Անդրադարձ – Անզուգական Մասթըր Կարոն – Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են անզուգական անձնաւորութիւններով – ՎԵՐԱ

Անդրադարձ – Անզուգական Մասթըր Կարոն – Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են անզուգական անձնաւորութիւններով – ՎԵՐԱ

09 ՄԱՅԻՍ 2021 – Մասթըր Կարօ Քեպապճեան:

ՎԵՐԱ

Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են անզուգական անձնաւորութիւններով, որոնց անժամանակ մահը իր սպին ձգած է մեր պատմութեան էջերուն վրայ:

Մասթըր Կարօ Քեպապճեանն ալ անզուգական անձնաւորութիւն մըն էր, որուն կեանքին բոլոր էջերը պատմական էին` իրագործումներով, դժուարութիւններով, յաճախ տխրութեամբ, բայց միշտ` յոյսով լեցուն: Ան միշտ կը հաստատէր, որ ինք աշխարհ եկած էր առաքելութեամբ, եւ նոյնինքն այդ առաքելութիւնն էր, որ զինք առաջնորդած էր նախ իր անձը զարգացնելու, ախոյեանութիւններ նուաճելու, ապա իր գիտցածն ու ունեցածը ուրիշներուն հետ բաժնեկցելու նպատակով Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը հիմնելու, սերունդներու հոգեմարմնաւոր դաստիարակութիւն փոխանցելու: Անոր մէջ արմատացած այդ առաքելութիւնն էր նաեւ, որ մղած էր զինք այդքան մեծ հաւատք ունենալու Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ, որոնց անկախութենէն առաջ իսկ ինք ներկայութիւն էր հոն` իր փորձառութեամբ օժանդակելու, կարելին ու երբեմն անկարելին ընելու, իսկ անկախութենէն ետք` հոն ապրելու, գործելու եւ հպարտանալու:

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան 22 տարուան մշտական ներկայացուցիչն էր Կարօ Քեպապճեանը, որ ոչ միայն բարոյական, այլ իր նիւթական ներդրումներով ալ օժանդակած էր Արցախին եւ մանաւանդ Շուշիին բարգաւաճման:

Մասթըր Կարոյին ծանօթանալու բախտաւորութիւնը ունեցայ 2002 թուականին, երբ Արցախի դեսպանատան գործավարութեան աշխատանքին դիմեցի: Անծանօթներ էինք, սակայն տեսակցութեան աւարտին արդէն իսկ բարեկամութիւն մը ստեղծուած էր: Մասթըր Կարոյին հետ գործակցիլը սովորական փորձառութիւն մը չէր: Ան միշտ «անակնկալ»-ներով լեցուն էր, ունէր նորանոր գաղափարներ ու ծրագիրներ, որոնք շատ արագ պէտք էր իրականանային, յաճախ կը հիւրընկալէր արտերկրէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն հիւրերու շարան մը, որոնց արժանապատիւ ընդունելութիւնը զինք, իր ընտանիքն եւ շրջապատը եւս միշտ «պատրաստ» վիճակի մէջ կը պահէր: Մեր ծանօթութենէն քանի մը ամիսներ ետք, արդէն իսկ Մասթըր Կարոն դարձած էր երէց եղբայրս, որուն կողքին գործելու փորձառութիւնը այլ «համալսարան» մըն էր ինծի եւ իր գործակիցներուն համար:

Մասթըր Կարոյին օժանդակութեան կը դիմէին զանազան հարցերով: Ան միշտ համբերութեամբ, յաճախ յուզումով, լուծում գտնելու եւ օժանդակելու իր պատրաստակամութեամբ կ՛ունկդրէր եւ իր կարելին ու անկարելին կ՛ընէր իրեն դիմողները յուսախաբ չընելու համար: Մասթըր Կարոյի «մեծ» անունին եւ տիրական ներկայութեան տակ թաքնուած էր չափազանց բխրուն սիրտ մը, որ կը բաբախէր հայութեան եւ հայ անհատներուն օժանդակութեան համար:

Վերջին տարիներուն Մասթըր Կարոն ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ Լիբանանէն` Հայաստան եւ Արցախ կեցութեամբ: Ան անկախութեան առաջին տարիներէն ի վեր հաւատաց Հայաստանի մէջ «տեղ» մը ունենալու անհրաժեշտութեան: Առ այդ, Երեւանէն 20 վայրկեան հեռու Աշտարակ գիւղաքաղաքը դարձաւ իր ուշադրութեան կեդրոնը: Նախընտրութիւնը պատահական չէր: Շրջանը գրաւած էր Մասթըրին սիրտը, որովհետեւ Աշտարակէն կարելի էր հիանալ Արարատին վեհութեամբ, շնչել Արագածին մաքուր օդը եւ հպարտանալ Արա լերան դիւցազնային պատմութեամբ: Ա3-ի ծրագիրը ընթացք առաւ, եւ սփիւռքահայեր այդ շրջանէն հողեր գնելով` առանձնատուներ շինեցին եւ ծաղկեցուցին շրջանը` ի մեծ հպարտութիւն եւ գոհունակութիւն սիրելի Մասթըրին:

Մասթըր Կարոն շաբաթական դրութեամբ կ՛ուղղուէր Արցախ` ժողովներու կամ ձեռնարկներու համար: Իր առասպելական ծրագիրներէն մէկն էր «Շուշի Կրանտ Հոթել»-ի շինութիւնը եւ գոյատեւումը: Երբ հարց տրուէր, թէ ինչո՞ւ Երեւանի մէջ նմանօրինակ ծրագիր մը չիրականացուց, ինչ որ կրնար նիւթական շատ աւելի մեծ շահ ապահովել իրեն, Մասթըրը իրեն յատուկ ժպիտով եւ արտայայտութեամբ կը պատասխանէր. «Հապա՞ շուշեցին, ո՞վ աշխատանք պիտի հայթայթէ իրենց, որպէսզի մնան, ապրին, ծաղկեցնեն եւ գոյատեւեն»:

Սիրելի՛ Մասթըր,

Բացակայութիւնդ ճնշիչ է: Անժամանական մահդ խոր ցաւ կը պատճառէ: Բոլորս տակաւին պէտք ունէինք քու ներկայութեանդ, քու դրական energy-իդ, քու խրախուսանքիդ, քու միշտ յուսատու միտքերուդ եւ ծրագիրներուդ: Շուշիի պանդոկիդ կորուստը այնքան մեծ ցաւ չէր քեզի եւ ընտանիքիդ համար, որքան մեծ ու խոր էր ցաւդ քու բարեկամներուդ եւ անոնց զաւակներուն նահատակութեան համար: Մեր վերջին խօսակցութեան ափսոսացիր, որ պանդոկը կրակի տալու կարելիութիւնը չունեցար: Տխուր էր ձայնդ, հոգիդ` վիրաւոր: Շուշին… Քու հպարտութիւնդ, սիրտդ եւ հոգիդ: Միշտ կը հաւատայիր, որ Շուշին անառիկ է եւ կը մնայ: Շուշիին յանձնումը այնքան խոր ցաւ էր քեզի համար, որ քու լռութեամբ փորձեցիր ծածկել: Շուշին անառիկ է, սիրելի՛ Մասթըր, սակայն Շուշին ծախեցին… Ա՛յդ էր քու խոր ցաւդ, որ քու անժամանակ մահուանդ պատճառ դարձաւ եւ քեզի ընկերակցեցաւ մինչեւ գերեզման:

Անզուգակա՛ն Մասթըր Կարօ,

Այսօր քու ընտանիքդ, հազարաւոր միութենականները, քու ընկերներդ եւ հարազատներդ կը փորձեն մխիթարութիւն գտնել այն իրողութեամբ, որ անժամանակ մեկնեցար, բայց ապրեցար բեղուն եւ իրագործումերով լեցուն կեանք մը, որուն արգասիքը պիտի շարունակէ արտացոլալ սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Փոթորկալից կեանքիդ անակնկալ աւարտով, արժանաբար կը ննջես «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ` քեզի սիրելի նահատակներով շրջապատուած: Իսկ հոգիդ պիտի շարունակէ ապրիլ քու աւանդդ շարունակող «բանակ»-իդ ընդմէջէն:

www.aztagdaily.com/archives/508123

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail