: Այս պայմաններուն մէջ ինչո՞ւ լքեն իշխանութիւնը:

Ֆրանսական հեռատեսիլը երկար հաղորդումով մը անդրադարձած էր Արցախեան պատերազմին եւ աւերներուն: Կ’ենթադրեմ, որ իշխանութիւնները տեսան, եթէ արդէն բոլոր մանրամասնութիւնները չէին գիտեր:

Այսօր թերթ մը գրած էր, որ Յունաստանը երկու դար առաջ ազատագրուած էր օսմանեան լուծէն: Ֆրանսական, անգլիական եւ ռուսական ուժեր օգնութեան փութացած էին:

Անոնք ի՞նչ ըրին եւ այսօր ի՞նչ կ’ընեն թուրք-ազերի ծաւալապաշտութեան եւ ջարդարարութեան դէմ:

Թերթը գրած էր նաեւ, որ անգլիացի բանաստեղծ Լորտ Պայրըն զոհուած էր թրքական բանակներու դէմ յոյն ազատագրական կռիւներու ընթացքին: Այսօր ի՞նչ ըրին եւ ի՞նչ կ’ընեն բանաստեղծ Լորտ Պայրընի յաջորդները, հոգեղբայրները եւ գրչեղբայրները:

Ժամանակակից յանդուգն ֆրանսացի իմաստասէր Միշէլ Օնֆրէ, որ յաճախ քաղաքակրթական արժէքներու պաշտպանութեամբ հանդէս կու գայ, յատկանշական արտայայտութիւն մը ունի, որուն մասին պէտք է մտածեն հայ քաղաքական գործիչները եւ մտաւորականները, երբ հայ ազգի ճակատագրին ուղղութիւն տալու յաւակնութիւններ ունին: Միշէլ Օնֆրէ կ’ըսէ.

«Ո՛չ ծունկի եկածի ատելութեան, հաստատակամութեամբ երբե՛ք դաշինք չկնքել անոնց հետ, որոնք զինք դրած են այդ ստորնացնող դիրքին մէջ եւ անոնց՝ որոնք զինք հոն կը պահեն»:

Տեւելու, տոկալու, պատմութեան բեմին վրայ մնալու համար, երբեք դաշինք չկնքել նուաստացնողին հետ… Այս ազգային քաղաքական իմաստութիւն է: Տրամագծօրէն հակառակը՝ պատեհապաշտութեան եւ սիրողականութեան, ամաթէօրիզմի:

yerakouyn.com/2021/03/31/հայաստանի-եւ-սփիւռքների-վերականգնու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail