Յանուն քաղաքացիներու հաւասարութեան

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք
13-01-2016 ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ uygargultekin@agos.com
Նա­խա­­պէս անդրա­­­դար­­­ձած էինք Պո­­­յաճը­­­գիւ­­­ղի Սուրբ Երից Ման­­­կանց Եկե­­­ղեց­­­ւոյ Թա­­­ղական խոր­­­հուրդի ատե­­­­նապետ Նա­­­­զարէթ Էօզ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հակեանի այն դի­­­­մու­­­­մը, որ ուղղո­­­­ւած էր Կրօ­­­­նից Տես­­­­չութեան եւ որ­­­­պէս քա­­­­ղաքա­­­­ցիական իրա­­­­ւունք կը պա­­­­հան­­­­ջէր որ այս հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւնը ինչպէս իմամ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ամ­­­­սավճար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը, ստանձնէ նաեւ քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեանե­­­­րու քա­­­­հանա­­­­ներուն ամ­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­կան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւս։

Սա­­­­կայն Տեսչու­­­­թիւնը նկա­­­­տի չէր ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած թա­­­­ղակա­­­­նու­­­­թեան այս պա­­­­հան­­­­ջարկը պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նելով որ քա­­­­հանա­­­­ներու հա­­­­մար ճշդո­­­­ւած նման վճա­­­­րում մը գո­­­­յու­­­­թիւն չու­­­­նի։ Կրօ­­­­նից Տես­­­­չութեան այս մեր­­­­ժող պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նէն ետք ատե­­­­նապե­­­­տը 2013-ի Յու­­­­լի­­­­­­­­­­­­­­­սին դի­­­­մած է Օմ­­­­պուցմե­­­­նին, իբ­­­­րեւ հաշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­րար։

Օմ­­­­պուցմե­­­­նը այս մա­­­­սին կար­­­­ծիք հար­­­­ցուցած է Հրէից Ռա­­­­բու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­պետու­­­­թեան, Թուրքիոյ Հա­­­­յոց Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րանին, Ասո­­­­րի Ուղղա­­­­փառ Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րանին եւ Յու­­­­նաց Տիեզե­­­­րական Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­րանին։ Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեայ եւ հրեայ հո­­­­գեւո­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը իրենց մի­­­­ջեւ խորհրդակ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լէ ետք, Տիեզե­­­­րական Պատ­­­­րիար­­­­քի ստո­­­­րագ­­­­րութեամբ ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցած են հե­­­­տեւեալ առա­­­­ջար­­­­կը՝ «քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­նեայ եւ հրեայ հո­­­­գեւո­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը հպա­­­­տակին եկե­­­­ղեցիի յա­­­­տուկ աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճանա­­­­կար­­­­գի, ուստի տե­­­­ղին պի­­­­տի ըլ­­­­լայ պե­­­­տու­­­­թեան նման ծա­­­­ռայու­­­­թիւննե­­­­րու հա­­­­մար կա­­­­տարե­­­­լիք փո­­­­խան­­­­ցումը յանձնել այս հաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­տու­­­­թիւննե­­­­րուն»։

Օմ­­­­պուցմեն բա­­­­ցի այս խոր­­­­հրդակ­­­­ցութե­­­­նէ բա­­­­նակ­­­­ցութիւններ ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած է Ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­քին եւ Ներ­­­­քին Գոր­­­­ծոց Նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րու, Վա­­­­քըֆ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու Ընդհա­­­­նուր Տնօ­­­­րէնութեան, Ելմտա­­­­կան Նա­­­­խարա­­­­րու­­­­թեան, Կրօ­­­­նից Տես­­­­չութեան եւ Պե­­­­տական Պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նէութեան ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացու­­­­ցիչնե­­­­րուն հետ։ Այսպէս Պիւտճէի եւ Տնտե­­­­սական Քննու­­­­թեան Բա­­­­ժինը յայտնեց թէ առ­­­­կայ ներ­­­­կայ օրէնքնե­­­­րու սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­մով եկե­­­­ղեցի­­­­ներու մէջ պաշ­­­­տօ­­­­­­­­­­­­­­­նավա­­­­րող հո­­­­գեւո­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն պե­­­­տական պիւտճէէն հա­­­­տու­­­­ցում կա­­­­տարել կա­­­­րելի չէ։

Իսկ Օմ­­­­պուցմեն չէ գո­­­­հացած իրեն հաս­­­­նող այս պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նէն եւ խնդի­­­­րը դրած է Լո­­­­զանի Դաշ­­­­նագրին եւ սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նադ­­­­րութեան պա­­­­հան­­­­ջած քա­­­­ղաքա­­­­ցինե­­­­րու հա­­­­ւասա­­­­րութեան սկզբունքի ծի­­­­րին մէջ։ Այս զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցումնե­­­­րէն ետք, բո­­­­լորին հա­­­­մար խիստ հե­­­­տաքրքրա­­­­կան է տես­­­­նել թէ խնդի­­­­րը դէ­­­­պի ո՞ւր պի­­­­տի յան­­­­գի։ Բո­­­­լոր այս զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցումնե­­­­րէն վերջ Օմ­­­­պուցմե­­­­նը իր պատ­­­­րաստած տե­­­­ղեկագ­­­­րին մէջ պա­­­­հան­­­­ջեց խնդրին փոք­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­մաս­­­­նութեան ի նպաստ լու­­­­ծումը։ «Եթէ այս յանձնա­­­­րարու­­­­թեան չհնա­­­­զան­­­­դիք, տե­­­­ղեկա­­­­ցու­­­­ցէք պատ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­ռաբա­­­­նու­­­­թիւնը» գրո­­­­ւած է Օմ­­­­պուցմե­­­­նին իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւննե­­­­րուն ղրկած նա­մակին մէջ։

http://www.agos.com.tr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail