ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Մելիք Շահնազարեանները` Գեղարքունիքի Եւ Վարանդայի Տիրակալներ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
05 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ: Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մելիք Շահնազարեանները ազնուական մեծ տոհմ են: Շահնազար պարսկերէն կը նշանակէ «թագաւորի հայեացք»: Տոհմական տարեգրութիւններ կ՛ըսեն, որ անոնք Ծարի իշխաններու` Դոփեաններու մէկ ճիւղն են:
Մելիք Շահնազարեանները Գեղարքունիքի մէջ իշխանութիւն հաստատած են, իբրեւ կեդրոն ունենալով Սեւանայ լիճէն հարաւ-արեւելք գտնուող Մազրա (Մեծ Մասրիկ) եւ Սոթք գիւղերը: Մելիք Շահնազարեաններու մելիքութիւնը արեւելքէն սահմանակից էր Ծարի մելիքութեան:
Դոփեաններն ու Մելիք Շահնազարեանները ժամանակի ընթացքին այնքան ճիւղաւորուեցան, որ հետագային խնամիական կապեր հաստատեցին:
Տոհմական տարեգրութեանց համաձայն, անոնց մէջ տարածուած էր Աստուածաբով անձնանունը (որ կը նշանակէ Աստուծոյ յոյսով, կամ Աստուծոյ ապաւինած), որ կրճատուելով հնչուած է Աբով: Աւանդութիւն մը կ՛ըսէ, որ Գիւլիստանի Մելիք Բեգլարեաններու նախնի Սեւ Աբով եւ Գեղարքունիքէն Քանաքեռ տեղափոխուած պարոն Աբով (որուն սերունդէն է Խաչատուր Աբովեան) նոյն տոհմի շառաւիղներ են:
Մելիք Շահնազարեաններու մէկ ճիւղն ալ մելիքութիւն հաստատեց Սեւանի լեռներու հանդիպակաց կողմը, Ուտիք նահանգի Գարդման գաւառին մէջ, իբրեւ կեդրոն ունենալով Ոսկանապատ գիւղը:
* * *
Մելիք Շահնազարեանները Կէօքչա մահալի ամենահզօր մելիքութիւնն էին եւ իրենց շրջակայ մելիքութիւններէն կը գերադասուէին: Անոնք սերտ կապեր ունէին պարսկական արքունիքին հետ:
Մելիքբէկի որդի Շահնազար յաղթական պատերազմներ մղեց օսմանցիներուն եւ Կովկասի լեռնական ցեղերուն դէմ: Պարսից շահ Աբաս Ա. հիւրընկալուեցաւ մելիք Շահնազարի տան մէջ: Մելիք Շահնազար դարձաւ շահին մտերիմն ու բարեկամը: Շահը անոր թանկագին զգեստներ եւ խալաթներ տուաւ եւ շարք մը գիւղեր նուիրեց:
Շահ Աբասի հրամանով մելիք Շահնազարի եղբայր Միրզաբէկ 1603-ին Վարանդա տեղափոխուեցաւ եւ հոն մելիքական իշխանութիւն հաստատեց: Ան իրեն կեդրոն ընտրեց Աւետարանոց գիւղը:
Շահ Աբաս նոյն ժամանակ` 1603-ին թագաւորական կնիքով հաստատուած հրովարտակ շնորհեց Մելիք Շահնազարեաններուն, հաստատելով որ այդ ժառանգութիւնները անփոփոխ պիտի պահպանուին սերունդէ սերունդ, մինչեւ յաւիտեան:
* * *
Մելիք Շահնազարեաններու տոհմական աւանդական կեդրոնը` Մեծ Մասրիկ, Սեւանայ լիճէն շուրջ տասը քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, 1940 մեթր բարձրութեան վրայ, Մասրիկ գետի ափին, պատմական գիւղ է` տոհմական տապանատունով եւ իւրօրինակ խաչքարերով:
Մելիք Շահնազարեան տոհմի տապանատան մէջ յատկանշական են մելիք Աստուածաբովի որդի Մելիքբէկի, Եսայի բէկի որդի Աբաս բէկի եւ Եաւրի բէկի ու կնոջ` Գուլասարի խաչքարերը:
Մասրիկ գետ կը բխի Արեւելեան Սեւանի լեռներէն եւ կը թափի Սեւանայ լիճ: Մասրիկի աջ վտակն է Սոթք գետ:
Սոթքի հովիտին մէջ, Մեծ Մասրիկէն հարաւ-արեւելք Սոթք գիւղն է 2020 մեթր բարձրութեան վրայ. մօտը ոսկիի հանքավայր է:
* * *
Մելիք Շահնազարեաններու Վարանդայի ճիւղի նահապետ Միրզաբէկ մահացաւ շուրջ 1640-ին եւ անոր յաջորդեց որդին` Բաղրխան:
Պարսից շահ Աբաս Բ. 1646-ին գրած հրովարտակով հաստատեց Վարանդայի վրայ Բաղրխան Մելիք Շահնազարեանի մելիքական իրաւունքները:
Բաղրխան իշխեց շուրջ տասնամեակ մը եւ իբրեւ Վարանդայի մելիք անոր յաջորդեց որդին` Բաղր, որ իշխեց շուրջ քսանամեակ մը եւ անոր յաջորդեց որդին` մելիք Շահնազար:
Կովկասեան լեռնականներու արշաւանքներու պայմաններուն տակ, 1682-ին, Գեղարքունիքէն Մելիք Շահնազարեան եւ այլ ընտանիքներ Վարանդա տեղափոխուեցան:
Լեռնական ցեղերու արշաւանքները կը շարունակուէին եւ կը հասնէին Արցախի սահմանները: Լեզգի, աւար եւ այլ ցեղերէ կազմուած հորդաներ հայկական գիւղերու վրայ յարձակումներ կը կազմակերպէին, կը թալանէին, կ՛աւերէին եւ տղաք ու աղջիկներ բռնութեամբ յափշտակելով պարսկական ու արաբական շուկաներու մէջ կը ծախէին:
Մելիք Շահնազարի որդի մելիք Բաղր 1721-1722-ին Վարանդայի սահմաններուն վրայ յաղթական կռիւներ մղեց լեռնականներուն դէմ եւ նահանջի մատնեց զանոնք:
Մելիք Բաղր մահացաւ 1725-ին եւ իբրեւ Վարանդայի մելիք անոր յաջորդեց եղբայրը` մելիք Հիւսէյն Մելիք Շահնազարեան:
Մելիք Հիւսէյն եւ կինը` Աննա Խաթուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Աւետարանոց գիւղին եւ շրջակայքին մէջ 1733-ի Մեծ Պահքի առաջին օրուան գիշերը օսմանեան զօրքի կոտորածին մէջ: Անոնց դուստրը` Գայեանէ դաշունահարեց թուրք հրամանատար Սիւլէյման բէկը եւ այնուհետեւ կրօնաւորուհի եղաւ Կուսանաց անապատին մէջ:
Մելիք Հիւսէյն մահացաւ 1736-ին. գերեզմանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Այս է տապան Մէլիք Շահնազարի որդի Մէլիք Յիւսէյինին. թվ. ՌՃՁԵ. ոզեմ բանս գովեստի ի վերայ Մէլիք Յիսէինի, զոր գրեցի այս տապանի. սա էր տէր երկրին Վարանդի. եռեսուն եւ հինգ մասն գեղի. սա էր հացով սեղանով լի. ողորմէր ամեն ազգի. կերպարանօքն էր գովելի. սա ոչ ետ հարկ թագաւորի. ամուր պարիսպ էր աշխարհի. թագ պարծանք հայոց ազգի. պատերազմեաց հետ օսմանցի. յոյժ կոտորեաց ազգէն տաճկի»:
Տոհմական սահմանուած աւանդական օրէնքով մելիք Հիւսէյնի պէտք է յաջորդէր աւագ որդին` Յովսէփ, բայց անոր ազգական, մելիք Բաղրի որդի մելիք Միրզաբէկ խլեց Վարանդայի մելիքութեան իշխանութիւնը:
Միրզաբէկի յանդուգն անհնազանդութիւնը գրգռեց Նատիրի շահի բարկութիւնը եւ շահը հրամայեց գլխատել զայն:
* * *
Գեղարքունիքի մելիք Թոփուզ Մելիքջան Մելիք Շահնազարեան առաջինն էր, որ իր հայկական զօրքով միացաւ օսմանցիներուն դէմ կռուող Նատիրի բանակին: Իրանի ապագայ շահը չափազանց գոհ մնաց Մելիքջանի քաջութենէն եւ զայն իրեն «պապա», այսինքն հայր անուանեց:
Նատիր շահ մելիք Թոփուզ Մելիքջանը վերահաստատեց իր հայրենի ժառանգական իրաւունքներուն մէջ եւ Երեւանի խանէն անկախ քալանթար կառավարիչ նշանակեց նաեւ իսլամ տիրապետողներուն վրայ:
Երեւանի խանը, իրեն մրցակից նկատելով մելիք Թոփուզ Մելիքջանը, սկսաւ նեղել զայն: Հետեւաբար Մելիքջան անոր վրայ գանգատ գրեց Նատիրի: Խանը, զգալով որ գլխուն կրնայ պատուհաս գալ այս գանգատէն, դիմեց Ղազար Ա. Ջահկեցի կաթողիկոսին եւ խնդրեց, որ զինք հաշտեցնէ Մելիքջանի հետ: Հաշտութիւնը կայացաւ եւ մելիքն ու խանը միասին գացին շահին մօտ, բացատրութիւններ տալու, ինչպէս որ պահանջած էր ան: Երբ Նատիր սկսաւ յանդիմանել խանը, մելիքը շահին ոտքերը ինկաւ եւ աղաչեց ներել անոր: Նատիր շահ, կատղած այդ միջամտութենէն, դահիճին հրամայեց նախ մելիքը խեղդել, յետոյ` խանը: Հրամանը իսկոյն գործադրուեցաւ:
Նատիր շահ զղջաց ըրածին, բայց այլեւս ուշ էր:
Յետոյ շահը իր մօտ կանչեց Մելիքջանի որդի Մանուչարը եւ մեծամեծ ընծաներ տուաւ անոր: Մանուչար քաջութիւնը ունեցաւ հրաժարելու այդ պատիւներէն: Եւ երբ Նատիր պատճառը հարցուց, Մանուչար ըսաւ, որ այն ինչ պատահեցաւ հօրը, օր մը իրեն ալ կրնայ պատահիլ: Շահը վստահեցուց, որ նման բան չի կրկնուիր, եւ ըսաւ. «Դուն իմ որբն ես»:
Նատիր շահ Մանուչարը Երեւանի եւ Նախիջեւանի պէյլէրպէկի նշանակեց` զինուորական հրամանատարի կարգավիճակով:
Նատիր շահ Հնդկաստան արշաւանքին իր հետ տարաւ մելիք Մանուչարը եւ աւարէն ահագին գանձեր տուաւ անոր: Աւանդութեան մը համաձայն մելիք Մանուչարի հետ այդ արշաւանքին մասնակցած է Սայաթ Նովա:
Վերադարձին մելիք Մանուչար ստացած գանձերը Սեւանի անապատ տարաւ եւ կղզիի անթափանցելի տեղերը պահեց:
Նատիր շահ երբ մոլագարութեան հասած սկսաւ նոյնիսկ իրեն մերձաւորներու սպանութիւններ հրամայել, Մանուչար խոհեմութիւն համարեց խոյս տալ: Պարսկական պետութեան սահմանը կտրելով ան հասաւ Էրզրում: Օսմանեան կառավարութիւնը մեծամեծ պատիւներով ընդունեց զայն:
Քիչ ժամանակ ետք մելիք Մանուչարի ընտանիքը ճամբայ ելաւ դէպի Էրզրում, բայց Պայազիտի մօտ բռնուեցաւ պարսիկ զօրքէն եւ ետ բերուեցաւ Երեւան: Սակայն անոնց որեւէ նեղութիւն չպատճառեցին:
Յետոյ Նատիր Մանուչարը հրաւիրեց վերադառնալ եւ շարունակել իր պաշտօնը. «Չէ որ ես խօսք տուած եմ չդպչիլ քեզի», կ՛ըսէր շահը: Մանուչար վերադարձաւ եւ ստանձնեց իր պաշտօնը:
Նատիր շահի սպանութենէն անմիջապէս ետք Երեւանի իսլամները դաւադրութիւն սարքեցին մելիք Մանուչարի դէմ: 22 յունիս 1747-ին զայն Երեւանի Բուդաղբէկեանց այգին հրաւիրեցին եւ ղայլան ծխած պահուն սպաննեցին:
Պարսիկներ մելիք Մանուչարի տունը, կահ կարասիները եւ գանձերը յարքունիս գրաւեցին, իսկ կինը բազում չարչարանքներու ենթարկեցին:
* * *
Նատիր շահ, ապօրինաբար Վարանդայի մելիքութեան տիրացած մելիք Միրզաբէկը գլխատել տալէ ետք, մելիքութիւնը մելիք Հիւսէյնի աւագ որդի Յովսէփի յանձնեց:
Մելիք Յովսէփ Մելիք Շահնազարեան չափազանց հեզաբարոյ, գրասէր եւ խելացի էր, բայց մէկ ոտքը կաղ եւ կարճահասակ էր: Պարսիկներ զայն կը կոչէին մելիք Հիւսէյն:
Մելիք Յովսէփի ստորագրութիւնն ու կնիքը պահպանուած են 27 յուլիս 1745-ին կազմուած պարսկերէն կալուածագիրի մը մէջ` «Վարանդայի մելիք Հիւսէյն» ձեւով:
Մելիք Յովսէփի խորթ եղբայրն էր Շահնազար: Յովսէփի մայրն էր Աննա Խաթուն, որ Դիզակի մելիք Եգանի քոյրն էր: Իսկ Շահնազար ծնած էր թրքուհի Զոհրա խանումէն, որ Նախիջեւանի խանին աղջիկն էր: Մելիք Հիւսէյն Զոհրան իբրեւ գերի բերած էր Նախիջեւանէն եւ յետոյ ամուսնացած հետը:
Շահնազար անբարոյ, փառասէր, յանդուգն եւ ոխերիմ մարդ էր: Պարսկական սովորութեան հետեւելով ան իր տունը հարճերով լեցուց: Օրինաւոր կինը` Թագում (Թագուհի) Խաչենի Հասան Ջալալեաններու տունէն էր: Թագումի մահէն ետք ան բռնութեամբ իր ամուսինէն խլեց Դիզակի մելիք Եսայիի աղջիկ Սոնան, որ շատ գեղեցիկ էր, եւ պսակուեցաւ հետը: Սոնայի կենդանութեան իսկ ան ամուսնացաւ իր հանգուցեալ կնոջ` Թագումի եղբօր Մայալիկ դստեր հետ:
Շահնազարի բազմակնութիւնը եւ անբարոյութիւնը խորապէս վրդովեցին ժողովուրդին կրօնական զգացումները եւ զայն ատելի դարձուցին:
Շահնազար վճռեց եղբօր ձեռքէն խլել իշխանութիւնը: Գիշեր մը ան յարձակեցաւ մելիք Յովսէփի տան վրայ, իր ձեռքով սպաննեց եղբօրը եւ անոր ամբողջ ընտանիքը կոտորել տուաւ: Կոտորածէն ազատեցաւ միայն փոքրիկ Սայիբէկ:
www.aztagdaily.com/archives/507782