Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մասթըր Կարոն` Մեր Բոլորին Մասթըրը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
06 ԱՊՐԻԼ 2021 – ՀԱՅ ՍԵՒ ԳՈՏԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ:
Սրտի խոր կսկիծով տեղեկացայ հանրածանօթ եւ վաստակաւոր, սերունդներու դաստիարակ` յարգարժան Կարօ Քեպապճեանի վաղաժամ մահուան մասին, որ պատահեցաւ մարտ 31-ին, հայրենիքի մէջ:
Ուրկէ՞ սկսիլ, ինչպէ՞ս նկարագրել անձ մը, որ պէտք չունի որեւէ ծանօթացման, որովհետեւ անոր ամբողջ կեանքը եղած է զոհաբերում հայ ժողովուրդին, հայ ազգին եւ հայրենիքին: Արդարեւ, կ՛ուզեմ պարզապէս վկայութիւններս մէջբերել այս եզակի անձին մասին, որ մեծ դեր ունեցաւ իմ, ինչպէս նաեւ փաղանգ մը այլ երիտասարդներու ազգային դիմագիծին կերտման մէջ:
1976 թուականին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Նշան Փալանճեան ճեմարանը ժամանակաւոր կերպով փոխադրուած էր Կենաց ազգային վարժարան (այժմ Եղիշէ Մանուկեան վարժարան), արեւելեան Պէյրութի ապահով արուարձան մը: 6-րդ դասարան էի: Լաւ կը յիշեմ, թէ զբօսանքին մեր զրոյցներու հսկայ բաժինը կը գրաւէին այդ գորշ պատերազմի բազմաթիւ երեւոյթները, ինչպէս` ռումբերու գործած աւերները, զէնքերը, զինեալները, նաեւ, դժբախտաբար, զոհերը: Կը մտահոգուինք հայութեամբ, բնականաբար նաեւ` հայահոծ շրջաններու ապահովութեան հարցերով, արդեօք մեր տղաքը ունէի՞ն բաւարար զինամթերք եւ այլն…
Այդ օրերուն յաճախակի կերպով ազգային անձնաւորութիւններ կու գային Ճեմարան, հաւանաբար ժողովներ գումարելու Ճեմարանի տնօրէն պր. Տասնապետեանին հետ: Օր մըն ալ եկաւ երիտասարդ, շէկ, գեղադէմ անձ մը, որ իր հեզութեամբ ու բոցավառ նայուածքով մեզ դիւթեց, իսկ բակին մէջ եղողներէն շատեր հմայքով սկսան ըսել, թէ այդ անձը մասթըր Կարոն էր, որ պիտի կազմակերպէր հայ բնակչութեան պաշտպանութիւնը:
Այո՛, երբեք չէին շուարած միջնակարգ դասարանի պատանի ընկերներս, որովհետեւ մասթըր Կարոն ո՛չ միայն մեծ դեր ունեցաւ հայաբնակ շրջաններու պաշտպանութեան մէջ, այլ նաեւ կեանքը ամբողջ նուիրեց հայապահպանութեան` բառին իսկական իմաստով, ապա նաեւ` Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան:
1977-ին էր, որ պատիւը ունեցայ անձամբ ծանօթանալու մասթըր Կարոյին: Քաղաքի մայր Ճեմարանն էինք, զբօսանքի պահուն նկատեցի, թէ ան աստիճաններէն պիտի բարձրանար տնօրէնութեան յարկը. անվարան ու հաստատ քայլերով իրեն մօտեցայ` ձեռքս երկնցնելով, ինքզինքս ներկայացնելով (հաւանաբար 7-րդ դասարանի պատանի) եւ սրտանց շնորհակալութիւն յայտնելով, թէ ան հերոսաբար մասնակցած է Նապաայի կռիւներուն եւ կատարած է իր ազգային վեհ պարտականութիւնը, զոր ես ալ անպայման պիտի փափաքէի օր մը կատարել: Ան մեծապէս գնահատեց իմ անկեղծ խօսքերս, ազնուօրէն ու մեծ յարգանքով խօսեցաւ հետս` կարծես ըլլայի իրեն տարեկից բարեկամ մը: Այո՛, ան շատ լաւ գիտէր յարգել եւ մեծարել իր շրջապատը, նաեւ` հասկնալ դիմացինին հոգեբանութիւնը:
Նոյն տարին Ճեմարանի մէջ ունեցանք քոնկ ֆուի դասընթացքներ մասթըր Կարոյի հետ, ապա` 1981-ին, միացայ իր կաճառին (Պուրճ Համուտի մէջ), ուրկէ աւարտեցի 1989-ին` սեւ գօտի ստանալով եւ մաս կազմելով Հայ սեւ գօտիներու միութեան:
Անզուգական էր մասթըր Կարոն ո՛չ միայն իր ֆիզիքական կարողութիւններով, այլ նաեւ իր մտային եւ կազմակերպչական մակարդակով: Լիբանանի գրեթէ բոլոր դպրոցներու եւ ակումբներուն մէջ քոնկ ֆուի միջոցով մեզի սորվեցուցին յարգանք, կարգապահութիւն, մարտունակութիւն, հայրենասիրութիւն, ծառայասիրութիւն` ածականներ, որոնց որքա՜ն պէտք ունինք այս օրերուն: Պէտք է նշել նաեւ, թէ այս քոնկ ֆուի դաստիարակութիւնը Լիբանանով չսահմանափակուեցաւ, այլ եղաւ համագաղութային` հայրենասիրութեան եւ հայապահպանման կայծը բոցավառելով աւելի քան 50 հազար երիտասարդներու սրտերուն մէջ: Սրտի պարտք կը զգամ նաեւ խորին շնորհակալութիւն յայտնելու հանգուցեալին ամէնէն մօտիկ աշխատակիցներուն, մեր երէց ընկերներուն` Գէորգին, Յակոբին, Վագոյին, Խաժակին, Վարուժին եւ Վարդիվառին (ներեցէք, որ մականունները չեմ յիշեր), եւ վստահ հոյլ մը այլ անձերու (ներեցէ՛ք անգամ մը եւս, որ ձեր անունները չեմ յիշեր), որոնք երկար տարիներ անսակարկօրէն ծառայեցին եւ աշխատակցեցան մասթըր Կարոյին հետ, որպէսզի այս մեծ ծրագիրը յաջողի իր ամբողջական ու համասփիւռքեան տարողութեամբ:
Ինչպէ՞ս մոռնալ մասթըր Կարոյին հռետոր կարողութիւնները: Անհամբեր կը սպասէինք իր դաստիարակչական դասախօսութիւններուն (մաս կը կազմէինք քոնկ ֆուի դասընթացքներուն), որոնք կրնային տեւել ժամեր անընդհատ եւ ըլլալ ազգային, հոգեբանական, մանկավարժական, փիլիսոփայական, մարդասիրական, ընկերային կամ այլ նիւթերու մասին:
Այո՛, անզուգական ու եզակի անձ մըն էր մասթըր Կարոն… Այսօր, դժբախտաբար, ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ այլեւս այս վեհ անձը, բայց իր աւելի քան 50 հազար աշակերտները խօսուն փաստ են, որ մասթըր Կարոյին պատգամը կայ ու պիտի մնայ, որովհետեւ ան յաջողեցաւ հայրենասիրական, հայապահպանման եւ ընտիր հայ անձի կայծը յաւե՛րժ բռնկեցնել մեր սրտերուն մէջ:
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ մեծ մասթըր Կարօ` մեր բոլորին մասթըրը:
Aztagdaily.com/archives/504561