Ակնարկ. ԵԽԽՎ-ն Կը Հակասէ ԵԱՀԿ-ին

Agnarg
14 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2016

Յունուար 26-ին Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ (ԵԽԽՎ) կը նախատեսուի քննարկել երկու զեկուցում, որոնք ունին հակահայկական բովանդակութիւն: Անոնք են` բրիտանացի խորհրդարանական Ռոպըրթ Ուոլթըրի «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միւս բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ» եւ Պոսնիա – Հերցեկովինայի ներկայացուցիչ Միլիցա Մարքովիչի` «Ազրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէ» զեկուցումները:

ԵԽԽՎ-ի քննարկած հակահայ բանաձեւերու թղթածրարը որոշ պատմական ունի. Յիշեցման կարգով նշենք միայն վերջինը. դարձեալ բրիտանացի պատգամաւոր Ռոպըրթ Ուոլթըրի ներկայացուցած նախագիծի բանաձեւը, ուր կը խօսուէր Ղարաբաղի, Ազրպէյճանի, եւ գրաւեալ այլ տարածքներու մէջ բռնութեան աճի մասին, եւ միաժամանակ կը պահանջէր, որ Հայաստանի, այլ անկանոն ուժերու հեռացումը Ղարաբաղէն եւ գրաւեալ այլ տարածքներէ. Նման միակողմանի ձեւակերպումներով յագեցած բանաձեւերու արծարծումը ԵԽԽՎ-ի միջավայրին մէջ խորքին մէջ ի՞նչ կը հետապնդէ, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորո՞ւմը, թէ՞ որեւէ պատգամաւորի կողմէ Պաքուի պահանջի բաւարարումը:

Յստակ է այն, որ հայկական կողմը թէ՛ պետական մակարդակով եւ թ՛է մանաւանդ Եւրոպայի Հայ դատի կառոյցներով համակարգուած կ՛աշխատի ոչ միայն նման բանաձեւերու հակազդելու, այլ նաեւ որոշ նախաձեռնութեամբ կանխարգելիչ դեր ունենալու ուղղութեամբ:

Փորձենք կեդրոնանալ արծարծուելիք երկու զեկուցումներուն գէթ խորագրային միակողմանիութեան, եւ այդ շրջանակին մէջ օգտագործած եզրաբանութեամբ նախանշուող բովանդակութեան եւ հաւանական եզրակացութեան վրայ:

Առաջինի պարագային «Բռնութեան աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միւս բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ»-ը փորձենք տարբաղադրել. նախ այն , որ բռնութեան աճ կայ, ինչ որ կ՛ենթադրէ, թէ միջազգային երաշխաւորութեամբ հաստատուած զինադուլը խախտողներ կան, թէկուզ անհասցէ նշումով: Հոս պէտք է նկատի ունենալ վերջին շրջանին թէ՛ համանախագահներուն եւ թէ՛ յատկապէս պաշտօնական Ուաշինկթընի յայտարարութիւններուն մէջ երեւցած նոր երանգաւորումները` պատասխանատուութիւններու համահաւասարեցման սկզբունքը խախտելու եւ իրերը իրենց անունով կոչելու օրինաչափութեան ընդառաջ քայլ առնելու:

Երբ կ՛ըսուի «միւս բռնագրաւուած տարածքներ»-ը, այդ կը նշանակէ, որ միւսը նախորդող հասկացողութիւն ունի. այս պարագային` Արցախը. ուրեմն կը ստացուի այն, որ Արցախն ու ազատագրուած տարածքները ընդհանրապէս բռնագրաւուած նկատելու խորագրային նախանիշ կայ ձեւակերպումին մէջ:

Անցնինք. երկրորդ զեկուցումին խորագիրը թէեւ ո՛չ գրաւուած, ո՛չ Արցախ, ո՛չ ալ բռնագրաւուած տարածքներ բառերը օգտագործած է խորագրային իր ձեւակերպումին մէջ, այսուհանդերձ պարզ են ուղերձը եւ յանգելիք եզրակացութիւնները: «Ազրպէյճանի սահմանամերձ բնակավայրերուն բնակիչները կանխամտածուած կերպով կը զրկուին ջուրէ»: Սահմանամերձ շրջանները շատ ընդհանուր հասկացողութիւն է եւ պէտք է սպասել զեկուցումի հրապարակումին` իմանալու համար: Այստեղ աւելի պարզը այն է, որ կանխամտածողներուն ինքնութիւնը զեկուցաբերին մտքին մէջ անորոշ չէ: Զեկուցումին կը փորձուի տալ մարդկային աղէտի նախաիրավիճակի մը ձեւաւորման ահազանգը` շարժելու համար եւրոպական հանրային կարծիքը:

Պաքուի պատուէրին ու գործի դրած միջոցներուն մասին պատկերացումները պարզ են: Խնդիրը առաւելաբար կը կեդրոնանայ հետեւեալ հակասութեան վրայ:

Միջազգային ընտանիքը որոշած է  իբրեւ միջնորդական առաքելութեան ձեւաչափ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը: Համանախագահները կը վարեն երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններ, որոնց առանցքը Արցախի եւ յարակից ազատագրուած տարածքներու կարգավիճակի ճշդումն է: Բանակցութիւններէն բխած յայտարարութիւններուն մէջ հաւասարազօր են ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքները, զուգահեռ` ուժի կիրարկման բացառումը: Թէ՛ նոյեմբերեան զեկուցումին եւ թէ՛ յունուար 25-ին ներկայացուելիքին միջեւ խախտած են բանակցային առանցքները յարգելու սկզբունքները: Երբ միջազգային որոշումով այս առանցքներուն շուրջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան, միջազգային այլ կառոյց մը, այս պարագային` ԵԽԽՎ-ն պէտք չէ խախտէ այս իրաւաչափութիւնը:

Պարզ ըսելաձեւով` ԵԽԽՎ-ն հակասութեան մէջ պէտք չէ գտնուի ԵԱՀԿ-ին հանդէպ: Եւ ոչ միայն ԵԽԽՎ-ն:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail