ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Սուտերու Վարագոյրը Դարձեալ Կը Պատռուի. Նոր Ահազանգ Սիւնիքէն – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սուտերու Վարագոյրը Դարձեալ Կը Պատռուի. Նոր Ահազանգ Սիւնիքէն – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

17 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝ :

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Սիւնիքէն հնչած ահազանգերէն աւելի քան 24 ժամ ետք, Հայաստանի հրաժարեալ վարչապետը ի վերջոյ իրականութիւնը կոչեց իր անունով. «Սիւնիքի վիճակը պայթունավտանգ է», «Ճգնաժամային», եւ հաստատեց, որ «սադրիչ գործողութեամբ» մը` ազերիները թափանցած են Հայաստանի հողերէն ներս, անհրաժեշտ քայլերուն դիմել հրահանգեց պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարներուն ու անվտանգութեան-ապահովութեան պատասխանատուներուն, յետոյ ցանկութիւն յայտնեց, որ ազերիական ուժերը կը վերադառնան իրենց «ելակէտերը», այսինքն, կը հեռանան Սիւնիքի խնդրոյ առարկայ հողերէն: (Իսկ Շիրազ շուրջ 60 տարի առաջ պատգամած էր. «Լոկ ցանկութեամբ հարցեր չեն լուծուիր (…) Պէտք է պայքարիլ…»):

Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ ազերիական նման թափանցում կատարուած է Գեղարքունիքի շրջանէն ներս, բայց թափանցողները ետ վանուած են:

Առաջին ակնարկով, վարչապետին այս յայտարարութիւնն ու ցուցմունքները ողջունելի են, եթէ (այս «եթէ»-ն միշտ անհաճոյ ներկայութիւն է) պահ մը այս բոլորը դիտենք լոկ 13 մայիս օրուան սահմաններուն մէջ, անտեսենք նախընթաց ժամերը:

Թուարկումի կարգով արձանագրենք հետեւեալները:

– Ազերիական բանակէն շուրջ 250 զինուորներ 12 մայիսին առնուազն թափանցած են Սիւնիքի սահմանագիծին գտնուող Սեւ լիճ շրջանէն ներս, որոշ չափով ետ մղուած, սակայն կը մնան 3 քմ խորութեամբ գօտիի մը մէջ. ըստ որոշ տեղեկութեանց` ընդամէնը 5 քմ երկարութեամբ գիծով մը (այսինքն, մօտաւորապէս 15 քառ. քմ) տարածութիւն գրաւած են: (Ապրիլեան պատերազմին գրաւած էին շուրջ 4 քառ. քմ, իսկ 44-օրեայ պատերազմին, շուրջ 10 հազար քառ. քմ հա՛յկական հող):

– Լրատու աղբիւրներ, բացառապէս «ընդդիմադիր» ճակատին մօտիկ, ահազանգ հնչեցուցին 12 մայիսին, անոնց միացան շրջանի կարգ մը քաղաքապետերն ու նախկին պաշտօնատարներ, որոնց շարքին` Սիւնիքի նախկին մարզպետը:

– Իշխանութեան շրջանակները սկզբնապէս «ընտրական խաղ» որակեցին ահազանգը, մամլոյ յիշեալ աղբիւրները ամբաստանեցին «տեղեկատուութեան ահաբեկչութիւն» կատարելու եւ ժողովուրդին մէջ խուճապ ստեղծելու յանցանքներով: Հրաժարեալ վարչապետին «պոչիկները»` խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահը, պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու անվտանգութեան մարմինները, քանի մը «իմքայլական», «Յանուն հանրապետութեան» նորաստեղծ կուսակցութեան ղեկավարն ու իշխանութեան մօտիկ կանգնող լրատու աղբիւրներ չափազանցութիւն որակեցին տեղեկութիւնները` հիմնուելով այն կէտին վրայ, թէ կրակոցի-բախումի մասին հասած տեղեկութիւնները չափազանցուած են, ըսին` «եղածը մեծ բան չէ», «ամբողջ սահմանագիծին վրայ բնականաբար պիտի ըլլան անպաշտպան գօտիներ, ուրկէ ահաւասիկ պզտիկ թափանցում մը կատարուած է»: Սահմանային գիւղերու բնակիչներուն հետ զրոյցներ կատարուեցան պատկերասփիւռի կայաններէն, որպէսզի հաւաստիք տան, որ ամէն բան բնական է (եւ այլն):

– Յանկարծ հրաժարեալ վարչապետը ժողովի հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդը եւ 13 մայիսին կատարեց յիշեալ` ահազանգային յայտարարութիւնը, որուն հետեւեցան իր ցանկութիւնները, նաեւ լուրեր` թէ դիմուած է ՀԱՊԿ-ին, ոչբարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեղի կ՛ունենան դիւանագիտական աշխատանքներ` վտանգաւոր զարգացումներէ հեռու մնալու համար:

(Մինչ այս տողերը կ՛արձանագրէինք, որեւէ հաստատում չտրուեցաւ, որ ազերիական ուժերը ընդառաջած են Փաշինեանի ցանկութիւններուն, այլ թէ` «բանակցութիւնները կը շարունակուին» զինուորական ներկայացուցիչներու միջեւ):

Սուտի Խոստովանութիւն

Փաշինեանի յայտարարութիւնը նախ հաստատեց, որ պաշտօնական մարմիններ եւ դէմքեր անգամ մը եւս ստած են Սիւնիքի դէպքերուն մասին, սակայն այս անգամ «սուտին պոչը կարճ» եղած է: Ապացուցուեցաւ, որ ընդդիմադիրները ընտրական հաշիւներով ահազանգ չէին հնչեցուցած, այլ անոնց տարածած ահազանգերն էին, որ ի վերջոյ իշխանաւորները դրած էին ճշմարտութիւնը խոստովանելու պատին դիմաց, «բան մը ընելու» մղած էին զանոնք (եւ ո՛չ ոք թող կասկածի, թէ կրնայ գտնուիլ ոեւէ հայ, որ ակնդէտ չսպասէ ազերիական ուժերուն վայրկեան առաջ հեռացումը):

Հրաժարեալ վարչապետը անուղղակիօրէն հաստատեց (արդեօք անդրադարձա՞ւ), թէ ինք էր… ստախօսներուն առաջնորդը: Եթէ «նիկոլասիրութիւնը» վերջնականապէս չէ բթացուցած մարդոց յիշողութիւնը, դժուար չէ յիշել, որ դեռ քանի մը օր առաջ, Ազգային ժողովին մէջ Սիւնիքի մասին քննարկումներու եւ հարցապնդումներու պահուն, ան յոխորտանքով քննադատած էր «թերահաւատները»` հաւաստելով, որ անոնք պէտք չէ… իրենց տեսածներուն հաւատան, այլ` իրեն, իսկ ինք կը պնդէ, որ Սիւնիքի սահմանները շատ լաւ պաշտպանուած են, կան «անտեսանելի միջոցառումներ», որոնց մասին տեղեակ չեն հակառակորդներն ալ: Այս հաւաստիքները տրուեցան զինուորական գաղտնիքներ պահպանելու խորհրդաւորութեամբ մը:

Եւ ահա, ազերիական բանակը կու գայ հաստատելու, որ հրաժարեալ վարչապետը սուտ էր, գործի անցած է` գործադրելու իր հրապարակային սպառնալիքները` Սիւնիքէն եւ սահմանային այլ շրջաններէ հողեր կտրատել եւ իրեն կցել, կ՛աշխատի «Զանգեզուրի մէջ միջանցք» մը ապահովել Ազրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան (թափանցումը կատարուած է կէտէ մը, որ Ազրպէյճանը հազիւ 30-35 քլմ.ով կը բաժնէ Նախիջեւանէն): Ասդին, մեր իշխանաւորները կը փորձեն մեր ժողովուրդը համոզել, թէ «եղած-չեղածը ճամբաներ ու երկաթուղի բանալու ծրագիր է», թէ` այդ ծրագիրներուն իրականացումը բարեկեցութիւն պիտի բերէ Հայաստանի հայուն: Վաղը կրնայ կրկնուիլ, թէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ թշնամութեան էջը պէտք է փակել, քննարկել, թէ ուրկէ՞ ծնած է թշնամութիւնը (արդեօք պիտի համարձակի՞ն ըսել, որ Սիւնիքի ճակատագիրին մասին ալ պէտք է առնել ազերիներուն կարծիքը…):

Ինչպէս նշեցին, այս անգամ «սուտին պոչը կարճ» եղաւ եւ Փաշինեան եւ անմիջական գործակիցները բացայայտ դարձուցին, թէ փորձած էին կրկնել 44-օրեայ պատերազմի օրերուն օր-աւուր կիրարկուած «սուտի մարտավարութիւնը»…

Մոռացութեան Տոպրակը

Սիւնիքի մէջ 12 մայիսին ծայր առած եղելոյթը, իբրեւ անմիջական հետեւանք, «ուռճացուց» մոռացութեան տոպրակը:

Դարձեալ թուենք քանի մը կէտ.

– Մոռցուեցան Սիւնիքի դէմ ազերիական այն ոտնձգութիւնները, որոնք ամիսներէ ի վեր ահազանգ-ահազանգի ետեւէ կը հնչեցնեն եւ սակայն կը բախին իշխանաւորներու անտարբերութեան, «բան մը չկայ, սահմանները հանդարտ են, խուճապ մի ստեղծէք» դիտարկումներուն: Շուռնուխէն մինչեւ Կապան, Գորիս-Կապան ճամբան, Դաւիթ Բէկ եւ այլ շրջաններ հիմա կը թուին նետուած ըլլալ այդ տոպրակին յատակը, որովհետեւ այս անգամ Սեւ Լիճի շրջանէն ներս թափանցումը յայտնապէս լուրջի առնուած է իշխանաւորներուն կողմէ:

– Լուսանցքի վրայ քշուած են (եթէ մինչեւ իսկ բոլորովին չեն մոռցուած) գերիներու եւ կորսուածներու տագնապները: Հարցին հետապնդումը հիմնականին մէջ «վստահուած է» Եւրոպական խորհուրդին եւ այլոց:

– Լրատու աղբիւրներու մէջ հազիւ թէ տեղ գտած ահաւոր ողբերգութիւն մը` 19 գերիներու խոշտանգեալ սպանութեան մասին, նմանապէս նետուած է նոյն տոպրակին մէջ, մինչդեռ ո՛չ միայն իշխանութիւնն ու ընդդիմադիրները, այլ ամբողջ հայութիւնը պէտք էր «երկրաշարժ» մը ստեղծէր աշխարհի տարածքին` լուսարձակի տակ բերելով ազերիական ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒ այս նորագոյն փաստը…:

Մոռցուած, լուսանցքայնացուած է նոյնինքն Արցախն ու անկէ մեր կորսնցուցած (նուէր տուած) հողերը, ալ ի՜նչ խօսք` 44-օրեայ սպանդին, աւերակումներուն, արգիլեալ զէնքերու գործածութեան մասին…

Մեկնաբանութիւններու Հեղեղ

Բնականաբար, դէպքերը դարձեալ դուռը լայն բացին բազմապիսի մեկնաբանութիւններու առջեւ, մեծ մասը` արդար ու տեղին, իսկ մէկ մասն ալ` անտեղի ու անտրամաբանական:

Արդար արձագանգները կարելի է համախմբել մէկ ընդհանուր խորագիրի տակ. պարտուած իշխանութիւնը ըստ էութեան անկարողութեան մատնուած է ազերիական «յարձակողականին» դիմաց, միայն հազուադէպօրէն կը հակազդէ, առանց հակադարձելու: (Մտածողներ կան, որ պէտք էր գերի բռնել թափանցողները, սակայն նաեւ նշուեցաւ, թէ ազերիական կողմը հաւանաբար նման հաւանականութիւն հաշիւի առած է…): Մէկէ աւելի դէտեր արձանագրեցին, որ այս դէպքին առանց բախումի մնալը միայն բարիքի աչքով պէտք չէ դիտել, որովհետեւ սա կը նշանակէ, թէ այս իշխանութիւնը անպատրաստ է նման ոտնձգութիւններ դիմակայելու, տեղի պիտի տայ կրկնութիւններու պարագային: Հարց կը ծագի, թէ պատերազմին դադրեցումէն աւելի քան 6 ամիս ետք նման կացութիւններու մէջ արդեօք… «հիները» ի՞նչ բաժին ունին:

Նշուեցաւ, որ Ազրպէյճան (եւ անոր ետին կանգնող Թուրքիան) լաւ կը տեսնեն, թէ Հայաստանի ներքին քաղաքական բեմը որքա՛ն անկայուն է, իշխանութիւնը` որքա՛ն անկարող ու ձեռնածալ, հետեւաբար, կ՛աշխատին կացութիւնը առաւելագոյնն օգտագործել` յաջորդ իշխանութիւնը կատարուած նոր իրողութիւններու առջեւ դնելու համար, իսկ այդ բոլորը` համաթուրանական հին հորիզոններու նորացման ծիրին մէջ:

Բաւական բան ըսուեցաւ նաեւ այս դէպքերուն ընտրական խաղերու մէջ օգտագործման-օգտագործելիութեան մասին: Միայն շշուկով նշուեցաւ, որ ազերիական այս թափանցումը կրնայ մաս կազմել «խաղի» մը, որուն վախճանական նպատակն է… նպաստել այսօրուան իշխանութեան ընտրապայքարին: Վաղը, (եթէ) ազերիական ուժերը կրնան քաշուիլ, ինչ որ իշխանաւորներուն համար պիտի ըլլայ «յաղթանակի հարուած» մը (թող «աչքը ելլէ» ազերիական ուժերու հեռացումը չուզողին): Սակայն ո՞վ կ՛ըսէ, որ նման հաւանականութեան մը պարագային, կարելի է մոռացութեան տոպրակին մէջ պահել նախկին` խլուած տարածքները` Հայաստանի հարաւէն, աւելի հիւսիս տարածուող սահմանային գօտիներէն եւ նոյնինքն Արցախէն: Հապա հայկական հետքերու կազմակերպ փոշիացո՞ւմը…

Այդ կորուստներուն վերականգնումը դուրս են ընտրական հաշիւներէ, հրաւիրուած ենք, հին թէ նոր, ձեռքերն ու ձայները միացնելու անո՛նց շուրջ, որոնք շօշափելի հաւաստիք կը բերեն, թէ կարողութիւնը ունին երկիրն ու ժողովուրդը կամաց-կամաց դուրս բերելու անդունդէն: Հիմա շատ աւելի բաց աչքերով պէտք է տեսնել, թէ 20 յունիսին, անձերէ անդին, պէտք է ընտրութիւն կատարել հայրենի հող կորսնցնող-նուիրողին եւ հող ու իրաւունք փրկելու եկողին միջեւ: Նոր կորուստներու հաւանականութիւնը ընտրանք չէ, ուրեմն եւ ընտրանք մըն է չսպասել մինչեւ 20 յունիս…

13 մայիս, 2021

www.aztagdaily.com/archives/508828

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail