Անդրադարձ – Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը Ա. – Յարութ Չէքիճեան
06 ԱՊՐԻԼ 2021 – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան –haroutchekijian.wordpress.com
– ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու ՆԱՍԱ-ի (Ազգային օդանաւորդային եւ անջրպետի վարչութիւն հիմնուած 1958-ին) 30 յուլիս 2020-ին դէպի Հրատ մոլորակ արձակած հրթիռը 18 փետրուար 2021-ին յաջողութեամբ մոլորակին գետինը հասցուց «Փըրսի»-ն` երկրէն կառավարուող հետազօտական ռոպոթ ինքնաշարժը (1): «Քիւրիոսիթի»-ին նախորդն էր, որ կարմիր մոլորակին գետինը հասաւ 5 օգոստոս 2012-ին, որուն պատրաստութեան համար աշխատած հայ մասնագէտներուն մասին նաեւ կ՛անդրադառնամ ստորեւ:
1. Հայկազեան քոլեճի Հրթիռներու ակումբին արձակելու պատրաստ երկյարկանի հրթիռ մը, ուսանողներու ներկայութեան, 1962-ին, Տըպայէ, այժմու 2 փապուղիներու բլրան գագաթը: 2. Նոյնպիսի հրթիռներու «աւելցուքը» քոլեճին տնօրէնութեան շէնքին տանիքը, իբրեւ որթատունկի արիշին յենարան կը ծառայէին, 1967-ին:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Անջրպետի գործակալութիւնը 19 յուլիս 2020-ին Ճափոնական H-IIA հրթիռով մը Ճափոնէն դէպի Հրատ մոլորակ արձակեց «Յոյս» (Hope) անունով արբանեակ մը, որ յաջողութեամբ մոլորակին անջրպետը հասաւ եւ անոր ծիրին շուրջ սկսաւ դառնալ 9 փետրուար 2021-ին (2): Արաբական աշխարհին համար գիտական մեծ իրագործում մըն էր այս, որ սրտանց կը շնորհաւորենք:
Բոլոր յայտնի լրատուամիջոցները այս գիտական նուաճումը եւ ԱՄԷ-ն նկատեցին իբրեւ առաջին արաբական կամ միջինարեւելեան երկիրը, որ անջրպետ հասնելու ծրագիրներ որոնած է: Մինչ ԱՄԷ-ն արդէն կ՛ընդունի, որ Լիբանանէն ետք ինք երկրորդ արաբական երկիրն է, տես` նկար 3: Սակայն, «The Wandering Native» կայքէջը (3) աշխարհին կը յիշեցնէ, որ Լիբանանն էր առաջինը: Իսկ իմ կողմէս պիտի աւելցնեմ, որ ոչ միայն արաբական աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի առաջին անջրպետ հրթիռ հասցնող երկիրն էր, այլ նաեւ այդ տարիներուն, Ամերիկայէն եւ Խորհրդային Միութենէն ետք, բացայայտ` ոչ գաղտնիաշխարհի նուազ քան 10 երկիրներէն մէկը, որ կրցաւ երեք յարկանի հրթիռով հասնիլ շուրջ 385 քմ բարձրութիւն, որ կը նկատուի արհեստական արբանեակի անջրպետ եւ շուրջ 1000 քմ հեռաւորութիւն: Այժմ աշխարհի ծիրին շուրջ դարձող ամենամօտիկ արհեստական արբանեակները հասարակացէն շուրջ 160 քմ հեռաւորութեան ծիրի վրայ են, ամենահեռաւորը` շուրջ 36 հազար քմ (բացի գաղտնի այլ արբանեակներու հեռաւորութիւններէն):
3. Ձախին` Հայկազեանի Սիտըր 4 հրթիռին նմանակը, 2011-ին իբրեւ քանդակ կը զետեղուի ԱՄԷ-ի Շարժայի արուեստի թանգարանի մուտքի գաւիթին մէջ. նկարը` 2019-ին:
2012-ին Ֆրանսաբնակ լիբանանցիներ Ճոանա Հաճիթոմաս եւ Խալիլ Ժըրէյժ (4) վաւերագրական ժապաւէն մը (5) պատրաստեցին` «Լիբանանեան հրթիռներու ընկերակցութիւնը» խորագիրով (The Lebanese Rocket Society), որ 2013-ին հրապարակուեցաւ եւ ցուցադրուեցաւ Պէյրութի մէջ` աշխարհին յիշեցնելով, որ Միջին Արեւելքի եւ արաբական աշխարհին մէջ Լիբանանը առաջինն էր, որ 1960-ին այդ օրերուն տակաւին քոլեճ` Հայկազեան համալսարանի «Հայկազեան քոլեճի հրթիռներու ընկերակցութեան» (Haigazian College Rocket Society, HCRS) խումբ մը հայ ուսանողներուն շնորհիւ, գլխաւորութեամբ բնագիտութեան եւ ուսողութեան դասախօս Մանուկ Մանուկեանին (ծնեալ Երուսաղէմ, 1935-ին), դարձաւ առաջինը:
Այս ժապաւէնին շնորհիւ լիբանանեան եւ միջազգային լրատուամիջոցները անդրադարձան Հայկազեան քոլեճի 1960-ական տարիներու մոռացութեան մատնուած հրթիռներու ակումբի իրագործումին, եւ զարմանալի չէր խորագիրը, որ բրիտանական ՊիՊիՍ-ին 14 նոյեմբեր 2013-ին (6) գործածեց` այս մասին երկար յօդուած մը հրատարակելով. «Լիբանանի մոռցուած անջրպետի ծրագիրը» (Lebanon՛s forgotten space programme): Այժմ, 8 տարի ետք, կրկին մոռացութեան մատնուած են Հայկազեանն ու Լիբանանը, եւ ԱՄԷ-ին կը շնորհուի առաջատար ըլլալու դիրքը:
Ստորեւ պիտի փորձեմ թարմացնել աշխարհին յիշողութիւնը: Սակայն գլխաւոր աղբիւր պիտի օգտագործեմ եւ տեղեկութիւններ ու Մանուկ Մանուկեանին տրամադրած նկարները ներկայացնեմ աւելի կանուխ` 7 մարտ 2011-ին, Հայ աւետարանական Ջանից ընկերակցութեան կայքէջին մէջ (7), (8), (9) Մանօ Չիլինկիրեանի այս նիւթով 3 մաս հարցազրոյցէն` Մանուկ Մանուկեանին եւ ակումբին հիմնադիր ուսանողներէն Համբար Գարակէօզեանին հետ, որ կատարուած է ակումբին յիսնամեակին առիթով` նոյեմբեր 1960-2010, որոնց պիտի աւելցնեմ իմ յուշերս ու չնչին փորձառութիւնս:
4. Աջէն` Համբար Գարակէօզեան, Մանուկ Մանուկեան եւ Հրայր Քելէշեան, իր Մրուժ ամառանոցի ընտանեկան պարտէզին մէջ կը փորձարկեն առաջին փոքր հրթիռները 1960-ին:
5. Նոյն վայրին մէջ հրթիռը թռիչք կ՛առնէ:
6. Օգոստոս 1961-ին Լիբանանի նախագահ Ֆուատ Շեհապի փափաքով` կ՛ընդունի Հայկազեան քոլեճի Հրթիռներու ակումբը. ձախէն` Սիմոն Աբրահամեան, Հրայր Քելէշեան, նախագահ Շեհապ, Մանուկ Մանուկեան, Համբարձում Գարակէօզեան եւ Կարապետ Պասմաճեան:
Անջրպետը նուաճելու` հրթիռներ, արհեստական արբանեակներ, լուսին հասնիլ եւ այլն, ռուս-ամերիկեան մրցարշաւը 1950-ական թուականներէն սկսեալ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց աշխարհասփիւռ, գիտական հակում եւ հետաքրքրութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն մէջ: Տարօրինակ չէ, որ անգլերէն բառապաշարին մէջ աւելցաւ «Հրթիռի գիտնական» (rocket scientist) ասոյթը (meme)` իբրեւ որակում, խրթին հարցեր լուծել փորձողին, կամ կարծեցեալ անկարելին կատարել փորձողին հարց տալով. «Ի՞նչ է, հրթիռի գիտնակա՞ն ես», որ ցարդ կը գործածուի:
Իրականութեան մէջ առաջինը Գերմանիան էր (10), որ Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին հազարաւոր հրթիռներ գործածեց, իսկ 20 յունիս 1944-ին դէպի անջրպետ MW 18014 հրթիռը արձակեց: A-4/V-2 հրթիռ մը, որ հասաւ անջրպետ նկատուող 176 քմ բարձրութիւն (թէեւ ոմանք կ՛ըսեն, թէ աւելի կանուխ` 3 հոկտեմբեր 1942-ին անջրպետի բարձրութիւն` շուրջ 190 քմ հասած էր): 2 թոն կշռող միայարկ հրթիռը պատրաստողը մասնագէտ, նշանաւոր գիտնական Վերնըր ֆոն Պրաունն էր (Wernher von Braun 1912-1977), որ հեղուկ վառելանիւթ կը գործածէր (11): Պատերազմի աւարտին Միացեալ Նահանգներուն թանկագին, կարեւորագոյն պարգեւներէն, «գողօններէն» մէկը դարձաւ Պրաուն:
26 մարտ 2021
(Շար. 1/2)
*********************
(2) https://www.scientificamerican.com/article/hope-probe-enters-orbit-around-mars/
(3) https://thewanderingnative.com/2021/02/18/the-lebanese-rocket-society/
(4) http://hadjithomasjoreige.com/the-lebanese-rocket-society/
(5) https://youtu.be/ZNvwu0JD6ro(ժապաւէնէն հատուածներ)
(6) https://www.bbc.com/news/magazine-24735423
(7) http://www.chanitz.org/2011/03/rising-of-rocket.html
(8) http://www.chanitz.org/2011/03/rising-of-rocket-part-2.html
(9) http://www.chanitz.org/2011/05/rising-of-rocket-part-3.html
(10) https://en.wikipedia.org/wiki/MW_18014
To Infinity and Beyond: Armenians in the Mars Rover Curiosity Project
To Infinity and Beyond: Armenians in the Mars Rover Curiosity Project
(12) https://en.wikipedia.org/wiki/Wernher_von_Braun
- Հայկազեան քոլեճի Հրթիռներու ակումբին արձակելու պատրաստ երկյարկանի հրթիռ մը, ուսանողներու ներկայութեան, 1962-ին, Տըպայէ, այժմու 2 փապուղիներու բլրան գագաթը:
- Նոյնպիսի հրթիռներու «աւելցուքը» քոլեճին տնօրէնութեան շէնքին տանիքը, իբրեւ որթատունկի արիշին յենարան կը ծառայէին, 1967-ին:
- Ձախին` Հայկազեանի Սիտըր 4 հրթիռին նմանակը, 2011-ին իբրեւ քանդակ կը զետեղուի ԱՄԷ-ի Շարժայի արուեստի թանգարանի մուտքի գաւիթին մէջ. նկարը` 2019-ին:
- Աջէն` Համբար Գարակէօզեան, Մանուկ Մանուկեան եւ Հրայր Քելէշեան, իր Մրուժ ամառանոցի ընտանեկան պարտէզին մէջ կը փորձարկեն առաջին փոքր հրթիռները 1960-ին:
- Նոյն վայրին մէջ հրթիռը թռիչք կ՛առնէ:
- Օգոստոս 1961-ին Լիբանանի նախագահ Ֆուատ Շեհապի փափաքով` կ՛ընդունի Հայկազեան քոլեճի Հրթիռներու ակումբը. ձախէն` Սիմոն Աբրահամեան, Հրայր Քելէշեան, նախագահ Շեհապ, Մանուկ Մանուկեան, Համբարձում Գարակէօզեան եւ Կարապետ Պասմաճեան:
aztagdaily.com/archives/504428